Լրագրող, խմբագիր, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ լեզուի ուսումնասիրող Վարուժան Փամպուխչեանի`մեր հանդէսին յղած յօդուածները չհասցուցինք հրատարակել իր կենդանութեան. ան մահացաւ 2022-ի Յունուար 15-ին:
Խմբագրութեանս ուղղած իր մէկ նամակին մէջ, Փամպուխչեան կը գրէր.
«Վերջին օրերին, հին թղթերս քրքրելիս, ձեռքս ընկաւ մի գրութիւն Շուշիի վերաբերեալ: Այդ գրութեանը տարիների ընթացքում անդրադարձել էի մի քանի անգամ, բայց այդպէս էլ թողել անաւարտ, մոռացել… Երբ այն գտայ, ինձ խղճի վրայ ծանրացած բեռի պէս մի բան թուաց, որովհետեւ, մի քանի տարի լինելով Շուշի քաղաքի բնակիչ, ինքս ինձ ցմահ ներշնչել եմ, որ պարտք ունեմ վիրաւոր այդ ամրոց-քաղաքի հանդէպ: Իրականոմ, եթէ խորը նայենք, անկախ այն բանից, ոեւէ հայ մարդ, եղե՛լ է Շուշիի բնակիչ, թէ՛չի եղել, անտարակո՜յս, պարտք ունի այդ քաղաքի հանդէպ…
Թղթերիս միջից “գտածս” գրութիւնը, որն, ըստ էութեան, գիտական յօդուած էր, որոշեցի աւարտել եւ յանձնել ընթերցողի դատին: (…) Նկատի առնելով նիւթի ծաւալը, այն բաժանեցի Ա. եւ Բ. մասերի` յօդուածն ընթերցանութեան համար նպատակայարմար լինելու առումով առանձին-առանձին ներկայացնելու նպատակով»:
Հետեւեալը Բ. մասն է Վ. Փամպուխչեանի նշեալ յօդուածին, որ յայտնապէս գրուած է 2020-ի հայ-ատրպէճանական պատերազմէն առաջ, որուն հետեւանքով Շուշին ինկաւ ատրպէճանական բանակին ձեռքը:
Խմբ.
Անտարակոյս, երբ թուրք հեղինակները հայկական բռնագրաւուած տարածքները յաւերժօրէն սեփականացնելու նկրտումներով կը կեղծեն պատմութիւնը, այդ դեռ բացատրելի է, բայց երբ մե՛նք կը սկսինք մոռնալ իրական պատմութեան հիմնական փաստերը, ատիկա ո՛չ հասկնալի է, ո՛չ ալ կարելի է ներել: Ուստի, պէտք է մէկընդմիշտ յիշել. մինչեւ Իպրահիմ խանին դաւաճանութիւնը՝ ռուսերուն եւ անոր սպանութիւնը հայ մելիքներու ձեռքով, այսինքն մինչեւ 1806 թուականը, ո՛չ Փանահը, ո՛չ Իպրահիմը, ամրո’ց չէ, անգամ սեփական դամբարանը կառուցելու համար թիզ մը հող չունէին Արցախի մէջ: Անոնց պատկանող հողերը կը գտնուէին Արցախէն արեւելք` Մուղանի տափաստանին մէջ: Այդ ռուսերն էին, որ մեղմելու համար մահմետականներուն վրդովմունքը Իպրահիմ Խալիլի սպանութեան համար, եւ գլխաւորապէս յաջորդող ժամանակներուն համար զանոնք սիրաշահելու նպատակով, Խալիլի որդի Մեհտի Կուլի խանը նշանակեցին Ղարաբաղի խան եւ անոր իրաւունք տուին բաժնելու Արցախի մելիքներուն դարերով պատկանած հողերը, ինչ որ յանգեցուց երկրամասին մէջ թրքական գիւղերու յառաջացման, որոնք հետագային չարիք դարձան հայ բնակչութեան գլխուն: Ռուսերուն համար Պարսկաստանին սահմանակից Արցախի մէջ հայերը այլեւս անդաւաճան դաշնակիցներ պիտի ըլլային, որոնք, ըստ անոնց, այլընտրանք չունէին: Կը մնար սիրաշահիլ պարբերաբար դէպի պարսիկները հակող, անոնց կրօնակից մահմետականները` անոնք ըլլային թուրք, քիւրտ, բեկ, աղալար, թէ ոչխար պահող հասարակ հովիւ` միեւնոյնն էր:
Այո՛, մենք կը շօշափենք Արցախի պատմութեան ամենաաղէտալի էջերը` 1747-1822 թուականներուն շրջանը, երբ Նատիր շահի սպանութենէն յետոյ, Արցախը դարձաւ Ղարաբաղի խանութեան մաս: Հէնց այդ շրջանին միայն, տափաստանաբնակ վաչկատունները յաջողեցան սողոսկիլ ու այս կամ այն չափով ամրապնդուիլ Արցախի մէջ, բան մը, որ չէին կրցած յաջողցնել մինչ այդ:
Շուշիի տարածքը 1747-ին եւ ատկէ ալ դեռ շատ առաջ ու ատկէ յետոյ ալ, ինչպէս ըսուեցաւ, կը պատկանէր Մելիք-Շահնազարեաններուն` Արցախի` Խամսայի ամենազօրեղ ու հարուստ մելիքներուն` Վարանդայի տէրերուն: Օգտուելով 1744 թուականին Խամսայի առաջին խան` Դիզակի մելիք Եգանի մահուան եւ 1747 թուականին պարսիկ շահ Նատիրի սպանութեան հանգամանքներէն, Մելիք-Շահնազարեաններու տան կրտսեր ներկայացուցիչ Շահնազար բեկը սպանեց աւագ եղբայրը` մելիք Յովսէփը եւ անոր կինը եւ, ըստ, իբր, աւատատիրական իրաւունքին, դարձաւ Վարանդայի մելիքը: Կը գրենք` “իբր”, որովհետեւ Մելիք-Շահնազարը մելիք Յովսէփի որդին՝ Վարանդայի օրինական ժառանգորդը սպանեց աւելի ուշ: Խամսայի մնացած չորս մելիքական տուները չընդունեցին եղեռնագործութիւնը ու անոր արդիւնքը եւ ընդդիմացան Վարանդայի նոր “մելիքին”: Մինչ այդ, ներսէն ամուր ինքնավար հայկական պետական միաւորը` Խամսան` Արցախի մելիքութիւններուն, կրկնենք` ամուր միաւորը պառակտուեցաւ: Այդ նոյն տարիներուն Մուղանի տափաստաններուն վաչկատուն թուրքական “Օթիւզիքի” ցեղերուն պարագլուխ Փանահ Ալի խանը, որուն ծածկանունն էր “Ճառճի”՝մունետիկ, կը փորձէր ամրապնդուիլ Արցախի մէջ, բնականաբար գլխաւոր մէկ նպատակով` օգտուելու համար երկրամասի լեռնային հարուստ արօտավայրերէն: Ատիկա կենսականօրէն կարեւոր էր “Օթիւզիքի”ի համար: Երկու անգամ Փանահը փորձած էր ամրոց կառուցել Արցախի նախալեռներուն մէջ, ներկայիս Տիգրանակերտ հնավայրի մերձակայքը, եւ չէր կրցած յաջողցնել, որովհետեւ, ինչպէս ըսուեցաւ, մինչ այդ Խամսայի մելիքութիւնները ներսէն պինդ էին եւ Փանահին թոյլ չէին տար ատիկա, կ՛աւերէին անոր կիսակառոյց ամրոցները:
Մելիք Յովսէփի սպանութիւնը բարենպաստ վիճակ ստեղծեց Փանահին համար: Մինակը չկրնալով դիմակայել Խամսայի մնացած չորս մելիքները, Մելիք-Շահնազարը դաշն կնքեց Փանահ խանին հետ: Փառամոլ ու նենգ Մելիք-Շահնազարի տրամադրութեան տակ կը դրուէին Փանահի մարտական ուժերը, Փանահը կը ստանար իրաւունք` օգտուելու Արցախի լեռնային արօտավայրերէն. ատիկա զայն ու իր ոչխարի հօտերը ամառնային ամիսներուն կը փրկէր տօթ տափաստանի քմահաճոյքներէն` կերի պակասէն : Դաշինքը կռելէն յետոյ, մելիքն ու խանը սկսան վերակառուցել ու աննախադէպ ամրացնել հայկական երբեմնի զօրակայանը` Փոքր սղնախը` Շուշին:
Որքան ալ տարօրինակ թուի այդ, թէ հայ, թէ թուրք-ատրպեճանցի հեղինակները գլխիվար կը ներկայացնեն ակնյայտ այս իրողութիւնը, ինչ որ, սակայն, չըլլալով գիտականօրէն ճշմարիտ, ձեռնտու է միայն թուրքերուն: Ահա, օրինակ, Լէոն Շուշիի այդ օրերուն մասին կը գրէ.”Բնութիւնը երեք կողմից բարձրաբերձ, սեպացած ժայռերով շրջապատել էր այդ տեղը` դարձնելով միանգամայն անմատչելի: Միայն մի կողմից էր, որ բերդն ունէր մուտք, թէեւ դարձեալ շատ անմատչելի: Այդ չորորդ կողմը Փանահ խանն ամրացրեց արհեստական պատուարներով: Պաշտպանական շինարարութիւնը գլուխ բերելու համար Փանահը հրամայեց շրջակայ գիւղերից հաւաքել, Շուշի լցնել հազարաւոր շինարարաներ` նրանց ստիպելով քարը քարին դնել, ամրացնել բերդը` ընդդէմ իրենց այդ խաղաղ շինարար ղարաբաղցիների” (Տես Լէօ, Երկերու ժողովածու, 10 հատորով, հ. 3, 1973, էջ 271): Որքան յուզիչ ու բանաստեղծական, այնուհանդերձ, պատմական ճշմարտութեան տեսակէտէն այնքան ու առաւել սխալ են Լէոյի մտայօրինուածքները: Ինչպէս կը վկայէ անոր համաքաղաքացին` Ֆիրիտուն Շուշինսքին .”Շուշիի հարաւը գտնուող պարիսպը բարձրացուած է Մելիք-Շահնազարին կողմէ: Այդ պարիսպին մօտ կը գտնուի հսկայ բերդ մը, զոր տեղի բնակչութիւնը կ՛անուանէ “Մելիք-Շահնազարի քարայր” (Տես Ֆիրիտուն Շուշինսքի, Շուշա, էջ 7): Այս տողերը գրած ատեն Շուշինսքի, անկասկած, յենած է լուրջ աղբիւրներու վրայ: Բայց եթէ մէկ կողմ ձգենք պատմական այդ աղբիւրները, ապա Շուշինսքին դարձեալ իրաւացի կ՛ըլլայ: Հարցին նայինք քիչ մը աւելի մօտիկէն: Ինչպէս տեսանք, ըստ Լէոյի, կը ստացուի, որ Մելիք-Շահնազարը Փանահին որպէս սեփականութիւն տուած էր տարածք մը, մինչ նման եղանակով այդ տարածքը տնօրինելու իրաւունքը չունէր. այդ իրաւունքը ունէին միմիայն պարսիկ շահերը: Կը ստացուի նաեւ, որ Փանահը Մելիք-Շահնազարի ժողովուրդին հետ կը վարուէր ինչպէս կը կամենար, որովհետեւ Շուշիի քովի գիւղերը Մելիք-Շահնազարի սեփականութիւնն էին եւ առանց անոր հրամանին ոչ ոք կրնար մէկ շինական անգամ քշել աշխատանքի՝ բերդի կառուցման համար: Հայկական այդ գիւղերուն բնակիչները երկինքին մէջ զԱստծուած, իսկ երկիրին վրայ որպէս իրենց տէր կը ճանչնային միմիայն Մելիք-Շահնազարը:
Եթէ Լէոն հիմնովին կը սխալի իր մտայօրինումները ներկայացնելով, ապա Շուշինսքին ալ կը հակասէ ինքն իրեն, որովհետեւ Փանահ խանը կը համարէ Շուշիի հիմնադիրը: Հարց կը ծագի․եթէ, ըստ այդ նոյն Շուշինսքիին, բերդին պարիսպը կառուցած է Մելիք-Շահնազարը, ապա ինչ հիմնադրած է ինքը՝ Փանահը: Չէ՞ որ բերդը այլ բան չէ, քան որոշակի կառուցուածք ունեցող պարիսպ: Մելիք-Շահնազարը, ինչպէս նոյն Շուշինսքիէն իմացանք, բերդին ներսն ալ դղեակ-ամրոց մը կառուցած էր: Այդ պարագային այդ ի՞նչ էր, որ հիմնադրած էր Փանահ խանը: Որպէսզի այս անհարթութիւնները քողարկէ, Շուշինսքին Մելիք-Շահնազար-Փանահ խան յարաբերութիւններուն մասին նոր կեղծիք մը կը յօրինէ, որ որոշակի պատմական հիմքեր ունի: Իսկ կեղծիքը կը յօրինուի ճշմարտութիւնն ու սուտը խառնելու եղանակով: Շուշինսքին կը գրէ. “Շուշիի հիմնադրութեան մէջ Փանահ խանին մեծ օգնութիւն ցոյց տուաւ Վարանդայի Մելիք-Շահնազարը: Ի տարբերութիւն այլ մելիքներու, ան Փանահ խանին դաշնակիցն էր ընդհանուր թշնամիին դէմ պայքարին մէջ: Աւելին, ան իր գեղեցկուհի Հուրիզատ դուստրը կնութեան տուաւ Փանահի որդի Իպրահիմ Խալիլին: Այդ երկու իշխողները մինչեւ իրենց մահը մնացին անկեղծ բարեկամներ”: (Տես Ֆիրիտուն Շուշինսքի, Շուշա, էջ 7) ։
Սակայն Փանահը սկիզբն ալ, հետագային ալ ոչ միայն Շուշիի հիմնադիրն ու տէրը չէր, ինչպէս տեսանք, այլեւ Մելիք-Շահնազարի դաշնակիցը չէր հաւասար հիմունքով, որովհետեւ ան իր գործած ինչ-ինչ յանցանքներուն համար երկար ժամանակ կը հետապնդուէր Պարսկաստանի շահական իշխանութիւններուն կողմէ եւ, փաստօրէն, իր ցեղակից զինական ուժերուն գլուխն անցած, ծառայութեան մտած էր եւ կը համագործակցէր նոյնպիսի եղեռնագործի հետ, ինչպիսին ինքն էր: Եղեռնագործ, որ Փանահին Շուշի բերաւ՝ հայ մելիքներէն սեփական մաշկը պաշտպանելու համար:
Շուշիի թրքական թաղերը կը գտնուին ամրոցին հարաւային պարիսպին մօտ, ամենադժուար պաշտպանելի մասին մէջ, ամրոցին հարաւ-արեւելքէն մօտենալու ճամբուն վրայ` համեմատաբար ցած առաջին բլուրին վրայ: Մինչդեռ հայկական տասներկու թաղերը կը գտնուէին քաղաքին վերին` առաւել ապահով, կլիմայական առումով առողջարար ու բարձր բլուրին վրայ: Պատահական չէ, որ թուրքերը իրենք` քաղաքի վերին, հայկական մասը կ՛անուանէին “Շուշուա-Շուշի”: Հասկնալի է, որ թուրքերու բնակութեան հատուածին վայրն անգամ Մելիք-Շահնազարը ընտրած էր, մեկնելով սեփական ապահովութեան նկատառումներէն. հայ մելիքներու զինական ուժերը եթէ մտնէին Շուշի, ապա նախ պէտք է թրքական թաղերը ոչնչացնէին, այնուհետեւ հասնէին հայկական թաղեր եւ, իհարկէ, նոր միայն պատժէին Մելիք-Շահնազարը: Ամէն պարագայի, փաստերու համադրութիւնն ու վերլուծութիւնը հիմք կու տայ եզրակացնելու, որ իրական իշխանութիւնը հիմնականին մէջ գտնուած է տարածքին տիրոջ, Փանահէն շատ աւելի հարստութիւն ու մարդկային ներուժ ունեցող Վարանդայի մելիքին ձեռքը, չնայած արտաքուստ կը թուի, որ Փանահը, ի տարբերութիւն մելիքին, ունենալով խանի տիտղոս, ինքը միահեծանօրէն կը կառավարէր Շուշին ու Ղարաբաղի խանութիւնը:
Այսպիսով, ըլլալով դաժան ու իշխանատենչ, Մելիք- Շահնազարը օժտուած էր մեծ իշխանութեամբ ու ազդեցութեամբ: Բայց իր հրաւիրած թրքական տոհմերուն վրայ վերահսկողութիւնը պահելով հանդերձ եւ տարիներու ընթացքին Փանահի ու Իպրահիմի օգնութեամբ ու ձեռքերով հաշուեյարդար տեսնելով իր հակառակորդ հայ մելիքներէն շատերու հետ, Մելիք-Շահնազարը կատարած էր ամենասարսափելին` ազգային դաւաճանութիւն. ան հայահոծ Արցախ մտցուցած էր որոշակի զինական զօրութեանբ օժտուած այլացեղ ու այլակրօն տարր մը, որ հետագային, 240 տարի շարունակ ներսէն պիտի քայքայէր երկրամասն ու բնիկ ժողովուրդը, ատով իսկ` շօշափելիօրէն տկարացնելով ողջ Հայաստանը:
Եթէ մինչ այդ` Դիզակի մելիք Եգանն ու իր շրջապատը, Խամսայի միւս մելիքներուն հետ ձեռք-ձեռքի տուած, կրցաւ խելամիտ կերպով օգտագործել դեռ Դաւիթ բեկի շարժումներէն առաջ եւ այդ շարժումներուն ընթացքին Արցախի մէջ ձեւաւորուած զինուորական ուժերը եւ, Նատիր շահին հետ համագործակցելու շնորհիւ, ստեղծել Արցախեան ինքնավար պետականութիւնը շուրջ տասնհիգ հազար քառակուսի քլմ․ տարածքի վրայ` Խամսայի մելիքութիւներու դաշինքը, ապա Վարանդայի Մելիք-Շահնազարը սեփական փառատենչութեան եւ ընչաքաղցութեան համար քայքայեց այդ դաշինքն ու ջուրը նետեց Իսրայէլ Օրիի բոցավառած եւ քանի մը տասնամեակ տեւած ազգայի-ազատագրական շարժումին լուրջ ձեռքբերումը` ինքնավար պետականութիւնը Հայաստանի հողին մէկ շօշափելի հատուածին վրայ:
Ահա թէ ինչ աւերներ կրնայ գործել մէկ անհատը, որ կ՛առաջնորդուի ամենաստոր նկրտումներով` փառամոլութեամբ, ոճրամէտութեամբ, ընչաքաղցութեամբ, դաւաճանութեան յստակ հակումներով:
Ցաւօ՛ք, նման քաղաքական նկարարիգրով օժտուած “ազգային” գործիչներուն թիւը մեր օրերուն այնքան ալ սակաւ չէ… ատիկա պէտք է նախ եւ առաջ անհանգստացնէ բոլորս:
Ռուսերուն կողմէ Կիւլիստանի պայմանագիրով Ղարաբաղի խանութիւնը իրենց կայսրութեան վերջնականօրէն միացնելէն յետոյ, կը սկսի նոր շրջան մը Արցախի պատմութեան մէջ…
Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան