Լիբանանցի ճարպիկ վաճառականը յաջողած է անցնող մէկ տարուան ընթացքին գրպանել մօտ մէկ միլիառ տոլար, ըստ բժիշկ Իսմայիլ Սուքարիէի:
Թիւերն այսօր պետական դրամանիշով չէ որ կը հաշուըուին, քանզի անոր գնման արժէքը կասկածելիօրէն անկում արձանագրած է:
Ճարպիկ վաճառականին հասոյթը տոլարով է, եւ ո՛չ թէ լիբանանեան լիրայով. Ճարպիկութիւնը «օտար դրամանիշ»ով կ՛ըլլայ:
Այս լուրը նորութիւն մը չէ եւ չի սահմանափակուիր դեղորայքի, սննդեղէնի, հիւանդանոցներու կամ այլ տարրական կարիքներու վաճառականներով. կարիքներ, որոնցմէ մարդ չի կրնար հրաժարիլ:
Վաճառականին ճարպիկութիւնը մարդիկ շահագործելուն եւ զանոնք կողոպտելուն մէջ է, երբ վերջինները ամենաշատ կարիքը ունին իրենց պէտք եղած ապրանքները գնելու:
Լիբանանցի ճարպիկ վաճառականը գիտէ, որ ան որ դեղորայքի պէտքը ունի իր մօրը, հօրը կամ իր երեխաներէն ու սիրելիներէն ոեւէ մէկուն կեանքն ապահովելու համար, պատրաստ է այդ դեղը առնելու՝ նոյնիսկ եթէ վճարելու ըլլայ իր ունեցած ամբողջ գումարը. հաւանաբար ճարպիկ վաճառականը ընտրած է դեղը որպէս ապրանքատեսակ, անորմով առեւտուր ընելու համար, այդ իրողութեան մասին սկիզբէն իր իմացութեան պատճառով:
Ճիշդ այս դէպքերուն պարագային է, ուր վաճառականը կրնայ առաւելագոյնս շորթել մարդիկը ու հասոյթներ կուտակել։
Ուրեմն, կորզելը՝ ճարպիկութեան չափանիշն է. եւ այդ մէկը օրըստօրէ կը սաստկանայ՝ մենաշնորհներու պաշտպանութեամբ եւ զանոնք քողարկելու հետեւանքով։
Դեղորայքի վաճառականներուն մէկ տարուան ընթացքին վճարումներու եւ միջնորդավճարումներու ընդմէջէն միլիառաւոր տոլարներ վաստակիլը լիբանանեան տեսակի ձեռքբերում է ազատ-տնտեսական համակարգին մէջ: Փառաւոր ճաշարաններն ու ժամանցի հանգստավայրերը կը խճողուին երկրի մը մէջ, ուր աղքատութիւնն ու զրկանքները օրըստօրէ կ’աւելնան եւ հիւանդներ կը մահանան բուժում եւ դեղորայք ապահովելու կարողութեան չգոյութեան պատճառով։
Սակայն ճարպիկութիւնը կը պահանջէ աչք գոցել, եւ ուղղել զանոնք, որոնք աչք չեն գոցեր: Այսպէս, ճարպիկ վաճառականը կը նշանակէ ամենահմուտ իրաւաբանները եւ պետութեան, դատական համակարգին ու ոստիկանութեան մէջ իր բարեկամներուն ու գործընկերներուն օգնութեան կը դիմէ եւ կը հաւաքագրէ լրատուամիջոցները, որոնցմէ շատերը շնչակտուր կը վազեն տոլար վճարողներուն ետեւէն. անոնք կը ստեղծեն իրարանցում եւ կը քողարկեն իրականութիւնը:
Անոնք կը խաբեն ամբողջ աշխարհը, որպէսզի ճարպիկ վաճառականը խուսափի որեւէ հարցաքննութենէ, հաշուտետուութենէ կամ դատաքննութենէ:
Շահութաբեր առեւտուրը լիբանանեան գերամեծար տնտեսութեան հիմքն է, եւ այնտեղ կողոպուտը, ագահութիւնն ու շահագործումը յաճախ պէտք է ծածկուին գործարքի առողջ կիրարկումներու քողով, որ համաչափ կ’ըլլայ այդ բոլորին ու ձեւուած՝ սկզբունքներով եւ օրէնքներով:
Արդեօ՞ք անոնք ոճրագործներ են. թէ՞ աւազակներ ու գողեր. մեղա՜յ Աստուծոյ:
Ի՞նչ ընենք մենք անոնց շքեղութեամբ, պարկեշտ խօսքով, ընտանեկան վաղեմի ժառանգութեամբ եւ ամերիկեան ամենայայտնի համալսարաններու վկայականներով, որոնք կախուած են իրենց գրասենեակներուն պատերուն վրայ:
Արդեօ՞ք անոնք իսկապէս ոճրագործներ են, թէ՞ Լիբանանի մէջ ոճիրը կը սահմանափակուի արուարձաններու եւ աղքատ թաղամասերու մէջ ապրող երիտասարդներով, որոնք կը գողնան ֆալաֆել վաճառողէն, քաշելով կը փախցնեն կնոջ մը պայուսակը եւ հաշիշ կը ծխեն:
Այս մարդիկն են, որոնք կողոպտեցին երկիրը:
Անոնք են պատուհասը, եւ պէտք է ոչնչացնել զանոնք հատուածական մոլեռանդութեան միջոցաւ կամ ընտանեցնել՝ զինուորագրելով զանոնք այնպիսի միութիւններու, կուսակցութիւններու, միլիսներու եւ մաֆիաներու մէջ, որոնց առաջնորդները կը ձգտին պաշտպանել ճարպիկ վաճառականը՝ անոր հետ կիսելու համար իր հասոյթին մէկ մասը:
Օմար Նաշապէ
Ալ Ախպար օրաթերթ, «Քաուս» յաւելուած, 5 Փետրուար, 2022