Հայակերտումը եւ հայ ուսուցիչը

Նկարը՝ Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս Հայկական վարժարանի կայքէն:

Երբ ուսուցիչ բառին իմաստը պիտի սահմանենք, անպայման, որ անոր պիտի առնչենք կոչում եւ առաքելութիւն ստորոգելիները՝ մասնաւորաբար հայ իրականութեան մէջ: Դժբախտաբար, սակայն, նիւթապաշտական եւ սպառողական «մշակոյթի» այս դարուն, ուսուցչութիւնը եւս շատ բան կորսնցուցած է իր իմաստէն եւ վերածուած ասպարէզի՝ բառին ամէնէն լայն իմաստով. դադրած է կոչում եւ առաքելութիւն ըլլալէ:

Հայ ժողովուրդին պարագային, հայոց պատմութեան տեսանելի օրերէն ի վեր, ուսուցչութեան տրուած է գաղափարական իմաստ մը, որուն առաջնահերթ մտահոգութիւնն է մշակոյթ կերտել, մշակութային ինքնութիւն եւ ինքնուրոյնութիւն զարգացնել, մէկ խօսքով՝ ստեղծել իր մշակութային արժէքներուն գիտակցութիւնը ունեցող եւ այդ արժէքներով իր անհատականութիւնը ամրապնդող հայը:

Դժբախտաբար, սակայն, սպառողական անհեթեթ «մշակոյթը» իր հոգելլկիչ աւերները սկսած է գործել նաեւ մեր իրականութեան մէջ: Պահ մը մոռնալով, որ այս հաստատումը կը վերաբերի մեր հաւաքական կեանքի գրեթէ բոլոր մարզերուն, պահ մը կանգ առնենք անոր գործած աւերին՝ մեր ուսուցիչներուն եւ ուսուցչական կոչումին վրայ:

Մեր հաւաքական կեանքին մէջ արձանագրուած դժուարութիւններէն ոչինչ կարելի պիտի ըլլայ լուծել, եթէ զանոնք պարզամտօրէն վերագրենք սփիւռքեան պարտադրեալ իրավիճակին, որ թէեւ շատ մը հարցեր ու տագնապներ կը ցցէ մեր հաւաքական կեանքին առջեւ, բայց մատը վէրքին դնելով՝ միայն վէրքը ցոյց տալու ընթացքը նոյնքան վնասաբեր է, որքան վէրքին գոյութեան անտեսումը, մանաւանդ զայն անդարման ձգելու ընթացքը:

Վերադառնալով ուսուցչութեան կոչումի այլասերումին, հարկ է նշել, որ յարգելով հանդերձ բացառութիւնները, մեր ուսուցիչները մեծամասնութեամբ անտարբեր են իրենց պատմական մեծ պատասխանատուութեան նկատմամբ: Կ’ըսուի, թէ մեր ծնողներն ու աշակերտներն են յանցաւորները, որոնք օտար եւ սպառողական մշակոյթի ազդեցութեան տակ՝ անտարբերութեամբ կը մօտենան հայ լեզուին, գրականութեան, հայոց պատմութեան եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի նկատմամբ: Բայց արդեօ՞ք միայն մեր աշակերտութիւնն է իսկական յանցաւորը:

Բայց նաեւ յանցաւոր չե՞ն մեր ուսուցիչներն, որոնք չեն յաջողած  հաւատարիմ ու արժանաւոր ժառանգորդները ըլլալ մեր մշակոյթի խոնարհ ու անձնուէր սպասարկուներուն: Մեր հաւաքական կեանքին մէջ, քաղաքական, ընկերային, կրթական եւ եկեղեցական մարզերու մէջ իրենք զիրենք հանրանուէր ծառայութեան յանձնած ոեւէ անհատի երբ հարց տանք, թէ ի՞նչ բան զինք մղած է այդ ծառայութեան, անվարան պիտի գտնենք ազդեցութիւնը ուսուցիչի մը, որ հաւատարիմ իր կոչումին, իր խօսքին խառնած է իր ջիղերը, քրտինքը, արիւնը եւ մանաւանդ գործը, ու իր ճգնումով դարբնած է իր աշակերտներուն գաղափարական եւ մշակութային անհատականութիւնը, ու այդպէսով վերածուած է օրինակելի տիպարի:

Այսօր, մեր իրականութեան մէջ շատ քիչ է թիւը նմանօրինակ ուսուցիչներու: Ցաւալի ա՛յս իրողութեան մէջ պէտք է տեսնել նաեւ պատճառներէն մէկը մշակութային եւ գաղափարական մեր խարխափումներուն:

Անշուշտ կայ նաեւ մետալին միւս երեսը՝ հայ ուսուցիչներու վարձատրութեան հարցը: Հայերէնի ուսուցիչները այսօր կը նկատուին երկրորդ կարգի «պաշտօնեաներ» եւ իբրեւ այդպիսին անոնց վարձատրութիւնը շատ աւելի նուազ է քան առաջին կարգի ուսողութեան եւ գիտական նիւթերու ուսուցիչներունը: Կ’առարկուի, որ այս նիւթերը յաջողութիւն կ’ապահովեն պետական քնութիւններուն, կամ ընդհանրապէս կեանքի մէջ, մինչ հայերէնի նիւթերը՝ ոչ:

Սփիւռքի տարածքին հաւաքական մեր կեանքը վերակենսաւորելու ճիգերը շատ ալ արդիւնք պիտի չտան եթէ նորահաս սերունդները չթրծուին հայօրէն ապրելու գաղափարական սնունդով: Տան եւ ծնողքին դերակատարութիւնը կարեւոր է շատ, բայց շատ աւելի կարեւոր են դպրոցն ու հայ ուսուցիչը:

Արդ, նիւթական ու բարոյական ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայել ուսուցչութեան ասպարէզը վերածելու հայապահպանման եւ հայակերտումի ճշմարիտ առաքելութեան մը, որուն պարտականութիւնն է, գիտելիք փոխանցելու կողքին, գիտակցութիւն եւ հաւատք սերմանել հայ աշակերտներու հոգիներուն մէջ: Ի՞նչ արժէք ունի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասաւանդումը, եթէ ան պիտի չծառայէ մարդակերտումի եւ հայակերտումի նպատակին:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x