«Կ’արտադրեմ՝ երերալով արտաքին միջավայրին ու ներաշխարհիս միջեւ»

Պէյրութ - Երեւան. հարցազրոյց՝ բազմակարգային արուեստագէտ Հուրի Մարգարեանի հետ

 

Հուրի Մարգարեան բազմակարգային ​​արուեստագէտ է, արհեստավարժ կրաֆիք ձեւաւորող է, ունի պսակաւոր արուեստիցի եւ մագիստրոսի կոչումներ գեղարուեստի ոլորտին մէջ:

Ծնունդով լիբանանահայ, այժմ Երեւանի մէջ ապրող Հուրի Մարգարեան մշտական ստեղծագործութեան մէջ է. անոր գործերը յաճախ կը ծնին որպէս արձագանք բնապահպանական եւ մարդասիրական ճգնաժամերու:

Ստորեւ՝ Տարբերակ21-ի հարցազրոյցը անոր հետ:

Ո՞րն է մանկութեանդ մէջ ամենաազդեցիկ պատահարը, փորձառութիւնը կամ տպաւորութիւնը, որ կը կարծես, թէ իր ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ արուեստիդ վրայ:

Բազմաթիւ են անոնք: Անցեալի ապրած իմ հոգեխոցերը (trauma) թիւով շատ են: Մանկութենէս ինքնամփոփ (introvert) եղած եմ, հաւանաբար անոնց հետեւանքով:

Փորձեմ պարզել անոնցմէ քանի մը օրինակ՝ յստակացնելու համար:

Փոքր տարիքիս, երբ մէկը մահանար, ծնողները մանուկները տարբեր սենեակ կը տանէին, կարծելով, թէ այդպէս ապահովութիւն կու տային պզտիկներուն: Այդպիսի փորձառութիւն մը ես ալ ունեցած եմ, եւ փոքր տարիքէս սկսած եմ միշտ չափազանց մտածել ամէն ինչի մասին եւ դիւրայոյզ (emotional) մօտեցում մը ունենալ այդ բոլորին հանդէպ:

Ահա ուրիշ օրինակ մը, որ մեծապէս վրաս ազդած է. ամէն տարի, քեռիս,- որ քահանայ է,- Ամերիկայէն կու գար եւ իրեն համար ոչխար կը մորթէին: Այդ մէկը պատճառներէն մէկն է, որ կ’ատեմ,- բառացիօրէն կ’ատեմ,- կրօնաւորները: Մանկութենէս, յատուկ գուրգուրանք ունէի կենդանիներու հանդէպ: Սովորութիւն մը ունէի. ճամբան տեսած ամէն կենդանի տուն կը բերէի եւ կը խնամէի զայն: Ինը տարեկան էի եւ ունէի ոչխար մը, զոր շատ կը սիրէի: Ան չարուկ էր, մի՛շտ կը փախէր ախոռէն: Այդ տարի քեռիս եկաւ եւ որոշուեցաւ մորթել ոչխարս, որպէս մատաղ իրեն: Իսկ միւս քեռիիս տղան ստիպեց ինծի դիտել այդ պատկերը…

Համալսարանական տարիներուս, Լիբանանի հայ համայնքին մէջ շատ ծանօթ անձի մը նկատմամբ հայրս բացած էր դատ մը, եւ չէր ուզէր հրաժարիլ անորմէ. այդ պատճառով խնդրոյ առարկայ անձը, որ նաեւ կուսակցական ղեկավար դիրք ունէր, երկար ժամանակ կը սպառնար հօրս եւ մեզի, մինչեւ հասաւ այն օրը, որ առեւանգեց զինք: Ան միշտ կը հեռաձայներ հօրս եւ կ’ըսէր՝ «պիտի սպանեմ քեզ եւ աղջիկներդ», եւ ես համալսարան գացած ատեն միշտ շուրջս եւ ետեւս կը նայէի՝ ստուգելու համար թէ մէկը զիս կը հալածէ արդեօք: Ահա մէկ այլ հոգեխոցի օրինակ…

Եւ ոչ միայն այսքան…

Հայրս մասնագիտութեամբ ճարտարապետ է: Օր մը, երբ Անթիլիասի ՀՄԸՄ-ի «Աղբալեան» ակումբը կը կառուցէին, ան տանիք կը բարձրանայ աշխատանքի գործընթացին հետեւելու համար: Բայց այնտեղ գործող աղիւսի ընկերութիւնը տանիքը հաստատ պահող բաւարար երկաթներ չէր դրած. այդ պատճառով երդիքը կը փլի, հայրս մեծ բարձրութենէն վար կ՛ինայ եւ երկու ոտքերուն ոսկորները ջարդ ու փշուր կ’ըլլան: Հայրս առ այսօր այդ արկածին պատճառով ոտքի ցաւեր ունի:

Այսպիսով, արուեստի բոլոր գործերս դարձած են «բուժումի ծիսակարգ»: Այս ձեւով փորձած եմ գեղագիտականացնել (aestheticize) բոլոր այս վատ յիշատակները, հոգեխոցերն ու ցաւերը՝ զանոնք յաղթահարելու համար:

Աւելի ուշ, ախտաճանաչուած եմ երկբեւեռ խանգարումով: Հիւանդանոցին մէջ, ընկճուածութեանս փուլի, մէջս արտադրելու գերբնական ուժ մը յայտնուեցաւ: Խնդրեցի հիւանդապահներէն, որ ինծի թուղթ ու մատիտ բերեն: Այնքան ուժգին պահանջ մը կար մէջս, որ եթէ անոնք չբերէին, պիտի սկսէի պատերուն վրայ նկարել: Այդ ժամանակաշրջանին էր, որ ոճ մը մշակուեցաւ մօտս եւ այդ մէկը զարգացնելով, ամբողջացուցի մագիստրոսի աւարտաճառս:

Կը հաւատա՞ք ներշնչում կոչուածին: Եթէ այո, ի՞նչն է որ կը ներշնչէ ձեզ՝ ստեղծագործելու. Ներշնչումը ե՞րբ կ’այցելէ ձեզ. Ի՛նչ պարագաներու ազդեցութեան տակ: Օրուան մէջ արդեօք կա՞յ պահ մը, որ կարծէք անոր հետ ժամադրութեան մը մէջ եղած ըլլաք միշտ՝ ստեղծագործելու համար: Ընդհանրապէս, ի՞նչն է որ ձեզ կը մղէ որեւէ գործիք ձեռք առնելու՝ ստեղծագործելու համար:

Կը հաւատամ «ներշնչում»-ին, բայց չեմ գիտեր եթէ իմ ըրածս «ստեղծագործում» է:

Ամէն ինչ շատոնց ստեղծուած է: «Մենք կը կապկենք բնութիւնը»,- ըսած է Պղատոն: Սակայն արուեստագէտը իր բոլոր զգայարանքները ի սպաս դնելու, տարբեր նիւթերու մասին արտայայտուելու, դիտորդին տարբեր դիտանկիւն մը ցոյց տալու եւ զայն «տարբեր պատրանքի» մը դէմ յանդիման դնելու ձիրքը ունի:

Ներշնչուելով արարուած արտաքին տեսողական աշխարհէն, արուեստի լեզուով կ’արտայայտեմ ապրումներս եւ մտքերս: Պահեր կամ ապրումներ կան, որոնք աւելի զօրաւոր կ’ըլլան համեմատաբար, սակայն կան նաեւ պահեր, երբ բնաւ պահանջ չեմ զգար աշխատելու:

Ընդհանրապէս արուեստը եղած է ապահով պղպջակ մը ստեղծելու միջոց մը ինծի համար:

Երբեք ցանկութիւն չեմ ունեցած գործերս ծանուցելու, հանրայնացնելու: Երբ գործերս կիսեմ մարդոց հետ, այդ մէկը պարզապէս հրաւէր մը կ’ըլլայ իրենց՝ ծանօթանալու ներքին աշխարհիս եւ մտածումներուս:

Ներքին աշխարհս է իմ իսկական ներշնչումս, եւ բարակ մազաթել մը կը բաժնէ ներսիդիս ու արտաքին աշխարհը: Երկրորդը պարզապէս դրդիչ մը կը հանդիսանայ առաջինին, եւ այդպիսով ես կ’արտադրեմ՝ երերալով երկուքին միջեւ:

Ոմանք կ’ըսեն «Ինչո՞ւ ուրախ գոյներ ու թեմաներ չես գործածեր», սակայն գոյնն ու միտքը ինծի համար երկրորդական են: Ընդհանրապէս, ես կը սիրեմ գիծերով աշխատիլ: Կը հաւատամ, որ մարմին մը շրջագիծի մէջ պէտք է դրուի, որ կարելի ըլլայ զայն պատկերացնել այս նիւթեղէն աշխարհին մէջ: Նոյնն է նաեւ երաժշտութեան պարագան. ձայնանիշները քով-քովի գրելով, կը ստեղծուի գծակերպ, յաջորդական պատկեր մը, որ մեղեդին է, եւ զայն պէտք է ճշդորոշել նիւթեղէն աշխարհին մէջ՝ հետագային նուագուելու, լսելու եւ զայն կարդալու համար: Յետոյ է , որ ան պիտի իմաստաւորուի եւ գունաւորուի տարբեր մեկնաբանութիւններով՝ տարբեր նուագողներու կատարմամբ:

Շրջագիծը գծելէն ետք, կարելի է զայն լեցնել քու փափաքած medium-ով, սակայն ինծի համար գիծերը բաւարար են առ այժմ: Վաղեմի գործերու մէջ ալ կը հանդիպիմ այս գիծերուն: Անոնք ինծի համար մեծ ներշնչում են:

Տարիներու ընթացքին, ինչպէ՞ս փոխուեցան կամ զարգացան արուեստագէտի ձեր մօտեցումները: Անցեալին ցուցանակներ ձեւաւորելով, ձեւով մը մարդոց ուղղութիւններ տալով կը զբաղէիք, սակայն այսօր ունիք գործեր, որոնք ուղղութիւն չեն տար, այլ բաց տարածք մը կը ձգեն այդ արուեստի գործը դիտողին դիմաց՝ իւրաքանչիւրը իր պատկերացումով ընտրութիւն ընելու համար: Ի՞նչն է փոխուած:

Ձեւաւորման ոլորտին մէջ ամենասիրած ուղղութիւններէն մէկը փորձառարական ձեւաւորումն ու ցուցանակներու եւ ճամբաներու որոնման ձեւաւորումն էր, որովհետեւ ծաւալի ու տարածութեան հետ կապ ունէր եւ այնտեղ ներիմացութիւնը (intuition) մեծ դեր կրնար խաղալ: Արուեստի մէջ սակայն, ազատութիւնս ունէի: Նոյնիսկ եթէ սխալէի կամ գեղագիտականօրէն «լաւ բան» մը կամ ձախող բան մը ընէի, անոր մէջ միշտ կը փորձէի նոր բան մը գտնել. անկեղծութիւնը այդ ժամանակ ինծի մեծ գոհունակութիւն կու տար: Հիմա, արուեստի իմ անձնական «անկայուն» գործերով, փոխանակ դիտորդին ուղղութիւն տալու, կը սիրեմ ցնցել զինք:

Ձեր աշխատանքներուն մէջ յաճախ կը յայտնուին ձեռքեր ու ոտքեր եւ միշտ առկայ է փախուստի մը գաղափարը: Փախուստ ինչէ՞ն, իսկ այդ վերջոյթները ի՞նչ կը ներկայացնեն:

Ես յաճախ փախուստ կու տամ կոպիտ ու դառն իրականութենէն եւ դաժան ու քաոսային այն համակարգերէն, զորս մարդիկ մշակած են։ Պատճառահետեւանքային տարբեր տեսակի իմաստներ կան փախուստիս մէջ, սկսած ծինական ժառանգութենէս, արմատացած հոգեխոցերէս, ցեղասպանութեան ու տեղահանութեան պատճառով ինծի փոխանցուած վախէն ու ընկճուածութենէն, եւն… մինչեւ դրամատիրական համակարգին ու երկփեղկուած երկիրներու իրավիճակը, որոնք այս կամ այն ձեւով պարտադրած են մեր վրայ:

Ընդհանրապէս ես կայուն մէկը չեմ, վարչակարգերուն չեմ համակերպած. երբեմն կը փորձեմ այդ մէկը, բայց չեմ կրնար: Արուեստի պարագային ալ նոյնն է: Ամէն անգամ տարբեր թեմաներով, տարբեր նիւթերով, տարբեր ոճով եւ տարբեր մօտեցումով կ’աշխատիմ: Եւ ես այս մէկը աւելի անկեղծ կը համարեմ, քան մէկ ոճի կառչած մնալը:

Չեմ գիտեր եթէ գործերուս մէջ «փախելու» գաղափարը կայ, կամ գործերովս «կը փախիմ», բայց աւելի կը փորձեմ արտայայտել փախուստին պատճառները. թերեւս այդ մէկն ալ փախուստի ձեւ մըն է՝ յաղթահարելու կամ չէզոքացնելու համար աղօտ իրականութիւնը եւ անոր գեղագիտական նշանակութիւն մը տալ:

Հօրս արկածը, որ վերը յիշեցի, շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իմ կեանքիս վրայ եւ մեծ դեր խաղցած է իմ արուեստի ուղղութեան մէջ: Թերեւս անոր համար միշտ տձեւ եւ յաւելեալ վերջոյթներ՝ ոտքեր կամ ձեռքեր կը գծեմ: Արդեօ՞ք ձեւով մը անոնք խթան կը հանդիսանան այս անկայուն եւ ցաւոտ վիճակիս: Չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ որ հանգստութիւն մը կը պատճառեն եւ կրնայ ըլլալ երկփեղկութեան գաղափարը կ’արտայայտեն:

Աւելի կը սիրեմ յօդերու բաժինին տձեւութիւնը, որովհետեւ յօդերը շարժում կ’արտայայտեն, կը կենդանացնեն պատկերը ու կ’ապրեցնեն ամէն ինչ՝ մանաւանդ զգացումները:

Մարդկութիւնը յուզող եւ հետաքրքրող ներկայ հարցեր (կենդանիներու իրաւունքներ, սեռային հաւասար իրաւունքներ) ներկայութիւն մըն են ձեր գործերուն մէջ: Իրականութիւն մըն այն է, որ արուեստը ձեւ մըն է արտայայտութեան, սակայն ինչպէ՞ս կարելի է մարդոց «հասնիլ» եւ արուեստի իւրաքանչիւր գործ իր նպատակին ծառայեցնել՝ լիիրաւ արժէքով:

Նոր հարցեր չեն ասոնք ինծի համար: Մանկութենէս այս բաները մտածած, ապրած եւ արտայայտած եմ, ինչ կը վերաբերի մարդկութեան արժէքներուն եւ կենդանիներու իրաւունքներուն: Սեռային հաւասար իրաւունքներու մասին ես չեմ սիրեր շատ արտայայտուիլ: Ամէն մարդ իր մարմնով, իր հոգեբանական աշխարհով, իր մտածելակերպով ազատ է: Շատ ընկերներ ունիմ, որոնք տարասեռական են. ես շատ կը սիրեմ եւ կը յարգեմ զիրենք որպէս մարդ: Միայն տեղին կը նկատեմ նշել, որ բնութիւնը երկու տեսակ սեռի պէտք ունի, որ ծաղկի կամ պտուղ տայ, այլապէս անապատի կը վերածուի:

Այո՛, իմ գործերուս մէջ ներկայ են մարդկային եւ կենդանիներու իրաւունքներու հարցեր՝ շատ անգամ յուզական ձեւով, սակայն երբեմն ալ սարքազմով (այդպիսին է ոչխարին «Մահազդ»ը):Գործը իր նպատակին լիարժէք ձեւով կը ծառայէ կամ ոչ՝ այդ հարցը երկրորդական է: Հիմնականը իմ մօտեցումս է՝ աշխարհին եւ արուեստին հանդէպ:

Որոշ դիտանկիւնէ մը՝ կարելի է ձեզ բնորոշել որպէս սփիւռքահայ եւ հայրենադարձ: Ինքնութեան այս երկուութիւնը որքանո՞վ ազդեցութիւն ունի արուեստագէտի ձեր գործունէութեան մէջ:

Պատկանելիութիւնը շատ կարեւոր է կեանքին իմաստ տալու եւ գոյատեւելու համար, բայց – ցաւ ի սիրտ,- աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ գտնուող մարդիկ պատկանելիութիւնը «ցիր ու ցան» ըրին, ինչպէս կը տեսնենք հիմա- մանաւանդ հայու պարագային, որ սկիզբէն այդ վիճակին էր եւ հիմա՝ աւելի բարդ: Այս կարգավիճակը միշտ մոլորեցնող եղած է: Գործերուս մէջ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն արտայայտած եմ այս թեման: Օգտուելով նաեւ ուրիշ մշակոյթներէ, որոնց հետ շփում ունեցած եմ, փորձած եմ այս մասին պատում մը (narrative) ստեղծել (Silkscreen ծրագիրս որպէս օրինակ), բայց անկեղծ ըլլամ՝ յոգնած եմ այս նիւթէն եւ տեղ մը հասած եմ, որ այլեւս կը մտածեմ. «մարդը մարդ է իր չարիքները սանձելով եւ շրջապատին նուազագոյն վնաս հասցնելով, եւ կամ… մարդ չէ…»: Այնքան բարդ է այս նիւթը, որ երբեմն կը զգամ, որ աւելի շատ պատրանքային (delusional) բան մըն է:

 

«Պէյրութը՝ երկչափ», (Beirut in 2D), առաջինն ու երկրորդը մետաքսեայ պաստառ՝ կղմինտրի վրայ (silkscreen on tile), իսկ երրորդը` պեթոնի վրայ (2014):

Ձեր գործերը ինչպէ՞ս կարժեւորէք: Աշխատանքի մը աւարտին, ի՞նչն է «լաւ գործ»ը:

Ինծի համար «աւարտած գործ» չկայ: Գործ մը միշտ փոփոխութեան կրնայ ենթարկուիլ, բայց եթէ գործը հոգեկան հանգստութիւն տուաւ անոր հեղինակին կամ արուեստագէտին, ապա ան հասած կ’ըլլայ «աւարտ» ըսուած վայրկեանին, կամ փուլին:

Երկու խօսք այն մարդոց, որոնք արուեստը կը շահագործեն ու կաղաւաղեն անոր դիմագիծը:

Այս թեման շատ կարեւոր է. լաւ հարցում մըն է:

Արուեստը միջոց մըն է մեր եւ արարիչին միջեւ կապ մը ստեղծելու եւ զայն պահելու, այնպէս ինչպէս, օրինակ, ծննդաբերութիւնը, որովհետեւ ծննդաբերութիւնը պարզապէս կենսաբանական պահանջք մը չէ, այլ անոր միջոցաւ մենք կապ կը ստեղծենք Աստուծոյ հետ՝ սերունդներու յաջորդականութեամբ. անոր բացակայութեամբ կը բացակայի նաեւ ա՛յդ կապը: Մեզի ստեղծելու կարողութիւն մը տրուած է մեր արարիչէն, եւ այդ մեր ունեցած ամենաթանկագին արժանիքներէն մէկն է:

Արուեստը նաեւ լեզու մըն է, որմով կարելի է արտայայտուիլ այն ինչ որ չենք կրնար արտայայտել բառերով, որմով կու տանք հարցումներ, որոնց պատասխանը չունինք. այդ մէկը եւս կապ մը կը ստեղծէ մեր, ժամանակին եւ արարիչին միջեւ:

Կան մարդիկ որոնք մեծ ծրագիրներու անուան տակ նենգամտութիւն կը դրսեւորեն արուեստը շահագործելու: Միայն նկարչութիւնը չէ որ մաֆիաներուն գործը դարձած է այսօր: Մաֆիականութիւնը նոր երեւոյթ մը չէ, սակայն այսօր ա՛լ աւելի տարածուած է: Աշխարհը քոտինկ եղած է, եւ անոնք արուեստի միջոցաւ կը փորձեն փոփոխութիւններ մտցնել այդ քոտերուն մէջ եւ հոգեբանական մօտեցումներով իրականութիւններ խեղաթիւրել՝ միայն ու միայն իրենց նպատակներուն հասնելու համար: Այս պայքարը չարի ու բարիի միջեւ չէ, այլ չար մարդոց ու արարիչի միջեւ: Արուեստը միջոց մըն է վերը յիշած կապը պահելու, բայց երբեմն նաեւ զայն խանգարելու՝ երբ մարդիկ ամէն արժէք ու բարոյականութիւն ոտնակոխելով՝ կ’իշխեն այլոց վրայ ու կը շեղեն զանոնք:

Գործիս բերումով կը փորձեմ տարբեր կողմեր դիմել: Ընթացքին կը տեսնեմ, որ տիրողը «ժամանակակից» դարձած նիւթերն են՝ միասեռականութիւնն ու սեռային հաւասարութիւնը (black lives matter, feminism…). կը տեսնեմ, որ որքան ալ այնտեղ հրամցուածը անհեթեթ է, բայց որովհետեւ նիւթը նման թեմաներու մասին է՝ ընդունելութիւն կը գտնէ զանգուածին կողմէ: Մարդիկ կը փորձեն սուտ մարդկային թեմաներու եւ արժէքներու շահարկումով՝ զբաղցնել ժողովուրդը ու տիրել անոնց ուղեղին:

«Ժամանակակից» գեղեցկութիւնն ու գեղագիտութիւնը մարդու սեռային կողմը արտայայտելն ու զայն անասնականացնելն է: Վերջինիս ետեւ պահուըտած շատ մեծ ու խորունկ նպատակներ կան, եւ այս ձեւով է, որ մարդիկ կը փորձեն խանգարել այլոց ներաշխարհը: Սեռային այդ կողմը կը դառնայ թիրախ՝ երգի, արուեստի եւ ֆիլմերու մէջ, ու շատեր այդ բոլորին միջոցաւ մեծ-մեծ գումարներ կը դիզեն: Անարդար է այս մէկը եւ խօսքը միայն բաւարար չէ արտայատուելու այս պարագային:

Հարցազրոյցը վարեց՝
Քէ

Աւելին՝ Հուրի Մարգարենի արուեստին մասին. https://bit.ly/3xC8epi

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x