Կրէյս Պլէյքըլի. Ինչպէս դրամատիրութիւնը կ՛առաջնորդէ ուժի կեդրոնացման

Յառաջաբանը՝ Յովիկ Յովհաննէսեանի. «Դրամատիրութեան ներկայացուցած «ազատ շուկայ»ի տեսութիւնը առասպել մըն է: Շուկան երբէք ալ չի գործեր ինքնուրոյն կերպով, այլ անոր կարգն ու կանոնը կը պարտադրուին հզօր ընկերութիւններու, ֆինանսական հաստատութիւններու եւ պետութիւններու կողմէ:»

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ. ԴՐԱՄԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲՌՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ

Կ՛արժէ կարդալ Կրէյս Պլէյքըլիի «Ինչպէս դրամատիրութիւնը կ՛առաջնորդէ ուժի կեդրոնացման» յօդուածը (ստորեւ՝ թարգմանաբար), անգամ եւս հասկնալու համար դրամատիրական գերիշխող կարգերու ինքնեկ եւ ընդոծին աղէտը:

Դրամատիրութիւնը կը յաւակնի հաստատել մարդկային բարօրութիւն, սատարել ազատութիւններ, քաջալերել եւ սատարել ներգործուն անհատականութիւններ եւ ստեղծագործ միտք: Սակայն, իրականութեան մէջ, ինչպէս Կրէյս Պլէյքըլի հմտօրէն կը բացատրէ, դրամատիրութիւնը անընդհատ կ՛առաջնորդէ հարստութեան եւ ուժի մնայուն կեդրոնացման. մարդկութեան դիմագրաւած Քովիտ-19-ի մարտահրաւէրի օրերուն, «Ամազոն»ի Ճէֆ Պեզոսի կուտակած միլիառաւոր տոլարները ցայտուն օրինակ մըն է: Անիկա, ինքնաբերաբար, անհամեմատօրէն կը սահմանափակէ ընդհանրական հարցերու մէջ ժողովրդային մասնակցութիւնը:

Պլէյքըլի իր յօդուածին մէջ կ՛ընդգծէ, որ դրամատիրութեան կարգին տակ մարդկային յարաբերութիւնները կը տնօրինուին փոքրաթիւ ուժային կեդրոններու կողմէ եւ չեն յատկանշուիր ազատութեամբ եւ ներգործուն մասնակցութեամբ:

«Ինչպէս դրամատիրութիւնը կ՛առաջնորդէ ուժի կեդրոնացման» յօդուածին կեդրոնական թեզերէն մէկը այն է, որ դրամատիրութեան ներկայացուցած «ազատ շուկայ»ի տեսութիւնը առասպել մըն է: Շուկան երբէք ալ չի գործեր ինքնուրոյն կերպով, այլ անոր կարգն ու կանոնը կը պարտադրուին հզօր ընկերութիւններու, ֆինանսական հաստատութիւններու եւ պետութիւններու կողմէ: Պլէյքըլիի ներկայացուցած պետութեան դերն ու դիրքը դրամատիրական պատումին մէջ, յօդուածին ամէնէն արժէքաւոր ներդրումն է: Ան կը բացատրէ, որ նոյնիսկ դրամատիրութեան ձախակողմեան քննադատները «հաշտուած են» այն վարկածին հետ, թէ պետութիւնը անկողմնակալ խաղացող է, այլ ոչ թէ դրամատիրական համակարգին մէջ ստեղծուած, ազդող եւ ազդուող մեքենայ, որ հիմնականին մէջ «կը կառավարուի» ազդեցիկ խաղացողներուն կողմէ, որոնք դրամատիրական համակարգին մէջ, բնականաբար, ֆինանսա-տնտեսական սակաւապետերն են:

Պլէյքըլի չի խուսափիր զուգահեռներ գծելէ մարքսիստ եւ նէօ-լիպերալ՝ նոր-ազատական մօտեցումներու եւ վերլուծումներու միջեւ եւ ցոյց տալու նոր-ազատական ընկալումներու բացթողումները արձանագրելու եւ բացատրելու դրամատիրութեան հերթական տագնապները: Պատմութեան մարքսիստ վերլուծութեան յաւելեալ օգտագործումով հաւանաբար Պլէյքըլի կարենար աւելի համապարփակ ներկայացնել պետութիւններու դրամատիրական հոլովոյթը եւ յաւելեալ լոյս սփռել հարստութեան կուտակման մէջ անոնց դերին վրայ:

Պլէյքըլի նաեւ կ՛անդրադառնայ, թէ ինչու դրամատիրական համակարգը անխուսափելիօրէն ծնունդ կու տայ բռնակալական հակումներով ղեկավարութիւններու: Հակառակ անոր, որ ան յստակօրէն կը բացատրէ, թէ մարդկութեան բարօրութեան հսկայական անկման պայմաններուն մէջ, դրամատիրութիւնն ու իր «խոստումները» կը տառապին վաւերականութեան տագնապէ, ան բռնատէրերու յայտնուիլը կը բացատրէ իբրեւ հանգրուանային ընտրանք մը մարդոց կողմէ՝ աւելի յուսատու ընտրանքներու բացակայութեան պայմաններուն մէջ եւ ոչ՝ իբրեւ դրամատիրութեան դաժան էութեան հերթական դրսեւորում: Այլապէս, ճիշդ է, որ յառաջդիմական եւ ընկերվարական գաղափարները չեն յաջողած մինչ այսօր ժողովրդական այլընտրանքի ճանապարհը ուրուագածել, բայց եւ այնպէս, այդ մէկը երբէք չի կրնար քողարկել դրամատիրութեան վայրագ էութեան իսկութիւնը եւ չի կրնար շեղել մտածումը՝ անոր մասին:


Ինչպէս դրամատիրութիւնը կ՛առաջնորդէ ուժի կեդրոնացման

Հեղինակ՝ Կրէյս Պլէյքըլի

Աղբիւրը՝ tribunemag.co.uk

Տասնամեակներէ ի վեր, մեզի կը վաճառեն այն առասպելը, որ դրամատիրութիւնը աշխատող մարդոց աւելի շատ ուժ կու տայ սեփական կեանքի տնօրինումին վրայ, բայց իրականութեան մէջ, անիկա իշխանութիւնը կը կեդրոնացէ աւելի ու աւելի քիչ մարդոց ձեռքերուն մէջ:

Դրամատիրական յաղթանակի դարաշրջանը, որ յաջորդեց 1990 -ականներուն Պեռլինի պատի փլուզումին, ամրապնդուեցաւ գաղափարական հզօր գրականութեամբ: Մեզմէ անոնք, որոնք հասակ առին այս շրջանին, դրամատիրութիւնը կապեցին տարբեր եզրերու, ինչպէս՝ ազատութեան, ստեղծագործութեան եւ ուժականութեան: Համակարգը կը ներկայացուէր իբրեւ իշխանութեան բաժանման միջոց հասարակութեան մէջ, մինչդեռ ձախակողմեանները՝ թէ ընկերվար-ժողովրդավարները եւ թէ համայնավարները, կը մերժուէին իբրեւ մեծ կեդրոնացնողներ:

Այսօր, այս բոլորը գրեթէ դարձած են անճանաչելի: Դրամատիրութիւնը առաջնորդած է իշխանութեան եւ հարստութեան խոր կեդրոնացման, եւ հաւանօրէն, անիկա կապուած ըլլայ եզրերու, ինչպէս՝ անհաւասարութեան, փտածութեան եւ տագնապներու: Covid-19 համաճարակը եկաւ արագացնելու այս ուղղութիւնները՝ ծնունդ տալով գերընկերութիւններու, ինչպէս է պարագան Amazon- ի, որուն սեփականատիրոջ՝ Ճէֆ Պեզոսի հարստութիւնը աճած է 75 միլիառ տոլարով միայն 2020 թուականին:

Այսպիսով, դրամատիրութիւնը քննարկելու ատեն նախ կարեւոր է սահմանել մեր պայմանները: Աջակողմեաններէն շատերուն համար, դրամատիրութիւնը հոմանիշ է շուկայական ազատ տնտեսութեան՝ հաւասար փոխանակման ապակեդրոնացած դրութիւն մը՝ միջնորդուած գիներու մեքանիզմով: Գիները կը պարունակեն ապրանքներու մասին անհրաժեշտ բոլոր տեղեկութիւնները, առիթ տալով Ատամ Սմիթի «անտեսանելի ձեռք»ին՝ այս ապրանքներու պահանջն ու մատակարարումը հասցնելու հաւասարակշռութեան կէտի:

Այս ձեւակերպումին մէջ, մենք շատ քիչ կը լսենք արտադրութեան մասին: Դէպքերու պարզագոյն տարբերակով, տնտեսութիւնը բաղկացած է բազմաթիւ փոքր արտադրողներէ, որոնք մուտքերը կը վերածեն արդիւնքներու՝ ի պատասխան գիներու ազդանշաններու, որոնց իւրաքանչիւրը չունի շուկայական ուժ: Խորքին մէջ, ժամանակակից տնտեսութեան մէջ նման ձեռնարկութիւններու գոյութիւնը երկար ատեն գաղտնիք էր նոր դասական տնտեսագիտութեան մէջ:

Այսօր, աւանդական տնտեսագէտները կը հաստատեն, որ ձեռնարկութիւններ գոյութիւն ունին իբրեւ «պայմանագիրներու յարակցութիւն», որ կը խթանէ արդիւնաւէտութիւնը, ձեռնարկատիրութիւնը եւ, ամէնէն կարեւորը՝ աշխատանքի վերահսկողութիւնը: Անոնք կը պնդեն, որ չափազանց ծախսալից է եւ ժամանակի կը կարօտի առանձին պայմանագիրներու կնքումը ձեռնարկութեան ներս ընթացող իւրաքանչիւր գործընթացի համար: Իրականութեան մէջ, որոշ գործառոյթներ, ինչպէս է պարագան ձեռնարկատիրութեան, ընդհանրապէս կարելի չէ պայմանագրել: Աւելի լաւ է առիթ տալ ձեռնարկատէրերուն ստեղծելու ընկերութիւններ, որոնք կրնան վերահսկել եւ ուղղել արտադրամիջոցները, որոնց շարքին՝ աշխատուժը:

Տնտեսագէտներուն մեծ մասը կ’ենթադրէ, որ այս ձեռնարկութիւններուն իւրաքանչիւրը երբեք չի կրնար շուկայական տեւական հզօրութեան տիրանալ բնական պայմաններու մէջ, հետեւաբար անոնք կրնան որեւէ ժամանակ միայն «բնական» շահոյթ ապահովել, այսինքն՝ զերօ շահոյթ, երբ նկատի առնուի պատեհութեանց ծախսը: Շումփիթըր քիչ մը աւելի բարդութիւն յառաջացուց՝ յայտարարելով, որ ձեռնարկութիւնները կրնան եւ պէտք է ժամանակաւորապէս աւելի բարձր շահ ապահովեն՝ իբրեւ վարձատրութիւն նորարարութեան: Նորարար ձեռնարկութիւնները ժամանակաւորապէս կրնան մենաշնորհային դիրք մը նուաճել, որ արագօրէն կրնայ տեղի տալ, եթէ ընկերութիւնը ընդհատէ իր նորարար ճիգը:

Պետութեան դերը, այս տեսանկիւնէն, այս պայմաններուն պահպանումն է. այսինքն՝ երաշխաւորել, որ շուկաները մնան ազատ եւ զարկ տան տնտեսական եւ ընկերային արդիւնաւէտութեան: Կարգ մը ժամանակակից տնտեսագէտներ քիչ մը աւելի յառաջացած կարծիք ունին պետութեան այս սահմանափակ դերակատարութեան մասին: Շատերը կը պնդեն, որ նոյնիսկ հոն, ուր առկայ են անարդիւնաւէտութիւններ, աւելի լաւ է, որ պետութիւնը «դուրս մնայ» շուկայէն, քանի որ կառավարութեան ձախողութիւնները ընդհանուր առմամբ աւելի վատ են, քան շուկային ձախողութիւնները:

Կեդրոնացումի ուժը

Այս ենթադրութիւններն ու փաստարկումները կը հանդիսանան հիմքերը դրամատիրութեան մասին մեր ժողովրդական բանավէճերուն: Կ’ենթադրուի, որ ազատ շուկաները կ’առաջացնեն արդիւնաւէտութիւն, հասոյթ եւ նորարարութիւն: Իրադարձութիւններու այս տարբերակին հետ կապուած կը մնայ միայն մէկ հարց. դրամատիրութիւնը ազատ շուկայի դրութիւն չէ:

Առաջին հերթին, ձեռնարկութիւնները պարզապէս արտադրական գործառոյթներ չեն, որոնք մուտքերը ինքնաբերաբար կը վերածեն արտադրութեան: Ընկերութիւնները քաղաքական միաւորներ են, որոնց նպատակն է անորոշութեան շրջագիծի մէջ շահոյթը հասցնել առաւելագոյնի, ինչ որ փլանաւորում կ’ենթադրէ: Առեւտրական մեծ ընկերութիւնները որոշ ինքնավարութիւն ունին ոչ միայն գիները ճշդելու, այլեւորոշելու աշխատավարձերը, ներդրումներու չափը, նորարարութիւնները, ծանուցումները եւ լոպիինկի միջոցները:

Երկրորդ, շուկայական ուժը գոյութիւն ունի, եւ անիկա ժամանակաւոր չէ, ինչպէս կը պնդէ Շումփիթըր: Մեծ ընկերութիւնները աւելի մեծ շուկայական ուժ ունին, եւ, հետեւաբար, փլանաւորման աւելի մեծ կարողութիւն: Բազմազգեան մեծ ընկերութիւններու առած որոշումները կրնանազդեցութիւն ունենալ ամբողջ հասարակութեան վրայ. այս ընկերութիւնները իրենք կը ձեւակերպեն նորարարութեան ուղղութիւնը, քաղաքական դրութեանց աշխատելաձեւը եւ մեր յարաբերութիւնները բնական աշխարհին հետ: Անոնք ամենազօր չեն. շուկան որոշակի սահմանափակումներ կը պարտադրէ, բայց անոնք անզօր ալ չեն:

Երրորդ, պետութիւնը չէզոք միաւոր չէ, որուն միակ նպատակը ազատ շուկայական մրցակցութեան համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծումն ու պահպանումը ըլլայ: Փոխարէնը, պետութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, կ’ազդուի աւելի լայն հասարակութեան մէջ առկայ ուժերու յարաբերութիւններէն, իսկ տնտեսապէս կեդրոնացած հասարակութեան պարագային՝` անիկա պիտի ազդուի շուկայական ուժ ունեցող ընկերութիւններէն:

Մարքսականները դրամատիրութեան մասին իրենց վերլուծութիւնը կը սկսին բոլորովին այլ ենթադրութիւններէ, քան նոր-դասական տնտեսագիտութեան շրջանակները: Նախ, մարքսականները կ’ուսումնասիրեն ապրանքներու արտադրութիւնը, եւ ոչ թէ պարզապէս անոնց փոխանակումը: Ընկերութիւնը «սեւ տուփ» մը չէ, որուն մուտքերը կը վերածուին արտադրութեան. անիկա դրամատիրական դրութեան հիմքն է եւ գոյութիւն ունի դրամագլուխի ճամբով հակակշիռ բանեցնելու աշխատաւորական դասուն վրայ:

Ընկերութեան իբրեւ սեւ տուփ ներկայացումը առիթ կու տայ տնտեսագէտներուն խուսափելու դիմագրաւելէ անոր մէջ գոյութիւն ունեցող շահագործումի քաղաքական յարաբերութիւնները: Փաստօրէն, այն տնտեսագէտները, որոնք մշակած են «ընկերութեան տեսութիւններ», պատահաբար յանգած են գրեթէ մարքսական հնչող եզրակացութիւններու: Օրինակ՝ Ռոնալտ Քոազը, որ կը նշէ, թէ դրամատիրական ձեռնարկութեան մը բնորոշ գործատէր-աշխատաւոր յարաբերութիւններու հիմնական երկու յատկանիշներն են.

  1. Ծառան [աշխատողը] պէտք է պարտականութիւն ունենայ անձնական ծառայութիւններ մատուցելու վարպետին [boss] կամ այլոց՝ վարպետին անունով, հակառակ պարագային պայմանագիրը ապրանքներու կամ նմանատիպ բաներու վաճառքի պայմանագիր է:

2. Տէրը պէտք է իրաւունք ունենայ վերահսկելու ծառային աշխատանքը՝ անձամբ կամ այլ ծառայի մը կամ գործակալի մը միջոցով:

Մարքսականները դրամատիրութեան զարգացումը աւելի կ’ուսումնասիրեն ժամանակի եւ տարածութեան մէջ, քան կը փորձեն օգտագործել ժամանակակից տնտեսագէտներու «քարացած» ձեւակերպումը: Դրամատիրութիւնը իբրեւ պատմական դրութիւն չվերլուծելու ընթացքը առիթ կու տայ աւանդական տնտեսագէտին անտեսելու կեղեքումն ու շահագործումը, որոնք առաջին հերթին իրենք պատճառ դարձան դրամատիրութեան յայտնուելուն, ինչպէս «նախասկզբնական կուտակման» հասկացութիւնը, որ կը վերաբերի գիւղացիները հողազրկելու գործընթացին՝ ստեղծելու անտիրական բանուոր դասակարգ մը, որուն գոյատեւումը կախեալ է իր աշխատանքին վաճառքէն:

Մարքսականները դրամատիրութիւնը աւելի կը տեսնեն թեքուած դէպի տագնապ եւ ոչ թէ հաւասարակշռութիւն, թեզ մը՝ որուն դէմ դժուար է վիճիլ ժամանակակից պայմաններուն մէջ: Միւս կողմէ, ենթադրութիւնը, որ դրութիւնը կը ձգտի հաւասարակշռութեան, առիթ կու տայ աջակողմեաններուն ցցուած որեւէ տագնապ ներկայացնելու իբրեւ «արտաքին ցնցումներ», որոնք կը յառաջանան պատահական իրադարձութիւններու կամ քաղաքական ձախողութիւններու պատճառով: Այլ կերպ ըսած, աւանդական տնտեսագիտութեան մէջ կատարուած բոլոր ենթադրութիւնները գաղափարախօսական են. անոնք կը ծածկեն դրամատիրական հասարակութիւններու մէջ իշխանութեան կիրարկման եղանակները:

Փլանաւորում դրամագլուխի համար

Ըստ ազատ շուկայի ձեւին, ձեռնարկութիւնները բոլորը փոքր արտադրողներ են, որոնք ինքնաբերաբար կ’արձագանգեն շուկայի ազդանշաններուն: Այս տեսանկիւնէն դիտելով աշխարհը, ոչ ոք որեւէ ուժ ունի. Փոխարէնը, շուկան ամենակարող է, եւ անոր մէջ մեր հաւասար մասնակցութիւնը տեսակ մը ժողովրդավարութիւն կը ստեղծէ:

Բայց «շուկան» բնական, եթերային երեւոյթ մը չէ. անիկա կառուցուած է: Պետութիւններ, մեծ ընկերութիւններ եւ ելեւմտական հաստատութիւններ իրենք կը սահմանեն խաղին օրէնքները, ինչպէս նաեւ կը հանդիսանան այդ խաղին հզօր խաղացողները: Քանի որ աւանդական տնտեսագէտները չեն կեդրոնանար արտադրութեան վրայ, անոնց մոտելները կը թաքցնեն դրութեան մէջ իշխանութեան կիրարկման եղանակները: Մարքսական մօտեցումով մենք կրնանք տեսնել, որ դրամատիրութիւնը հոմանիշ չէ «ազատ շուկաներու». դրամատիրութիւնը դրութիւն մըն է, որ կառուցուած է դրամագլուխի ճամբով աշխատուժին վրայ հաստատուած գերակայութեամբ:

Մեր տնտեսութիւնը չի կառավարուիր կատարեալ մրցակցութեան սկզբունքներով, զորս կրնաք տեսնել դասագիրքերու մէջ, բայց ոչ ալ անիկա ծրագրուած է կեդրոնացեալ ձեւով: Փոխարէնը, մենք կ’ապրինք սակաւապետական դրամատիրութեան մը ձեւին տակ, ուր շարք մը շատ հզօր դերակատարներ ի վիճակի են ձեւաւորելու դրութիւնը՝ իրենց սեփական իշխանութիւնն ու հարստութիւնը խթանելու համար:

Հզօր դերակատարներ կ’օգտագործեն փլանաւորումը՝ անհատաբար եւ հաւաքականօրէն իրենց շահերը աւելցնելու համար, բայց քանի որ նոյնիսկ ծրագրուած դրամատիրութիւնը դեռ դրամատիրութիւն է, անիկա տակաւին յատկանշուած է հսկայական ճնշող հակասութիւններով, զորս ոչ մէկ դերակատար կամ խումբ մը դերակատարներ կրնան անտեսել:

Այս փլանաւորման բնոյթը կախեալ է հասարակութեան դասակարգային կառուցուածքէն. Քեյնսեան փլանաւորումը հիմնուած էր սակարկութեանը վրայ՝ կազմակերպուած աշխատուժին, պետութեան եւ հիւսիսային կողմն աշխարհ մէջ գտնուող գործարքին միջեւ: Նոր-ազատականութիւնը չէր նշանակեր թեքում մը դէպի աւելի նուազ փլանաւորում, այլ պարզապէս կը նշանակէր այդ փլանաւորման բնոյթին փոփոխութիւնը. կազմակերպուած աշխատուժը դուրս մղուեցաւ, իսկ պետական փլանաւորումը սկսաւ վերակողմնորոշուիլ ընդհանրապէս դրամագլուխին եւ մասնաւորաբար ֆինանսական դրամագլուխին կարիքները բաւարարելու ուղղութեամբ:

Նկատի առնելով որ դրամատիրութիւնը դարձած է աւելի խտացուած ու կեդրոնաձիգ, ձեռնարկութիւններու բանալի դերակատարներուն կողմէ առնուած որոշումները շատ աւելի կարեւոր սկսած են դառնալ դրութեան զարգացումը ձեւաւորելու գործին մէջ: Մենաշնորհային եւ սակաւաշնորհային մեծ ընկերութիւնները հսկայ հակակշիռ ունին մեր հաւաքական արտադրութեան միջոցներուն վրայ, եւ ինչ որ անոնք կ’որոշեն ընել այդ միջոցներուն հետ, կ’ազդէ իւրաքանչիւրին վրայ: Ձեռնարկութիւնները ունին քաղաքական իշխանութիւն, բայց ոչ հաշուետուութեան համակարգ, եւ այդ առումով մենք կրնանք խօսիլ սակաւաշնորհային փլանաւորման մասին՝ հակադրուած ժողովրդավարական եւ ընկերայնացուած փլանաւորումին:

Պետութիւնները ոչ միայն կ’որոշեն խաղին օրէնքները, որոնք կը ձեւաւորեն շուկային արդիւնքները, այլեւ գործնապէս եւ յաճախ կը գործեն այդ շուկաներուն մէջ՝ այդ արդիւնքները իրենք ձեւաւորելու համար: Եւ ակնյայտօրէն «տնտեսութիւնը» կը ձեւաւորէ քաղաքականութիւնը եւ պետութիւնը. անհատ դերակատարներ էապէս կը ձեւաւորեն քաղաքական արդիւնքները. արտադրական միջոցներուն վրայ պետութեան ունեցած վերահսկողութիւնը կ’որոշէ անոր ներքին եւ միջազգային գետնի վրայ գործելու անոր կարողութիւնը. եւ «տնտեսութեան» ղեկավարումը քաղաքական մրցակցութեան ամէնէն կարեւոր մարզերէն մէկն է:

Քաղաքականութիւնը տնտեսութենէն կամ պետութիւնը շուկայէն անջատելու փոխարէն, մարքսականները կը պնդեն, որ դրամատիրական ընկերային յարաբերութիւնները պէտք է դիտարկել իրենց ամբողջութեան մէջ: Դրամատիրական պետութիւնները դրամագլուխի գործունէութեան համար նոյնքան կարեւոր տեղ կը յատկացնեն, որքան հզօր ընկերութիւնները կամ ելեւմտական հաստատութիւնները: Պետութիւնը չափազանց կարեւոր փլանաւորող է եւ, հետեւաբար, տարբեր խումբերու միջեւ մրցակցութեան թատերաբեմ:

Նոր-ազատական դարաշրջանի ծագումէն ասդին դրամատիրութիւնը կորսնցուցած է իր այս հասկացութիւնը: Հետեւանքը՝ Ձախը հակուած է իւրացնելու համաշխարհային ազատ շուկայական տեսակէտը եւ պարզապէս հետամուտ է շուկային մէջ պետական միջամտութեան մակարդակը աւելցնելու ընտրանքին: Բայց պետութեան բնոյթը կախեալ է ընկերային ձեւաւորման այն տեսակէն, որուն մէջ գոյացած է անիկա: Մենք գործ ունինք ոչ միայն պետութիւններու, այլեւ դրամատիրական պետութիւններու հետ, եւ դրամատիրական պետութիւնները հակամէտ են փլանաւորելու ի շահ դրամագլուխին:

 Դէպի կեդրոնացում

Չկարենալով դրամատիրութիւնը հասկնալ իբրեւ ամբողջական մէկ դրութիւն, ուր պետութիւններն ու ընկերութիւնները միասին կ’աշխատին խաղին օրէնքները մշակելու համար, ձախերը վերջ տուին աջերուն կողմէ օգտագործուող դասակարգումներու դիտարկման: «Պետութիւնները» եւ «շուկաները» կը կառուցուին իբրեւ առանձին միաւորներ. մէկը «քաղաքականութեան» ոլորտն է, միւսը՝ «տնտեսութեան»: Բայց խորքին մէջ, պետութիւնները իրենք կը ստեղծեն շուկաները, եւ շուկայի արդիւնքները կ’ազդեն պետութեան բնոյթին վրայ:

Վերջաւորութեան, գոյութիւն ունեցող դրամատիրութիւնը մեզի կը հրամցնէ երկու աշխարհներ. մենք չունինք արդիւնաւէտ, ազատ շուկայական դրութիւն մը, բայց նաեւ չունինք ամբողջովին կեդրոնաձիգ, համակարգուած դրութիւն մը:

Դրամագլուխին կեդրոնացումը՝ դրամատիրական համաշխարհային համակարգէն ներս իշխանութեան կեդրոնացումը փոքրաթիւ ձեռքերու մէջ, հակասական միտումներ կը յառաջացնէ: Մէկ կողմէն, եւ ինչպէս բազմաթիւ մարքսականներ դիտել տուած են, աւելի կեդրոնացուած տնտեսութիւնը այն է, որ առնուազն երեւութապէս, աւելի ընկերայնացուած տեսք ունի: Ալ չկան Ատամ Սմիթի ժամանակներուն անհատականացուած, մրցունակ մսագործներն ու փռապանները, եւ անոնց փոխարէն ի յայտ եկած են հսկայ հրէշներ, որոնք կ’ապաւինին անընդհատ համագործակցութեան:

Միւս կողմէն, եւ ինչպէս Մարքս կը նշէ «Դրամագլուխ»ի առաջին հատորին մէջ, դրամագլուխի կեդրոնացումը կ’ուռճացնէ «թշուառութեան, ճնշումի, ստրկութեան, մաշումի, շահագործման զանգուածը»: Դրութեան մը մէջ, ուր իշխանութիւնը այդքան կեդրոնացած է, նուիրապետութեան վերը գտնուողները ի վիճակի են որեւէ ժամանակէ աւելի խլել իրենձմէ վարը գտնուողներէն. աշխատավարձերը կը լճանան, տան վարձքերը կ’աճին, իսկ փտածութիւնը կը դառնայ հիւանդագին:

Մինչ անհաւասարութիւնը կ’աճի, կը դժուարանայ արտադրութեան գործընթացով յառաջացած շահոյթի իրացումը շրջանառութեան միջոցով: Արդիւնաւէտ ներդրումները կը չորնան  եւ կը սկսին ուղղուիլ դէպի անորոշ շահարկումներ եւ այլ անարդիւնաւէտ գործառնութիւններ: Կառավարութիւնները պէտք է միջամտեն կուտակումը շարունակելու համար: Մեծ ընկերութիւնները կը սկսին աւելի շատ դրամատուներու նմանիլ, իսկ պետութիւնները՝ մեծ ընկերութիւններու:

Այս առումով, բարձր կեդրոնացում ունեցող տնտեսութիւնները նոյնքան հակուած են մատնուելու տագնապի, որքան նուազ կեդրոնացուածները՝ թերեւս ալ աւելի: Նոյնիսկ հզօրագոյն փլանաւորողները չեն կրնար խուսափիլ դրամատիրական դրութեան հիմնական հակասութիւններէն: Բայց դրամատիրութեան կեդրոնացումը նաեւ ցոյց կու տայ այն սկիզբը, ինչ որ կարելի է հասնիլ արտադրական գործընթացի ընկերայնացումով եւ ժողովրդավարացումով եւ շահոյթի փոխարէն մարդկային կարիքներու բաւարարման ուղղութեամբ կողմնորոշման միջոցով: Այդպէս է դրամատիրական զարգացման հակասական բնոյթը:

Կեդրոնացուած դրամատիրութեան մէջ, իշխանութեան կիրարկումը մերկ է: Անիկա կը ներկայացնէ դրութիւն մը, որ անհեթեթ է, խիստ անարդիւնաւէտ, փտած, անկայուն, եւ որ երթալով կը դառնայ անկարող՝ արժանապատիւ կենսամակարդակ մը ապահովելու աշխարհի բնակչութեան մեծամասնութեան համար: Այս շրջագիծին մէջ, գաղափարախօսութեան ուժը կը մնայ էական, բայց աւելի ու աւելի նուազ արդիւնաւէտ առանց ուժի գործածութեան մնայուն սպառնալիքին: Զարմանալի չէ, որ այսօր, ամբողջ աշխարհի տարածքին ամբողջատիրութիւնը աճ կ’արձանագրէ:

Պատճառը, որ ուժի այս բացայայտ դրսեւորումները անհրաժեշտ կը ներկայացուին, այն է, թէ դրամատիրութիւնը կը դիմագրաւէ օրինականութեան ճգնաժամ մը: Նօսրացող պատեհութիւններու, աշխատավարձերու անկման եւ կլիմայի ապականութեան այս աշխարհին մէջ, կարելի չէ սովորական մարդու վրայ յոյս դնել, որ գլուխը վար պահէ եւ ընդունի իր ճակատագիրը: Մոլորակին վրայ ապրող մարդոց շատերը գիտեն, որ սխալ բան մը կայ մեր ապրելակերպին մէջ:

Այդ համատարած դժգոհութեան ներուժը կը մնայ թաքուն: Պատմութեան այս պահուն, ամենայն հաւանականութեամբ, անիկա կրնայ արտայայտուիլ իբրեւ փափաք մը ունենալու ազգայնական ուժեղ պաշտպան մը, քան իբրեւ շարժում մը դրամատիրութենէն անդին: Ձախերուն համար պայքարը այսօր կը միտի մարդոց տրամադրել ազատագրային բառապաշար մը, որուն միջոցով անոնք կրնան արտայայտել իրենց դժգոհութիւնը, եւ այդ արտայայտութիւնը փոխադրել շարժումի մը մէջ, որ ընդունակ է դիմագրաւելու դրամագլուխին մենաշնորհային իշխանութիւնը:

Գրեթէ անկարելի կը թուի դմակալել կեդրոնացուած այն ուժը, որ այսօր գոյութիւն ունի կայսերական պետութիւններու եւ բազմազգեան ընկերութիւններու մօտ: Բայց, ինչպէս մեր ուշադրութեան կը յանձնէ Ուրսուլա Լը Կին, նոյնն էր պարագան աստուածային իրաւունքով իշխող թագաւորներուն: Մարդոցմով զանգուածացած շարժում մը, որ կը գիտակցի իր հաւաքական հզօրութեան իրական չափին, կրնայ արագօրէն հասկանալ, որ խոր տագնապի այս դարաշրջանին մենաշնորհային դրամագլուխը շատ աւելի տկար է, քան կը թուի:

Անգլերէնէ թարգմանեց Վարուժ Թէնպէլեան

 

Յովիկ Յովհաննէսեան, Պէյրութէն, մասնագիտացած է միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, համապատասխան ճիւղի մագիստրոսական ծրագիրը կատարած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ: Ներկայիս, կ'աշխատակցի միջազգային կազմակերպութիւններու եւ կը համակարգէ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն եւ թերզարգացած շրջաններու բնակիչներու ընկերային-տնտեսական զարգացման ծրագիրներ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x