2023-2024 տարեշրջանի վերամուտի սեմին, կը խօսուի Լիբանանահայ վարժարաններու կրթաթոշակներու տոլարացման մասին: Որքանո՞վ ճիշդ է այս որոշումը եւ ի՞նչ է անոր անդրադարձը: Տակաւին, ներկայիս հայ աշակերտութեան մէջ նշմարելի է հայ լեզուի ու հայոց պատմութեան իմացութեան նահանջ մը: Ինչո՞ւ եւ ո՞վ է պատասխանատուն: Այս հարցերը քննարկելու նպատակով դիմեցինք ազգային վարժարաններու ուսումնական խորհուրդի ատենապետ՝ Վիգէն Աւագեանի եւ անոր հետ ուեցանք հետագայ հարցազրոյցը: Ուշագրաւ էր պրն. Աւագեանի հետեւեալ ընդգծումը. «դպրոցը շուկայ չէ, խանութ չէ, թիւ չէ, իսկ աշակերտն ալ յաճախորդ չէ եւ մեր վարժարանները ամուր պէտք է մնան իրենց առաքելութեան մէջ եւ տեղ չտան անհիմն առաջարկներու ու թերանան իրենց պարտականութեան մէջ։ Դպրոցը ոգի է եւ մթնոլորտ է, ուր մշակոյթին ծառայող սերունդներ կը պատրաստուին»։
1) Հիմա որ կը խօսուի տոլարացումի մասին, ի՞նչ որոշում տուած են Ուսումնական Խորհուրդն ու ազգային վարժարանները յառաջիկայ տարուան համար: Անխուսափելի՞ է:
Ազգային վարժարաններու կրթաթոշակները աստիճանական տոլարացման ընթացքի մէջ են, այսինքն՝ ամբողջական տոլարացումի չեն գացած, որ ի հարկին տրուած որոշում մըն է: Երանի թէ այս դառն բաժակը մեզմէ հեռու պահուէր, սակայն վարժարաններուն ընթացիկ ծախսերը տոլարով են, մեծագոյն բեռը՝ վառելանիւթի ծախսը, որ տոլարով կը վճարուի, ինչպէս նաեւ մեր վարժարաններու պարագային, ուսուցիչները իրենց աշխատավարձերուն 20%-ը այլեւս անխուսափելիօրէն տոլարով կը գանձեն։ Հետեւաբար, մենք անպայմանօրէն կը կանգնինք տոլար ունենալու եւ հաւաքելու պարտաւորութեան առջեւ։ Սակայն, այս դժուար օրերուն, անտրամաբանական է դպրոցին ամբողջական ծախսերը բաժնել աշակերութեան թիւին ու ամբողջովին զայն բեռցնել ծնողքին վրայ։ Նկատի ունենալով ներկայ պայմանները, որոշուած է թէ վերջինս մասնակցի ծախսերու ապահովման առնուազն մէկ երրորդին։ Ազգային Առաջնորդարանը եւս յանձն առած է ապահովելու միւս մէկ երրորդը, իսկ մնացածը կը մնայ ձեռք բերել խնամակալներու, տնօրէնութեան միջոցով ու տարբեր ձեռնարկներով։ Քանի մը տարի առաջ արտերկրէն բաւական օգնութիւն կու գար, մանաւանդ նաւահանգիստի պայթումէն ետք, հետեւաբար այսքան սուր կերպով չէր դրուեր տոլարացման անհրաժեշտութիւնը։ Բայց այսօր այլ առաջնահերթութիւններ կան ու բնական է որ նուազին այդ օժանդակութիւնները, ուստի պիտի փորձենք տեղացի բարերարներու օժանդակութեան դիմել։ Կարելի է ըսել, որ տրամաբանական սահմաններու մէջ է ծնողքէն պահանջուած գումարը եւ ընդամէնը ամսական առաւելագոյնը շուրջ $100-ի մասին է խօսքը, իսկ փոխադրածախսերը մօտ ամսական $50, ըստ դպրոցէն հեռաւորութեան։ Անկեղծօրէն, այսօր ո՞ր ծնողքը չի վճարեր ամսական $100 ելեկտրականութեան համար։ 2020-2021-ի մտայնութենէն պէտք է դուրս ելլել, թէ լրիւ ձրի ըլլալու է հայ դպրոցը. ծախսերը ահաւոր են։
2) Նիւթական պատճառով ոչ մէկ աշակերտ դուրս ձգելու սկզբունքը կը մնա՞յ ի զօրու: Կը կարծէ՞ք որ թոշակներու տոլարացումը պատճառ դառնայ, որ շատ մը ծնողներ իրենց զաւակները պետական ձրիավարժ դպրոցներ ուղարկեն:
Ոեւէ աշակերտ նիւթականի պատճառով չի զրկուիր հայ դպրոցէ, այս սկզունքը կը մնայ ի զօրու։ Այս դպրոցները ազգին դպրոցներն են, հետեւաբար այն ծնողները, որոնք դժուարութիւն ունին վճարելու, կրնան ներկայանալ մեր վարժարաններու ընկերային ծառայութեան գրասենեակները եւ բացատրեն իրենց կացութիւնը, ուր հասկացութեամբ եւ քննարկումով կը յարգուին յատուկ պարագաները։
3) Ին՞չ կրնաք ըսել ընդհանրապէս հայ վարժարաններ յաճախող աշակերտներուն եւ մասնաւորաբար ազգային վարժարաններ յաճախող աշակերտներու թիւին մասին: Վիճակագրութիւններ կա՞ն:
Մինչեւ 2011, միջին հաշուով մօտ 5% արտահոսք մը կար լիբանանահայ վարժարաններէն, բայց 2011-ին, երբ Սուրիոյ տագնապը սկսաւ, մեծ թիւով հայ աշակերտներ ընդունեցինք մեր վարժարաններուն մէջ: Այս իրավիճակը տեւեց մինչեւ 2016-2017, երբ մեր վարժարանները արձանագրեցին թիւի 20%-30% նահանջ մը։ Տրամաբանական էր այս երեւոյթը ու տագնապի մատնուելու որեւէ պատճառ չկայ, որովհետեւ Սուրիահայերն էին որոնք ընդունած էինք ու մեկնեցան։ Սակայն 2019-2020 տարեշրջանէն ետք, արտահոսքը 5%-էն բարձրացաւ 15%ի հիմնական երկու պատճառով. առաջինը՝ երիտասարդութեան կարեւոր մէկ մասը գործի պատճառով ճամբորդեց ու բնականաբար նուազեցան ամուսնութեան թիւերը եւ այսպիսով ամէնէն վտանգուած օղակը դարձաւ մանկապարտէզը, ուր աշակերտներու թիւի լուրջ նահանջ մը արձանագրուած է վերջին տարիներուն։ Իսկ երկրորդ պարագան, այլասերումը, քաղքենիացումը եւ խառն ամուսնութիւններու հարցն է, որ վերջին 5-10 տարիներուն աւելի նշմարելի դարձած է։ այսօր Ազգային Առաջնորդարանը կը հաստատէ թէ չորս պսակէն երկուքը օտարի հետ կը կնքուին։ Տեղին է նշել, թէ Լիբանանահայ աշակերտութեան թիւը շուրջ 10.000 է, որոնցմէ մօտ 5.000-ը կը յաճախէ Լիբանանահայ վարժարաններ, իսկ մնացեալը՝ օտար դպրոցներ։
4) Պետական ծրագրի գործադրութիւնը արգելք կը հանդիսանա՞յ հայկական նիւթերու դասաւանդութեան: Եթէ ոչ ինչո՞ւ հայ աշակերտներու մօտ կը նշմարենք հայ լեզուի եւ հայոց պատմութեան իմացութեան զգալի նահանջ մը: Ին՞չ են պատճառները:
Հայ դպրոցներուն առաքելութիւնը հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ կրօնի դասանիւթեր ջամբելն է հայ աշակերտին։ Այսօր ծանրաբեռնութեան պատրուակով, հայերէնի դասընթացքները թեթեւցնելու առաջարկ մը կայ ծնողներու կողմէ, որպէսզի աշակերտը պետական ծրագրի եւ պաքալորեայի քննութեան վրայ կեդրոնանայ։ Սակայն այս մէկը պատճառ մը չէ հայերէն նիւթերը թեթեւցնելու կամ նոյնիսկ զեղչելու։ Արդէն Պաքալորիայի քննութիւններուն մասնակցող Լիբանանահայ դպրոցներու աշակերտութիւնը գրեթէ ամբողջական յաջողութիւն կ’արձանագրէ։ Կարելի է նշել, թէ ազգային վարժարաններու նախակրթարանի գիտական նիւթերը եւս հայերէնով կը դասաւանդուին, պարզապէս որ հայ աշակերտին բառամթերքը զարգանայ։ Դպրոցը շուկայ չէ, խանութ չէ, թիւ չէ, իսկ աշակերտն ալ յաճախորդ չէ եւ մեր վարժարանները ամուր պէտք է մնան իրենց առաքելութեան մէջ եւ տեղ չտան անհիմն առաջարկներու ու թերանան իրենց պարտականութեան մէջ։ Դպրոցը ոգի է եւ մթնոլորտ է ուր մշակոյթին ծառայող սերունդներ կը պատրաստուին։
Իսկ հարցումին երկրորդ բաժինը պատասխանելու համար, կրնամ ըսել թէ նոր սերունդին մօտ հայերէն լեզուի գործածութեան նշմարելի տկարութիւն մը կայ, որուն հիմնական պատճառը գիրք կարդալու սովորութեան նահանջն է, ինչպէս նաեւ՝ երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը հայերէն մտիկ չ’ըներ, հայերէն չի լսեր եւ կորսուած է ընկերային ցանցերուն մէջ։ Հայերէնը դպրոցէն առաջ տունէն կու գայ, այսօր դժբախտաբար սակաւաթիւ են այն տուները, որ գրադարան ունին, ուր հայկական թերթ կը մտնէ, հայկական երաժշտութիւն կը լսէ եւ այլն։ Այս կը նշանակէ թէ մենք պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք մեր կրթական ծրագիրը, նոր դասագիրքեր պատրաստենք, եւ ուսուցիչները կարողանան այս բոլորը նոր ձեւերով փոխանցել աշակերտին։
5) Եունեսքոն (UNESCO) արեւմտահայերէնը դասած է կորսուելու վտանգին ենթակայ լեզու մը: Ի՞նչ կ’ընեն մեր դպրոցները այդ ուղղութեամբ:
Ցեղասպանութենէն ետք, արեւմտահայերէնը կը խօսուէր, կը գրուէր ու կը պահպանուէր մասնաւորաոար Պոլիս եւ Միջին Արեւելք ապրող հայերուն կողմէ, որոնց թիւը խիստ նուազած է այս օրերուն, որովհետեւ մեծամասնութիւնը գաղթած է ու կը գտնուի արեւմուտքի հսկայ ձուլարանին մէջ։ Բնականաբար, այո՝ կրնանք ըսել, որ դժբախտաբար այսօր վտանգուած է արեւմտահայերէնը։ Ուստի հարկ է արժեւորել արեւմտահայ երգը, պարը, թատրոնը, անպայմանօրէն գրականութիւնը, զանոնք փոխանցել հայ աշակերտին, եւ ստեղծել նոր գրականութիւն եւ երգեր ու օգտագործել ձայնասփիւռն ու արդի այլ միջոցները անոնց տարածման համար։ Առցանց թէ տպագիր թերթերը արեւմտահայերէնով հրապարակել: Մշակութային միութիւններու դերը աւելի եւս կը շեշտուի ձեռնարկներ կազմակերպելու առումով։ Չե՛նք կրնար յանձնուիլ, պէ՛տք է պայքարինք պահպանելու արեւմտահայերէնը, եւ կրնա՛նք, եթէ կամքը կայ:
6) Հայերէն նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչները լաւ կը վճարուի՞ն: Հայկական մտահոգութիւնները նկատի ունենալով, չէք կարծե՞ր, որ հայերէնի ուսուցիչները աւելի լաւ պէտք է վարձատրուին քան, օրինակ, գիտական նիւթերու ուսուցիչները:
Գիտական նիւթեր դասաւանդուող ուսուցիչերը բազմաթիւ են, սակայն հայերէնի ուսուցիչ գտնելը դժուար է, որովհետեւ վերջին տարիներուն հայագիտութեան մասնագիտութեան հետաքրքրութիւնը զգալիօրէն պակսած է եւ հետեւողներու թիւը նահանջած: Հակառակ բազմազան նախաձեռնութիւններու, նոյնիսկ ձրի կրթաթոշակը, հետաքրքրութիւն չ’արթնցներ հայ երիտասարդին մօտ։ Հետեւաբար, եթէ պայմանները ներեն, կարելի է աւելորդ վարձատրութեամբ գնահատել ու քաջալերել հայերէն նիւթերու դասատուները:
7) Եզրափակելու համար, ինչպիսի՞ վերամուտ մը կը նախատեսէք յառաջիկայ տարեշրջանին համար:
Յառաջիկայ դպրոցական տարեշրջանը պիտի ըլլայ անցումային շրջան մը, որովհետեւ կրթաթոշակներու տոլարացումը դիւրին պիտի չըլլայ բոլորին համար։ Կասկած չկայ որ դժուար տարի մը պիտի ըլլայ մասնորաբար ծնողներուն համար։ Բոլորս միասին պիտի տոկանք եւ այս բեռը միասնաբար շալկենք։ Ինչպէս նախապէս նշեցինք, արտաքին օժանդակութիւնը նուազած է եւ պիտի շարունակէ նուազիլ այլ առաջնահերթութիւններու պատճառով։ Պէտք է իւրաքանչիւրը իր կարգին՝ ըլլայ ծնողք, խնամակալ, ուսուցիչ, տնօրէնութիւն, բարերար, նախկին շրջանաւարտ կրթական ծախսերը նկատեն որպէս գլխաւոր առաջնահերթութիւն, գուրգուրանքի եւ հոգածութեան առարկայ, ձեռք երկարեն ու օգնեն՝ ոտքի պահելու հայ վարժարանները, որովհետեւ կրթութիւնն է որ սերունդ կը պատրաստէ, սերունդն է որ գաղութ կը պահէ։
Այս նոր տարեշրջանը դժուար պիտի ըլլայ բոլորիս համար, սակայն ինչպէս նշեցինք, դպրոցին հսկայական ծախսերուն դիմաց կրթաթոշակներուն աստիճանական տոլարացման հարցը անխուսափելի է։ Հետեւաբար հասկացողութեան մօտեցումով, պէտք է ընդունիլ այս անհրաժեշտ քայլը։ Մենք որպէս հայկական վարժարաններ, կը շարունակենք ամուր կենալ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու մեր առաքելութեան վրայ:
Կը մնայ բարի վերամուտ մաղթել հայկական բոլոր վարժարաններուն։
Հարցազրոյցը՝ Քարէն Բարսեղեանի
Հայ աշակերտներու թիւը շուրջ 10.000 է, որուն կէսը միայն կը յաճախէ հայկական վարժարան, իսկ միւս կէսը՝ օտար վարժարան: Սարսափեցնող իրողութիւն մը, որ ենթադրելի է, թէ նոր երեւոյթ չէ: Բայց նաեւ բացատրութիւն մըն ալ չկայ,թէ ինչո՞ւ այդպէս է : Յայտնօրէն ցարդ ախտաճանաչում չէ կատարուած, որ դարմանումի մասին մտածուի…: Երեւոյթը արձանագրելը բաւարար չէ: