Մինչեւ Հայաստանի վերանկախացումը 1991, հայերէնի գլխաւոր երկու բարբառները՝ արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը առիթ չէին ունեցած հանդիպելու եւ փոխազդեցութեան պայմաններ ապրելու: Արեւելահայերէնը կ’ապրէր պետական միջամտութեան եւ ռուսական ազդեցութեան հոլովոյթ մը, իսկ արեւմտահայերէնը՝ մասնաւորաբար գրականը, թէեւ գաղթական, սակայն շնորհիւ հայ դպրոցին ու մամուլին, կ’ապրէր վերելք մը մինչեւ միջին արեւելեան գաղութներու տկարացումը:
Հայաստանի վերանկախացումէն ետք կը ստեղծուէր նոր իրավիճակ մը: Քիչ մը շուարած արեւմտահայերէնը կը հանդիպէր պետականացած ամուր արեւելահայերէնին: Բնական է, լեզուները կ’ազդուին իրարմէ, բայց մեր պարագային, իր ինքնավստահութիւնը կորսնցուցած արեւմտահայերէնն որ սկսաւ ազդուիլ արեւելահայերէնէն: Շատ բարի, թող ազդուի, պիտի առարկուի, հայերէնը հայերէն է: Վստահաբար շատ սորվելիք ունինք արեւելահայերէնէն: Նկատողութիւնը կը վերաբերի թափթփած ընդօրինակութեան:
Շատ խօսուած է ժխտական ընդօրինակութիւններու մասին, որոնք կ’առաջնորդեն քերականական կոպիտ սխալներու, արեւելահայերէնի կրած ռուսերէնի մեծ ազդեցութեան հետեւանքով:
Կան անշուշտ դրական ազդեցութիւններ եւ լեզուն հարստացնող փոխառութիւններ, ինչպէս վերջերս կը նշէր բժիշկ Արմենակ Եղիայեան «մենք շատ բան ունինք սորվելիք արեւելահայերէնէն» եւ կու տար օրինակը «մանրամաս» բառին իբրեւ «կտոր», «մաս»՝ ամբողջութեան մը մասերը իմաստով:
Արեւմտահայերէնի մէջ վերջերս նշմարուող արեւելահայ հետաքրքրական բառեր են՝
– կարեւորել, բարձրաձայնել, իրազեկել, յայտ եւ այլն:
Զանոնք տակաւին չենք նշմարեր խօսակցական արեւմտահայերէնի մէջ, այլ՝ քիչ մը մամուլի մէջ, բայց բաւական անհատ գրողներու մօտ, որոնք աւելի առցանց կ’արտայայտուին:
Արեւելահայերէնէն նմանօրինակ բառեր վերցնելու այս երեւոյթը կը ստիպէ մեզի մատը դնելու այլ վէրքի մը՝ մեր գրաւոր լեզուին բառամթերքը արդիականացնելու եւ զայն համապատասխան լեզուամտածողութիւն արտայայտող բառերով օժտելու անհրաժեշտութեան վրայ:
Արեւմտահայերէնը արդէն բաւական յոգնած է իր թափառական կեանքէն ու անխնամ գրիչներէն: Միայն պէտք է ուշադիր ըլլալ եւ նորարարութեան անունով նոր վէրքեր չպատճառել: Կ’արժէ մտածել արեւմտահայ լեզուի հեղինակութիւններէ բաղկացած մարմին մը յառաջացնելու մասին: Արդէն քանի մը հոգի են միայն:
Երիտասարդական խանդը խառնել ամբարուած գիտելիքներուն եւ փորձառութեան: Արդիւնքը վստահ աւելի լաւ կ’ըլլայ:
Արևելյան Հայաստանի կեսը ասեմ՝ սուտ է, բայց գոնե մեկ երրորդը արևմտահայերենի կրողն է՝ կարնո՝ Ջավախք, Շիրակ, մասամբ նաև Լոռի, մշո, սասունի՝ Արագացոտն բարբառներ բանեցնելով: