«2019-ին արդէն տնտեսական դժուարութիւն սկսած էր, բայց 17 Հոկտեմբերի յեղափոխութեան եւ հետագային covid-ի համաճարակին բռնկումէն ետք, կացութիւնը աւելի վատթարացաւ. մարդիկ սկսան իրենց աշխատանքները եւ եկամուտները կորսնցնել: Այս կացութեան մէջ, մեզի դիմողներուն թիւը սկսաւ աւելնալ ու բազմապատկուիլ: Մեր գրասենեակները երբեմն սկսան նեղ գալ եւ մենք պարտաւորուեցանք կարգ մը գրասենեակներու աշխատանքները առկախել՝ տեղ տալու մեզի դիմողներուն, որոնց մէջ կային բազմաթիւ նոր դէմքեր, նաեւ հին դէմքեր, որոնք բաւական ժամանակէ դադրած էին եւ դարձած ինքնաբաւ», Լիբանանի Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկին տնօրէն Փօլին Սաղըրեանի այս խօսքերը կը խտացնեն այս օրերուն լիբանանահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, որոնք յատուկ չեն լիբանանհայութեան եւ բնականօրէն կը վերաբերին լիբանանեան համընդհանուր տագնապի մը:
Լիբանան կը դիմագրաւէ ծանր եւ աննախադէպ տնտեսական տագնապ մը: Համաշխարհային դրամատան հրապարակած վերջին տուեալներուն համաձայն, տնտեսական եւ ելեւմտական այս ճգնաժամը կրնայ դասուիլ 17-րդ դարու կէսերէն ի վեր աշխարհի 10 ամէնէն սուր տագնապներու շարքին: Հսկայական մարտահրաւէրներ, բայց լուծման մասին մտածող ու ծրագրող ոչ մէկ պատասխանատու շրջագիծ՝ պետական թէ ժողովրդային մակարդակներու վրայ: Նոյն Համաշխարհային դրամատան տուեալներուն համաձայն, Լիբանանի քաղաքացիներուն շուրջ 60 տոկոսը այժմ կ’ապրի աղքատութեան սահմանէն վար, մինչ երկիրը կը գտնուի սնանկացման եզրին: «Այո, ճիշդ կ’ըսէ Համշխարհային դրամատան տեղեկագիրը: ժողովուրդին 60% կը գտնուի աղքատութեան մէջ: Մենք կը հաստատենք ատիկա, պարզապէս նկատի առնելով, որ ընկերութիւններ եւ հաստատութիւններ փակուեցան, ճաշարաններ, խանութներ ամբողջովին կամ մասնակի գոցուեցան, անշուշտ լիբանանահայութիւնը անմասն չէ այս աղէտալի վիճակէն: Ճիշդ թիւեր չունինք, բայց գիտեմ որ մեծ թիւով ընտանիքներ անգործ են այսօր, կամ դարձած են քիչ եկամուտով ընտանիքներ», Տարբերակ21-ին յայտնեց Քրիսթին Դանիէլեան Սարգիսեան, Գարակէօզեան Հաստատութեան Ընկերային Բարգաւաճման Ծրագիրներու պատասխանատուն:
Լիբանանահայութիւնը բնականօրէն ինք նաեւ կը կրէ տագնապին ծանրութիւնը, որուն տարողութիւնը եւ զայն մեղմացնելու ճիգերը կը շարունակուին համայնքային իշխանութիւններու եւ ընկերային-բարեսիրական հաստատութիւններուն կողմէ, որոնք ծանօթ են դժուարութիւններուն, առօրեայ հեւքով կը հետեւին կարօտեալներու պահանջներուն եւ կարելի միջոցներով օժանդակութեան ձեռք կ’երկարեն բոլորին: «Լիբանանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը այսօր կը տառապի աղքատութենէ , որովհետեւ անգործութիւնը կը տիրէ բոլոր խաւերուն մէջ , իսկ Պուրճ Համուտի շրջանի բնակիչներուն համար կարելի է ըսել , որ անոնք կը մաքառին ապրելու համար», ըսաւ Նազելի Աւագեան, ԼՕԽի շրջանային վարչութեան անդամ եւ Արաքսի Պուլղուրճաեան ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն խորհուրդ:
Բացթողումներ եւ սխալներ անպայման կրնան ըլլալ, բայց աշխատանքի տարողութիւնը եւ աշխատողներուն նուիրումը մոռցնել կու տան այդ բոլորը՝ միշտ այն ակնակալութեամբ սակայն, որ տագնապին յամեցումին առընթեր կը զարգանայ աշխատանքները համակարգելու եւ հաւաքական աւելի մասնագիտացած կառոյցով գործելու ուղղութիւն մը:
Տակաւին, մեր ազգային հաւաքական աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, սկսած է շեշտուիլ դերն ու առաքելութիւնը զինուորագրեալներու նոր փաղանգի մը՝ ընկերային ծառայողներու, որոնց հանդէպ միայն կրնանք յարգանք եւ երախտագիտութիւն արտայայտել:
Նախքան Լիբանանի տնտեսական տագնապին սրումը, հայկական հաստատութիւնները բնականօրէն արդէն ծառայութիւններ կը մատուցէին, սակայն օգտուողներուն թիւը բնականաբար սահմանափակ էր: «Օժանդակութիւն տալէ աւելի, փորձ կը կատարուէր համայնքային բարգաւաճման ծրագիրներու ճամբով հայ ընտանիքներու դիմագրաւած հարցերը ախտանշել եւ ըստ այնմ լուծումներ գտնել», յայտնեց Քրիսթին Դանիէլեան Սարգիսեան՝ աւելցնելով. «տնտեսական տագնապէն ետք, այս բոլորը փոխուեցան: Նախապէս, երբ մեզի դիմէին օգնութեան համար, մեզի համար հիմնական էր այդ ընտանիքին գործ գտնել՝ սեփական ուժին վստահելու եւ ինքնաբաւ դարձնելու հեռանկարով: Հիմա այդ բոլորը փոխուած են արդէն»:
Համատարած անգործութեան այս օրերուն, այսօր գործ հայթայթելու միջոցը դարձած է անգործնական: Նոյնիսկ միջին դասակարգի ընտանիքներ այսօր դարձած են կարօտ սննդեղէնի, դեղորայքի եւ այլ ծառայութիւններու. «անոնք նախապէս պզտիկ խումբ մըն էին, զանոնք լաւ կը ճանչնայինք եւ գիտէինք. այսօր այնքան մեծ է դիմողներուն թիւը, որ այլեւս կարծեմ բոլոր հաստատութիւններու ընկերային գրասենեակներն ալ դժուարութիւն ունին զատորոշելու, թէ որոնք անկեղծ են, եւ որոնք պատեհապաշտ», նշեց Դանիէլեան Սարգիսեան: «Անգործութեան, լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկման եւ գիներու անհամեմատական սղաճին պատճառաւ, յստակօրէն բազմացաւ անօգնական հայրենակիցներու թիւը, յատկապէս երէց սերունդին պատկանող,» յայտնեց Անի Պուճիգանեան, ընկերային ծառայող, բժշկական խորհրդատու, ընկերային դաստիարակչական ծրագիրներ համադրող եւ վարչական պատասխանատու ԷՀԼԱՆ Բնակարանային Ծրագրին մէջ, աւելցնելով. «Օգոստոս 4-ի նաւահանգիստի պայթումին ստեղծած աննախընթաց աղէտը, եկաւ ստեղծել ցարդ ինքնաբաւ, իրենց ցաւը անձնապէս կրող ընտանիքներու ինքզինք կարիքաւոր զգալու դառն հոգեվիճակ մը։ Կացութիւն մը որ կը խորհէին թօթափած ըլլալ 50 տարիներէ ի վեր»։
∴
Նախապէս Պուրճ Համուտէն, այժմ բոլոր շրջաններէն
Լիբանանի մէջ, հայկական ընկերային-բարեսիրական հաստատութիւնները կը շարունակեն օժանդակութեան ձեռք երկարել մասնաւորաբար դեղորայքի, բժշկական արտաքին եւ հիւանադանոցային խնամքի, ընկերային հոգեբանական հարցերու, սննդեղէնի, ճաշի, գործի հայթայթման եւ նոյնիսկ կանխիկ դրամական յատկացումներու մարզերուն մէջ: «Covid-ի բռնկումէն առաջ, Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոն դիմող պարագաները Պուրճ Համուտի շրջանի բնակիչներ էին:Անոնց կը մատուցէինք բժշկական, ընկերային գրասենեակի սպասարկութիւններ: Գործակցաբար Առողջապահութեան նախարարութեան եւ շնորհիւ Universal Health ծրագիրին, յաջողեցանք մեր ունեցած պարագաներուն կողքին 1500 պարագաներու եւս մատչելի սակերով բժշկական ծառայութիւններ մատուցել 2018-ին: Ներկայիս մեզի կը դիմեն ոչ միայն Պ.Համուտի այլեւ հեռակայ շրջաններու պարագաներ, ինչպէս Անթլիասէն, Ճիւնիէն, մինչեւ իսկ Ժիպէյլէն», նշեց Նազելի Աւագեան: Կեդրոնի մատուցած ծառայութիւններէն յաջորդաբար 2018, 2019 եւ 2020 տարիներուն օգտուող պարագաներու թիւերու աճին մասին տեսնել թիւ 1 տախտակը:
Ինչ կը վերաբերի աշխարհագրական վայրերուն, Գարակէօզեան հաստատութենէն Քրիստին Դանիէլեան նաեւ հաստատեց, որ դիմողներուն մեծ մասը Պուրճ Համուտի բնակիչներ են եւ քիչ համեմատութեամբ այլ շրջաններէ: «Եթէ կու գան Անթիլիասէն եւ այլ շրջաններէ, այդ ընտանիքները ընդհանրապէս կը դիմեն դեղորայքի եւ բժշկական դարմանումի համար, իսկ ուտեստեղէնի դիմողները միւս շրջաններէն չեն, այլ ընդհանրապէս Պուրճ Համուտի մեր բնակիչներն են», նշեց ան: «Դիմողներուն մեծամասնութիւնը կու գայ Պուրճ Համուտի շրջանէն, բայց կան նաեւ Ռաուտայէն, Ֆանարէն, Այնճարէն: Սկսան դիմել նաեւ Զալքայէն, Անթիլիասէն, Մզհերէն՝ շրջաններէ, որոնցմէ նախապէս գրեթէ դիմողներ չունէինք: Շատեր նոյնիսկ Ճինիշեանին տեղը չեն գիտեր. փնտռելով, հարցնելով կու գան: Այս շրջաններու միջակ դասակարգը սկսաւ աղքատանալ եւ դիմել հաստատութիւններու», աւելցուց ընկերային ծառայող Լիւսի Խաչատուրեան, Լիբանանի Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ, պատասխանատու բազմաթիւ հարցեր դիմագրաւող ընտանիքներու եւ դեռատի աղջիկներու ինքնազարգացման ծրագրին:
Դեղորայք եւ բժշկական խնամք
«Գոյատեւման հարց մը ստեղծուեցաւ մարդոց մօտ: Համատարած անգործութեան ի տես, մարդիկ սկսան կարօտ դառնալ նաեւ նիւթական օժանդակութեան՝ դեղորայքի եւ բժշկական խնամքին չափ: Մարդիկ, որոնք դեղի համար մեզի չէին դիմեր եւ պարզ դեղարաններէ կ’ապահովէին իրենց դեղերը, սկսան նաեւ դիմել մեզի, եւ դեղորայքի դիմողներուն թիւը գրեթէ քսան տոկոսով աւելցաւ», յայտնեց դեղագործուհի Նանօր Թաշճեան, պատասխանատուն Լիբանանի Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկին դեղատան եւ առողջապահական խորհրդատու (Ճինիշեան հիմնարհի դեղերու տարեկան համեմատութիւններու տարբերութիւններուն եւ ընդհանրապէս հոն մատուծուած ծառայութիւններու տարեկան զարգացումները տեսնելու համար, տախտակ թիւ 2, տրամարուած հիմնարկին կողմէ):
Գարակէօզեան հաստատութիւնը օրական կ’ընդունի 600-է աւելի պարագայ, որոնց կը տրամադրուին դրամական, դեղորայքի եւ հիւանդանոցային օժանդակութիւններ (տեսնել տախտակ թիւ 3):
Ներկայիս Արաքսի Պուլղուրճեան կեդրոն դիմողներուն 90% կը ներկայանայ դեղորայքի համար, սակայն «մեր մօտ գրեթէ գոյութիւն չունին պահանջուած դեղերը , որորվհետեւ նախարարութիւնը կը յատկացնէ միայն անմիջական բուժման գործածութեան քրոնիկ դեղեր , որոնց համար մենք թղթածրարով առաջարկ կը ներկայացնենք: Իւրաքանչիւր հիւանդի պարագան սերտելէ ետք կ՛ընդունուի նախարարութեան կողմէ եւ դեղերը կ՛ապահովուին YMCA-ի ճամբով», բացատրեց Աւագեան՝ աւելցնելով. «2020-ին, կեդրոնի բժշկական ծառայութիւններէն օգտուած էին 7856 հոգի, 2021-ին օգտուողներուն թիւը բարձրացաւ. յատկապես Premiere Urgence-ի հետ համաձայնագիր մը ստորագրելէ ետք հիւանդը 3000 լ.ո. այցեգին կը վճարէ, իսկ բժշկական եւ տարրալուծարանի քննութիւններուն վրայ լաւ զեղչեր կը ստանայ»:
Իսկ ԷՀԼԱՆ գրասենեակի պարագային, Անի Պուճիգանեան տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Բժշկական մարզէն ներս, մեր ծառայութեան 70%-ը դեղօրայքի եւ անոնց ճիշդ գործածութեան, բացատրութեան ուղղուած է։ 25%-ը բժշկական խնամքի եւ ուղղութեան մէջ կը կայանայ գլխաւորաբար։ Ապրուստի օժանդակութեան գծով ներդրում չենք կատարեր, բացի բժշկական մարզէն ներս մասնայատուկ պարագաներու։ 5% փոխան աշխատանքի հայթայթման»։

Հիւանդանոցային խնամքի մարզին մէջ ուշագրաւ է գործակցութիւնը եւ համակարգումը գրեթէ բոլոր միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն միջեւ, որովհետեւ մինչ բոլորը կը գործեն սահմանափակ պիւտճէով եւ հիւանդանոցային ծախսերը անհամեմատ կը սղին, անդին միայն աղքատ դասակարգը չէ, որ սկսած է կարիքը ունենալ օժանդակութեան, ինչպէս կը բացատրէ Ընկերային ծառայող Անի Ազնաւուրեան, Լիբանանի Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ, պատասխանատու հիւանդանոցային եւ բժշկական այլ ծառայութիւններու, նաեւ՝ տարեցներու խնամքին. «Առաջ աղքատը միայն կը դիմէր բժշկական եւ հիւանդանոցային խնամքի համար, բայց հիմա միջակ դասակարգն ալ կը դիմէ: Կան նաեւ շատ հին պարագաներ, որոնք, վերստին կը յայտնուին: Հիւանդանոցներու պարագային, ստեղծուեցան վճարման դժուարութիւններ՝ դրամին արժեզրկման եւ սղութեան պատճառով: Բարեբախտաբար, սերտ գործակցութիւն կայ բարեսիրական հաստատութիւններուն եւ ընկերային ծառայողներուն միջեւ յատկապէս բժշկական այլ օգնութիւններու (minor medical/diagnostic tests) պարագային: Այս գործակցութիւնը միշտ եղած է բայց օրէ օր աւելի կը շեշտուի»: Մասնաւորաբար վերջին շրջանին, երբ օտար դրամանիշի տագնապին զուգահեռ զարգացած է նաեւ դեղորայքի տագնապ, եւ ոչ մէկ կազմակերպութիւն կամ հաստատութիւն կրնայ բան մը ընել, եթէ պետութեան կողմէ դեղ չապահովուի, ընդգծեց Քրիստին Դանիէլեան Սարգիսեան՝ աւելցնելով. «բնականաբար մեր հաստատութեան մօտ գտնուող դեղերը կը ցամքին: Յաճախ մենք կը գնէինք դեղերը, բայց երբ դեղը չի գտնուիր, այդ պարագային մենք ալ բան մը չենք կրնար ընել»:
Ապրուստի դժուարութիւններ
Տարօրինակ կրնայ թուի ընթերցողին, բայց այո՛, Լիբանանի մէջ այժմ կ’ապրին հայ ընտանիքներ, որոնց համար ճաշ եփելը դարձած է պերճանք: «Ճաշ եփելը «լիւքս» դարձած է բազմաթիւ ընտանիքներու համար, իսկ ուրիշներու համար՝ չկայ բառը դարձած է սովորական: Կան պարագաներ, որոնք օրական միայն մէկ անգամ կ’ուտեն: Շատեր կ’ըսեն սառնարանս պահարան եղաւ», նշեց ընկերային ծառայող Լիւսի Խաչատուրեան, Լիբանանի Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ, պատասխանատու բազմաթիւ հարցեր դիմագրաւող ընտանիքներու եւ դեռատի աղջիկներու ինքնազարգացման ծրագրին՝ աւելցնելով. «բոլորիս համար ցաւ է, դառնութիւն, իսկ եթէ գումարենք covid-էն հիւանդանալու վախը, անգործութեան ստեղծած մտատանջութիւնը, պատկերը կը դառնայ աղէտալի»:
Ճինիշեան հիմնարկը նախապէս կանխիկ վճարումները պակսեցնելու որոշում տուած է՝ կախեալութեան հաւանականութիւն չստեղծելու եւ դիմողները ինքնաբաւ տեսնելու հեռանկարով, բայց այսօր անգործութիւնը, դրամատնային տագնապը, մարդոց խնայողութեան կորուստը, կանխիկը դարձուցած են անհրաժեշտ: «Վերջ ի վերջոյ, մարդիկ միայն շաքարի եւ բրինձի կարիքը չունին, այլ վճարումներ եւ գնումներ ալ ունին», դիտել տուաւ Խաչատուրեան:
ԼՕԽ-ի պարագային, ապրուստի համար դիմողներուն թիւը շաբաթական 15 պարագայէ բարձրացած է 90-ի: «Անոնց պարագային, մենք օժանդակութիւններ կը ստանանք կազմակերպութիւններէ՝ երեխաներու կաթ, շոր, տարեցներու, անկարներու առօրեային յատուկ առողջապահական իրեր եւ կը տրամադրենք մեզի դիմողներուն», յայտնեց Նազելի Աւագեան:
Նման պարագաներուն թիւը անցեալ տարի տարուբերած է 25-էն 60-ի միջեւ: Այսօրուան տուեալներով՝ անցած է 315-ը: «Անոնց կողքին ուտեստեղէնի համար դիմողներուն կը տրամադրենք ԼՕԽ-ի խոհանոցէն տաք ճաշ։ Խոհանոցի պարագաներուն թիւը 2020-ի սկիզբը 200-էր, ներկայիս 1600-է», ըսաւ Նազելի Աւագեան՝ աւելցնելով, որ նման ծառայութիւններ կը կատարեն նաեւ ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերը, որոնք որդեգրած են 230 ծերեր, ամսական դրութեամբ յատկացում կը կատարեն, առողջապահական պարագաներու ծախսերուն կը մասնակցին ըստ իրենց պիւտճէին, իսկ բարդ պարագաները կ՛ուղղեն կեդրոն:
Պիւտճէական հարցեր
Առանց նիւթական աղբիւրներու, բնականօրէն, մեր միութիւնները եւ հաստատութիւնները պիտի չկարենան շարունակել եւ հասնիլ օրէ օր աւելի յուսալքուող մեր ժողովուրդին: Արդ, ինչպէ՞ս կը գոյացնեն պիւտճէները:
Փօլին Սաղըրեան. «Մեր նիւթական հիմնական աղբիւրը կը հանդասանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Presbyterian եկեղեցին, որուն քով պահ դրուած է Ճինիշեանի Կտակը: Վարդան Ճինիշեան իր կտակը ձգած է այդ եկեղեցիին մօտ, որուն ներդրումային նախաձեռութիւններէն գոյացած գոմարէն մեզի բաժին կը հանէ Ճինիշեանի խորհրդատու մարմինը: Այս գումարը մեզի կը փոխանցուի իբրեւ fresh օտար դրամանիշ, որ թէեւ որոշ ուշացումով կը ստանանք լիբանանեան դրամատունէն, բայց կը ստանանք առանց դժուարութեան եւ մեր աշխատանքները կը շարունակենք: Յաւելեալ պիւտճէի գոյացման համար, անցեալ տարիներուն lottary կազմակերպեցինք: Օժանադակութիւն ստացանք նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանէն եւ այլ NGO-ներէ»:
Քրիսթին Դանիէլեան Սարգիսեան. «Գարակէօզեան հաստատութեան պարագային, ան ունի իր պիւտճէն. որ Նիւ Եորքի fund-էն կու գայ, բայց անշուշտ մեծ գումար մը չէ, եւ մեր բոլոր ծառայութիւնները այդ գումարով կարելի չէ իրականացնել, հետեւաբար մենք կ’աշխատինք միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, եւ մեր պիւտճէն ընհանրապէս այդպէս կ’ամբողջանայ: Այսինքն, պարբերաբար կազմակերպութիւններէ կու գայ եւ անշուշտ մենք ալ մեր կարգին դիմումներ կ’ընենք, նոր projectներ կը պատրաստենք»:
Նազելի Աւագեան. «Մեր նիւթական աղբիւրները մեր հիւանդներուն այցելութիւններէն կը գոյանան, ինչպէս նաեւ կեդրոնին համար յատուկ քուէարկուած պիւտճէէն , նաեւ օժանդակութիւն կը ստանանք ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութէնէն: Տագնապալի պայմանները դիմագրաւելու համար հարկադրաբար միշտ պիտի դիմենք կազմակերպութիւններու, միութիւններու որպէսզի անոնց հետ մշակուած ծրագիրներու շնորհիւ կարենանք մեր պիւտճէն ապահովել»։
Անի Պուճիգանեան. «ԷՀԼԱՆի պարագային, պիւտճէական հարց միշտ ունեցած ենք՝ տրուած ըլլալով, որ երկրին բազում շարունակական տնտեսական անկայուն վերիվայրումները փորձած ենք դիմակալել առանց բնակարաններու նորոգութիւններու ամսական մասնակցութեան աննշան սակը փոփոխութեան ենթարկարկելու, Յունուար 1994-էն ի վեր։ Դժբախտաբար քաղաքացիական դաստիարակութիւնը մեծապէս կը նահանջէ նմանօրինակ պարագաներու, պահանջելու զգացումը երբ գերակայէ պարտաւորութեան գիտակցութեան»։
Հոգեկան աջակցութեան կարեւորութիւնը
Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը պատճառ եղաւ նաեւ հոգեկան ցնցումներու: Նման պարագաներ ընդհանրապէս կը դիմեն Գարագէօզեան հիմնարկ, ուր կը գործէ մասնագէտ հոգեբաններէ բաղկացած գրասենեակ մը: «Յաճախ մեր քով կու գան պարագաներ, որոնք, կը զգանք, եկած են, ինչպէս ժողովուրին մէջ տարածուած է, պարպուելու. շատեր կարիքը կը զգան խօսելու, ուրիշներ նոյնիսկ լալու: Մենք սիրով կը լսենք զիրենք եւ կը փորձենք օգնել: Ասոնց շարքին են բազմաթիւ անգործ երիտասարդներ, երբեմն հայրեր, որոնց երեսուննոց զաւակները տունը նստած են անգործութեան հետեւանքով», նշեց Լիւսի Խաչատուրեան:
Կարեւոր է, որ ընկերային ծառայողը դառնայ հոգեկան ապահովութիւն ներշնչող անձ, բայց այս պարագային, կը տարբերի ընկերային ծառայողէ՝ ընկերային ծառայող, «բայց գոհունակութեամբ կը նշենք, որ մեր բոլոր հաստատութիւններուն մէջ, ընկերային ծառայողները այդ առաքելութեամբ թրծուած են: Երբեմն կը պատահի, որ նիւթականը չենք կրնար հոգալ, բայց երբ մեզի դիմեն, իրենք հոգեկան գոհունակութիւն կը ստանան. երբեմն գիտեն, որ կրնան վսահիլ», ըսաւ Քրիստին Դանիէլեան Սարգիսեան:
Այս օրերուն, Գարակէօզեան հաստատութիւնը կը փորձէ նաեւ, իր հոգեբանական բաժանմունքին ճամբով, ուղղակի առցանց իր պարագաներուն հետ խօսիլ՝ անոնց հոգեկանը բարձր պահելու նպատակով:
Յետոյ ի՞նչ
Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապը երկարատեւ կը թուի ըլլալ, իսկ տագնապին հետեւանքները աւելի սուր՝ ստեղծելով դեղորայքի, սննդեղէնի եւ ընդհանրապէս ապրուստի ճգնաժամային վիճակներ: Մեր միութիւնները եւ հաստատութիւնները ցարդ յաջողած են իրենց ունեցած միջոցներու սահմաններուն մէջ, մեղմել մեր ժողովուրդին ցաւերը: Բոլորին խոստովանութեամբ, նաեւ ստեղծուած է ընկերային ծառայողներու միջեւ գործակցութեան եւ համակարգումի ընդունելի մակարդակ մը, բայց արդեօ՞ք բաւարար է այդ մէկը: Վեթերան ընկերային ծառայող Անի Պուճիգանեան հետեւեալ ձեւով ներկայացուց կացութիւնը եւ կատարեց հետագայ առաջարկը: «Ընկերային ծառայողներս որ ապրեցանք լիբանանեան պատերազմի դառն օրերը, մեծ փորձառութիւն կուտակեցինք կացութիւնները վերլուծելու եւ հաւաքական ջանքերով ծրագիրներ մշակելու, ի նպաստ գաղութին ամրպնդման, նաեւ կարելի չափով կանխարգիլելու շրջապատին յուսալքումը եւ ոչ հայավայել ու քրիստոնիավայել միջոցներու դիմելու հակումը»։
Պուճիգանեան շարունակեց ըսելով. «կը ցաւինք ըսելու, թէ դժբախտաբար Լիբանանի վերջին տագնապը դիմակալելու մեր ազգային փորձերուն մէջ, ներկայ պատասխանատուներ այս հարուստ եւ արդիւնաւոր փորձառութիւնը աննկատ թողելով, իւրաքանչիւրը իր ծրագիրը «յառաջ մղելով» ժողովուրդին մօտ նոր հոգեվիճակ ու ակնկալութիւն ստեղծեցին՝ ջլատելով հաւաքական համադրողական աշխանտանքին ստեղծած հոգեմտաւոր բարիքները»։
Առ այդ, Պուճիգանեան առաջարկեց. «ներկայ եւ գլխաւորաբար գալիք կացութիւնները դիմագրաւելու համար հարկ է կատարել սերտուած, կեդրոնացեալ, գիտական աշխատանք տարբեր մակարդակներու վրայ: Այլ խօսքով վերականգնել Հայկական Բարեսիրական Միութիւններու համահաւասար ձայներով Լիբանանի պատերազմին ստեղծուած Ժողովը»:
Կեցցէ՛ք: Ողջամիտ ակնարկ ու վերլուծութիւն
Շնորհակալութիւն