Երաժիշտ Երուանդ Մարգարեան՝ 28 տարիներու ճազ նուագախումբի մենակատար եւ թռոմփեթահար, արդէն չորս տարի է կը բնակի Տուպայ, իր կնոջը՝ տաղանդաշատ դաշնակահար եւ յօրինող Նառա Առաքելեանի հետ: Զոյգը բարձր կը գնահատէ տեղւոյն հայ համայնքին մէջ եկեղեցիներու արարողութիւններն ու քարոզները, միօրեայ վարժարաններու գործունէութիւնը, դասախօսութիւններն ու մշակութային ձեռնարկները։ Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու հայ գաղութի մշակութային կեանքը զարգացնելու եւ անոր միջազգային ճանաչում ապահովելու առաջադրանքով, անոնք առանց երկմտանքի իրենց ներդրումը կը բերեն տեղւոյն համայնքային կեանքին մէջ։
Երախտագիտութեան խօսք ուղղելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, Էմիրութիւններու բարեջան առաջնորդ սրբազանին, ազգային վարչութեանց, գաղութի հիմնադիրներուն, վարժարանի հոգաբարձութեանց, երաժիշտ Երուանդ Մարգարեան եւ Նառա Առաքելեան կ’ընդգծեն կարեւորութիւնը նեցուկ կանգնելու համայնքային կեանքին:
Յիշեցնենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու համայնքը պաշտօնապէս հիմնուած է 1980-ին, շնորհիւ տեսլական ունեցող երիտասարդներու, որոնց հիմնական մտահոգութիւնը եղած է հայապահպանումը՝ յատկապէս այն հեռանկարով, որ հայերուն թիւը պիտի բազմանայ յաջորդող տասնամեակներուն: Առ այդ, երախտագիտութեամբ կը յշենք անունները հանգուցեալ Տիգրան Թաշճեանի, Նշան Պասմաճեանի, որ ներկայիս Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի առաջնորդարանի դիւանապետն է, Վարուժան Նարկիզեանի, հանգուցեալ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի, հանգուցեալ Եթովպիահայ Պետրոս Ասլանեանի, Նշան Մանճիկեանի, Վիգէն Գլընճեանի (միօրեայ վարժարանը նախկին տնօրէն), Զարեհ Թիւթիւնճեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգշ. Հայր Օշականի, այժմ գերշ. Տ. Օշական արք. Չօլոյեանի, երջանկայիշատակ Գարեգին Բ., հետագային Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա-ի:
«Մենք այստեղ ենք արդէն 4 տարիէ ի վեր եւ միշտ կապի մէջ եղած ենք հայերու հետ։ Միշտ առաջարկներ ներկայացուցած ենք համայնքի զարգացումին համար եւ հաճոյքով կ’աջակցինք այդ նախաձեռնութիւններուն։ Կ՛ուզենք, որ համայնքը աւելի զարգանայ եւ աւելի բազմաթիւ հայեր միացնէ։ Մեզի համար սփիւռքահայութեան մաս կազմել կը նշանակէ մեր ներկայութեամբ նպաստել համայնքի մշակութային զարգացման։ Միշտ կապի մէջ ենք մեր ասպարէզին մէջ գործող մարդոց հետ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ ապրող այլ հայերու հետ, եւ երբեք ոչ մէկ հարց ունեցած ենք համակեցութեան առումով», կը նշեն Երուանդ եւ Նառա։
Ցեղասպանութեան 108-րդ եւ Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկները, հովանաւորութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մեսրոպ Արք․ Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ թեմիս ազգային վարչութեան տեղի ունեցան Շարժայի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ համալիրի Բիեռ Քէօսէեան սրահին մէջ, կիրակի, 23 ապրիլ, 2023-ին եւ կիրակի 29 ապրիլ 2024-ին: Այս ձեռնարկներուն, գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Նառա Առաքելեան (դաշնամուր) եւ Երուանդ Մարգարեան (թռոմփեթ). ներկաները ըմբոշխնեցին Կոմիտասի «Կռունկ»ն ու «Քելէ Քելէ»ն եւ հայկական այլ ստեղծագործութիւններ:

Տիկ. Նառա Առաքելեան եւ շեփորահար Պրն. Երուանդ Մարգարեան
Երաժիշտ Երուանդ Մարգարեան հօրենական կողմէ արմատներով էրզրումցի է: Մեծ հայրը՝ Երուանդ 1914 թուականի ծնունդ է. այդ ժամանակ լքած են Էրզրումը եւ հաստատուած Ռուսիոյ Արմաւիր քաղաք, որմէ ետք համաշխարհային 2-րդ պատերազմին, մեծ հայրը կը վիրաւորուի եւ կ’ուղարկուի Թիֆլիսի հիւանդանոցներէն մէկը, ուր ալ կը ծանօթանայ մեծ մօրը՝ Էմմային: Պատերազմէն ետք, անոնք կ’որոշեն մնալ Թիֆթլիս: Երուանդին մօրենական կողմը Թիֆլիսեցի են: Երաժիշտ Երուանդի ծնողքը ծնած է Թիֆլիս, հայրը՝ Լեւոն Մարգարով, մայրը՝ Կուլնարա Աւետով: Երուանդ ծնած է Թիֆլիս, 1977-ին: Ուսանողական տարիներուն, 1997-ին, Երուանդ կը տեղափոխուի Երեւան, ուսումը կը շարունակէ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ: Այդ տարիներուն իր Մարգարով ազգանունը կը փոխէ Մարգարեանի: 1997-էն սկսեալ, տակաւին ուսանող, Երուանդ կ’աշխատի Օփերայի թատրոնի, ֆիլհարմոնիք նուագախումբի, ճազային տարբեր խումբերու, TV-ի մէջ: 2011-ին կ’աւարտէ երաժշտանոցը:
Դաշնակահար եւ երգահան Նառա Առաքելեան ծնած է Երեւան, հօրենական արմատներով՝ Գիւմրեցի. մեծ հայրը՝ Ղազար Առաքելեան, մեծ մայրը՝ Անահիտ: 1946-ին, կը տեղափոխուին Երեւան: Մօրենական կողմէ Նառա մուսա լեռցի է. մեծ հայրը՝ Հարկելեան Սեդրակ Գիւմրի հաստատուած է այդ տարիներուն: Հերկելեանը դարձած է Հարկելեան: «Մենք կապի մէջ ենք սրբազան Վարուժան Հերկելեանի հետ: Իմ մեծ հայրիկը եւ սրբազանին մեծ հայրիկը եղած են հօրեղբօրորդիներ: Սրբազանը գտնուած է մեր տան մէջ. մենք յաճախակի կապի մէջ ենք մեր ազգականներուն հետ», կը պատմէ Նառա Առաքելեան:
Նառային հայրն ու մայրը ուսանողական տարիներուն ծանօթացած են իրարու եւ ամուսնացած: Հայրը՝ Հենրիկ Ղազարի Առաքելեան աւարտած է ճարտարապետական համալսարանը: Մայրը՝ Լուսինէ Սեդրակ Հերկելեան ծնած է 1950-ին, Գիւմրի. հիւանդապահութիւն ուսանած է Երեւանի մէջ եւ երկար ժամանակ աշխատած է Հանրապետական հիւանդանոցի վիրաբուժական բաժնին մէջ: Իսկ Լուսինէին քոյրերն ու եղբայրները ծնած են Մուսա Լեռ, ապա տեղափոխուած են Պոլիս, ետքը Այնճար..անոնցմէ ոմանք մեկնած են Գանատա, Մ. Նահանգներ, Ֆրանսա, իսկ մեծ հօրե երազանքը եղած է ապրիլ Հայաստան:
Երուանդ եւ Նառա բախտաւորուած երկու որդիներով: «Խաչատուրը (ծնած 1996-ին), որ արդէն աւարտած է համալսարանը եւ կը դասաւանդէ Ամերիկեան համալսարանին մէջ, իսկ Միքայէլը (ծնած 2006-ին) այս տարի կ’աւարտէ բարձրագոյն կրթութիւնը: Միքայէլը ունի քանի մը մասնագիտութիւններ. կը նուագէ թռոմփեթ եւ կիթառ, նաեւ վարպետ ճատրակ խաղցող է, եւ շուտով համալսարան պիտի ընդունուի», կը յայտնէ Նառա:
Արուեստագէտ ամոլը կը բնակի Տուպայ: Թռոմփեթահար Երուանդ կը համագործակցի միջազգային բազմաթիւ արուեստագէտներու հետ տարբեր ծրագրերով եւ Տուպայի Big Band-ին անդամ է։ 2014-ին, Երուանդ պարգեւատրուած է Երեւան քաղաքի «պատուաւոր արթիսթ»ի մետալով եւ կոչումով։ Ներկայիս ան կը շարունակէ ելոյթներ ունենալ եւ ձայնագրուիլ միջազգային երաժշտական տարբեր ծրագրերու մէջ։ 2021-ին, պաշտօնական հրաւէրով դարձած է Տուպայի մէջ կայացած EXPO 2020-ի «Exposonix» խումբի անդամ եւ կատարող։

Վերջերս թռոմփեթահար Երուանդ մաս կազմած է Գանատացի յօրինող, մշակող եւ արտադրիչ Suad Bushnaq-ի «Al Batal» ֆիլմի երաժշտական Original Soundtrack-ի ձայնագրութեան:
Երուանդ Մարգարեան (trumpet, flugelhorn, vocal) եւ Նառա Առաքելեան (piano, keyboard, vocal) ամոլը այցելած են աւելի քան 60 երկիրներ՝ իրենց մենահամերգներով, ինչպես նաեւ մասնակցելով տարբեր միջազգային ճազ փառատօներու եւ որպէս սիմֆոնիսթներ հանդէս գալով երաժշտական տարբեր ոճերու մէջ։ Զոյգը ելոյթներ ունեցած են համաշխարհային մակարդակի կատարողներու հետ, ինչպէս՝ Michel Legrand (Ֆրանսա), Ziad Rahbani (Լիբանան), Fairuz (Լիբանան), Igor Butman (Ռուսիա), Roy Hargrove (Մ. Նահանգներ) Charles Davis (Մ. Նահանգներ), Ramon Flores (Մ. Նահանգներ) Victor Espinola (Փարակուէյ), Roby Lakatos (Հունգարիա) , Ventzislav Blagoev (Պուրկարիա), Roger Wright (Անգիա), Arno Van Nieuwenhuize (Հոլանտա), Arto Tunchboyajian (Մ. Նահանգներ), Adam Rapa (Մ. Նահանգներ), Zaid Nasser (Մ. Նահանգներ), Julia Boutros (Լիբանան), Michel Delakian (Ֆրանսա), Stephane Stefan Patry (Ֆրանսա), Alexander Belov (Ռուսիա), Gustavo Bergalli (Արժանթին), նաեւ՝ Royal Philharmonic Orchestra (Լոնտոն), Imperial Orchestra ( Ռուսիա), Puccini Orchestra (Իտալիա):
«Այս տարի հրաւէրներ ունինք Փեթերսպուրկ քաղաքէն, ֆրանսայէն, Պելճիքայի Կենթ քաղաքէն, եւ հերթականութեամբ պիտի այցելենք», կ’ըսէ Նառա Առաքելեան:
Կոմիտասի 150 ամեակ. “True Gene” « Իրական Գէն» խտասկաւառակ (CD)
«Հայ մեծ երաժիշտներու եւ երգահաններու՝ Սայաթ Նովայի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն դիմելու գաղափարը՝ որպէս հայ երաժշտութեան իսկական էութեան՝ ծիներու բացայայտում, վաղուց գոյութիւն ունէր մեր մտածումներուն մէջ։ Մեզի համար առիթ մը ստեղծուեցաւ 2019-ին, երբ Հայաստան եւ ամբողջ աշխարհը որոշեցին նշել մեծն Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը. մենք որոշեցինք մեր ներդրումը ունենալ այս տօնակատարութեան։ Կոմիտասի 150 ամեակի առթիւ, 13 մարտ 2020-ին, թողարկեցինք «True Gene» խտասկաւառակը եւ այդ ալպոմ-ծրագրով շրջագայեցանք եւ մեծ յաջողութեամբ համերգներ տուինք Արժանթինի, Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու, Մոսկուայի, Տուպայի, Պուխարեսթի, Պուլկարիոյ Սոֆիա, Վարնա, Փլովտիւ քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի բոլոր քաղաքներուն՝ Երեւանի, Գիւմրիի, Վանաձորի, Չարենցաւան եւ այլ քաղաքներու մէջ։ “True Gene” խտասկաւառակը ընդգրկուած է Հայաստանի ռատիոյի «ոսկէ ֆոնտ»ին մէջ։ Ռատիոյով յաճախ կը սփռեն մեր երաժշտութիւնը։ Ծրագրին նպատակն է ունկնդրին հասցնել հայկական ազգային երաժշտութեան ամբողջ մեղեդայնութիւնը, գոյներու եւ երանգներու իւրայատկութիւնը, ստեղծագործական մօտեցումը ժամանակակից ճազային կատարմամբ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Հայաստանի սահմաններէն դուրս», կ’ըսէ Նառա Առաքելեան: «True Gene» խտասկաւառակ ծրագիրը կը ներառէ մեր՝ Երուանդ Մարգարեանի եւ Նառա Առաքելեանի քառեակի հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններու կատարումները, Կոմիտասի չորս եւ Սայաթ Նովայի մէկ ստեղծագործութիւնը։ Սայաթ Նովայի, Կոմիտասի եւ Միշել Լեկրանի երաժշտութիւնը կը հնչէ folk-ի, fusion-ի, funk-ի եւ ճազի ժամանակակից համադրումով, ժամանակակից յանկարծանուագումի (improvisation) տարրերով, այս եզակի ստեղծագործութիւնները թողելով անաղարտ գեղեցկութեան մէջ: True Gene խտասկաւառակի երաժշտութիւնը ամբողջը ես գործիքաւորած եմ նուագախումբի համար», կ’ըսէ Նառա Առաքելեան[1]:
«Con Alma» Band խումբը հիմնուած է 26 նոյեմբերի 2010-ին, Երեւան մէջ, մեր տաղանդաշատ ամոլին կողմէ։ «Խումբին բոլոր անդամները առաջնակարգ երաժիշտներ են Երեւանէն եւ կը նուագեն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող տարբեր ծրագրերու, ինչպէս նաեւ կ’ունենանք հրաշալի համերգներ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ՝ յատուկ հիւրերու մասնակցութեամբ: Մենք կը կատարենք դասական եւ ճազային երաժշտութիւն՝ բոլոր ոճերով, ինչպէս՝ Latin funk, folk-fusion: Կը կատարենք նաեւ մեր սեփական բազմաթիւ ստեղծագործությունները»։ 2016-ին, «Con Alma» ճանչցուած է Հայաստանի լաւագոյն նուագախումբը։ Խումբի անուանումը կատարուած է Dizzy Gillespie-ի ամենէն հանճարեղ ստեղծագործութիւններէն մէկու անունով, որ սպաներէնէ թարգմանաբար կը նշանակէ «ամբողջ ոգիով»։ Այս խօսքը կը հանդիսանայ անոնց յստակ նշանաբանը: Տարբեր համերգներու ծրագրերուն կը հրաւիրենք յատուկ հիւրեր՝ տարբեր երաժիշտներ։ Երբ հրաւէրներ ըլլան, մենք կ’երթանք քանի մը օրով ու կը վերադառնանք», կը յայտնէ դաշնակահարուհի Նառա:
Ինքնակենսագրութիւնները մայէսթրօ Երուանդ Մարգարեանի եւ դաշնակահարուհի, երգահան Նառա Առաքելեանի տե՛ս կցուած այս յղումով
https://drive.google.com/file/d/1MGJp-RlLxu-AOMsDkhcBYuHC99jyq952/view?usp=sharing
Առ ի տեղեկութիւն
– Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ձեռնարկին, Կիրակի, 23 Ապրիլ, 2023-ին, ներկայ էր Հ.Հ. դեսպան Պրն. Կարեն Գրիգորեան: Ձեռնարկի օրուայ զրուցավարը Պրն. Ժիրայր Հապիպեանն էր, իսկ բանախօսը Տիկ. Թաուասիֆ Պընթ Հումայտ Պըն Մուքպիլ Ալ Ինզի, որ հանդիսատեսին ներկայացուց իր ուսումնասիրութիւնները՝ Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ: Աշխատանք, որուն հիմնական խթանը եղած է հայ-արաբական բարեկամութիւնը եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրականութեան բացակայութիւնը:
– Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի ձեռնարկին, Կիրակի 29 Ապրիլ 2024-ին, ներկայ էին Հ․Հ․ դեսպան Պրն․ Կարէն Գրիգորեան, Հ․Հ․ գլխաւոր Հիւպատոս Պրն․ Արտակ Յովհաննէսեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն: Օրուան զրուցավարն էր Տիկ․ Քրիստինէ Թոսունեան, դասախօսը Դոկտ․ Վահէ Թաշճեան, որ ներկայացուց «Յուշամատեան» ծրագիրը, հայերու հաւաքական յիշատակներու հաւաքածոն, ուր մասնագիտական յօդուածներուն կողքին, հիմնական աղբիւրներէն մինն է աշխարհի տարածքով ընտանեկան շառաւիղներու մասնակցութիւնը՝ լուսանկարներով, վաւերաթուղթերով, եւ զանազան այլ միջոցներով: Դոկտ․ Վահէ Թաշճեան շեշտեց նմանօրինակ հետազօտական գործերու կարեւորութեան այսօրուան դրութեամբ, անդրադառնալով թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը նկատուի Թուրքիոյ կողմէ կատարուած ինքնասպանութիւն՝ որ ոչնչացուցած է դարերու մշակութային զանգուած մը։ Ան նաեւ շեշտեց թէ այսօրուան հրամայականն է Հայոց հարցը ներկայացնել պատմագիտական վաւերացուած մօտեցումով որպէս պատասխան ցեղասպանութիւնը հերքող Թուրքիոյ քաղքականութեան
– Yervand Margaryan & Nara Arakelyan քառեակի True Gene” « Իրական Գէն» խտասկավառակ (CD) մանրամասնութիւններ տե՛ս կցուած այս յղումովԿոմիտասի 150 ամեակ.True Gene « Իրական Գէն» խտասկավառակ (CD).pdf
– “Con Alma” band founded on November 2010 by trumpeter Yervand Margaryan and pianist,vocalist Narine Arakelyan. +374 93 821364 [email protected]
-Film Music Composer at سعاد بشناق Suad Bushnaq
[1] https://www.discogs.com/release/18152278-Yervand-Margaryan-Nara-Arakelyan-Group-True-Gene?srsltid=AfmBOooddISle_0YCdMH1fZFAiqLjOE_V5kcYpwQFZSy6JFZz-4ICigR Yervand Margaryan & Nara Arakelyan Group – True Gene
Հիանալի կենսագրական: