Պուխարեսթի Միջազգային ճազային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակի դափնեկիր, Երեւանի պետական երաժշտանոցի պսակաւոր արուեստից աստիճանով վկայեալ, Պոսթընի Berklee երաժշտանոցէն վկայեալ եւ մրցոյթի դափնեկիր սաքսոֆոնահար եւ երգահան Արթիւր Գրիգորեան[1] արդէն 13 տարիներ է հաստատուած է Տուպայ իր կնոջը՝ սաքսոֆոնահար Յասմիկ Մարտիրոսեանի եւ զաւակներուն հետ:
Երաժշտուհի Յասմիկ Մարտիրոսեան, որպէս դասական երաժշտութեան (Principal 1 Saxophone player) սաքսոֆոնահար, աշխատանքի կը սկսի յուլիս 2021-ին, «Expo 2020 Dubai-ի (այժմ «Expo City Dubai) պետական «Firdaus Orchestra» կանանց նուագախումբին մէջ: Վերջերս, նուագախումբին միացած է հանրաճանաչ երաժիշտ, խմբավար-ղեկավար լիբանանահայ Յարութ Ֆազլեանը, որուն մասին մեծ խանդավառութեամբ կը պատմէ Յասմիկ, թէ որքան ոգեւորութիւն պատճառած էր իրեն հայ մայէսթրոյի մը ղեկավարութեամբ աշխատանքը – հայու հոգիի կանչը-…, խանդաղատանքով կը պատմէ Յասմիկ:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ համայնքին հետ ունինք սերտ կապեր: Ունինք WhatsApp խումբ մը, ուր յաճախակիօրէն կապի մէջ ենք իրարու հետ, եւ, բարեխառն եղանակի օրերուն, մենք կը հաւաքուինք մեր խումբի անդամներուն՝ սուրիահայեր, լիբանանահայեր եւ հայրենիքէն եկածներու հետ եւ միասին մեր երախաներով այգիներ ու այլ վայրեր կ’երթանք: Ներկայ եղած ենք Էմիրութիւններու հայ համայնքի կազմակերպած Նոր Տարուայ խրախճանքին, կը ջանանք ներկայ լինել եկեղեցւոյ պատարագներուն: Թէեւ եկեղեցի հասնիլը որոշ չափով դժուար է՝ հաշուի առնելով երթեւեկի խճողումը, սակայն պէտք է ըսել, որ համայնքը աշխոյժ է իր ձեռնարկներով։ Միշտ ալ կը մաղթենք, որ այդ ձեռնարկները բազմանան եւ մեծ թիւով հայեր միացնեն իրարու, կը նշեն արուեստագէտներ Արթիւր եւ Յասմիկ։ «Ես ներկայ գտնուած եմ արուեստագէտ բարեկամիս՝ սփիւռքահայ նշանաւոր երգիչ եւ բեմադրիչ Նորայր Գազանճեանի ներկայացումին՝ Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը» գործին, որ կը ներկայացուէր Շարժայի Բիեռ Քէօսէեան սրահին մէջ, 2015-ին», կը պատմէ երաժիշտ Արթիւր Գրիգորեան։
«Մեր Երախտագիտական խօսքը կը յայտնենք Էմիրութիւններու հայ համայնքի ղեկավարներուն, որոնք իրենց ջանքերով աւելի կը զարգացնեն համայնքը եւ կը ջանան համախմբել բոլորը՝ առաւելագոյն թիւով հայեր», կ’ըսեն Արթիւր եւ Յասմիկ:
Սաքսոֆոնահար Արթիւր Գրիգորեան աշխատանքի բերումով Տուպայ կը տեղափոխուի եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կը յաջողի սաքսաֆոն եւ դաշնամուր նուագակցութեան գործի պայմանագիր կնքել The Fridge entertainment հաստատութեան հետ[2], 2012-ին: Այդուհանդերձ, Արթիւր չէր մտածեր որ երկար ժամանակով Տուպայ կը մնայ, բայց The Fridge entertainment ընկերութիւնը անոր կը տրամադրէ Տուպայ կեցութեան վիզա, որու հիմամբ Արթիւրի աշխատանքը կ’ամպրապնդուի: Մինչ այդ Արթիւր ամուսնացած էր երաժշտուհի Յասմիկ Մարտիրոսեանի հետ եւ 2011-ին, բախտաւորուած էին ունեն առջինեկ դուստրով՝ Սուսաննա: Սկզբնական շրջանին, Յասմիկ յաճախ կ’այցելէ Տուպայ, իսկ 2012-ի վերջաւորութեան, ան կը հաստատուի Տուպայ իր դուստրին հետ: Այնուամենայնիւ, անընդհատ կասկածի մէջ մնալով, որ գուցէ Էմիրութիւններու մէջ իրենք չկարենան համակերպիլ ու խորհելով նաեւ որ Տուպայի մէջ իրենց կեցութիւնը երկար չի տեւեր, որոշում կը կայացնեն, որ Սուսաննա իր ուսումը ստանայ Երեւանի մէջ, ուր կը յաճախէ Մխիթար Սեբաստացի դպրոցը[3]: Բայց եւ այնպէս Սուսաննա իր արձակուրդները կ’անցնէ իր ծնողքին հետ Տուպայի մէջ: 2016-ին, Արթիւր եւ Յասմիկ կը բախտաւորուին երկրորդ դուստրով՝ Սթեֆանի, որ կը մնայ Տուպայ եւ կը յաճախէ GEMS Metropole School British School in Motor City[4], երբ արդէն Արթիւր եւ Յասմիկ համոզուած էին, որ «տակաւին երկար տարիներ պիտի մնան Տուպայ»,- ժպիտով կ’ըսէ Յասմիկ: Երկու դուստրերն ալ ծնած են Երեւան:
Երաժիշտներու տան մէջ Արթիւրի եւ Յասմիկի դուստրը արդէն փայլուն ապագայ խոստացող Ճազ երգչուհի է: Սուսաննայի սէրը երաժշտութեան հանդէպ նկատուած էր մանկութեան տարիներուն. երբ երաժշտութիւն կը հնչէր տան մէջ, Սուսաննա կը կրկնօրինակէր զայն օգտագործելով իր ձայնը: Ճազի հնչիւնները Սուսաննայի համար առանձնայատուկ գրաւչութիւն ունին երաժշտական աշխարհին մէջ: Նկատելով իրենց դուստրին տաղանդը Յամիսկ եւ Արթիւրը զայն կ’ուղղորդեն երաժշտական դպրոց՝ ճազ (վոքալ) երգեցողութիւն բաժանմունք: 6 տարեկանին, Սուսաննա կը սկսի իր երաժշտական կրթութիւնը՝ յաճախելով Ռոմանոս Մելիքեանի անուան քոլեճին կից Վ. Ումրշատի անուան երաժշտական դպրոցը՝ հետեւելով վոքալի դաընթացքներու: Ներկայիս Սուսաննա կը շարունակէ ուսումը Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան երաժշտակշան դպրոցին մէջ: Սուսաննա յաճախակի համերգներ կու տայ ճազային խումբերու հետ, ինչպէս՝ «Arthur Grogoryan and friends», “Arm.Strong.Dixie,” “Sher Oston” Big Band Dubai: Սուսաննա ներգրաւուած է նաեւ Հայաստանի ճազ խումբերու մէջ եւ ելոյթներով հանդէս կու գայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Տուպայի մէջ: Improvised Live Session by Karen Mamikonyan, Artur Grigoryan, ft. Susanna Grigoryan https://youtu.be/8qG8kNnYYfM?si=BikrxNNqngQUGhfZ
23 փետրուար 2023-ին, Սուսաննա կ’ընտրուի մասնակցելու «Firdaus Studio »-ի Տուպայի Expo city-ի մէջ կազմակերպած հեղինակաւոր « Տաղանդներու բացայայտում» ծրագրին (Talent Discovery project hosted by Firdaus Studio at Expo City Dubai), ուր տաղանդաշատ Սուսաննայի երգեցողութիւնը կ’արժանանայ ), ուր տաղանդաշատ Սուսաննայի երգեցողութիւնը կ’արժանանայ (քիչ մարդոց հասանելի առիթ մը) բարձրորակ ձայնագրութեան:
Ինքնակենսագրական
Երաժիշտ Արթիւր Գրիգորեանի արմատները հօրենական կողմէ Կոստանդնուպոլիսէն են: Ջարդի ժամանակ փախած են Յունաստան, (Սալոնիք) Թէսաղոնիկէ, ուր ծնած է Արթիւրին մեծ հայրը: Որմէ ետք, մեծ հայրը նաւով եկած է Հայաստան, իսկ Արթիւրին մեծ հօր եղբայրը գաղթած է Արժանթին: Արթիւրի մօրենական կողմը՝ մեծ հայրն ու մեծ մայրը, Նոյեմբերեան [5] շրջանէն են, Ոսկեպար գիւղ, Հայաստանի Տավուշի մարզի հիւսիս-արեւելքը: Մօրենական կողմի մեծ հօր սերունդը տեղափոխուած են արեւմտեան Հայաստանէն, կը պատմէ Արթիւր:
Երաժիշտ Արթիւր Գրիգորեան ծնած է 27 հոկտեմբեր 1983-ին, Երեւան: Յաճախած է Երեւանի Սայաթ-Նովայի անուան երաժշտական դպրոցը, այնուհետեւ աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը պսակաւոր արուեստից տիտղոսով՝ մասնագիտանալով սենեկային եւ նուագախմբային երաժիշտութեան մէջ: Ան արդէն տասնհինգ տարիէ մասնագիտացած է երաժշտական ասպարէզին մէջ։
Տե՛ս Արթիւրի ինքնակենսագրութիւնը այս յղումով՝ _ARTUR GRIGORYAN CV.pdf

Երաժշտուհի Յասմիկին արմատները մօրենական կողմէ Մուշէն են: Ջարդերու ընթացքին յաջողած են գոյատեւել մինչեւ 1941. պապիկիս հօր սպանութիւնէն յետոյ, իր մայրը երեխաներուն հետ փախչեր է Հայաստան: Այն ատեն պապիկս 9 տարեկան է եղեր, կը պատմէ Յասմիկ:
Յասմիկ Մարտիրոսեան ծնած է 17 մարտ 1984-ին, Երեւան: 2001-2006 տարիներուն աւարտած է Երեւանի պետական երաժշտանոցը մագիստրոսի աստիճանով՝ սենեկային եւ նուագախմբային մասնագիտութեամբ: Յասմիկ կը նուագէ նաեւ դաշնամուր եւ կը զբաղի սաքսոֆոնի ուսուցչութեամբ:

Յասմիկ դասաւանդած է «Երեւանի թիւ 13 երաժշտական մասնագիտական դպրոց»-ին մէջ 2002-2012 տարիներուն, ինչպէս նաեւ՝ Երեւանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան մասնագիտական դպրոց»-ին մէջ, 2004-2005: Աշխատակցած է Երեւանի «Գոհարափայլ» երաժշտական խումբին, 2005-2011 տարիներուն: «Գոհարափայլ» երաժշտական խումբի միջազգային շրջագայութիւններու ժամանակ, խումբին հետ ան հինգ անգամ ելոյթներ ունեցած է Պէյրութի ճազ փառատօնին, նաեւ՝ Նիկոսիոյ, Համպուրկի, Գերմանիոյ, Պոլսոյ ճազի փառատօներուն: «Գոհարափայլ» խումբը յաճախակի ելոյթներ ունեցած է նաեւ Գիւմրիի մէջ: Տե՛ս Յասմիկի ինքնակենսագրութիւնը այս յղումով՝ _Hasmik Resume (1).pdf
ԱՌ Ի ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ
[1] Artur is award winning saxophonist and composer. Fifteen years in professional music scene. Graduated with BA in music In Yerevan and studied in Berklee college of music in Boston. http://basheventsgroup.com/portfolio/artur/
[2] The Fridge is the region’s leading independent artist and entertainment agency, providing elite acts for more than 3,000 events a year. Established in 2007 by Shelley Frost, the award-winning production team creates original shows for theatres, festivals, nightclubs, and exhibitions, as well as conceiving and staging its own productions.. The Fridge is the perfect platform to showcase fresh and exciting performers through curated programming such as the award-winning Fridge Concert Series. https://thefridge.me/home https://alserkal.online/community/the-fridge
[3] «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիր, ուսումնական հաստատութիւն Երեւանի մէջ։ Կ՚իրականացնէ ամբողջական միջնակարգ (նախակրթական, հանրակրթական, աւագ), արհեստագործական, միջին մասնագիտական եւ լրացուցիչ կրթական ծրագիրներ։ Հիմնուած է 1989-ին, այն ժամանակ Խորհրդային Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ եւ կը կրէ Մխիթար Սեբաստացիի անունը։
[4] Gems Metropole School in Motor City, Dubai. https://www.gemsmetropoleschool-dubai.com
[5] Նոյեմբերեանի շրջանի տարածքը հին ժամանակներէն ի վեր եղած է Հայաստանի կազմին մէջ՝ Երուանդունիներու (մ.թ.ա. 570-201) եւ Արտաշէսեաններու (մ.թ.ա. 189-1) թագաւորութեան ժամանակ։ 9-րդ դարու վերջաւորութեան մտած է Բագրատունեաց թագաւորութեան, 972-1113՝ Կիւրիկեան թագաւորութեան, ապա՝ Զաքարեան իշխանապետութեան մէջ։