Մեր հանդէսին մէջ 7 Մարտ 2022-ին հրապարակուած Յովիկ Յովհաննէսեանի «Լիբանան 2005-2018. Խորհրդարանական ընտրութիւնները, հայկական կուսակցութիւններն ու հայ ընտրողները» յօդուածին առիթով խմբագրութեանս ուղղուած եւ ստորեւ հրապարակուող դոկտ. Արա Սանճեանի նամակը ըստ էութեան նշանակալի տուեալներ եւ մեկնաբանութիւններ կը ներկայացնէ նշեալ յօդուածին մէջ արծարծուած խնդիրներուն ուսումնասիրութեան ուղղութեամբ, որոշակի ճշգրտումներ կը կատարէ այնտեղ կիրարկուած մեթոտաբանութեան վերաբերեալ եւ այդպիսով կը նպաստէ առաւել յստակացնելու լիբանանահայկական “ընտրական տեսարանը” ` նշեալ ժամանակահատուածին:
Դոկտ. Սանճեան Պատմութեան դասախօս է Միչիկըն-Տիրպոռն համալսարանին մէջ եւ ղեկավարը՝ նոյն համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին: Անոր հետազօտութիւնները կեդրոնացած են վերջին մէկ դարու Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Ասիոյ արաբական երկիրներու պատմութեան վրայ եւ կ՛ընդգրկեն նաեւ Լիբանանի քաղաքական պատմութեան եւ Լիբանանի հայ համայնքին վերաբերող խնդիրներ:
Յարգարժան խմբագրութիւն «Տարբերակ 21»-ի,
Յովիկ Յովհաննէսեանի «Լիբանան 2005-2018. Խորհրդարանական ընտրութիւնները, հայկական կուսակցութիւններն ու հայ ընտրողները» յօդուածին մէջ արտայայտուած միտքերէն համաձայն եմ այն եզրակացութեան թէ Լիբանանի մէջ վերջին երկու ընտրութիւններուն ընթացքին քուէարկելու իրաւունք ունեցող հայերու ընդհանուր թուաքանակը շարունակական անկում կ’ապրի։ Այս երեւոյթը մատնանշած են նաեւ այլ ուսումնասիրողներ, եւ քիչ թէ շատ համաձայնութիւն կայ թէ ո՛րն է վիճակագրական այդ թիւերուն նուազման դրդապատճառը։
Համաձայն եմ նաեւ որ այսօր Լիբանանի մէջ մշտապէս բնակող հայութեան ընդհանուր թուաքանակը շատ աւելի ցած է քան ընտրողներու ցուցակին վրայ արձանագրուած թիւը։
Երրորդ, համաձայն եմ նոյնպէս թէ վերջին՝ 2018-ի ընտրութիւններուն քուէարկութեան մասնակցած հայ առաքելականներէն ու կաթողիկէներէն միայն շուրջ կէսը, ըստ Յովհաննէսեանի՝ 52 տոկոսը, իրենց ձայները տուին հայ դասական երեք կուսակցութիւններուն կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն։
Նոյն յօդուածին մէջ, սակայն, կան այլ հաստատումներ, որոնց դէմ կարելի է առարկել։
Առաջին՝ հակառակ Յովհաննէսեանի պնդման թէ «նախապատերազմեան թիւերը այժմ հասանելի չեն», 1975-ի քաղաքացիական պատերազմէն առաջ, Լիբանանի մէջ հայութեան ընդհանուր քանակի եւ անոնցմէ ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն թիւերը յաճախ հրապարակուած են։ Բերեմ անոնցմէ երկու օրինակներ, որոնք այս ակնարկը գրելու ժամանակ անմիջական տրամադրութեանս տակ են։ Լիբանանի կառավարութիւնը մինչեւ 1956 թուականը գրեթէ ամէն տարի կը հրատարակէր բնակչութեան ընդհանուր թիւին վերաբերեալ իր ունեցած պաշտօնական տուեալները։ Առ այդ, 1956 թուականին, Լիբանանի մէջ կը նշուէին 63,679 հայ առաքելականներ եւ 14,631 հայ կաթողիկէներ։ Լիբանանի բնակչութեան ընդհանուր թիւն էր 1,411,416։ Ուրեմն՝ առանց հայ աւետարանականները հաշուելու, Լիբանանի հայ առաքելականներն ու կաթողիկէները միասնաբար կը կազմէին երկրի ընդհանուր բնակչութեան աւելի քան 5.5 տոկոսը։
Գալով ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու թիւին, 1947-ին (երբ կանայք տակաւին քուէարկելու իրաւունք չունէին) հայ առաքելականները 17,162 էին, իսկ հայ կաթողիկէները՝ 3,245։ Միասնաբար, անոնք երկրի ընտրողներու ընդհանուր քանակին (272,893) գրեթէ 7.5 տոկոսը կը կազմէին։
Բնակչութեան եւ ընտրողներու տոկոսին անցեալի եւ ներկայ վերոյիշեալ թիւերը համեմատելով, կը հաստատուի Յովհաննէսեանի ենթադրութիւնը թէ նախապատերազմեան շրջանին, հայերու տոկոսային համրանքը Լիբանանի մէջ շատ աւելին էր քան այժմ։ Այդ տոկոսը՝ 1946-1947-ի դէպի Հայաստան ներգաղթէն սկսեալ, շարունակական անկում կրած է, բայց՝ երկրի քրիստոնեայ միւս համայնքներուն տոկոսաքանակին անկման հետ զուգահեռ։ Հայերու տոկոսաքանակը աւելի պակսած է քան միւս քրիստոնեայ համայնքներունը յատկապէս քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով 1975-ին սկսած մեծածաւալ արտագաղթին հետեւանքով։
Երկրորդ՝ Յովհաննէսեան կը պնդէ թէ Լիբանանի մէջ գործող հայկական կուսակցութիւններուն առաջադրած թեկնածուներուն օգտին հայ քուէարկողներուն տուած քուէները շարունակաբար կը նուազին։ Արդէն մատնանշեցի թէ համաձայն եմ 2018-ի համար իր ներկայացուցած թիւին՝ 52 տոկոս։ Ճիշդ չեմ գտներ, սակայն, իր հաստատումը թէ այդ տոկոսը 2005-ին եղած է 92, իսկ 2009-ին՝ 85։
Յովհաննէսեան՝ այդ բարձր տոկոսներուն հասնելու համար, հաւանաբար ամբողջութեամբ հայ կուսակցութիւններուն հետեւորդ կը համարէ բոլոր հայ ընտրողները, որոնք քուէարկած են այն մրցակից ցանկերուն, ուր հայ տարբեր կուսակցութիւններ իրենց առաջադրած հայազգի թեկնածուները ունեցած են 2005-ին եւ 2009-ին։
Մինչեւ 2009-ի ընտրութիւնները ներառեալ, անհատ ընտրողը քիչ թէ շատ ամբողջական ցանկի մը կը քուէարկէր, ուր տարբեր կուսակցութիւններ կամ հոսանքներ միաժամանակ իրենց թեկնածուները կ’ունենային՝ հայեր եւ արաբախօս համայնքներու ներկայացուցիչներ։ Այդ պատճառով դժուար էր որոշել թէ տուեալ ցանկի մը օգտին քուէարկած հայ ընտրողը իր ձայնը տուած էր նոյն ցանկին մէջ ընդգրկուած հայ կուսակցութեան մը ցուցումո՞վ, թէ՞ նոյն ցանկին վրայ ան ունէր իր նախասիրած մէկ այլ, ոչ-հայ կուսակցութիւն կամ թեկնածու։
2018-էն սկսեալ, ընտրական օրէնքը արմատական փոփոխութեան ենթարկուած է։ Այժմ, ընտրողը պէտք է քուէարկէ ցանկի մը եւ միաժամանակ կրնայ այդ ցանկէն յաւելեալ ընտրել հոն ընդգրկուած թեկնածուներէն իր նախասիրածը։ Հիմա, այլեւս գիտենք թէ նոյն ցանկին վրայ ո՛ր թեկնածուները (եւ զանոնք առաջադրած կուսակցութիւնները) ընտրական ի՛նչ ճշգրիտ կշիռ ունին։
Առնենք մէկ օրինակ։ 2005-ին Մեթնի ընտրաշրջանին մէջ (որուն մաս կը կազմէ բազմահազար հայ ընտրողներ ունեցող Պուրճ Համուտի շրջանը) յաղթող ընտրացանկին մաս կը կազմէր Դաշնակցութեան թեկնածու Յակոբ Բագրատունին, բայց նաեւ Զօր. Միշէլ Աունի գլխաւորած Ազգային Ազատ Հոսանքի ներկայացուցիչներ ու նախկին նախարար Միշէլ Մըր։ Այն քուէատուփերուն մէջ, որ յատկացուած էին հայ ընտրողներուն, Բագրատունի ստացած էր 7649 քուէ (91 տոկոս)։ Բայց նոյն յաղթական ցանկէն՝ Բագրատունիին հետ միաժամանակ, Ազգային Ազատ Հոսանքի հինգ թեկնածուները այդ նոյն քուէատուփերէն հաւաքած էին 7557-էն մինչեւ 7611 քուէ, այսինքն՝ շուրջ 90-91։ Հիմա դժուար է ճշգրիտ որոշել թէ այս երկու հոսանքներուն եւ Միշէլ Մըրի անձնական յորդորներով նոյն ընտրական ցուցակին քուէարկած հայերուն որքա՛նը յաղթական այդ ցուցակին քուէարկեց բացառապէս Դաշնակցութեան յորդորով եւ որքա՛նը՝ պարզապէս լիբանանեան քաղաքական երկնակամարին վրայ, հայութենէն անկախ իր համոզումներէն մղուած, այս պարագային՝ յօգուտ Զօր. Աունի կամ Միշէլ Մըրի եւ ընդդէմ՝ անոնց արաբախօս քրիստոնեայ մրցակիցներուն՝ Փաղանգաւոր, Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութիւններուն, Նեսիպ Լահուտին եւ այլն։
2009-ին, Մեթնի հայ աթոռին համար մրցակցութիւն չկար։ Այս պատճառով ալ այդ թուականի արդիւնքները զանց կ’ընենք՝ հակառակ որ օրին Դաշնակցութեան ընտրական մեքենան ոգի ի բռին աշխատեցաւ իր դաշնակից Զօր. Աունի թեկնածուներուն օգտին։
2018-ին, Զօր. Աունի եւ Դաշնակցութեան սատարած ցուցակը դարձեալ ամենաշատ թիւով ձայներ ստացաւ Մեթնի ընտրաշրջանին մէջ՝ 38,879 քուէ։ Իրենց դաշնակից էին նաեւ «Ղովմի Սուրի» կուսակցութիւնը եւ գործարար Սարգիս Սարգիս։ Այդ 38,879 քուէներէն 7,182-ը Բագրատունիին տրուած նախընտրութեան քուէներն էին։ Նոյն ընտրաշրջանին մէջ, մրցակից ցանկերու վրայ երկու այլ հայ թեկնածուներ՝ Արա Գոյունեան (ռամկավար) եւ Եղիշ Անտոնեան համապատասխանաբար 156 եւ 160 քուէ ստացան։ Զանոնք այս համեմատութեան մէջ զանց կ’ընենք։
Մեթնի ընտրաշրջանի Պուրճ Համուտի հատուածին մէջ, ուր կեդրոնացած է այս ընտրաշրջանի հայ ընտրողներուն մեծամասնութիւնը, նախընտրութեան վաւեր քուէներ նետած են 5,501 հայ առաքելական եւ 948 հայ կաթողիկէ ընտրողներ։ Անոնցմէ 4,544-ը քուէարկեցին Աուն-Դաշնակցութիւն-Ղովմի-Սարգիս ցանկին։ Պուրճ Համուտի վերոյիշեալ հայ քուէարկողներէն Բագրատունիին նախընտրութեան քուէ տուած են 3,315 ընտրող, Գոյունեանին՝ 74, իսկ Անտոնեանին՝ 63։ Բայց կարեւորն այստեղ այն է, որ Բագրատունիի ընդգրկուած ցուցակին մէջ միւս եօթը թեկնածուներն ալ հայ ընտրողներէն ստացած էին 1,228 նախընտրութեան քուէ, որոնցմէ 296-ը՝ Սարգիսին, 128-ը՝ «Ղովմի Սուրիի» թեկնածուին, իսկ մնացեալը՝ Աունի գլխաւորած հոսանքի թեկնածուներուն։
Եթէ 2018-ի ընտրական նոր օրէնքով հնարաւոր դարձաւ համեմատել Դաշնակցութեան եւ նոյն ցանկին վրայ գտնուող, բայց լիբանանեան քաղաքական այլ հոսանքներ ներկայացնող թեկնածուներուն տեսակարար կշիռը, մինչեւ 2009 թուականը հրապարակուած պաշտօնական տուեալներէն ատիկա կարելի չէր ընել ։ Յովհաննէսեան 2005-ին յաղթական ցանկի օգտին քուէարկած բոլոր հայերը (շուրջ 91 տոկոս) համարած է Դաշնակցութեան հետեւորդ եւ ըստ այնմ ներկայացուցած իր եզրակացութիւնը։ 2018-ի արդիւնքներէն դատելով, կրնանք ըսել թէ Պուրճ Համուտի Աուն-Դաշնակցութիւն-Ղովմի-Սարգիս ցանկին քուէարկած հայ ընտրողներուն միայն 73 տոկոսը իր ձայնը տուած է այդ ցանկին վրայ Դաշնակցութեան թեկնածուին գոյութեան համար։ Մնացեալ 27 տոկոսը նոյն ցուցակին քուէարկած են՝ այնտեղ գտնուող ոչ-հայ թեկնածուները նախընտրելով։
Կը կարծեմ թէ այս մէկ օրինակը բաւարար է առարկելու համար թէ Յովհաննէսեան ուռճացած կը ներկայացնէ Լիբանանի մէջ հայ կուսակցութիւններուն հայ ընտրողներուն մօտ մինչեւ 2009 թուականը վայելած վարկը։ Եթէ 2018 թուականին արձանագրուած մօտ 52 տոկոս աջակցութիւնը ցած կը համարուի, ատիկա վերջին 10-15 տարուան ընթացքին արձանագրուած շեշտակի անկման հետեւանք չէ։ Նոյնատեսակ տուեալներէ դատելով կարելի չէ յետադարձ որոշել թէ ե՛րբ եւ ինչքա՛ն եղած է լիբանանահայ կուսակցութիւններուն երկրի հայ բնակչութեան մէջ վայելած հեղինակութեան բարձրակէտը։
Երրորդ՝ կը կարծեմ թէ յաւելեալ փաստարկման կարիք ունի Յովհաննէսեանի այն հաստատումը թէ «2018-ի ընտրութիւններուն, «քաղաքացիական» անուանուած ուժերուն ի նպաստ ամենաշատը քուէարկեցին հայ ընտրողները՝ այլ համայնքներու ընտրողներուն հետ բաղդատած: Այդ ուժերը, ըստ համայնքային պատկանելիութեան, քուէներու ամէնէն բարձր տոկոսը՝ 8.9% ստացան հայ քուէարկողներէն։» Յօդուածը կարդացողին համար անյստակ կը մնայ թէ ո՛ր ցուցակներն ու թեկնածուները ըստ Յովհաննէսեանի «քաղաքացիական հասարակութեան» ներկայացուցիչներ համարուած են եւ որո՛նք՝ ոչ։ Հայ կուսակցութիւններու հովանիէն դուրս 2018-ին ներկայացած ոչ բոլոր հայ թեկնածուները կարելի է «քաղաքացիական հասարակութեան» ներկայացուցիչ նկատել։ Օրինակ, ենթադրելի է թէ Սեպուհ Մխճեանի ստացած մի քանի հարիւր հայ քուէները աւելի շատ անոր երկար տարիներ երեսփոխան ու նախարար Միշէլ Ֆարաոնի գրասենեակի մէջ աշխատելով հանրութեան իր մատուցած ծառայութիւններուն արձագանգն էին քան իր առաջարկած քաղաքական ծրագրին վայելած աջակցութեան ապացոյց։
Գալով Պէյրութէն ընտրուած Փոլա Եագուպեանի պարագային, զայն անվարան «քաղաքացիական հասարակութեան» աստղերէն կարելի է համարել։ Բայց անոր ստացած քուէներուն մէջ որոշակի տոկոս կը կազմէին պառակտուած Ռամկավար Կուսակցութեան օրուան ղեկավարութենէն խռոված շրջանակի եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան գործունեայ անդամներուն քուէները։ Վերջիններս յաճախ կը դժգոհին որ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն ղեկավարները իրենց արժանի տեղը չեն վերապահեր լիբանանահայ քաղաքական քարտէսի բաժանման ժամանակ, ու անոնց Եագուպեանին սատարելը կարելի է նաեւ ներհայկական բողոքի քայլ համարել։
Այս տեսակի առանձնայատկութիւններ եւս ի նկատի պէտք է ունենալ «քաղաքացիական հասարակութեան» լիբանանահայ շրջանակներու մէջ վայելած զօրակցութեան տարողութիւնը չափել փորձելու ժամանակ։
Յաջողութեան մաղթանքներով՝
Արա Սանճեան