Արթուր Անդրանիկեան. «Կը թուի ճակատագրուած ճամբայով կ՛անցնիմ»

Տարբերակ21-ի հարցազրոյցը բանաստեղծ, գրականագէտ, սփիւռքագէտ դոկտ․ Արթուր Անդրանիկեանի հետ


Տարբերակ21-ի հարցազրոյցը բանաստեղծ, գրականագէտ, սփիւռքագէտ դոկտ․ Արթուր Անդրանիկեանի հետ


Պարոն Անդրանիկեան, դուք աւելի շատ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հայ հանրութեան յայտնի էք իբրեւ արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութեան մասնագէտ ո՞րն էր սկիզբը։

-Ուզում էք ասել՝ սկիզբն երկա՞նց (ապա պրն Անդրանիկեանը մեր հարցերուն պատասխանեց արեւմտահայերէն. Ա.Ա. )։ Այս հարցումը կենսագրութենէս «էջեր կը բանայ»։ Տակաւին 90-ական թուականներէն սկսած եմ հետաքրքրուիլ արեւմտահայ եւ սփիւռքեան գրականութեամբ եւ պատմութեամբ։ Այս պարագան, խնդրեմ, չմոռցուի։ Համալսարանական աւարտաճառս, 1985-ին, եղած է «Յակոբ Մնձուրիի արձակի բնանկարային արուեստը», դոկտորաս, 2002-ին, «Նիկողոս Սարաֆեանի բանաստեղծութեան կենսաիմաստասիրութիւնը», 1989-ին հիմնած եմ «Սփիւռք» հրատարակչատունը․․․

-Բայց ծնած եւ մեծցած էք Հայաստանի մէջ (Գիւմրի). ո՞րն է եղած հիմնական ազդակը, որ ոչ միայն զբաղուիք արեւմտահայ գրականութեամբ, այլեւ ստեղծագործէք արեւմտահայերէն։ Մեզի յայտնի է ձեր արեւմտահայերէնով գրուած «Վերամուտ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, նաեւ նկատի ունիմ Սփիւռքի մամուլին եւ տարբեր ժողովածուներու մէջ ձեր հրատարակած յօդուածները։ Տեսակ մը տարօրինակ է․․․

-Կը ներէք՝ ընդմիջեմ․ արդեօք կը հաւատա՞ք ժառանգականութեան հրաշքին։ Արմատներով՝ մօրս կողմէ մեծագոյն հպարտութիւն է վասպուրականցիի զարմէն սերուած ըլլալս, ամէն պարագայի՝ ճակատագրական։ Նախահայրս՝ Եղիազար Մուրատեան /1841-1891/, մեծահամբաւ ուսուցչապետ, եղած է Պետրոս Դուրեանի գրաբարի եւ ֆրանսերէնի ճարտասանութեան ուսուցիչը՝ Զարթօնքի սերունդէն։ 2016-ին անոր եռահատոր /շուրջ հազար էջ/ ժողովածուն հրատարակած եմ։ Կարծեմ որոշապէս յայտնի եղաւ արեւմտահայերէն գիտնալուս՝ ըստ իս, բանիբուն ակունքը։ Ասոր կը հաւատամ եւ չեմ խորշիր արտայայտուելէ։ Ուրիշ բացատրութիւ՞ն՝ թերեւս տարիներու տքնութիւնս։

-Պրն Անդրանիկեան, վերջերս «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութեամբ՝ ձեր աշխատասիրութեամբ լոյս տեսան «Սփիւռք» մատենաշարին ժողովածուները։  Բազմաթիւ գրողներ հայ ընթերցողին անծանօթ էին, գոնէ ես շատերէն լսած եմ․․․

-Զո՞վ նկատի ունիք՝ «շատերէն»․․․

-Հայաստանեան ընթերցողները, իհարկէ։

-Ձեր թոյլտուութեամբ՝ ըսեմ․ յիշեալ մատենաշարի վերջին հատորին՝ Հրաչ Զարդարեանի «Որբացող մարդիկ» վէպի հրատարակումէն ետք, Սփիւռքէն ալ հարցուցած են․ «Ուրկէ՞ գտնուեցաւ ասիկա, բնաւ չէինք գիտեր»։ Ի միջի այլոց, յիշեալ վէպը իմ հրատարակած 55-րդ հատորն է, արեւմտահայ եւ սփիւռքեան գրականութենէն։ Հիմա ակամայ կը յիշեմ Վարդան աւգ․ քահանայ Տիւրկերեանի «Խաչին յաղթանակը» աստուածաբանական մտածումներու հաւաքածուն. 1990-ին հրատարակած եմ։ Միով բանիւ, բոլորն ալ եթէ արձանագրել ուզեմ՝ պիտի երկարի…բայց շեշտեմ՝ «Սփիւռք» մատենաշարին հատորները, իբրեւ արեւմտահայ գրականութեան աւանդի ներկայացում, կարծեմ այնքան ալ բաւարար չեն: Սփիւռքը տարիներ անընդմէջ Հայրենիքին տուաւ իր կարելիութիւններուն հնարաւորը, մենք ալ պարտ ենք փոխադարձօրէն վերաբերուիլ՝ Հայաստան «ներգաղթեցնելու» անոնց անանց արժէքները. ասիկա խորքին մէջ ճշմարտութեան վերադարձ կ՛ենթադրէ, ինչ որ խորհրդային վարչակարգի 70 տարիներու ընթացքին արգիլուած էր, հիմա ալ ․․․ արդեօք մոռցուա՞ծ․․․

Սփիւռքեան գրականութիւնը տակաւին անծանօթ նոր ակօսներ կը բանայ հայու հաւաքական մտքին եւ գիտակցութեան մէջ. ասիկա պարտաւոր ենք հասկնալ ու արժեւորել։ Հ. Զարդարեանի «Որբացող մարդիկ» վէպէն զատ մատենաշարով արդէն հրատարակուած է Ն․Սարաֆեանի «Մանուկ Դուինեան» վէպը, Զապէլ Եսայեանի զոյգ հատորները՝ «Աւերակներուն մէջ» եւ «Սիլիհտարի պարտէզները», Յակոբ Մնձուրիի «Նազար» թատերախաղը, Շահան Շահնուրի «Յարալեզներու դաւաճանութիւնը» հատորը, Յարութ Կոստանդեանի «Երկեր»ը, մի միջի այլոց գրեթէ ամբողջական՝ քերթուածներ, արձակ էջեր, նամակներ, ի բացառեալ թարգմանութիւններէն։ Ուրիշ խնդիր, թէ յատկապէս ինչու՞ այս հեղինակները․ ընտրութիւնը կու գայ իմ ցանկութենէս, նաեւ անշուշտ, ճաշակի գործօնին ալ «կը հպատակիմ»։ Ամէն պարագայի, ինչպէս Շաւարշ Միսաքեան ըսած է․ «Թող գործը խօսի»։ Միջանկեալ ըսեմ, որ հայաստանաբնակներու եւ սփիւռքահայերու ընդմէջ խնդրոյ առարկայ արեւմտահայերէնի պարագան․․․ յոյժ պարագայական է։ Չեմ կրնար նաեւ չյիշել այլ խնդրոյ առարկայ պարագայք։ Երբեմն կ՛երկմտիմ ինքզինքս ինքնադատելով․ ուրկէ՞ կու գաս լոյս,- թերեւս յոյս,- ինչու՞ կ՛առաջնորդես զիս՝ ստեղծագործելու ե՞ռք, թէ՞ եռանդ. չեմ գիտեր։ Մանկութիւն չունեցած մարդոց՝ մեր անցեալի գրողներու ցուցումով ճակատագրուած ճամբայով կ՛անցնիմ․ ասիկա պատգամ մըն է, որ կրնայ իրականացուիլ։ Կը կարծեմ՝ տակաւին չէ իրականացուած․ այդքան ալ միամիտ ու յոյսամոյն ․․․

-Պարոն Անդրանիկեան, վստահ եմ, մեր զրոյցը անպայման կը հետաքրքրէ յատկապէս սփիւռքահայ գրականութեամբ հետաքրքրուողները, որոնք պարտաւոր են ճանչնալու մեր գրականութեան սփիւռքահայ հատուածին գեղարուեստական մնայուն արժէքները։

-Առիթէն օգտուելով հարկ կը համարեմ ըսել, որ արդէն պատրաստած եմ ֆրանսահայ մեծանուն երգիծաբան Նշան Պէշիկթաշլեանի երկհատոր ժողովածուն. մեկենասները հրաւիրուած են աջակցելու Պարոնեանին, Օտեանին համահաւասար մեծութեան եւ բարձրութեան գրական այս գագաթը հանրութեան ծանօթացնելու գործին:

Հարցազրոյցը վարեց Ա. Ասատրեան 

Երեւան, 22 Փետրուար, 2022
Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x