Լիբանանի մէջ, հայ դպրոցը, նաեւ բոլոր դպրոցները կը դիմագրաւեն գոյութենական տագնապ մը: Տագնապը իր գոյութիւնը զգալի սկսած էր դարձնել ելեւմտական վերջին սուր տագնապէն եւ լիբանանեան թղթոսկիի գահավիժումէն առաջ, երբ տնտեսական նահանջի նախանշաններ սկսած էին ի յայտ գալ՝ պատճառ դառնալով բազմաթիւ ծնողներու գործազրկութեան: Տնտեսական տագնապին վրայ հետագային եկան բարդուելու Covid-19-ի եւ 4 Օգոստոսին՝ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ստեղծած բազում դժուարութիւնները: «Երկրին անբնական կացութիւնը ազդեց նաեւ աշակերտութեան վրայ: Աշակերտութիւն եւ ուսուցչական կազմ, բնական պայմաններով իրենց կրթական տարեշրջանը չբոլորեցին: Ասոր ընկերային, կրթական հետեւանքները գաղութին վրայ, մենք պիտի տեսնենք գալիք տարիներուն», ըսաւ Պրն. Վիգէն Աւագեան, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի Ատենապետը: Իսկ Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանի տնօրէնուհի Վարդուկ Պալըգճեանի համաձայն, «17 Հոկտեմբեր 2019-էն ի վեր, Լիբանանահայ Վարժարանը մտաւ փապուղի մը, որուն ծայրը եթէ աղօտ լոյս մը կար, այդ ալ շիջեցաւ առողջապահական եւ տնտեսական սուր տագնապներու քամիներէն: Այս բոլորը՝ քաղաքական տագնապին ընդհանուր, երկարատեւ եւ անկայուն մթնոլորտին մէջ»:
Մեր հետաքննական այս յօդուածին նպատակն է խօսիլ հայ դպրոցի դիմագրաւած տագնապին մասին, նշել անոր տուն տուող պատճառները, ընդգծել իսկական առօրեայ դժուարութիւնները, նիւթական ապահովելու տաղտուկը, պիւտճէ հաւասարակշռելու կարելիութիւնը, օժանդակութեան կարիքը, ծնողներու մասնակցութեան պատկերը: Կարճ. խօսիլ բոլոր դժուարութիւններուն մասին եւ զանոնք սեփականութիւնը դարձնել ընթերցող լայն հասարակութեան Լիբանանի թէ սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ:
Ստոյգ թիւեր չկան, սակայն կ’ենթադրուի, որ շուրջ 5500 աշակերտներ կը յաճախեն հայկական 18 վարժարաններ: Մեր այս աշակերտներուն ճակատագիրը խնդրոյ առարկայ է այսօր: Տագնապը մեծ է, իսկ լուծման հեռանկարները համազգային ճիգ կը պահանջեն:
Հայկական մեր վարժարաններու դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին հարազատ պատկեր մը փոխանցելու նպատակով, հետաքննական այս յօդուածին համար ընտրեցինք հարցումներ ուղղել մէկ կաթողիկէ, մէկ աւետարանական դպրոցի, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու տնօրէնին եւ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետին:
Covid-Ին Եւ Տնտեսականին Ազդեցութիւնը Կրթականին Վրայ
Լիբանանի մէջ տնտեսական տագնապի ազդանշանները սկսած էին ի յայտ գալ 17 Հոկտեմբեր 2019-էն առաջ, որ սկզբնակէտը կը նկատուի յաջորդող ընկերային պոռթկումներուն: Covid-19-ի բռնկումին առընթեր զարգացող այս շարժումները, որոնք ճամբաներու փակման ոճը նաեւ որդեգրած էին, առցանց ուսուցման ձեւը դարձուցին պարտադիր՝ զուգահեռ անոր համաշխարհային որդեգրումին:
Առցանց դասաւանդումը դարձաւ կրթական-դաստիարակչական եղանակ, բայց նաեւ անկէ առաջ արհեստագիտական մարտահրաւէր մը, որ կարելի էր արագօրէն լուծել: «Համաճարակը անակնկալ երեւոյթ մըն էր, բայց իւրաքանչիւրս կարողացաւ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, եւ շնորհիւ իր նուիրեալ անձնակազմին, եւ մեր պարագային՝ նաեւ երկրէն դուրս գտնուող մեր շրջանաւարտներուն, արհեստագիտութիւն ձեռք ձգել եւ դժուարութիւնները արագօրէն յաղթահարել», ըսաւ Պրն. Կրէկուար Գալուստ, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը: ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի Վարժարաններու պարագային առցանցի անցման ազդեցութիւնը եղած է նուազագոյնը, «որովհետեւ արհեստագիտութեան գործածութիւնը մեր առօրեային մէկ բաժինը եղած էր: Մանկապարտէզ եւ նախակրթարան դասաւանութիւնները արդէն Ipadով կը կատարուին: Անցումը դէպի online learning շատ արագ եղաւ», ըսաւ Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան:
Արհեստագիտական հարցերուն լուծումը եղած է դիւրին, սակայն առցանց դասաւանդումը ստեղծած է կրթական-դաստիարակչական նոր իրավիճակ մը, որուն գնահատումը ցարդ կը դրսեւորէ աւելի ժխտական քան դրական արտայայտութիւններ: «Առցանց դասաւանդութիւնը կրթական մեր հաստատութիւնները վերածեց դաս տուող-առնողի, մինչդեռ մեր դպրոցներուն առաքելութիւնը նաեւ մարդակերտումն է: Երբ ուսուցիչին շունչը բացակայ է դասարանին մէջ, երբ ուսուցիչը եղբայրաբար, հայրաբար չի խրատեր, չի թելադրեր, չ’աշխատիր աշակերտին նկարագրին վրայ, այդ առցանց գործիքը պարզապէս տեղեկութիւն կը փոխանցէ: Այս ամէնէն վտանգաւորն է, որ մենք մարդամեքենաներ սկսած ենք ունենալ», ըսաւ Աւագեան:
Առցանցի կարգ մը դրական երեսներ կը նշմարուին երկրորդականի դասարաններու պարագային, «կարգ մը նիւթերու համար, շատ աւելի նպաստաւոր էր, օգտաշատ էր քան մեր սովորական դասարանային դասաւանդման եղանակը: Հետեւաբար մեզի հոս նոր հորիզոններ կը բանայ, բացաւ արդէն, եւ այդ ուղղութեամբ կը ծրագրենք Covid ըլլայ կամ ոչ: Մանկավարժութիւնը եւ արհետագիտութիւնը այլեւս զուգահեռներ են», ըսաւ Գալուստ:
Բայց այլ տեղ, գիտելիքէն անդին, աշակերտներն ալ ունին իրենց նախասիրութիւնը կամ գնահատանքը առցանց դասաւանդութեան մասին, ինչպէս նշեց Վասիլեան. «երկրորդականի աշակերտներուն երբ հարց տուի, կը կարծէի, որ առցանցը աւելի հաճելի է պիտի ըսեն, դուրս եկաւ, որ ճիշդ հակառակն է: Մեծամասնութեան մօտ աւելի հաճելի ու նախընտրելի է ֆիզիքական ներկայութեամբ դասաւանդութիւնը. աւելի հաճելի ու նախընտրելի է որովհետեւ թէ՛ ուսուցիչներէն կը սորվին եւ թէ ընկերայնօրէն՝ իրարմէ կը սորվին»:
Մեր տնօրէններն ու ընդհանրապէս կրթական պատասխանատուները կը նախընտրեն ֆիզիքական ներկայութեամբ դասաւանդութիւնը, բայց արդեօք, մասնաւորաբար Covid-19 համաճարակին ենթադրեալ աւարտէն ետք, տնտեսապէս տագնապահար Լիբանանի մէջ կարելի պիտի ըլլա՞յ մօտիկ ապագային վերաբանալ դպրոցները….
Ուտեստեղէ՞ն Կամ Կրթաթոշակ
Համաճարակը, տնտեսական դժուարութիւնները, առաւել 4 Օգոստոսի պայթումը աղէտալի վիճակ մը ստեղծեցին երկրին մէջ: Իսկ լիբանանեան թղթոսկիի արժէքին աննախադէպ գահավիժումը այլ ելք չէր ձգեր մեր համայնքային թէ քաղաքական պատասխանատուներուն, բացի միջամտելէ ու մեր ծնողներուն բեռը առաւելագոյնս թեթեւցնելու միջոցներ որոնելէ: Մեր դպրոցներուն մէկ մասը անվճար յայտարարուեցաւ, իսկ ուրիշներ մասնակցութեան սակեր ճշդեցին, բայց ոչ մէկ ծնողքի կամ աշակերտի դժգոհելու առիթներ ստեղծուեցան: Բայց թէ մեր դպրոցներուն պիւտճէները ինչպէ՞ս կը գոյանան՝ այլ հարց է ան: Մեր կրթական պատասխանատուները, բոլորը կը խոստովանին, որ ընդհանրապէս բարերարներու տրամադրած, եւ այս օրերուն ժողովրդայնացած՝ ֆրէշ տոլարն է միայն կ’օգնէ թեթեւցնելու կրթական մեր հաստատութիւններու բեռը: «Տնտեսական այս կացութենէն մեկնած գաղութային, համայնքային այն բոլոր կառոյցները, որոնք կ’օգնէին՝ հայրենակցական եւ բարեսիրական միութիւնները իրենք այսօր ի վիճակի չեն, որովհետեւ գաղութիւն առաջնահերթութիւնները փոխուած են եւ մարդիկ սնունդի հարց ունին այսօր, գոյատեւման հարց ունին, դպրոցը երկրորդ կարգի կը նկատեն: Այսօր, լինել-չլինելու կացութեան առջեւ է հայ դպրոցը, եւ խօսքը կը վերաբերի Լիբանանի բոլոր դպրոցներուն, որովհետեւ աւելի կամ պակաս, բոլորը նոյն մտահոգութիւնը ունին», դիտել տուաւ Աւագեան:
Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական ծանր կացութեան ահաւորութեան նշումը երբեմն զարմանքով կը դիտուի շատերու կողմէ: «Երբ ուտեստեղէնի կարօտ խաւին մասին կը խօսիմ օտար կազմակերպութիւններու կամ նոյնիսկ դուրսը ապրող հայերու, դէմքերնուն վրայ չհաւատալու արտայայտութիւն մը կը նշմարեմ: Մենք խաւ մը ունինք մեր ժողովուրդէն, որ ոչ թէ կրթաթոշակ, ոչ թէ արձանագրութիւն, այլ ամէն ինչի պէտք ունի՝ ուտելիքի, կաթի, շորիկի եւ դեղորայքի: Ինչպէս կարելի է դրամ պահանջել անոնցմէ», ըսաւ Գալուստ:
«Մեր Վարժարանը, որ կը գործէ Պուրճ Համուտի մէջ, բնականօրէն հազիւ թէ կրնայ գանձել ծնողներու կողմէ յանձն առնուած կրթաթոշակի գումարները, ընդհանրապէս, լաւագոյն պարագային, գանձուած տոկոսը կը հասնէր 60 առ հարիւրի: Եղած են տարիներ, երբ մեծ թիւով աշակերտներու տրուած էր մինչեւ 50% տոկոսով նպաստ: Տարուէ տարի աճող պիւտճէական բացերը ներկայի պայմաններուն մէջ աղիտալի պիտի ըլլային: Սակայն, տարօրինակօրէն, 4 Օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստին ահաւոր պայթումին հետեւանքով, մեր վարժարանին եւս հասան օգնութեան ձեռքեր – քանդուած գրեթէ ամէն ինչ նորոգելու եւ յոյս ներշնչելու շրջափակին հետ առնչուած անձնակազմին, ծնողաց, թէ աշակերտներուն», իր կարգին նշեց Օրդ. Պալըգճեան:
Հայ Ուսուցիչը Հոգածութեան Առարկայ
Այս թոհուբոհին մէջ կ’ապրին նաեւ մեր ուսուցիչները: Մեր տնօրէններուն եւ կրթական պատասխանատուներուն ցուցաբերած հոգատար վերաբերումը իսկապէս խրախուսիչ է, թէեւ անոնք ալ կ’ընդունին, որ բաւարար չէ եւ աւելի պէտք է կատարել մեր ուսուցիչներուն համար, որոնք թէ՛ սիւներն են մեր կրթական-դաստիարակչական համակարգին, եւ թէ միաժամանակ իրենց կարգին ծնողներ են՝ իրենց ապրուստի առօրեայ հոգերով եւ մտահոգ իրենց զաւակներուն ապագայով: Մեր հետաքննական այս յօդուածի շրջագիծին մէջ, ուզեցինք նաեւ լսել մեր ուսուցիչներուն կարծիքները, բայց ընդհանրապէս հանդիպեցանք մերժողական կամ խուսափողական պատասխաններու: Այս հանգրուանին զայն կը կապենք ընդհանրապէս մեր իրականութեան մէջ հրապարակային յայտարարութիւններ կատարելու մշակոյթի մը բացակայութեան կամ վարժութեան չգոյութեան:
Նախ մեր հարցումներուն պատասխանած պատասխանատուները հաստատեցին, որ բոլոր վարժարաններուն մէջ ալ, մեր ուսուցիչները անխափան ստացած են իրենց ամսականները եւ պիտի շարունակեն ստանալ յառաջիկայ տարի: Աւելին, բոլորը կը ծրագրեն միջոց չխնայել եւ անպայման ձեւեր գտնել բարելաւելու հայ ուսուցիչին տնտեսական վիճակը: Ազգային վարժարաններու պարագային, «Ազգային ուսումնական խորհուրդը որոշեց 2017-ի պետական յետնեալ բոլոր յաւելումները վճարել մեր ուսուցիչներուն: Չորս տարուան յետնեալ գումարները պիտի վճարուին: Այս ձեւով ուսուցչական կազմերուն եւ պաշտօնէութեան, յառաջիկայ տարուան ամսականները 25 առ հարիւրով պիտի աւելնան», ըսաւ Աւագեան՝ աւելցնելով, որ այլ քայլ մը կրնայ ըլլալ պարբերաբար պոնիւս տալու դրութիւնը: իր կարգին Գալուստ յայտնեց, որ «եթէ մենք պիտի պահենք մակարդակը մեր դպրոցներուն, այս աշխատավարձերով կարելի չէ շարունակել: Եթէ վաղը ուսուցիչ մը գայ եւ ըսէ. ես կէսօրէ ետք ստիպուած եմ ուրիշ գործ աշխատելու, որպէսզի զաւակիս կաթը ապահովեմ, տանս վարձքը ապահովեմ, կրնա՞մ արգելք հանդիսանալ»: Պրն. Գալուստ իր կարգին համաձայն է պոնիւսի դրութեան եւ կոչ ուղղեց ղեկավարութիւններու, պատկան մարմիններու՝ ձեռք ձեռքի տալով ֆրէշ տոլարով եկամուտներ ապահովելու հայկական թէ ոչ հայկական աղբիւրներէ: Նոյն տրամադրութեան մէջ է ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի Վարժարաններու Տնօրէնը՝ Պրն. Վասիլեանը: «Եկող օրերուն, կը յուսանք յաւելեալ յատկացումներ կատարել ուսուցիչներուն: Ղեկավարները պէտք է անդրադառնան, բարերարները պէտք է անդրադառնան, թէ ուսուցիչին վիճակը որքան ծանր է այս օրերուն, եւ պէտք է արմատական լուծումներու մասին մտածուի», ընդգծեց ան:
Նոյն մթնոլորտը կը տիրէ նաեւ Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանին մէջ. «մեր նուիրեալ ուսուցիչները, լռիկ-մնջիկ ընդունեցին պատասխանատու մարմիններու որոշումները եւ շարունակեցին դասաւանդել՝ հին ամսավարձերով: Տնտեսական այժմու սուր տագնապին դիմաց այսօր մեր վարժարանները, գէթ առժամաբար, կարող են ուսուցիչներուն ամսականները հոգալ իրենց ստացած օժանդակութեան մէն մի լումային լաւ տնտեսութիւնը ընելով», նշեց Օրդ. Պալըգճեան:
Վերամուտի Հեռանկարներ` Բնակա՞Ն Տարի
Անցեալ տարեշրջանը առցանց դասաւանդումի տարի մը եղաւ գլխաւորաբար Covid-19-ի համաճարակին պատճառով: Ամիսներէ ի վեր տեղի ունեցող պատուաստումները կը խոստանան հաւաքական ախտամերժութիւն ստեղծել, եւ առ այդ՝ բնական վերամուտ մը ունենալ:
Բայց բնական վերամուտի մը հաւանականութիւնը կը թուի շատ աղօտ հեռանկար մը ըլլալ՝ ոչ որովհետեւ Covid-19-ի տարբերակներ սկսած են ի յայտ գալ, այլ որովհետեւ առցանց դասաւանդումը կամ խառն՝ առցանց եւ ֆիզիքական ներկայութեամբ մը դրութիւն մը աւելի խնայողական կրնայ ըլլալ մեր դպրոցներուն համար:
Մեր հարցումներուն պատասխանող չորս դպրոցներու պատասխանատուները գրեթէ ունէին նոյն պատկերացումները: «Ֆիզիքական ներկայութեամբ ըլլալու պարագային, մեր դպրոցներուն ծախսերը պիտի բազմապատկուին երկու կամ երեք անգամով՝ ընթացիկ ծախսերը՝ թուղթ, մելան, ելեկտրածին, մաքրութեան դեղեր, բժշկական դեղեր, նաեւ մանկապարտէզի պարագային՝ պզտիկներու յատուկ ուտելիքներ: Դեռ անկախ երթուդարձի, փոխադրամիջոցի ծախսերէն: Շատ մը դպրոցներ կը մերժեն փոխադրամիջոց տրամադրել՝ պենզինի տագնապին պատճառով: Ծնողներն ալ իրենց կարգին ի վիճակի չեն տանիլ-բերելու: Հետեւաբար, անորոշութիւնը կատարեալ է այս մարզին մէջ», նշեց Վիգէն Աւագեան՝ աւելցնելով. «տակաւին կան դասագիրքերու եւ տարազներու պարագաները, որոնք ամբողջովին օտար դրամանիշով են»:
Մօտակայ վերամուտին մասին խօսլով, Պրն. Գալուստ ըսաւ. «Մեր փափաքն է, կ’աղօթենք, որ սովորական վերամուտ մը ունենանք, բայց չենք կրնար նաեւ այլ ընտրութիւն մը նկատի չունենալ: Կ’ակնարկեմ hybrid դրութեան: Լիբանանի կաթողիկէ վարժարաններու ցանցը՝ 365 վարժարան, որ կ’ընգրկէ լիբանանի աշակերտութեան 40%, անկախ համաճարկի իրավիճակէն, տնտեսական-նիւթական այս լուրջ տագնապին բերումով, հաւանաբար պարտադրէ hybrid ձեւը՝ խնայողութեան համար»:
ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի Վարժարաններու Տնօրէն Պրն. Վասիլեանի համաձայն, այս վերամուտին միայն քորոնան պիտի չըլլայ օրակարգի վրայ: «Վառելանիւթի հարց կայ, մեր աշակերտներուն մեծամասնութիւնը օթոքարով կու գայ: Թաղային դպրոց չենք: Փոխադրամիջոցի հարց ունինք, նորոգութեան ծախսեր, ելեկտրածին, մազութ, թուղթ, թոնըր: Միայն եթէ ասոնք հաշուենք, հաւանաբար աշակերտին կրթաթոշակէն աւելի ելլէ: Ուրեմն եթէ յառաջիկայ տարի եւս առցանց դրութիւն որդեգրենք, հաւանաբար տնտեսական գործօնները ըլլան պատճառը: Կը լսենք, որ աշխատանք մը կայ hybrid՝ խառն դրութեան մը գծով՝ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ առցանց», ըսաւ ան:
Ոչ Լման Անվճար` Մասնակցութեան Անհրաժեշտութիւնը
Նկատի առնելով հանդերձ մեր ծնողներուն տնտեսական դժուարութիւնները, մեր դպրոցներու պատասխանատուները յառաջիկայ տարուան համար ի մտի ունին ծնողային մասնակցութեան տարբերակներ: Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը յառաջիկայ տարուան համար կը մտածէ առնուազն մուտք եւ զանազանք գանձել: ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի Վարժարաններու Տնօրէն Պրն. Վասիլեան գալ տարուան համար կ’առաջադրէ նկատի առնել վճարելու կարողութիւն ունեցողներու պարագան: «Կան ծնողներ, որոնք հանգիստ են եկամուտով, ինչո՞ւ համար պէտք չէ վճարեն: Գումարէն աւելի մասնակցութիւնը նաեւ կարեւոր է: Առայժմ, վերջնական որոշում չենք տուած, բայց ծնողներուն մասնակցութիւնը ձեւով մը կարեւոր է: Պէտք է համոզուինք, որ մեր կառոյցները հաւաքականութեան կը պատկանին եւ հաւաքականութիւնն ալ իր կարգին պէտք է մասնակից դառնայ», ըսաւ ան:
Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանը որոշած է անփոփոխ պահել կրթաթոշակը: «Իւրաքանչիւր աշակերտէ կ’ակնկալուի միայն 750,000 լ.ո. վճարել», նշեց տնօրէնուհին: Ինչ կը վերաբերի Մեսրոպեանին, «2020-2021 տարեշրջանէն սկսեալ, եւ յառաջիկայ երկու տարիներուն, կրթաթոշակներու 2/3ին յանձանցումը ստանձնեց պատրիարքութիւնը՝ 1/3ը ձգելով մեր ծնողներուն», դիտել տուաւ Կրէկուար Գալուստ:
Հաւաքական ճիգեր, բայց առանձի՞՞ն
Լիբանանահայ դպրոցներուն դիմագրաւած տագնապը շատ մեծ է, եւ գոհունակութեամբ նշմարեցինք, որ պատասխանատուները ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն իրենց դպրոցները այս աղէտէն նուազագոյն վնասներով դուրս բերելու համար: Անոնք կը հաւատան, որ տագնապին յաղթահարումը տեղական ուժերէն վեր է եւ համազգային, համասփիւռքեան ճիգ կը պահանջէ, ինչպէս դիտել տուաւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեանը: «Եթէ բոլոր համայնքները, բոլոր կուսակցութիւնները, մեր բոլոր կառոյցները թեւ թեւի չտան, բարեսիրական, քաղաքական, մշակութային միութիւնները բոլորը ձեռք ձեռքի չտան, անկարելի է այս բեռան տակէն ելլել», ըսաւ ան:
Մեր հարցումներուն պատասխանող կրթական պատասխանատուները՝ բոլորը կը հաւատան, որ լիբանանահայ դպրոցներու կանգուն պահպանումը կարեւոր է ամբողջ սփիւռքին համար, որովհետեւ իր բոլոր դժուարութիւններով, Լիբանան միակ տեղն է՝ իրեն յատուկ քաղաքական, ընկերային, ժողովրդագրական, պայմաններու բերումով, որ կրնայ տակաւին մարդուժ տրամադրել ամբողջ սփիւռքին՝ միաժամանակ գոհացնելով իր ներքին կարիքները: Բայց երբ հարց տուինք այս աղէտէն նաեւ կրթական պատասխանատուներու միասնական ճիգերով դուրս գալու կարելիութեան մասին, մեր կարգ մը տնօրէնները անկեղծ եղան ըսելու, որ գործնական եւ իրապաշտ չեն նկատեր կրթական մարզին մտահոգութիւնները միացեալ մարմինով մը հետապնդելու ձեւակերպում մը: «Դժբախտաբար, նոյնիսկ այս տխուր, ցաւալի վիճակին մէջ, մինչեւ օրս ոչ մէկ նախաձեռնութիւն որեւէ կողմէ, համախմբուելու, միասնաբար մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու նպատակով: Ափսոս, ցաւալի է: Կը կասկածիմ նաեւ, որ նման քայլ ոեւէ մէկը նախաձեռնէ, կամ նոյնիսկ եթէ նախաձեռնէ, սոսկ միայն ձեւական պիտի ըլլայ, հետեւաբար՝ եղունգ ունիս, գլուխդ քերէ», ըսաւ Մեսրոպեանի տնօրէնը՝ Կրէկուար Գալուստ:
Իր կարգին, ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի Վարժարաններու Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան ըսաւ. «Հայկական վարժարաններու խնդիրը գիտէք ի՞նչ է. բոլորը իրարու մրցակից են, եւ այդ պայմաններուն մէջ, երբ այդ մրցակցութիւնը կայ տակաւին, եւ եթէ պարզապէս պիտի ըսենք, որ մրցակցութիւնը մէկ կողմ դնենք, ժամանակը չէ, միանանք՝ միայն լոզունգ կ’ըլլայ: Իւրաքանչիւր հոգիի մէջ այդ մրցակցութիւնը կայ, որ պայման չէ վատ բան նկատել, որ նաեւ կը նպաստէ յառաջդիմութեան: Հետեւաբար, այնքան ատեն որ կայ այս մրցակցութեան ոգին, դպրոցները քով քովի բերելը, միասին աշխատելու առաջարկը, դժուար իրագործելի է»:
Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանի տնօրէնուհի Վարդուկ Պալըգճեանի համաձայն, «գաղութային մակարդակի վրայ, միջ-վարժարանային հաղորդակցութեան կապեր կան, սակայն չեմ իմացած եթէ անոնք կ’իյնան «հաւաքական ճիգերով լուծումներ որոնելու առաջադրանքներ»ու ծիրին մէջ»:
Համասփիւռքեան Ներդրումի Անհրաժեշտութիւնը
Լիբանանահայութեան եւ անոր կրթական հաստատութիւններուն դիմագրաւած աղէտը մէծ է եւ բեռը ծանր՝ մանաւանդ լիբանանեան թղթոսկիի անհամեմատ գահավիժումին հետեւանքով: Դրամական այս աղէտը սակայն, կրնայ դիւրացնել արտաքին օժանդակութիւններու հոսքը՝ մանաւանդ երբ նկատի առնենք, որ ֆրէշ տոլար ըսուած դրութեամբ, դուրսէն առաքուած գումարներ հրաշքներ կրնան գործել Լիբանանահայութեան համար: Այս ուղղութեամբ, արդէն իսկ իւրաքանչիւր դպրոց կամ մարմին գնահատելի աշխատանք կը տանի, բայց կարիքը մեծ է, իսկ միջոցները՝ սահմանփակ: Համասփիւռքեան, համազգային օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի, ինչպէս բանաձեւեց Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան: «Ազգային առաջնորդարանը ունի «Սան հովանաւորելու» ծրագիրը, որուն մասնակցողներուն մեծ մասը դուրսէն են եւ աշխատանքները այժմ կեդրոնացած են այս ուղղութեամբ: Լիբանանի մէջ մեր բարերարները հասկնալի պատճառներով չեն կրնար նախկինին պէս իրենց քսակները բանալ: Տարիներու ցանկ ունինք, բարեբախտաբար 17 տարուան անցեալ կայ: Հայ աշակերտներու թիւը շուրջ 5500 է հայկական բոլոր վարժարաններուն մէջ: Տարեկան 250-500 ֆրէշ տոլար իւրաքանչիւր աշակերտի համար, հարցը մեծ չափով կը լուծէ», ըսաւ ան:
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ կը խոստանայ ոչ մէկ ճիգ խնայել, կապեր հաստատել բարերարներու, բարեկամներու, օտար կազմակերպութիւններու հետ՝ հայ դպրոցը կանգուն պահելու համար: «Չկայ գաղութ մը աշխարհի տարածքին, ուր երբ նայինք ղեկավարութեան, հոն լիբանանահայ մը չըլլայ: Մեր գաղութը շատ տուաւ տարիներու ընթացքին: Տուինք ու կը շարունակենք տալ: Այս դժուարին պայմաններուն մէջ եւս կը հաւատամ, որ այս իւրայատուկ գաղութը տալիք ունի դեռ: Այն բոլոր առանձնաշնորհումները, որ ունինք այս երկրին մէջ, այլ երկրի մէջ չունինք: Ես հոս կրնամ 24 ժամ ապրիլ միայն հայերէն խօսելով ու լսելով: Ուրիշ տեղ չկայ նման վայր: Հետեւաբար՝ պահենք զայն», ընդգծեց Գալուստ:
Արա Վասիլեան եւս լաւատեսութիւն յայտնեց, որովհետեւ «Բարեգործականի ներդրումը միշտ կայ: Մենք մեր պիւտճէն նուիրատուութիւններով կը հաւասարակշռենք: Ծնողներուն ներդրումը բաւարար չէ եւ Բարեգործականը կը գոցէ այդ բացը՝ միշտ ամէն տարի: Պայթումէն ետք, նշմարեցինք, որ կրթաթոշակի վճարում պահանջելու փոխարէն՝ մենք պէտք է օժանդակութեան ձեռք երկարենք շատ մը ծնողներու, եւ Բարեգործականը չթերացաւ անոր մէջ», ըսաւ ան: Ինչ կը վերաբերի Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանին, տնօրէնուհին՝ Վարդուկ Պալըգճեան ըսաւ. «Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնական Մարմինը գնահատելի աշխատանք տարաւ այս տարի յատուկ կերպով սատարելու համար մեր վարժարաններու պիւտճէներուն հաւասարակշռութեան: Իւրաքանչիւր վարժարան անկախաբար կրնայ իր նուիրահաւաքը կատարել եւ արդէն կը գործեն շրջանաւարտից միութիւնները, գլխաւորաբար Մ. Նահանգներու մէջ»:
Կը մնայ յուսալ, որ լիբանանահայութեան եւ հոն գործող կրթօճախներու առաքելութեան հաւատացող հայեր՝ ի սփիւռս աշխարհի, եւ որոնց թիւը քիչ չէ, գիտակցաբար բանան իրենց քսակները եւ կազամակերպուած շրջագիծի մը մէջ սատար հանդիսանան այս գաղութի վերականգնումին: