Վարուժ Թէնպէլեան
Թուրքիա ուրացումի եւ արդարացումի ամբողջական ռազմավարութիւն մը մշակած է հերքելու համար ցեղասպանութիւնը եւ այդ ճամբով հայկական հողերու բռնագրաւումը:
Թուրքիա ինչպէ՞ս կը հիմնաւորէ ուրացումի եւ արդարացումի իր ռազմավարութիւնը:
Առաջին հերթին պէտք է նշել, եւ բնականօրէն, որ թուրքիա չի գործածեր ցեղասպանութիւն բառը, իսկ 1915ը կը բնորոշէ իբրեւ նեղ ժամանակաշրջանի մէջ պատահած դէպքերու շարք մը, որ ըստ իրեն հետեւանք է Ա. Աշխարհամարտին:
Թուրքիա կ՝ուրանայ որ այս դէպքերը ցեղասպանական արարքներ էին՝ հրահանգուած օրուան իշխանութիւններուն կողմէ եւ տակաւին կը փորձէ արդարացնել զանոնք՝ հայերու վերագրուած խեղաթիւրեալ ամբաստանութիւններով:
Ուրեմն, հերքելու համար, Թուրքիա կ՝օգտագործէ երկու միջոց—ուրացում եւ արդարացում:
Առաջին հերթին, Թուրքիա կ՝ուրանայ որ պետական ծրագրումով եւ դրդումով լայնածաւալ խժդժութիւններ տեղի ունեցած են, այլ պատերազմի պատճառով դէպքեր, որոնց զոհ գացած են թէ’ հայեր եւ թէ’ թուրքեր: Թուրքիա կը պնդէ, որ 1915ին հայերու թիւը չէր անցներ 1.3 միլիոնը, հետեւաբար հարցականի տակ կ՝առնէ 1.5 միլիոն զոհերու թիւը: Տակաւին, կը պնդէ որ պատերազմին պատճառով միայն 2-3 հարիւր հազար հայեր մահացած են, որու դիմաց՝ 2-3 միլիոն թուրքեր: Թուրքիոյ համար, մնացեալ հայերը վերապրած են եւ պարզապէս գաղթած:
Թուրքիա թիւերու սուտը կը շահագործէ երկու նկատառումներով: Նախ հարցականի տակ կ՝առնէ զոհերու թիւը, ապա կը փորձէ ըսել որ հայերը մեծամասնութիւն չէին Արեւմտահայաստանի մէջ, որ իրեն համար Անատոլիա է եւ ոչ թէ Հայաստան:
Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ երկրորդ պատճառաբանութիւնը այն է, որ իր գնահատումով, այն «2-3 հարիւր հազար հայերը», որոնք մահացան, զոհ էին սովի, հիւանդութեան եւ ընդհանրապէս պատերազմական քաոսի: Տեղահանութիւնը Թուրքիոյ համար կը նկատուի տեղափոխութիւն, իսկ ականատեսի վկայութիւններուն՝ թէ բարբարոսութիւններ տեղի ունեցած են, Թուրքիա կ՝ըսէ թէ անոնք կատարուած են ոչ-թուրքերու կողմէ: 1915-ը ուրանալու համար, Թուրքիա կ՝առարկէ որ «դէպքերը» իր հակակշիռէն դուրս էին, իսկ հայերու դէմ կատարուած բարբարոսութիւններուն հեղինակները թուրքեր չէին:
Հայերու ցեղասպանութիւնը հերքելու առանցքային մարտավարութինը կը մնայ թրքական պետութիւնը օսմանեան կայսրութենէն անջատելու միջոցը: Թուրքիա կը պատճառաբանէ, անշուշտ երբ հարցը կը վերաբերի ցեղասպանութեան, որ օրէնքի կամ բարոյական պատասխանատուութեան տեսակէտէն, Թուրքիա շարունակութիւնը չէ 1923էն առաջ գոյութիւն ունեցած Օսմանեան պետութեան: Մինչ միւս կողմէ, թալաաթները կ՝արժեւորուին եւ երիտթուրք ղեկավարներու արձանները կը բարձրանան թուրքիոյ զանազան շրջաններուն մէջ:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը հերքելու թրքական ռազմավարութեան երկրորդ խորագիրն է արդարացումը:
Եթէ ուրանալու թեզերը անհրաժեշտ խեղաթիւրումը չեն ապահովեր, Թուրքիա կը դիմէ պատմութիւնը այլափոխելու այլ միջոցի մը՝ ստեղծելով «փաստարկումի» ոճ մը որ կը ծառայէ հաւաքական ջարդերը արդարացնելու նպատակին: Թրքական «փաստարկումը» կը հիմնուի երեք թեզերու վրայ…1) հայերը սպառնալիք էին Թուրքիոյ, 2) անոնք արժանի էին մահուան, 3) անոնք մեռան որ թուրքերը ապրին….
Թուրքերը հայերը կը ներկայացնեն իբրեւ սպառնալիք թրքական պետականութեան՝ վերա-գրելով պատմութիւնը ՝ հետեւեալ տրամաբանութեամբ: Անոնք կ՝ըսեն, որ մինչեւ 1870ական թուականները, հայերը կը նկատուէին «հաւատարիմ համայնք», սակայն այդ թուականներէն սկսեալ եւրոպական պետութիւններէն քաջալերուած, անոնք սկսան մտածել հայկական անկախ պետութեան մասին: Պատմական իրական տուեալներ առնելով, Թուրքիա զանոնք կ՝օգտագործէ նախատրամադրուած տրամաբանութիւն մը զարգացնելու համար: Արդարեւ, Թուրքիա հայկական ազատագրական շարժումը կը վերագրէ եւրոպական պետութիւններու միջամտութիւններուն, որոնք իբրեւ թէ հետամուտ էին Օսմանեան կայսրութեան քայքայումին:
Թրքական տեսակէտով, հայկական յեղափոխական շարժումը ունէր «ահաբեկչական» բնոյթ, իսկ 1905ի եւ 1909ի կոտորածները ապստամբական արարք էին: Պատմութիւնը այլափոխելու թրքական փաստարկումի հոլովոյթը իր գագաթնակէտին կը հասնի, երբ հայերը կ՝ամբաստանուին դաւաճանութեամբ, որովհետեւ, միշտ թրքական դիտանկիւնէն, Ա. Աշխարհամարտին, հայերը միացան ռուսերուն եւ սկսան հրոսակային յարձակումներ կազմակերպելով, հետամուտ ըլլալ թուրք-ռուսական ճակատի տկարացման:
Տակաւին, թուրքերը կ՝ամբաստանեն հայերը որ իրենք սկսած են թուրքեր ջարդել, որպէսզի խաղաղութեան բանակցութիւնները չսկսած իրենք դառնան մեծամասնութիւն «Անատոլուի» մէջ: Մեկնելով այս պատրուակ-պատճառաբանութենէն, թուրքերը կ՝ըսեն թէ հայերը սկսած էին սպառնալիք ներկայացնել Օսմանեան պետութեան ապահովութեան եւ ամբողջականութեան: Այս մտածելակերպի եզրակացութիւնը բնականօրէն պիտի ըլլայ այն, որ իրենք զիրենք պաշտպանելու համար հայերու յարձակումներէն, պէտք էր վերացնել հայերը ճակատի շրջաններէն: Այս ձեւով, տեղահանութեան, տարագրութեան եւ ցեղասպանութեան արդարացումը պատրաստ կ՝ըլլայ հանրային կարծիքին համար:
Թրքական արդարացումի վերջին պատճառաբանութիւնը ինքնապաշտպանութեան թեզն է: Այսինքն, միանալով ռուսերուն, դաւաճանելով օսմանեան կայսրութեան եւ հրոսակային կռիւներ մղելով ու ջարդելով թուրքեր, հայերը դարձան պատուհաս: Թրքական տրամաբանութիւնը կ՝ըսէ որ եթէ հայերը «չի տեղափոխուէին», թուրքեր պիտի սպաննուէին, ուրեմն, այս ձեւով կ՝ամբողջանայ «վայրագ» եւ «դաւաճան» հայերը սպաննելու եւ տեղահան ընելու թրքական արդարացման փորձերու օղակը:
Թուրքիա քարոզչական մեծ մեքենայ մը լարած է այս պատրուակները աշխարհին սեփականութիւնը դարձնելու համար: Քարոզչական պատերազմ մըն է որ խորքին մէջ կը մղուի հայերուս եւ թրքական պետութեան միջեւ:
Անհրաժեշտ է ընդգծել, որ ըլլա՛յ թուրքերը՝ ուրացումի եւ արդարացուի ճամբով, ըլլա՛յ հայերս՝ ճշմարտութեան եւ փաստարկումի ճամբով, շեշտը կը դնենք ցեղասպանութեան վրայ , որովհետեւ անիկա ունի քաղաքական ռազմավարական խորք: Հարցը կը վերաբերի Արեւմտահայաստանին, Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական հողերուն:
Ուրանալով Հայասպանութիւնը, Թուրքիա կը փորձէ ուրանալ Արեւմտահայաստանի գոյութիւնը:
Հետապնդելով ցեղասպանութեան ճանաչումը, մենք՝ հայերս հետամուտ ենք նիւթական եւ հողային հատուցումի, այսինքն բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի վերադարձին իր իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին:
Ուրացումի եւ ցեղասպանութեան ճանաչման հայեւթուրք առճակատումի կշիռը մեծ չափով սկսած է թեքիլ ճանաչման կողմը, որովհետեւ քարոզչական մեր պայքարը արդէն իսկ մեծ մասամբ քանդած է թրքական ուրացումի եւ միջազգային անտարբերութեան պատը, եւ առնուազն բարոյական մակարդակի վրայ, ՄԱԿը եւ բազմաթիւ պետութիւններ ընդունած են եւ կը շարունակեն ընդունիլ Հայասպանութեան պատմական իրողութիւնը:
Սակայն ցարդ անպասխան կը մնայ գլխագիր հարցում մը:
Քաղաքական ի՞նչ ռազմավարութիւն պէտք է ճշդել ՝ ստիպելու Թուրքիոյ , որ հրապարակաւ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ առ այդ՝ կատարէ նիւթական եւ հողային հատուցում:
Հայաստան եւ Սփիւրք, միացեալ թէ անջատաբար, ի՞նչ ռազմավարութիւն պէտք է որդեգրեն որ պետութիւններու բարոյական ճանաչումները վերածուին քաղաքական օգտագործելի դրամագլուխի:
Կարեւոր է ճշդել նաեւ որ ի՞նչ բնոյթ եւ խորք պիտի ստանայ Արեւմտահայաստանի վերահայացման պայքարը՝ շրջանային եւ միջազգային այժմու իրավիճակին մէջ:
Տակաւին, կը գիտակցի՞նք արդեօք որ Թուրքիոյ հետ ճակատումի որեւէ ռազմավարութեան ճշդում մեծապէս կախեալ է ներքին ճակատի, Հայաստան թէ Սփիւռք, կարողականութենէն եւ պատրաստուածութենէն, ու մանաւանդ տեսլապաշտ ծրագրումէն:
Մինչ այդ, գիտակցելով որ քաղաքական կեցուածքներ կը փոխուին շահերու յարաբերութեան բերումով, կարեւոր է իբրեւ արթուն պահակ հետեւիլ թրքական ուրացումի եւ արդարացումի ռազմավառութեան՝ զայն միշտ ձախողութեան մատնելու որոշումով:
108 տարի անցած է արդէն Մեծ Եղեռնի թուականէն:
Յոյսով ենք որ կը դադրին 200ամեակի մը մասին խօսող եւ մինչեւ 2115 թուական պայքար խոստացող ճառային սոփեստութիւնները:
Լուռ ծրագրում, ներքին թերութիւններու սրբագրում, ուժերու իրապաշտ գնահատում, կարողականութեանց համարկում, գիտականացած քաղաքական աշխատանք, քիչ մը տեսիլք եւ մանաւանդ հաւատք՝ կրնան ամեակներու հաշիւները վերածել տեսանելի ապագայի:
Շատ ճիշտ ես սրտցաւ գրչակից բարեկամ։ Ինչպէս դուն, այնպէս ալ ես, մենք կ՚ըսենք, մենք կի լսենք։ Չենք հասնիր համաշխարհային հանրութեան, բայց յատկապէս այսօրուայ «հայրենի իշխանութիւններուն», որոնք թրքահաճոյ քաղաքականութիւն մը որդեգրած են եւ ամէն ինչբ կ՚ընեն «դուր գալու համար» Էրտողանեան Թուրքիոյ եւ Պուտինեան Ռուսիոյ։ Մեր ձուկը գլուխէն հոտած է։