Հայաստանի կուսակցութիւնները ներկայացնող մեր յօդուածաշարքին մէջ, այսօր կը սկսինք ներկայացնել արտախորհրդարանական ուժերը:
Արտախորհրդարանական ուժերու մեծ մասը կը յայտարարէ, որ իշխանամէտ չէ եւ կը ներկայանայ իբրեւ «կառուցողական» ընդդիմութիւն: Անոնք վարչապետին հետ իրենց յաճախակի խորհրդակցական հանդիպումները կը բացատրեն իբրեւ միջոց մը իրենց մտահոգութիւններն ու դժգոհութիւնները ուղղակի փոխանցելու անոր:
Արտախորհրդարանական այս ուժերը վնասակար կը նկատեն այն բիրտ միջոցները, զորս կ’օգտագործեն արմատական ընդդիմադիրները: անոնց համար փողոցով արտայտուող շարժումները, ցոյցերը, երթերը պառակտող միջոցառումներ են, որոնք կրնան սպառնալ ներքին ազգային համերաշխութեան: Անոնք երբեմն նաեւ արմատական ընդդիմադիրները կը մեղադրեն իբրեւ ոչ-ժողովրդավարներ՝ պնդելով, որ ընդդիմութիւնը երբեմն իր փոփոխութեան պահանջները կ’արտայայտէ ապստամբութեան կոչերով:
Քննադատութիւնը որպէս ոճ ընտրած արտախորհրդարանական ուժերը կը բաժանուին երկու խումբի.
-Անոնք որ հրապարակայնօրէն կը քննադատեն իշխող մեծամասնութիւնը քաղաքական հարցերու մէջ, բայց կը մասնակցին վարչապետին հետ խորհրդակցական հանդիպումներուն:-Անոնք, որ հազուադէպօրէն կամ երբե՛ք հրապարակայնօրէն չեն քննադատեր իշխող մեծամասնութիւնը եւ կ’ըսեն, թէ խորհրդակցական նիստերուն ընթացքին ուղղակի դէմ առ դէմ կը քննադատեն կառավարութիւնը, բայց իրենց քննադատութիւնը հանրային կարծիքին սեփականութիւնը չեն դարձներ:
Արմատական ընդդիմութեան մեծ մասը, որ չի մասնակցիր վարչապետին հետ հանդիպումներուն, այս կուսակցութիւնները կը նկատէ կեղծ ընդդիմութիւն եւ իշխանամէտ:
Վարչապետին հետ խորհրդակցութիւններու մասնակցող կուսակցութիւններու ցանկը մնայուն ու յստակ չէ: Նախպէս այդ նիստերուն կը մասնակցէին շուրջ 12 կուսակցութիւններ: Այս յօդուածով կը նշենք այն կուսակցութիւնները, որոնք տարբեր առիթներով մասնակցած են այդ հանդիպումներուն, ոմանք հեռացած են, ոմանք ալ երբեմն կը հրաւիրուին, երբեմն՝ ոչ:
Հայաստանի Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութիւն
Նախագահ` Լեւոն Շիրինեան
Գաղափարախօսութիւն` Քրիստոնէական ժողովրդավարութիւն
Առաջնորդ Արամ Սարգսեան
Հիմնուած 2001 Ապրիլ
Գաղափարախօսութիւն Եւրոպամէտ եւ պահպանողական ազատականութիւն
Քաղաքական հայեացք Եւրոպամէտ
Կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեան կարծր դիրքորոշումներ ունի իր բնորոշած «ռուսական կախեալութեան» դէմ: Տեսագրութեան մը մէջ, ան ռուսամէտութիւնը կը նմանցնէ թմրամոլութեան: Կուսակցութիւնը «Ելք Դաշնինք»ին մաս կը կազմէր այժմու իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան եւ «Լուսաւոր Հայաստանի» հետ: 2003-ի ընտրութիւններուն, ան ապահոված է մէկ աթոռ խորհրդարանին մէջ, իսկ 2007-ին խորհրդարան մուտք գործած է «Ելք դաշինք»ով:
Հայաստանի եւրոպական կուսակցութիւն
Կուսակցութեան ծրագիրին համաձայն պէտք է նպաստել Հայաստանի իբրեւ ազատ, անկախ, ինքնիշխան, ժողովրդավարական եւ իրաւական պետութիւն կայացումին՝ Եւրոպական Միութեան եւ Հիւսիս-ատլանտեան ուխտի (ՆԱԹՕ) Հայաստանի անդամակցութեան միջոցով: Ըստ ՀԵՎԿ-ի ծրագիրին, Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ-ին միջանկեալ նպատակներ են ու միջոց ազգային եւ պետական գերխնդիրները լուծելու համար:
ՀԵՎԿ-ի համաձայն «իսկական ապասովետականացման եւ հասարակական ինքնազտումի համար անհրաժեշտ են արեւմտամէտ քաղաքական ու հասարակական բեւեռի ստեղծումն ու ժողովրդավարական ազատական գաղափարներու տարածումը հանրութեան մէջ»:
Կուսակցութեան ղեկավարն է Տիգրան Խզմալեան, որ յաճախ հրապարակաւ կը քննադատէ կառավարութիւնը եւ զայն կը հրաւիրէ դուրս գալու «Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն» (ՀԱՊԿ): Ինծի հետ կատարած հարցազրոյցի մը մէջ, կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Խզմալեան արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպելու կոչ ուղղեց վարչապետ Փաշինեանի:
Միացեալ հայրենիք կուսակցութիւն
Կուսակցութիւնը կը սատարէ Հայաստանի զինեալ ուժերու ամրապնդումին, ջատագով է բնապաշտպանութեան, առողջապահութեան բարելաւումին եւ Ռուսիոյ հետ սերտ համագործակցութեան պահպանումին: Ղեկավարն է Սամուէլ Պապայեան:
Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւն
Առաջնորդ Համբիկ Սարաֆեան
Գաղափարախօսութիւն Սոցիալ-ժողովրդավար – Ժողովրդավար ընկերվարութիւն- Հայ ազգայնականութիւն
Քաղաքական հայեացք ձախակեդրոնէն ձախ
Հնչակեանները հազուադէպօրէն հրապարակաւ կը քննադատեն իշխանութիւնը: Ինծի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի Հնչակեան կուսակցութեան Վարիչ Մարմին անդամ Վարազդատ Եղիազարեան յայտարարեց, որ հնչակեանները կը ներկայացնեն կառուցողական ընդդիմութիւն մը:
Արդար Հայաստան կուսակցութիւնը նախապէս կը մասնակցէր վարչապետին հետ արտախորհրդարանական նիստերուն, իսկ այժմ դադարեցուցած է իր այդ մասնակցութիւնը: Կուսակցութեան նախկին փոխնախագահ Դաւիթ Կարապետեան ինծի հետ զրոյցի մը մէջ ըսաւ, թէ անիմաստ կը նկատեն այդ մասնակցութիւնը, որովհետեւ կուսակցութեան առաջարկած կէտերը նկատի չեն առնուիր: Կուսակցութեան ղեկավարն է Նորայր Նորիկեան, որ ներկայիս հրապարակաւ եւ խստօրէն կը քննադատէ իշխող մեծամասնութիւնը:
Տեսնելու համար նախորդ յօդուածը bit.ly/3P7fm4i