Թրքատիպ, թրքաբարոյ եւ մասամբ նորին…

Թրքական սերիալները ողողած են Լիբանանի պատկերասփիւռի կայանները եւ այդ ճամբով թափանցած են նաեւ հայերու տուները:

Թրքական սերիալները՝ արաբերէնի թարգմանուած ձայներով, վերջերս ողողած են ընդհանրապէս արաբական եւ մասնաւորաբար Լիբանանի պատկերասփիւռի կայանները եւ այդ ճամբով թափանցած են նաեւ հայերու տուները:

Կար ժամանակ, երբ պարբերաբար կոչեր կ’արձակուէին պայքարելու նման երեւոյթներու դէմ: Սակայն այս կոչերուն պարբերականութիւնը եւ թրքական թափանցումներուն դէմ ծրագրուած ու հետեւողական ծրագիրի մը չգոյութիւնը չէ շարժառիթը այս յօդուածին, որքան թրքաբարոյ երեւոյթներուն տրուած մէկ կողմէ սահմանափակ տարողութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ յանցանքի մեր բաժինը, մեր ժողովուրդին նկարագրին մէջ արմատացած թրքաբարոյ վարքագիծին անտեսումով: Այս վերջին պարագային, թրքաբարոյ բառը կրնայ ծանր կամ անտեղի թուիլ, բայց այդ բնորոշումէն ոչինչ կը փոխուի, եթէ պահ մը փորձենք թափանցել մեր ժողովուրդի մէկ կարեւոր համեմատութեան նկարագրին մէջ, ուր թաղուած են հետքերը թրքատիպ սովորութեանց, թրքատիպ բարքերու, որոնք կ’արտացոլան կենցաղային առօրեային մէջ, եւ հայօրէն դիտուած՝ կը ստանան թրքաբարոյ բնոյթ: Փաստօրէն, քաղաքակրթական մակարդակի վրայ, ցարդ չենք կրցած մեր նկարագրէն թօթափել թրքատիպ շատ մը երեւոյթներ եւ առ այդ՝ թրքաբարոյ երեւոյթներու դէմ մեր պայքարը մշակութայինէն անդին ունի նաեւ քաղաքակրթական խորք, տակաւին անկախ անոր քաղաքական խորքէն:

Պայքա՛ր թրքական երաժշտութեան դէմ, պա՛յքար թրքական սերիալներու դէմ եւ պայքար՝ թրքական ապրանքներուն դէմ: Բնական է, պէտք է պայքարիլ, բայց այդ պայքարը պէտք չէ մնայ կարգախօսային եւ արագ մարող զգացական շրջագիծի մէջ: Ըստ երեւոյթին, ցարդ յայտարարուած պայքարները, բազում յիշեցումները, նոյնիսկ սպառնալիքները չեն կրցած մեր իրականութենէն արմատախիլ ընել այդ երեւոյթները, որովհետեւ մեկնակէտի շփոթ մը, հարցադրումի եւ թիրախի անորոշութիւն մը գոյութիւն ունի, եւ այդ շփոթն ու անորոշութիւնը պիտի յամենան այնքան ատեն, որ կը խուսափինք հարց տալէ, թէ ինչո՞ւ մեր ժողովուրդը հակամէտ է ընկալելու եւ պահելու թրքատիպ երեւոյթները: Մեր ժողովուրդը ինչո՞ւ կը յամառի իրմէ չվանելու թրքական ազդեցութիւնները եւ տկարութիւն ունի անոնց հանդէպ:
Թրքական շահերը կը պահանջեն, որ ծրագրուած ձեւով «մշակոյթ» եւ սպառողական ապրանքներ արտածուին դէպի այլ երկիրներ: Հայօրէն դիտած՝ պէտք է պայքարիլ թրքական այս ներթափանցումներուն դէմ: Բայց չարիքին արմատը պէտք չէ փնտռել միայն Թուրքիոյ թափանցումի քաղաքականութեան մէջ, որ ըստ էութեան քաղաքական խորք ունի, այլ նաեւ մեր ժողովուրդի մէկ կարեւոր համեմատութեան մօտ յամեցող թրքատիպ նկարագրին մէջ: Նկարագիր մը՝ որ ներազգային գետնի վրայ դուռ կը բանայ մշակութային-քաղաքակրթական տագնապի:

Պէտք չէ մոռնալ, որ մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ ապրած է թրքական ընկերութեան մէջ եւ մեծապէս ազդուած է թրքական բարքերէն: Բազմադարեան խաւարի ստրկատիրական շրջանին, բացի իր ընտանեկան-տոհմական բարքերէն ու սովորութիւններէն, մեր ժողովուրդը մեծ չափով ազդուած է թրքական մշակոյթէն, շփում ունեցած է թրքական բարքերուն հետ, խօսած է թրքերէն, հայհոյած է թրքերէն, նոյնիսկ երգած է թրքերէն: Դժբախտաբար, ստրկատիրական կեանքը պատճառ դարձած է որ մեր ժողովուրդը շատ բան կորսնցնէ իր ազնուական, քաղաքակրթուած նկարագրէն եւ փոխարէնը կազմաւորէ ստորակայական բարդոյթով հարուստ նկարագիր մը, որ դիւրաւ ընտելացած է թրքական ընկերութեան բացասական եւ յոռի բոլոր երեւոյթներուն հետ:

Այս տողերը ոչ մէկ ձեւով կ’արդարացնեն թրքական «մշակոյթին» հանդէպ մեր ժողովուրդին ունեցած տկարութիւնը, որ ցուցանիշ է ինքնավստահութեան պակասի, սեփական արժէքներու հանդէպ կասկածի եւ թրքական բարքերու նկատմամբ ցուցաբերած բղջախոհութեան, այլ կը փորձեն մատնանշել աշխատանքի եւ պայքարի տարբեր ուղղութիւն մը, որ հիմնական է եւ կարեւոր, եւ անոր անտեսումով՝ թրքաբարոյ երեւոյթները կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ, իսկ անոնց դէմ շղթայազերծուած պայքարը կը մնայ ամուլ:

Ինչպէս նշուեցաւ, թրքաբարոյ երեւոյթները չեն սահմանափակուիր միայն մշակոյթով եւ տնտեսութեամբ: Անոնք ունին նկարագրային խորք, որուն դարմանումով միայն կարելի կարելի կ’ըլլայ լուծել հարցը: Թրքաբարոյ չե՞ն արդեօք եսակեդրոնութիւնը, հաւաքական կեանքէ խուսափումը, տարօրինակ իրարամերժութիւնը, անուանարկումները, բամբասանքը, «Թաղականին Կնիկը» գործին եւ «Աբիսողոմ աղաներու» խորքով կատարուած հանդիսութիւնները, աղայական ցուցամոլութիւնը եւ փաշայական իշխանատենչութիւնը: Թրքական կեանքի մնացորդացը չէ՞ արդեօք ազգային կորիզէն խուսափումը եւ հայրենակցական հարցերու նախամեծարումը: Թրքական կեանքի ազդեցութեան հետեւանքները չե՞ն արդեօք մեր ժողովուրդին կազմակերպչական անփութութիւնը, տհասութիւնը, անհատականը հաւաքականէն գերադասելու անգիտակից մղումները: Երեւոյթներ՝ որոնք գոյութիւն պիտի չունենային, եթէ մեր ժողովուրդին մշակութային եւ քաղաքակրթական հոլովոյթը ունենար այլ զարգացում: Գոյութիւն պիտի չունենային, եթէ ներկան անցեալին հետ կամրջուէր մշակութային հայկական արժէքներով, իսկ քաղաքակրթական մեր հոլովոյթէն դուրս բերուէին թրքաբարոյ երեւոյթները: Այս երկու պայմանները անքակտելիօրէն կապուած են իրարու, իսկ զանոնք կարելի է միաձուլել՝ մշակութային ինքնութեան հաստատումով, մշակութային արժէքներու ժողովրդականացումով, մեր հաւաքական անհատականութեան բիւրեղացումով:

Այս առիթով, համացանցի եւ ընկերային ցանցերու «տիրակալութեան» այս օրերուն, յատկապէս շեշտը կը դնենք մշակութային արժէքներու ժողովրդականացման, անոնց համաժողովրդականացման պահանջին վրայ: Մեր ժողովուրդի դիմագրաւած այս պայմաններուն մէջ, ընտրանիական մշակոյթը լիւքս է եւ աննպատակ: Մշակոյթի ժողովրդականացման զուգահեռ, պէտք է բանալ ընկերային գիտակցութեան զարգացման էջը, որ պիտի նպաստէ մեր ժողովուրդին քաղաքակրթական հոլովոյթի բիւրեղացման:

Յատկապէս մեր դպրոցները շատ բան ունին ընելիք այս գծով: Իսկ մշակութային միութիւններ յատուկ կարեւորութեամբ պէտք է ընդգծեն առաջնահերթութիւնը ընկերային դաստիարակութեան: Այլապէս՝ բազում աղմուկ վասն ոչինչի:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x