Իսկենտէր Ռիաշի եղած է այն առաջիններէն, որոնք մատնանշած են դրամի դերը ո՛չ միայն ճշդելու երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքը, այլեւ կանխորոշելու ամբողջ պետութիւններու ճակատագիրը։ Ռիաշիի պատմածին կարեւորութիւնը կը կայանայ իր «խոստովանութիւններու»ն մէջ, երբ ան կ’աշխատէր Ֆրանսայի հաշւոյն՝ գետնի վրայ համակիրներ ապահովելու ի նպաստ ֆրանսական հոգատարութեան (մանտային)՝ զայն մերժող շրջաններու, մասնաւորաբար՝ Պէքաայի, Թրիփոլիի, Պէյրութի եւ Հարաւի մէջ: «Գանձեցինք, վճարեցինք եւ ապատայներ» «قبضنا وقبَّضنا وقبضايات» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ, ան կ’ըսէ. «Ֆրանսական յանձնաժողովի քաղաքական քարտուղար եւ հինգուկէս միլիոն սթերլինի գանձապահը կ’ըսէր, որ ատիկա աշխարհի բարձրագոյն վճարումի մրցանիշն էր…Այսպէս, Ֆրանսական հոգատարութեան (մանտային) ի նպաստ կողմնորոշուող մարդոց ստորագրութիւնները շատ սուղ արժեցին»։
1957-ին, Լիբանան կ’ապրէր տագնապ մը, որ որոշ չափով նման էր այսօրուան ճգնաժամին։ Կամալ Ապտէլ Նասըրի ազդեցութիւնը կ’աճէր արաբական աշխարհին մէջ, եւ Պաղ պատերազմը, «Պաղտատի ուխտ»ը եւ մրցակցութիւնը խորհրդային ու ամերիկեան բեւեռներուն միջեւ հասած էին իրենց ամենաբուռն հանգրուանին: Ուիլպըր Քրէյն Էվլանտ իր «Աւազէ պարաններ. Ամերիկայի ձախողութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ» գիրքին մէջ կը պատմէ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ, որոնցմէ մեզ կը հետաքրքրէ այդ շրջանի օրուան նիւթը՝ «երեսփոխանական ընտրութիւնները»:
1957-ի ընտրութիւնները, ըստ Էվլանտի, կարեւոր էին ամերիկացիներուն համար, որովհետեւ անոնք կ’ուզէին ձախողցնել «Այզընհաուըրի սկզբունք»ին հակադրուողները եւ իշխանութեան հասցնել իրենց արտաքին քաղաքականութեան կողմնակիցները: Թէեւ Քամիլ Շամուն մտավախութիւն կ’արտայայտէր ընդդիմադիր կարեւոր դէմքեր տապալելու ընտրանքին հանդէպ, բայց Էվլանտ կ’ըսէ, որ իրենք՝ ամերիկացիները, մեծ գումար յատկացուցած էին այս նպատակին հասնելու համար եւ խորհրդակցական հանդիպումներ ունեցած էին ու որոշած իրենց թեկնածուներուն անունները, որոնց կարգին էր Շարլ Մալէք, որպէս թեկնածու՝ յոյն ուղղափառ աթոռին (Քուրայի շրջանը ունէր մէկ աթոռ, իսկ այժմ՝ երեք): Եւ կ’ապահովուէր թեկնածուներուն յաղթանակը երաշխաւորող անհրաժեշտ գումարը։ Շարլ Մալէք մեծ տարբերութեամբ կը յաջողէր Քուրայի մէջ. Էվլանտ կը հաստատէ, որ անոնք Շարլ Մալէքին վճարած են 75,000 լիբանանեան ոսկի իբրեւ ընտրական ծախս, եւ 75,000 ոսկի անոր մրցակից թեկնածուին՝ Ֆուատ Ղըսնին՝ յետս կոչելու իր թեկնածութիւնը։ «Մենք ծախսեցինք 150,000 լիբանանեան ոսկի՝ Քուրայի մէջ ուղղափառ աթոռը գնելու համար», կ’ըսէ Էվլանտ, եւ այս գումարն այսօր համարժէք է մօտ 1,2 միլիոն տոլարի:
«الدولية للمعلومات» հետազօտական ամսաթերթին կատարած, ուսումնասիրութիւններուն եւ բացայայտումներուն համաձայն, շարք մը ընտրաշրջաններու մէջ, ուր սուր մրցակցութիւն եղած է, ինչպէս 2009-ին Քուրայի եւ Զահլէի մէջ, ի յայտ եկած են հետեւեալները.
■ Քուրա
– Իշխանամէտ եւ Մարտ 14-ի ուժերու պիւտճէն կը գնահատուէր շուրջ 12-էն 15 միլիոն ամերիկեան տոլար։
– Ընդդիմադիր եւ Մարտ 8-ի ուժերու պիւտճէն՝ 1,7 միլիոն տոլար։
■ Զահլէ
– Իշխանամէտ եւ Մարտ 14-ի ուժերու պիւտճէն կը գնահատուէր մօտ 40-50 միլիոն ամերիկեան տոլար։
– Ընդդիմադիր եւ Մարտի 8-ի ուժերու պիւտճէն՝ շուրջ 10-էն 15 միլիոն տոլար։
Այսպիսով, ի յայտ կու գայ որ երկու տաք ընտրաշրջաններու մէջ յատկացուած է շուրջ 65-էն 80 միլիոն տոլար կամ ամբողջ Լիբանանի համար սահմանուած ընտրական ծախսերու 30%-էն աւելի։ Չկրցանք հաստատել, թէ որքան ծախսուած է միայն ձայներ գնելու համար։ Ո՛չ միջազգային, ոչ ալ տեղական դիտորդները դիտել տուին անոր ազդեցութեան չափը ընտրութեան վրայ։ Տեղին է նշել, որ թէ՛ ընդդիմութիւնը, թէ՛ իշխանամէտները, եւ թէ՛ տեղական ու միջազգային դիտորդները օրին ողջունեցին արդիւնքները եւ բարձր գնահատեցին «անխարդախ ընտրութիւնները»։
2000 թուականի ընտրութիւններուն առիթով կազմակերպուած հարցախոյզի մը մէջ, ընտրողներուն շուրջ 10%-ը (եւ այս մէկը վստահաբար իսկական համեմատութենէն շատ աւելի ցած է) նշած է, որ քուէարկութեան համար ամէնէն կարեւոր գործօնները կը հանդիսանան դրամը, պաշտօն մը ապահովելու յոյսը, շահը կամ النكاية՝ հակընդդէմ վարքագիծը: 2005 թուականի ընտրութիւններուն, 12%-ը նշած է, որ իրենց քուէարկելու ամենակարեւոր դրդապատճառը նիւթական շահն է, պաշտօններն ու հակընդդէմ վրդովմունքը:
2 միլիառ տոլար. 2009 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններու ընտրական ծախսերուն ընդհանուր գումարը
Կ’արժէ ընդգծել, որ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու պատմութեան մէջ արձանագրուած ընտրական մեծագոյն ծախսը կատարուած է 2009 թուականին: Այնտեղ الدولية للمعلومات-ը քաղաքական ուժերուն փոխանցուած գումարները, որոնք հաւանաբար ամբողջութեամբ չեն ծախսուած, կը գնահատէ մօտ 2 միլիառ տոլարով։ Եւ այդ մէկը հիմնուելով ծախսերու զգալի աճին վրայ՝ բաղդատած նախորդ տարիներու ծախսերու համեմատութեան։ Միջազգային դէտեր թերեւս դիտել տան, որ իրենք չունին փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն այդ խախտումներուն եւ կիրարկումներու առկայութիւնը։ Իսկ ի՞նչ խօսք այն գումարներուն մասին, որոնք վճարուած են պետական տարբեր սնտուկներու եւ մարմիններու միջոցաւ, ինչպէս Տեղահանուածներու սնտուկը (صندوق المهجرين, Հարաւի խորհուրդը (مجلس الجنوب) եւ Օգնութեան բարձրագոյն յանձնաժողովը (الهيئة العليا للإغاثة), յատկապէս ընտրութիւններէն առաջ:
Մենք բոլորս կը յիշենք քաղաքացիական պատերազմի զոհերուն կամ «նահատակներուն» պատերէն կախուած նկարները, եւ թէ ինչպէս կողմերն ու զինեալները Լիպիայէն եւ Իրաքէն գումարներ կը ստանային՝ պատերազմի կրակը վառ պահելու համար։ Դրամը ընտրութիւններու եւ պատերազմներու կործանարար ուժն է, մահացու շարժիչը։
Մենք տակաւին չենք գիտեր, թէ ով պիտի ստանձնէ ֆինանսաւորումը, եւ թէ ինչպէս պիտի բաժնուի այդ գումարը 2022 թուականի ընտրութիւններու ընթացքին եւ այդ մէկը պիտի ապահովուի ներսէ՞ն, թէ՞ դուրսէն, թէ՞ երկուքը մէկ։
Հիմնական եզրակացութիւնը կը մնայ այն, որ 1943 թուականէն մինչեւ այսօր, Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն «պատանդներ կ’ընտրեն պատանդներ», դրամի պատանդներ, օգտուողներու եւ վախի պատանդներ, իշխանութեան եւ «դուրս»ին կապուած պատանդներ:
Ընտրական ծախսերու բարձր նշաձողը կը քաջալերէ ընտրակաշառքը եւ ձայներ գնելու երեւոյթը
Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ձայներ գնելու երեւոյթը հին սովորութիւն մըն է, թէեւ արգիլուած է լիբանանեան օրէնքով եւ ոճիր կը նկատուի: Ընտրակաշառքը նուազեցնելու նպատակով, 2009-ին, 2018-ին, եւ ներկայիս՝ 2022-ին, ընտրական օրէնքներով կը նախատեսուի ստեղծումը երեսփոխանական ընտրութիւնները ղեկավարող եւ մասնաւորաբար նիւթական ծախսերը վերահսկող մարմնի մը, որ պայման կը դնէ նախընտրական քարոզարշաւին համար դրամատնային հաշիւի մը բացումը, ուր պահ դրուած գումարները միայն կը ծախսուին ընտրական նպատակներու։ Սակայն բոլորը գիտեն, որ այդ ծախսերուն վերահսկողութիւնը Լիբանանի մէջ դժուար է կամ անկարելի՝ կանխիկ մեծ գումարներու ազատ շրջագայութեան պատճառով, ինչպէս նաեւ օրէնքի նպաստաւորութեամբ, որ ինքնին բարձրացուցած է ընտրական ծախսերու նշաձողը, բան մը՝ որ կը քաջալերէ ձայն գնելը: 2009 թուականի ընտրական օրէնքին թիւ 25/2008 յօդուածին մէջ նշաձողը սահմանուած է հետեւեալ ձեւով. «Թեկնածուին համար 150 միլիոն լիբանանեան ոսկի՝ որպէս մնայուն բաժին, իսկ ընտրաշրջանին մէջ ընտրողներու թիւին հետ կապուած փոփոխական բաժին մը, ուր նկատի կ’առնուի 4 հազար ոսկի իւրաքանչիւր ընտրողի համար» (կային 26 ընտրական տարածքներ եւ ընտրողներուն թիւը քիչ էր)։ 2018 թուականի ընտրական օրէնքին թիւ 44/2017 յօդուածին մէջ, նշաձողը սահմանուած էր 150 միլիոն ոսկի՝ իւրաքանչիւր թեկնածուի, 150 միլիոն լիբանանեան ոսկի՝ ցուցակի մը մաս կազմող իւրաքանչիւր թեկնածուի եւ 5000 ոսկի մեծ ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուած իւրաքանչիւր ընտրողի համար: (Ծախսերու նշաձողը բարձրացած է, որովհետեւ 15 շրջաններէն իւրաքանչիւրին մէջ ընտրողներու թիւը չափազանց մեծ դարձած էր): Ընտրաշրջաններու մէջ թեկնածուներու եւ ընտրողներու թիւին հետ կապուած ընդհանուր ծախսերը հասած են մօտ 879 միլիոն տոլարի: 2022 թուականի ընտրութիւններուն մէջ նախորդ օրէնքը փոփոխութեան ենթարկուած է օրինականօրէն ի զօրու 11 Մարտ 2021-ի թիւ 8 օրէնքով, եւ ծախսերու նշաձողը բարձրացած է մինչեւ 750 միլիոն լիբանանեան ոսկի՝ իւրաքանչիւր թեկնածուի, 750 միլիոն ոսկի՝ ցուցակի մը մաս կազմող իւրաքանչիւր թեկնածուի եւ 50,000 լիբանանեան ոսկի՝ մեծ ընտրաշրջանի մէջ արձանագրուած իւրաքանչիւր ընտրողի համար: Ընտրական «կանոնակարգուած» մեծ ծախսերը կը քաջալերեն ձայներ գնելը. 15 ընտրաշրջաններու պարագային իւրաքանչիւր թեկնածուի համար հասանելի ծախսերու նշաձող մը դրուած է, օրինակ՝ Պէյրութ-1 ընտրաշրջան՝ 8,244 միլիառ լիբանանեան ոսկի, Պէյրութ-2 ընտրաշրջան՝ 20,051 միլիառ լիբանանեան ոսկի, Մեթն՝ 10,678 միլիառ լիբանանեան ոսկի, Զահլէ՝ 10,686 միլիառ լիբանանեան ոսկի եւն.: Մնայուն ծախսերու նշաձողը աճած է 400%-ով, իսկ փոփոխական ծախսերու նշաձողը՝ 900%-ով:
Ժաուատ Նատիմ Ատրա
Ալ Ախպար օրաթերթ, «Քաուս» յաւելուած, 19 Փետրուար, 2022
Արաբերէնէ թարգմանեց՝ Քէ