Հայաստանի կուսակցութիւններու յատկացուած մեր յօդուածաշարքին մէջ, այսօր կը ներկայացնենք իբրեւ աջակողմեան ճանչցուած ուժերը:
Նժդեհեան Ցեղակրօն կուսակցութիւն
Նժդեհեան Ցեղակրօն (ՆՑԿ) նոր հայ հեթանոսական ազգայնական կուսակցութիւն մըն է Հայաստանի մէջ: Կուսակցութեան ղեկավարն է Գեւորգ Յովսէփեան: Այս կուսակցութիւնը շատ համակիրներ չունի: Ամէն պարագայի, ան միակ կուսակցութիւնը չէ, որ մասամբ կը քարոզէ Գարեգին Նժդեի գաղափարները, ՀՅԴ-ն, Ազգային Ժողշվրդավարական Դաշինքը, Հանրապետականը բոլորը յաճախ կը ջատագովեն Նժդեհեան գաղափարներ:
Գոյութիւն ունի այլ կուսակցութիւն մը, նոյնպէս Ցեղակրօն անունով, ղեկավարը՝ Շանթ Յարութիւնեան՝ «Անհատական յեղափոխութիւն» գիրքի հեղինակը:
Ազգային Ինքնորոշում Միաւորում – ԱԻՄ
Հիմնադիր Պարոյր Հայրիկեան
Հիմնուած 1987
Գաղափարախօսութիւն Եւրոպամէտութիւն
Քաղաքական հայեացք Ազատականութիւն
Թերթ «Անկախութիւն» շաբաթաթերթ
Նախապէս Ազգային միացեալ կուսակցութիւն
Կայքէջ www.aim.am
2020 Նոյեմբերին, Ազգային Ինքնորոշում Միաւորումը, Հայաստանի Եւրոպական Կուսակցութեան եւ Սասնայ Ծռեր համահայկական կուսակցութեան հետ երթ մը կազմակերպեց Երեւանի կեդրոնը: Այդ երեք կուսակցութիւնները կոչ ուղղեցին վերջ տալու ռուսական քաղաքական գերիշխանութեան եւ իսկական ինքնիշխան Հայաստան մը ստեղծելու՝ Եւրոպայի հետ մերձեցման ճամբով:
Գաղափարախօսութիւն
Իր գաղափարախօսութեամբ կուսակցութիւնը եւրոպամէտ է, ընդհանրապէս արեւմտամէտ: ԱԻՄ-ը կ’առաջնորդուի քրիստոնէավարական աշխարհահայացքով: Ներկայիս, ինչպէս կը յայտարարեն, ԱԻՄ-ի հիմնական նպատակն է Հայաստանը փրկել «ռուսական գաղութացումէն»:
ԱԻՄ կուսակցութիւնը եւ մասնաւորապէս անոր նախագահ Պարոյր Հայրիկեանը կողմնակից են Հայերէնի դասական ուղղագրութեան վերականգնումին:
Հայաստանի Եւրոպական Կուսակցութիւն (ՀԵՒԿ)
Հայաստանի Եւրոպական Կուսակցութիւնը ունի հակառուս դիրքորոշումներ, կը պահանջէ, որ Հայաստանը միանայ արեւմտեան ճակատին, ՆԱԹՕ-ին եւ Եւրամիութեան եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Ուքրանիոյ: Մանրամասնութիւնները նշուած են այս յօդուածաշարքի նախորդ մասին մէջ, սակայն անհրաժեշտ է նշել Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռի եւ ՀԵՒԿ-ի միջեւ առկայ տարբերութիւնները:
Հակառակ անոր որ ՀԵՒԿ-ը եւ Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռը արտաքուստ շատ նման են իրարու, բայց խորքին մէջ անոնք կատաղի հակառակորդներ են: Փորձենք լոյս սփռել այն կէտերուն վրայ, որոնք պատճառ կը դառնան այս լարուածութեան:
– Ներքին քաղաքականութիւն
ՀԵՒԿ-ը կը մասնակցի վարչապետին հետ կայացած արտախորհրդարանական հանդիմումներուն եւ ԱԺԲ-ն կը մեղադրէ ոչ ժողովրդավարական միջոցներով իշխանութիւն տապալելու միտումով:
ԱԺԲ-ն ՀԵՒԿ-ը կը մեղադրէ կեղծ ընդդիմութիւն խաղալու եւ Քրեմլինի կեղծ հակառակորդ երեւնալու յանցանքով: Նոյնիսկ վարչապետը կը մեղադրէ Հայաստանի մէջ ռուսական քաղաքական գործիք ըլլալու յանցանքով:
-Արտաքին քաղաքականութիւն
ՀԵՒԿ կոչ կ’ուղղէ Հայաստանի միանալու ՆԱԹՕ-ին եւ Եւրոպական Միութեան: Մեր հետ կատարուած հարցազրոյցի մը մէջ պարոն Խզմալեան կը պնդէ, որ ՆԱԹՕ-ի հետ պաշտօնական դաշինք չկնքելը մշուշոտ եւ անորոշ կը դարձնէ արեւմտեան պետութիւններու հետ հաւանական դաշինք մը:
ԱԲ-ն կը պնդէ, որ ՀԵՒԿ-ի առաջարկը իրապաշտ չէ, որովհետեւ Հայաստանը չի կրնար անդամակցիլ ՆԱԹՕ-ին, Թուրքիոյ հաւանական վեթոյին պատճառով, ուստի կ’առաջարկէ, որ Հայաստան ՆԱԹՕ-էն աւելի դաշնակցի Մ. Նահանգներու հետ:
ԱԺԲ-ն ՀԵՒԿ-ը կը մեղադրէ Մոսկուայի եւ իշխանութեան հետ գաղտնի դաշնակից ըլլալու յանցանքով:
ՀԵՒԿ կը պնդէ, որ արդախոհրդարանական նիստերուն մասնակցելով՝ ուղիղ կը խօսի վարչապետին հետ եւ զայն կը փորձէ համոզել դուրս գալու Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ-էն), մինչդեռ ԱԺԲ-ն կ’ըսէ, որ այդ մէկը թատրոն է, որովհետեւ նման քայլեր ապարդիւն են, իսկ Փաշինեան արեւմտամէտ չէ, այլ՝ ռուսամէտ:
National Democratic Alliance – ԱԶԳԱՅԻՆ – ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ԲԵՒԵՌ
ԱԺԲ-ն հասկանալու համար նախ պէտք է հասկնալ անոր ծագումը` Սասնայ Ծռերը:
Սասնայ Ծռեր Համահայկական Կուսակցութիւն
Ազգային – Ժողովրդավարական Բեւեռ համահայկական կուսակցութեան հիմնադիրները խորքին մէջ կը ներկայացնեն «Սասնայ ծռեր խմբաւորումը» եւ «Հիմնադիր խորհրդարան» քաղաքացիական շարժումը:
Գաղափարախօսութիւն՝ հայկական ազգայնականութիւն, աջակողմեան, եւրոպամէտութիւն եւ Միացեալ Հայաստան:
Արցախի Հանրապետութեան մասին
«Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ» կազմակերպութիւնը չի ճանչնար Արցախի Հանրապետութեան գոյութիւնը, որովհետեւ զայն կը համարէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէկ մարզը: Կազմակերպութիւնը կը մերժէ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան դրօշը, որովհետեւ զայն կը նկատէ Արցախը Հայաստանի Հանրապետութենէն բաժանող գործօն:
Հայաստանի սահմաններուն հարցով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքզինք պէտք է հռչակէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան իրաւական յաջորդը, որուն արեւելեան սահմանները որոշուած են 1920 Փետրուար 24-ի Ազգերու Լիկայի զեկոյց-առաջարկին, արեւմտեան սահմանները` 1920 Նոյեմբեր 22-ին` Մ. Նահանգներու 28-րդ նախագահ Ուուտրո Ուիլսընի կողմէ իրաւարարական վճռին հիման վրայ: Հայաստանի Հարապետութիւնը պէտք է դուրս գայ ԱՊՀ, ՀԱՊԿ, ԵԱՏՄ կառոյցներէն եւ դառնայ Մ. Նահանգներու եւ ոչ թէ ՆԱԹՕ-ի անդամ դաշնակից երկիր:
Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռը Հայաստանի հաւանական դաշնակիցներ կը նկատէ Մ. Նահանգները, Ֆրանսան, Եւրոպական Միութիւնը, Յունաստանը, Կիպրոսը, Իրանը եւ Հնդկաստանը:
Այսօր Բեւեռը Հայաստանի մէջ ամէնէն արագ զարգացող ուժը կը նկատուի: ԱԺԴ-ն պարբերաբար հանրահաւաքներ ու երթեր կը կազմակերպէ՝ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով:
էլի իրենց մտքի փայլատակումներով կիսատության գերին են, 36 տարվա պատմություն և 21 տարվա ԱՄԿ-ի անցած պայքարի ուղղին որդեգրած /57 տարի անըդմեջ/ ԱԻՄ-ի մասին 57 բառ էն վերացական և մակերեսային՞՞՞՞՞ամոթ է, իսկ նորելուկների մասին որոն որդեգրել /գողացել/ են ԱՄԿ-ԱԻՄ– ի սկզբունքները, նրանց մասին 57 նախադասություն․․․․ամոթ է նաև, Պետրոս Մանուկյան այ այսպես է խեղվում պատմությունը իմ և բոլորի աչքերի առաջ և դա պատճառը մեր այսօրվա թշվառ վիճակի;