Վերջին տարիներու Պուրճ Համուտի աննախընթաց հայաթափումը լրջօրէն կը մտահոգէ համայն հայութիւնը: Օրէ օր այս հայահոծ շրջանը կը գտնուի իր հայկական դիմագիծը կորսնցնելու եզրին: Հայուն ճակատագրուած է ըլլալ գաղթական, սակայն ուր որ գտնուած է, ան արագօրէն ընտելացած է շրջապատին ու նպաստած շրջանի բարգաւաճումին: Շատեր տակաւին կը յիշեն, թէ ինչպէ՞ս տարագրեալ հայերը հաստատուեցան Պուրճ Համուտ եւ զարգացուցին զայն ժամանակի ընթացքին: Անոնց հետ այսօր կը բաժնենք ապրուած օրեր ու յիշատակներ պուրճհամուտցիի կենցաղին մասին՝ անդրադառնալով այդ շրջանին մէջ տեղի ունեցած շատերու անծանօթ կարգ մը իրողութիւններու: Վաւերական պատկեր մը տալու համար, անհրաժեշտ էր դիմել Պուրճ Համուտի հին օրերը ապրած տարեցներուն եւ տեղեկութիւններ հաւաքել անոնցմէ: Անոնք կը վկայեն թէ Պուրճ Համուտի նախկին կեանքը որքա՛ն եղած է հետաքրքրական ու լեցուն խանդավառ մթնոլորտով:
Ջարդէն ճողոպրած հայորդիներուն մեծ մասը նախ կը տեղաւորուի Պէյրութի նաւահանգիստին մօտ գտնուող գաղթակայանները, ընդհանրապէս վրաններու տակ՝ նախքան անոնց տարածուիլը այլ շրջաններ, ինչպէս՝ Էշրեֆիէ, Խալիլ Պատաուի, Հաճըն եւ այլն, իսկ մեծագոյն զանգուածը կ’ուղղուի դէպի Պուրճ Համուտ, որ նախապէս հսկայ կանաչ տարածութիւն մըն էր։ Ապա հոն կը կազմուին հայկական թաղամասեր, որոնք կը ստանան Կիլիկիոյ հայկական շրջաններու անուններ. Մարաշ, Ատանա, Սիս, Թոմարզա, Ամանոս եւ այլն:

Հայութեան առաջին գործը կ’ըլլայ բնակարանին կողքին, կառուցել եկեղեցի ու դպրոց. շատ մը թաղերու մէջ, մեր ժողովուրդը իր ձեռքերով կը շինէ զանոնք: Կը պատմուի, որ 50-ական թուականներուն Թրատ թաղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցուոյ մէջ հրաշք մը պատահած է: Խորանին մէջ երեւցած է լոյս մը, որ մնացած է անմար երկար ժամանակ: Հաւատացեալ ժողովուրդը խուռներամ ուղղուած է հոն ականատես ըլլալու այդ հրաշքին:
Ինչ կը վերաբերի Պուրճ Համուտի ճարտարապետութեան եւ շէնքերու կառուցման, Պուրճ Համուտի մէջ բնակութիւն հաստատած հայերը նախ ապրած են վրաններու տակ, ապա ընդհանրապէս թիթեղաշէն եւ տախտակաշէն տուներու մէջ: Իսկ արդի քարէ շէնքերու ընդհանուր կառուցումը սկսած է 1950-ական թուականներուն, ընդհանրապէս միայարկանի եւ երկյարկանի:
Աւելի ուշ սկսած է թաղերուն ասֆալթապատումը է, մինչ նախապէս միայն Արմենիա պողոտան (նախապէս ճանչցուած Թրիփոլի պողոտայ անունով) ծածկուած էր ասֆալթով, ուրկէ կ’անցնէին հանրակառքեր (tramway): Ասոնցմէ անկախ կային նաեւ Նահր-Պուրճ աշխատող փոխադրակառքեր (autobus), որոնց վարորդներուն մեծամասնութիւնը հայեր էին:

Կը պատմուի, որ սկզբնական շրջանին Պուրճ Համուտի կոյուղիները բաց եղած են եւ այդ պատճառով կը տարածուի մալարիան, որուն հետեւանքով կը մահանան շատեր: Ճիշդ այդ օրերուն հերոսական փրկութիւն կատարած է շատերուն անծանօթ Յովհաննէս Գազէզեանը, որ ծանօթ էր Յովհաննէս Հոճա անունով: Ան Կիլիկիոյ մէջ ուսանած եւ գիտական նիւթերու ուսուցիչ էր: Ի տես մալարիայի տարածումին, անձնական միջոցներով կը շինէ յատուկ գործիք մը, որ DDT դեղը կը սրսկէ: Այսպիսով միանգամընդմիշտ առաջքը կ’առնուի այդ սարսափելի համաճարակին: Իր այս փրկարար աշխատանքին համար Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Հանրային Առողջապահութեան մասնաճիւղը (AUB Public Health Department) զինք կը պատուէ շքանշանով մը:
Յովհաննէս Գազէզեանը նաեւ շինած է Պուրճ Համուտի առաջին հանրային բաղնիքը, որովհետեւ այդ օրերուն տուներուն մէջ բաղնիք ունենալը միայն մեծահարուստներուն մատչելի էր:
Տարեցները կը պատմեն, որ թաղերուն մէջ կը դառնային շրջուն վաճառորդներ, որոնք իրենց յատուկ կանչերով կը հրաւիրէին ժողովուրրդը դուրս գալու եւ գնելու իրենց ծախած առարկաներն ու ուտելիքները: Իսկ այր մարդիկ կը հաւաքուէին տուներու դռան սեմին եւ նարտ կը խաղային, իսկ կիներ զիրար այցելելով ընդհանրապէս տոհմիկ ձեռագործով եւ հիւսքով կը զբաղէին, տաղանդաւոր աղջիկներ՝ իրենց օժիտը կը պատրաստէին, մինչ ապահով թաղամասերուն մէջ, ուր ինքնաշարժի թեթեւ եռուզեռ կար, երեխաներ կը տարուէին տեսակաւոր մանկական խաղերով ինչպէս՝ պարան ցատկել, հինգ քար, պահուըտուք, գնդակ եւ գնդիկ խաղալ եւ այլն։
1960-ականներէն սկսեալ Պուրճ Համուտի մէջ կը բացուին սինեմաներ, ինչպէս՝ Գերմանիկ, Սեւան, Քնար, Արաքս եւ այլն, որոնք հետագային կը դառնան հայրենակցական կամ վաճառականական կեդրոններ:
Գիշերները եռուզեռ կար Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ, ուր ընտանիքներ զիրար կ’այցելէին եւ շատ յաճախ ընտանիքի «սոխակները» իրենց ձայները ձգելով կը ճոխացնէին մթնոլորտը: Իսկ ամառնային գիշերները ունէին յատուկ երանգ մը. բնակարաններու տանիքները ընդհանրապէս որթատունկերով ծածկուած էին, որուն տակը կը գտնուէին փայտէ նստարաններ (սէտիր) ուր տնեցիները հաւաքուելով կ’անցընէին ընտանեկան մտերմիկ ժամանակ մը:
Ամէն շաբաթավերջ հայկական հարսանիքներու շարքը կը խանդավառէր ժողովուրդը. պսակուող զոյգերն ու հարսնեւորները հետիոտն կ’անցնէին ճամբաներէն:
Նոր Մարաշ թաղին մէջ շուտով կը բացուին կօշիկի աշխատանոցներ: Կօշիկի ճարտարարուեստը բաւական կը բարգաւաճի ու առաջնակարգ դիրք կը գրաւէ ամբողջ Լիբանանի մէջ։ Պուրճ Համուտի մէջ մեծ համբաւի կը տիրանան նաեւ ոսկերչութիւնը, դերձակութիւնը, ատաղձագործութիւնը եւ այլն, որոնք իրենց կապը կը պահեն Պէյրութի այլ շուկաներուն հետ, ինչպէս՝ Սուք Սորսոք, Սուք Թաուիլ, Սուք Էլ Նաժժարին եւ Սուք էլ Սայյաղին: Նոր Մարաշ թաղին մէջ, սինեմա Ռոյալի մօտ կը բացուի ճերմակեղէնի յատուկ՝ Ապրոյեան հռչակաւոր գործարանը:
Այս գործերը տարուէ տարի կը զարգացան եւ 60-ական թուականներէն սկսեալ բարեկեցիկ հայորդիներ կը սկսին փոխադրուիլ այլ ուղղութեամբ՝ Զալքա, Ժէլ էլ Տիպ, Անթիլիաս, Նաքքաշ եւ Տըպպայէ։ 60-ական եւ 70-ական թուականներու Լիբանանահայ զարթօնքի շրջանին կը յաջորդէ արտագաղթը լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով՝ 1975-էն սկեալ:
Այդ օրերէն սկսեալ հայերու արտահոսքը կը շարունակուի (երբեմն դէպի Հայաստան՝ բարեբախտաբար) եւ դանդաղօրէն Պուրճ Համուտ կը կորսնցնէ իր հայկական դիմագիծը:
Կարելի՞ է զայն փրկել…սպասենք ու կը տեսնենք:
Պուրճ Համմուտը փրկելու համար ուշացած ենք արդէն:
–Պուրճ Համմուտի մէջ որեւէ ատեն թիթեղաշէն տուն չկառուցուեցաւ, չհաշուած հատուկենտ բացառութիւնները, առաջին մէկ օրէն տուները քարաշէն էին. գրեթէ բոլորն ալ միայարկ: Երկյարկ տուները մատի վրայ կը համրուէին: Այս շինարարութիւնը սկսաւ երեսուանականներու սկիզբը:
–Հիւսուածեղէնի՝ գուլպայ, ներքնաշապիկ, շապկընկեր եւ նմաններու զոյգ հսկայ գործարաններ գոյութիւն ունէին Հաճնոյ դաշտին կից, գետեզերքին. ներկայ կամուրջին ճիշդ քովը: Ասոնք հաստատուած էին 40-ականներէն սկսեալ. կը կրէին Ապրոյեանի եւ Ծովիկեանի անունները:
–Յիշեալ արհեստանոցները՝ կօշկակար, ատաղձագործ, դերձակ, երկաթագործ, պայտար… բացուիլ սկսան առաջին մէկ օրէն, ուր հայեր հաստատուեցան Պուրճ Համմուտի մէջ եւ անոր բոլոր թաղերուն մէջ, ոչ միայն Մարաշի:
–Առաջին սինեման Արաքս-ն էր, որ 50-ականներուն սկիզբը գոյութիւն ունէր. անոր բեմը իբրեւ թատրոն ալ կը ծառայէր հատուկենտ ներկայացումներուն: Հոս տեղի կ’ունենային նաեւ դպրոցական ամավերջի հանդէսներէն ոմանք: Յետոյ յաջորդաբար բացուեցան սինեմաներ Քնարը, Սեւանը, Գերմանիկը եւ քանի մը ուրիշներ:
–Պուրճ Համմուտի կայացումին եւ եթէ կարլի է ըսել բարգավաճումին մէջ շատ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է հայր Պօղոս Արիսը, որ հայախօս վարդապետ մըն էր եւ եղած է առաջին քաղաքապետը: Աստուած հոգին լուսաւորէ. ամէն հայ բան մը պարտական է իրեն:
– Այս յօդուածին նպատակը գեղեցիկ յուշեր ներկայացնելն է եւ ոչ թէ Պուրճ Համուտի փրկութիւնը։
– Ընտանեկան արխիւներէն լուսապատճէններով փաստեր կան թէ կային որոշ թիւով թիթեղաշէն տուներ։ Գրուած է նաեւ թէ ընդհանրապէս միայարկանի էին շէնքերը, հետեւաբար անտեղի է կրկնութիւնը։
– Պուրճ Համուտի մէջ մեծ համբաւի կը տիրանան նաեւ ոսկերչութիւնը, դերձակութիւնը, ատաղձագործութիւնը եւ այլն, որոնք իրենց կապը կը պահեն Պէյրութի այլ շուկաներուն հետ, ինչպէս՝ Սուք Սորսոք, Սուք Թաուիլ, Սուք Էլ Նաժժարին եւ Սուք էլ Սայյաղին: Այս պարբերութիւնը աւելի ուշադրութեամբ պէտք է կարդալ ուր նշուած է յստակօրէն թէ Պուրճ Համուտ գրուած է եւ ոչ Մարաշ։
– Սինեմաներու անունները ժամանակագրական շարքով գրուած չեն այլ պարզապէս յիշուած են կարգ մը անուններ։
– Պօղոս Արիս եւ ուրիշ բազմաթիւ յիշատակելի եւ բազմավաստակ անձեր պէտք է յիշուին, սակայն այս յօդուածին հիմնական նպատակը յուշեր ներկայացնել եւ շուքի տակ մնացած հերոս մը յիշատակել է։