Հալէպի հայ դրացիներով բնակելի հինումաշ բակերուն մէջ ծնունդ առած սիրոյ կայծն ու սէրն է, որ այս անգամ նիւթ կը դառնայ Գէորգ Պետիկեանի նոր ստեղծագործութեան: Ի տարբերութիւն իր նախորդ տասնեակ հատորներուն, Պետիկեան կը գրէ սիրավէպ մը, ուր վաթսունական տարիներուն ապրող Հայկին ու Շուշանիկին պատանեկան սիրոյ բոցկլտող տարփանքն ու անմեղունակ զգացումները կը թակեն յաւերժութեան դուռը՝ գեղեցիկ բառերու եւ պատկերներու ընդմէջէն: «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» կը վերակենդանացնէ այն օրերը, երբ ամօթխածութիւնն ու դաստիարակութիւնը գերիշխող էին աւանդական հայ ընտանիքի զուսպ կենցաղին մէջ:
«Հաստատապէս իր տաք պատանութեան մրրիկներէն ծնունդ առած գաղափար մըն էր։ Շուշանիկին կամ, աւելի ճիշդ, Շուշանին ձայնը վայրկեանապէս զինք տարբեր մտածումներու առաջնորդած էր»։
Պետիկեանի «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» սիրավէպը իր մէջ կը կրէ երազներու այն մեծ աշխարհը, ուր սիրոյ բնատուր խաղերը կ’ապրին փոքրիկներու հետաքրքիր աչքերուն մէջ:
«Յանկարծ եւ ինքնածին, լոյսի արագութեամբ միտք մը ծագած էր իր մէջ՝ բաղնիքի դռան ծակէն ներս նայիլ։ Հակառակ իր հոգիի ճերմակութեան, իր կիրքերուն նժոյգները ըմբոստացած էին, անկասկած եւ հաստատ»։
«Գէորգ Պետիկեան նաեւ հոգեբան է»,- կը հաւաստագրէ գիրքին խմբագիրը՝ պատմաբան գրող Գէորգ Եազըճեան:
Հոգեկան աշխարհի ծալքերը պրպտող միտքն է Գէորգ Պետիկեան, եւ ան մեծ վարպետութեամբ իր գրիչով հիւսած է Հայկին ու Շուշանիկին տուայտանքներով լեցուն սիրավէպը:
Սէ՞րն է, թէ՞ կիրքը:
«Հայկ այդ վայրկեանին ինքզինք հերոս մը նկատած էր, որովհետեւ վերջապէս պիտի վայելէր աներեւակայելին։ Որովհետեւ վերջապէս իր կիրքը, այդ նորաստեղծ ու նորակազմ կիրքը յանկարծակի բռնկած էր։ Ան զինք դէպի նոր ու երանելի աշխարհներ տանող «բան» մըն էր։ Այսպէս տրամաբանած էր իր միտքը, իր եռացող արեան հոսքին հետ»։
«Երկչոտ եւ կակազոտ լեզուն։ Սրտի տրոփումը։ Անոր նոր արթնցող կիրքին մէջ կը փոխակերպուէր սէրը»։
Իր մտքին ու հոգիին գրիչով Պետիկեան վարպետութեամբ պատկերած է իր հերոսներուն նորափթիթ սիրային կեանքի առաջին համբոյրը, զգացումները, երկչոտութիւնը, Հայկին վարանումը, ալեկոծումները, պատանութեան մրրիկները, Շուշանիկին համարձակ, անվարան ու ծրագրուած քայլերուն մանրամասնութիւնները: Այս բոլորը կարծէք կը վերածուին ֆիլմաշարի մը, զոր ընթերցողը Պետիկեանի յանդուգն գրիչին խաղերով կը դիտէ ու կը դառնայ անհամբեր՝ իմանալու, թէ ի՛նչ հորիզոններ կը սպասեն Հայկի եւ Շուշանիկի զարգացող սիրոյն: Թէեւ Հայկին եւ Շուշանիկին կեանքերը կը շարունակուին՝ իւրաքանչիւրն իր տարբեր հորիզոնով, սակայն առաջին սիրոյ այդ կեանքը իր անքակտելի իմաստը ունեցած է։
Հայկն ու Շուշանիկը բաժնող փոթորկալից կեանքը Պետիկեան ներկայացուցած է իր յայտնի ճկուն գրիչով՝ այնպէս, թէ պատահածները մանրազնին կերպով խոշորացոյցի տակ զետեղուած ըլլային, իսկ անոնց հոգեկան ապրումներու հզօր պահերը, ֆիլմ դիտող-ընթերցողին համար կը վերածուին ներգործող զգացումներու, ուր բոլորը կ’ապրին սիրահարներուն խռովքը: Արդէն բժշկութիւն աւարտած Հայկ իր Հալէպ վերադարձին կը փնտռէ այն բակը, ուր իր տղայական օրերուն առաջին սիրոյ համբոյրն ու անքուն գիշերներները զինք ալեկոծած էին, եւ տակաւին կը փնտռէ անվերադարձ անցեալի երազը, թէեւ գիտէ որ Շուշանիկ ամուսնացած է:
«Ո՛չ գիրկընդխառնում եւ ո՛չ ձեռքսեղմում։ Միայն աչքերու երկար հանդիպում եւ սիրտերու տրոփումներու արագացում։ Ա՛յդչափ։ Քանի մը վայրկեան ետք զոյգը մտաւ ճաշարան։ Մոռցուած կամ անտեսուած կարծուած նախկին սիրոյ մը աղբիւրի նոր ծորակն էր, որ պիտի բացուէր թերեւս։ Ո՞վ գիտէ։
Այդ աղբիւրէն վազող կաթիլները, հոսանքի վերածուելով, անկասկած պիտի դառնային երկուքին սիրտերէն վազող հին ու նոր յուշերու մոռցուած կարծուած անձայն եւ անաղմուկ պատմական ջրվէժ»:
«Շուշան անիրական էակ մը դարձած էր։ Ամուսնոյն մահէն ետք, կեանքի հրապոյրներէն բոլորովին հեռու եւ քաշուած կ՚ապրէր։ Ո չ ժողովներու կ’երթար եւ ոչ ալ իր բարեկամուհիներուն այցելութիւններ կու տար։ Կղզիացած կեանք մը, որ սկսած էր մաշիլ տան մը չորս պատերէն ներս»։
«Շուշանին յիշողութիւնը երկար ատենէ ի վեր անկէ հեռացած էր ու միայն հետք մը ձգած։ Սակայն Հայկին ներկայացուցած հրաւէրին դիմաց, սիրտը նոր քաղցրութեամբ եւ թարմութեամբ սկսած էր տրոփել։ Այրող հարց մըն էր այս։ Նոր յոյսին բացուող առաջարկ»:
Քիչերն են, որ կը հաւատան երազներու եւ կը յանդգնին հետապնդելու անոնց իրագործումը։ Այս իմաստով, Գէորգ Պետիկեանի սիրավէպին մէջ՝ ճակատագրի եւ երազներու բախումին լարուածութեամբ գրուած, Շուշանիկին եւ Հայկին երազները կ’իրականանային։ Մեծ բակին դեռատի փոքրիկ աղջիկը ունեցած էր Հայկին հետ ընտանիք կազմելու յաւակնոտ երազը… եւ այդ երազը, ճակատագրին մէկ խաղով, կը դառնար իրական….
«Շուշան չէր մոռցած իրենց սենեակէն ներս, իր ծնողքի աչքերէն հեռու ու գաղտնի իրեն «դաս սորվեցնելու պատրուակով» կանչուած դրացի տղան, իր կարմիր այտերէն համբոյրներ գողցող սիրահարը, փոքր հրապարակի ծառերու ստուերներուն տակ հնչուն ծիծաղով զինք երջանակացնող Հայկը»։
«Ամուսնանալ Հայկի հետ։ Միանալ անոր կեանքին։ Ահա իր պատանութեան, հիմա, հասուն տարիքին վերակենդանացած երազը»:
«Հայկի երազը յաղթած էր»:
Երազներու յաղթական երթ սիրավէպի ընթերցողներուն:
Շաքէ Մանկասարեան
Ծանօթագրութիւն: Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» անունով 141 էջէ բաղկացած գիրքը, հրատարակուած է 2024-ին, KASL printing & graphics, Pasadena, California: Կողքի Մտայղացում-Ձեւաւորում` Վիգէն Շառոյեան: