Տիգրան Թերզեան արժանացած է հալէպահայութեան եւ այլ համայնքներու յարգանքին՝ իր յիսունամեայ բեղուն գործունէութեան համար։ Ան եղած է Հալէպի հայկական վարժարաններու հանդէսներու, հայ եւ տեղացի համայնքներու նշանախօսութեանց, պսակի, հարսանեկան խրախճանքներու եւ մարզական խաղերու փնտռուած լուսանկարիչը:
Արմատներով արաբկիրցի, Տիգրան Թերզեան ծնած է Հալէպ, 7 դեկտեմբեր 1952-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանէն (տղոց բաժին), ապա միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը շարունակած Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ, զոր աւարտած է 1970-1971 տարեշրջանին: Փոքր տարիքէն գծագրութիւնը եղած է իր նախասիրութիւններէն մէկը: Ճեմարանի միջնակարգ դասարանի աշակերտ Տիգրան 1966-1967 տարեշրջանին կը մասնակցի ճեմարանի կազմակերպած ուսանողական ցուցահանդէսներուն՝ սեւ-ճերմակ գծագրութիւններով, իսկ յաջորդ տարի՝ 1968-ին, իր երկրորդական ուսման 10-րդ դասարանին՝ կը մասնակցի իւղաներկերու ցուցահանդէսին:
Գծել սիրող երիտասարդ Տիգրանի համար, այդ ժամանակներու առօրեան ու միջավայրը նպաստաւոր պայմաններ ստեղծեցին՝ դրոշմելով անսպասելի ճամբու մը սկիզբը, որ տարիներու ընթացքին զինք պիտի առաջնորդէր դէպի լուսանկարչութեան ասպարէզը։ Տիգրանին համար լուսանկարելը կը դառնայ սիրելի ասպարէզ, եւ այդ տարիներուն, սեւ-ճերմակ լուսանկարներու հմտութիւնը ձեռք կը բերէ իր մօրեղբօր Չմշկածագցի-Խարբերդցի Գաբրիէլ Պօղիկեանին քով, որ Հալէպի յայտնի Photo Venus լուսանկարչատան սեփականատէրն էր: Տիգրան կը շարունակէ զարգացնել արհեստը եւ չորս տարի կ’աշխատի Syria Colour սթիւտիոյին մէջ իտալացի մասնագէտ Ֆրանչսեքոյի հետ, որ իրեն կը սորվեցնէ գունաւոր լուսանկարներու տպագրութեան թէքնիքը: Տիգրան կը պատմէ,- «1979-ին, Մկրտիչ Մինասեանի հետ ընկերովի հիմնեցինք Taj Colour սթիւտիոն եւ մնացինք միասին մինչեւ 1984, երբ ես նոյն տարին յանձն առնելով սթիւտիոն դարձայ սեփականատէրը եւ լուսանկարչատան անունը դարձաւ DIKRAN Taj Colour»:
Իր ասպարէզին բերումով, Տիգրան աշխատակցած է Սուրիոյ մէջ յայտնի 50 լուսանկարիչներու հետ: Նշենք անոնցմէ ֆոթօ Արշօ եւ Ֆոթօ Հայկ լուսանկարչատուները: 1990-ին, Տիգրան կը ճամբորդէ Ճափոն եւ հոն կը մասնակցի թուայնացած տպագրութեան Digital Colour Printing դասընթացքի ու կը ստանայ նշեալ մասնագիտութեան ճափոնական հաստատագիր-վկայականը:
Սիւլէյմանի շրջանի իր հիմնական լուսանկարչատունէն բացի Տիգրան, կը հիմնէ իր երկրորդ մասնաճիւղը, Հալէպի «Մուհաֆազա» կոչուող շրջանին մէջ, եւ զայն կը նուիրէ իր անդրանիկ որդիին՝ Մինասին, իսկ հիմնական Սիւլէյմանի շրջանի DIKRAN Taj Colour լուսանկարչատան գործունէութիւնը կը ստանձնէ իր երկրորդ որդին՝ Արան: Տիգրան կը պատմէ,- «Այսօր DIKRAN Taj Colour թուայնացած արդիական վեց քամերաներով եւ drone-ով կը նկարահանէ հարսանեկան եւ այլ խրախճանքներ»:
Սուրիոյ հայ համայնքին իր ներդումի մասին, Տիգրան կը պատմէ.- «Ֆոթօ Հայկէն ետք, գրեթէ ամէն օր մօտ մէկ տարի Բերիոյ թեմի օրուան նախկին առաջնորդ հոգելոյս Սուրէն արք. Գաթարոյեանի հետ կը մեկնէի Տէր Զօր Նահատակաց Յուշահամալիրի կառուցման աշխատանքները տեսագրելու եւ լուսանկարելու»:
Տէր Զօրի Նահատակաց Յուշահամալիրին եւ Մարկատէի անապատին մէջ նահատակներու աճիւններուն վրայ կառուցուած Սուրբ Յարութիւն մատռան մանրամասնութիւններուն անդրադարձը տե՛ս սոյն յօդուածի ծանօթագրութեան բաժնին մէջ :
Տիգրան ամուսնացած է Արաքսի Հեճինեանի հետ եւ բախատաւորուած են երկու որդիներով: Տիգրան ուրախ է, որ այսօր իր որդիները՝ Մինասն ու Արան կը շարունակեն DIKRAN Taj Colour լուսանակրչատան համբաւը Սուրիոյ քրիստոնեայ, իսլամ, հայ եւ արաբ շրջանակին մէջ՝ պահելով լուսանկարչական ասպարէզի խոստմնալից նոյն բարձր որակն ու արդիականութիւնը, աւանդ մը, որ սկիզբ առած է 50 տարի առաջ:
Ծանօթագրութիւն
Մեծ Եղեռնի Նահատակներու յուշահամալիր, Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիր (արաբ․՝ كنيسة شهداء الأرمن), Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքի Ալ Ռաշտի թաղամասին մէջ։
Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրի հիմնօրհնէքը արարողութիւնը: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հալէպի առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է 12 մայիս 1985-ին, իսկ կառուցման աշխատանքները սկսած են 1 դեկտեմբեր 1989-ին եւ աւարտած՝ նոյեմբեր 1990-ին: Օծուած է 3-4 Մայիս 1991-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ։ Յուշահամալիրը բաղկացած է եկեղեցիէ, թանգարանէ, յուշարձանէ, արխիւային կեդրոնէ եւ ցուցադրութիւններու սրահէ: Սարգիս Պալմանուկեան ճարտարապետն է Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց յուշահամալիրին: Ան նաեւ հեղինակն է Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ այլ յուշակոթողներու: https://www.aztagdaily.com/archives/378357
Համալիրը կարճ ժամանակի մէջ դարձաւ Ցեղասպանութենէն ետք աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան ուխտատեղին, անշիրիմ նահատակներուն հաւաքական գերեզմանը։ 21 սեպտեմբեր 2014-ին յուշահամալիրը «Իրաքի եւ Լեւանտի Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ պայթեցուած է։ 2018-ին, Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Յուշահամալիրի վերանորոգման մասին կարդալ այս յղումներու վրայ՝ https://www.aztagdaily.com/archives/396622 https://www.aztagdaily.com/archives/384763, https://www.aztagdaily.com/archives/547293
Մարկատէի Սուրբ Յարութիւն մատուռ: 1992-ի վերջաւորութեան, շինարարական պետական ծրագիրի մը իրագործման ընթացքին, Մարկատէ կոչուած անապատային շրջանի մէջ, որ կը գտնուի Սուրիոյ Հասիչէ-Հասաքէ նահանգին մէջ, Տէր Զօր նահանգին հիւսիս-արեւելքը, շուրջ 90 քլմ. հեռաւորութեամբ, պատահաբար յայտնագործուած հայ աճիւններու հսկայ կոյտերն ու հաւաքական գերեզմանափոսերը կը մղեն Բերիոյ Թեմի Ազգ. Իշխանութիւնը մատուռ-յուշարձանով մը յաւերժացնելու ապրիլեան անշիրիմ նահատակներու յիշատակը:
Տէր Զօր-Հասիչէ շրջանի Մարկատէի մէջ Սուրբ Յարութիւն մատռան հիմնարկէքը կը կատարուի 8 մայիս 1994-ին, նախագահութեամբ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի: 7 Մայիս 1995-ին, մատուռ-յուշակոթողը կ’անուանուի Ս. Յարութիւն: 24 ապրիլ 1996-ին, մատռան օծումը կը կատարուի ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Նախագիծը եւ իրագործումը հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Սարգիսի:
Պատերազմի տարիներուն մատուռը քանդուած է, եւ բեկորները փոխադրուած են Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիր:
Աղբիւր՝ wikipedia