Հայաստան երկիր հակասութիւններու

Պետրոս Մանուկեան

Հայաստան ծայրահեղութիւններու երկիր մըն է զանազան մակարդականերու վրայ, կարծես թատերախաղ մը՝ ծայրահեղ հակասութեանց եւ հակաճառութեան: Շատ հաւանաբար արեւմտահայերուն մեծամասնութիւնը, նաեւ ես, որոնք կ’ուղուին դէպի Հայաստան տարբեր նպատակներով, չեն կրնար կողմորոշուիլ կամ հարցի մը եզրափակիչ որոշումին յանգիլ, որովհետեւ կրնան յաջորդ իսկ օրը անոր ճիշդ հակառակ համոզումը ունենալ:

Անգամ մը կնոջս հետ մտանք հագուստավաճառի մը փոքր խանութը: Կինս հարց տուաւ հոն վաճառող երիտասարդուհիին, թէ ո՞ւր կրնայ գտնել տղամարդու տաբատներ. զարմանալիօրէն պաշտօնական ու լուրջ պատասխան մը ստացանք, այնքան մը որ կարծես քիչ ետք երիտասարդուհին եւ կինս զինուորական բարեւ պիտի փոխանակէին: Ես ալ կէս ծիծաղով սպասեցի որ անոնցմէ մէկը «հանգիստ» գոչէ, որպէսզի շարունակենք մեր գնումը: Վրայ եկաւ երիտասարդուհիին պատասխանը որ կ’ըսէր. «յառաջեցէ՛ք դէպի աջ եւ թեքուէ՛ք ու մտէ՛ք յաջորդ աշխատակիցին»: Այնպէս մը զգացի, որ կարծես կը գտնուիմ եւրոպական միութեան դեսպանատան մը մէջ:

Մտերմացայ կարգ մը տեղացի հայերու հետ, որոնք 18 ամիսներ ետք կը շարունակէին հետս խօսիլ պաշտօնական յոգնակի ոճով: Իրենց այս սովորութիւնը թեթեւցաւ երբ ես կատակելով անոնց պատասխանեցի «յարգելիս» բառով: Սկիզբը երբ անոնք այս յոգնակիի ոճով կը խօսէին հետս, ես չորս կողմս կը նայէի թէ ինձմէ զատ որոնց նաեւ ուղղուած է խօսքը, բաւական ետք էր որ հասկցայ թէ այդ միայն ինծի համար էր եւ ոչ աւելի:

Հայաստանի մէջ ծայրահեղութեան դիմաց կը գտնուիս նաեւ, երբ փորձես իր ժողովուրդին բնաւորութիւնը բացատրել: Չկայ հոն միջին տեսակէտ մը, որովհետեւ ժողովուրդին 90% շատ ազնիւ, սրտագին ու անկեղծ է: Այնուամենայնիւ կը հանդիպիք ոմանց, որոնք հպարտօրէն կը յայտարարեն իրենց «ուժը» կոշտ ու կոպիտ վարուելակերպով եւ վիրաւորելով արեւմտահայ հայրենադարձներ կամ ոեւէ մէկը, զոր կը նկատեն իրենց հրամանատարական շղթային տակ՝ ռուսական ոճով: Անկեղծ ըլլալու համար չհանդիպեցայ կեղծաւոր արեւելահայու (hypocrite) մը. անոնք կա՛մ ծայրահեղօրէն ազնիւ են (մեծամասնութիւնը) կամ ալ բացայայտօրէն ամբարիշտ (փոքրամասնութիւնը, հազուագիւտ են):

Հինգշաբթի, 17 Օգոստոս 2023-ին Երեւանի մէջ կը տիրէր ելեկտրացած մթնոլորտ մը: Մայրաքաղաքի կեդրոնը կը տիրէր հոգեբուռն մթնոլորտ մը, որ նաեւ իմ սրտիս կը խօսի: Ինծի նման զգացական անձ մը, որ զօրաւոր հակում ունի բարձր ու ոգեշնչող երաժշտութեան, կը փնտռէ այն ինչ որ կը բորբոքեցնէ զգացումները, եւ բարձր երաժշտութիւնն ու քաղաքական գաղափարախօսութիւնները թէեւ իրարմէ տարբեր ոլորտներ, բաւարար են այդ մէկը կատարելու: Ի տես, Երեւանի կեդրոնի հաւաքին, ես ալ խանդավառուած էի:

Վերադառնալով հայաստանեան հակասութիւններու երեւոյթին, զարմանալի չէ որ մէկ կողմը արդարօրէն կ’առաջադրէ ըլլալ պահանջատէր ու ազգային մտահոգութիւնները կը նկատէ առաջնահերթ՝ նոյնիսկ զայն արտայայտելով փողոցի վրայ, իսկ միւս կողմը ժողովուրդը կը մղէ լաւատեսութեան, զուարճութեան ու վայելքի՝ ինչ որ ալ ըլլան պայմաները: Առաջին կողմը առաջ կը քշէ բարձր ու ոգեշունչ երաժշտութիւնը, իսկ միւսը՝ մեղմ երաժշտութիւնը:

Ես անձնապէս այն անձերն եմ որ կը գնահատեն երկու տեսակէտներն ալ: Թերեւս միայն Հայաստանի՝ ծայրահեղութեան եւ հակասութեան երկիրին մէջ կը գտնէք այս երկու տարբեր ձայները, որոնք կը հնչեն միաժամանակ քաղաքին կեդրոնին մէջ: Մէկ կողմը Ազգային-Ժողովրդավարական Բեւեռի անդամները կը թմբկահարեն՝ մասնակցութեամբ Carmina Burana-ի բարձրաձայն հնչումին, քանի մը մեթր անդին՝ Աբովեան փողցին վրայ Մոսկովեան սինեմայի դիմաց կը հանդիպիս խումբի մը, որ կը վայելէ Techno music-ը:

Բայց այս բացառիկ երեւոյթը հոս կանգ չ’առներ: Հանրապետութեան հրապարակ տանող ճամբուն վրայ կը հանդիպիս այս երկու աշխարհներուն կողք կողքի, իսկ Հիւսիւսային պողոտայէն վերադարձի ճամբուդ վրայ կը պարզուի նոյն երեւոյթը: Մինչ մէկ աշխարհը կ’ուզէ դրսեւորել երկրին թովչութիւնն ու հիասքանչութիւնը, միւսը՝ անոր քաղաքական, գաղափարական եւ ազգային, հայրենասիրական ոգին՝ իր ամենաբարձր եռանդով:

Մինչ ես հոգեխառն զգացումներով կը միանամ հանրահաւաքին, անդին մարդիկ կը զուարճանային Հանրապետութեան հրապարակի շատրուաններու երաժշտութիւնը ունկնդրելով: Այդ միջոցին ինծի մօտեցաւ հանրահաւաքին մասնակցողներէն՝ Արա անունով երիտասարդ մը եւ իմ ուշադրութեանս յանձնեց Հայաստանի հակասութիւնները. մարդիկ որոնք կանգնած էին մեզմէ ընդամէնը տասը մեթր անդին, կ’ունկնդրէին երաժշտութիւնը, եւ երբ կը տեսնէին մեզ, կը մօտենային միայն հինգ մեթր, կը նկարէին եւ բնաւ չէին փորձեր այդ մնացեալ հինգ մեթրն ալ կտրելով՝ միանալ մեզի:

Այդ պահուն էր որ որոշեցի երկու օր ետք վերադառնալ Երեւանի հրապարակ եւ նկարել շարք մը, բայց այս անգամ կեդրոնանալով ժողովուրդին այն բաժինին վրայ, որ հեռու է քաղաքականութենէ:

Առաջին մաս

Հանրահաւաք կազմակերուած Ազգային-ժողովրդավարական Բեւեռի կողմէ

(Նկարներուն մեծ մասը վերցուած է Ազգային-ժողովրդավարական Բեւեռի ԱԺԲ ֆեյսբուքեան պաշտօնական էջէն)

Չորեքշաբթի, 16 Օգոստոս 2023

ԱԺԲ-ի համակիրներու կազմակերպած  իրազեկման նախաձեռնութիւն մը՝ փորձելով քաղաքացիներուն բացատրել 17 Օգոստոսին իրենց կազմակերպած հաւաքի նպատակներն ու խնդիրները: Նման վայրերէն մէկը Մեսրոպ Մաշտոցն էր:

17 Օգոստոս 2023 – Ազատութեան հրապարակ – Օփերա

Աբովեան պողոտայ. Քաղաքացիները պարզապէս կը բաւարարուին լուսանկարներ առնելով Աբովեան փողոցին մէջ:

Ուղուելով դէպի Հանրապետութեան հրապարակ ապա դէպի կառավարութեան շէնք՝ դիմացը կանգնելու:

Երկրորդ մաս

Այս բոլոր հակասութիւնը տեսնելէ ետք, որոշեցի երկրորդ անգամ այցելել Երեւանի կեդրոն եւ փորձել ձեզի ներկայացնել Երեւանի միւս երեսը։

Գիշերային կեանք

Ցերեկը. Քասքատ Երեւան եւ շրջապատը

Հանրապետութեան հրապարակին մօտ. Հանրապետութեան հրապարակին յարակից շատրուաններ եւ հոն խաղցող երեխաներ

Հիւսիսային պողոտայ. Հիւսիսային պողոտայի մէջտեղը նորապսակ զոյգը կը պարէ երիգչի մը ընկերակցութեամբ:

Համահայկական խաղերուն մասնակցող հայ պատանիներ, ՀՄԸՄ Հալէպ, Սուրիա։

Օփերա. Ճաշարան մը օփերայի վրայ:

Եզրափակելով, Հայաստանը գեղեցիկ է եւ դիւթիչ, եւ մենք՝ հայերս, պետք է ամէն ինչ ընենք՝ զայն պաշտպանելու մեր ագահ թշնամիներէն:

Պետրոս Մանուկեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x