Արդեօ՞ք Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու եւ յատկապէս հայկական համայնքներու ապագան վտանգուած է

Գիրքերու հետ. From Pluralism to Extinction? Perspectives and Challenges for Christians in the Middle East (Transnational Press, London 2023).

Գիրքերու հետ. «Բազմագոյակցութենէ անհետացու՞մ. Հեռանկարներ եւ մարտահրաւէրներ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար» (Լոնտոն, 2023). From Pluralism to Extinction? Perspectives and Challenges for Christians in the Middle East, edited by Sotiris Roussos (Transnational Press, London 2023).

Վերջերս անգլերէնով հրապարակուած գիրքը ժամանակակից եւ ուշագրաւ ուսումնասիրութիւններու ծաղկաքաղ մըն է, խմբագրուած Յունաստանի Փելոփոնիզ (Peloponnese) համալսարանի դասախօս եւ Միջին Արեւելքի եւ իսլամական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի ղեկավար Սոթիրիս Ռուսոսի կողմէ: Հատորը լուսարձակի տակ կ’առնէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ ուսումնասիրելով անոնց յարաբերութիւնները պետութեան, ինքնութեան եւ քաղաքականութեան հետ:

Գիրքը կը բացուի Ռուսոսի ներածականով: Յաջորդ գլուխները գրուած են հանրածանօթ տարբեր գիտաշխատողներու կողմէ, որոնք` իւրաքանչիւրը տարբեր ոլորտներու մէջ իր մասնագիտութեամբ՝ քաղաքագիտական, ընկերաբանական, պատմական եւ աստուածաբանական խորքով կը կատարեն քրիստոնեայ համայնքներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն համապարփակ վերլուծումը:

Գիրքին աշխատակիցները ծաղկաքաղին գլխաւոր թեման կը քննարկեն տարբեր դիտանկիւններէ:

Հրաչ Չիլինկիրեան, «Միջին Արեւելքի հայ համայնքները. Ապագային՝ անցեալը պիտի կորսուի՞» խորագրեալ աշխատասիրութեան մէջ, կը ներկայացնէ այն մարտահրաւէրները, զորս կը դիմագրաւեն հայ համայնքները անդադար փոխուող միջավայրի մը մէջ՝ պահպանելու իրենց ժառանգութիւնն ու ինքնութիւնը:

Զաքիա Աքրա, Սթաւրոս Տրաքուլարաքոս եւ Չարիթինի Փեթրոտասքալաքի կ’ուսումնասիրեն Եգիպտոսի եւ Լիբանանի քրիստոնեաներու ապրած գոյութենական անձկագին վիճակը:

Եզրափակիչ գլուխներով, Մարինա Էլեֆթերիատու եւ Անթոնի Օ’Մահոնի կը կատարեն ժամանակակից Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան այժմու իրավիճակին եւ ապագայ մարտահրաւէրներու նրբերանգ գնահատականը: Անոնք կ’անդրադառնան այն դերակատարութիւններուն, զորս քրիստոնեաները կրնան ունենալ հալածանքի պարագային եւ կ’ուսումնասիրեն այն ուղիները, որոնք կը նպաստեն քրիստոնէական ժառանգի պահպանման եւ դրապէս ներգործելու այն հասարակութիւններուն մէջ, ուր անոնք կ’ապրին:

«Բազմագոյակցութենէ անհետացու՞մ. Հեռանկարներ եւ մարտահրաւէրներ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար» գիրքը արժէքաւոր աղբիւր մը կը հանդիսանայ համալսարանական ուսանողներու, գիտաշխատողներու, մտաւորականներու, քաղաքականութիւն մշակողներու եւ բոլոր անոնց համար, որոնք հետաքրքրուած են տարածաշրջանի քրիստոնեայ համայնքներու պատմութեամբ, քաղաքականութեամբ եւ ապագայով: Ան կոչ մըն է ընթերցողներուն, յորդորանք մը ճանչնալու այս համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ իմաստալից ջանքերով աջակցելու անոնց գոյատեւման: Նկատի ունենալով, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ճակատագիրը անորոշ է, այս գիրքը կարեւոր նշումներ կը կատարէ այս հնագոյն համայնքներու հարուստ ժառանգութիւնը պաշտպանելու եւ պահպանելու անհրաժեշտութեան մասին:

Ինչպէս նշեցինք, գիրքին մէջ, Օքսֆորտ համալսարանի ընկերաբան, սփիւռքագէտ Հրաչ Չիլինկիրեան կը ներկայացնէ «Միջին Արեւելքի հայ համայնքները. Ապագային՝ անցեալը պիտի կորսուի՞» խորագրեալ աշխատասիրութիւն մը, ուր կ’արծարծէ այն մարտահրաւէրները, զորս կը դիմագրաւեն հայերը յարափոփոխ միջավայրի մը մէջ:

Ստորեւ՝ թարգմանաբար կու տանք Չիլինկիրեանի աշխատասիրութեան ամփոփ եզրակացութեան բաժինը:

«Առաջին համաշխարհային պատերազմէն եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործադրուած ցեղասպանութենէն ետք, վերապրած հայերը յաջողեցան վերակառուցելու համայնքներ: Անոնք նաեւ շինեցին եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային ենթակառոյցներ եւ հաստատութիւններ հիմնականօրէն Սուրիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի այլ փոքր համայնքներուն մէջ: Այս բոլորը կարելի դարձան շնորհիւ եւրոպական հոգատարութեան տակ անցած արաբական պետութիւններու շնորհած կրօնական եւ քաղաքացիական որոշակի իրաւունքներուն, որոնք նման էին Օսմանեան կայսրութեան միլեթի համակարգին: Վերակառուցումը կարելի եղաւ նաեւ շնորհիւ [ցեղասպանութենէն] վերապրածներու եւ յաջորդող սերունդներու վճռականութեան՝ վերականգնելու հայկական համայնքային կորսուած կեանքը զիրենք ընդունող երկիրներուն մէջ: Աւելի քան մէկ դար հայերը միլիառաւոր տոլարներ, աշխատանք եւ հաւաքական ճիգ ներդրած են Միջին Արեւելքի մէջ իրենց մշակոյթը, լեզուն եւ աւանդոյթները հաստատելու եւ կենսականացնելու համար:

«1970-ականներէն սկսեալ, տարբեր ալիքներով, Միջին Արեւելքի հայերը սկսան մասնաւորաբար գաղթել դէպի Հիւսիսային Ամերիկա, Եւրոպա եւ Աւստրալիա՝ հիմնականօրէն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, Իրանի իսլամական յեղափոխութեան, Իրաքի պատերազմներուն եւ շարունակուող տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառով: Եթէ արտագաղթի հակումը շարունակուի, այդ մէկը կրնայ նշանակել տարածաշրջանի քրիստոնէական հնագոյն համայնքներէն մէկուն ընկերամշակութային մահը:

«Աւելի քիչ տեսանելի են պետութեան, ընկերութեան եւ կրօնական հաստատութեան դերերը Միջին Արեւելքի մէջ հայկական եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ համայնքներու երկարատեւ կենսունակ ներկայութեան մէջ: Միջին Արեւելքի մէջ, քրիստոնեայ փոքրամասնութեան անդամ ըլլալը՝ «ուրիշ» կամ «այլ» ըլլալու բեռը ծանր է: «Այլականացումը» (‘othering’) կը յայտնուի տարբեր մակարդակներու վրայ. ա) կայ իմ բնորոշումով «փափուկ այլականացումը» պետութեան կողմէ՝ օրէնքներու, արգելքներու եւ բազմաթիւ պարագաներու ոչ-իսլամներու նկատմամբ խտրականութեան ճամբով. բ) Միջին Արեւելքի իսլամ մեծամասնութիւն ունեցող երկիրներու մէջ աւելի մեծ հասարակութեան կողմէ միտումնաւոր կամ ակամայ դրուած ընկերային սահմանափակումներով. եւ (գ) ընկերութեան իսլամիսթ հատուածներուն կողմէ դիտուած «կարծր այլականացումը», որ ոչ-իսլամները կը ներկայացնէ իբրեւ «անհաւատներ» (infidel), հետեւաբար, ըստ սահմանումին, երկրորդ կարգի քաղաքացիներ:

«Յիսուն տարի առաջ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեան նկատած է, որ հայերը եւ ոչ-իսլամ այլ համայնքները Միջին Արեւելքի մէջ «դէմ յանդիման կը գտնուին անբարենպաստ այնպիսի գործօններու, որ անոնց ապագան լաւագոյն պարագային անկայուն կը դարձնէ»: Այսօր իրավիճակը ոչ միայն անկայուն է, այլեւ՝ չափազանց ճգնաժամային: Միջին Արեւելքի հայերուն եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաներուն առջեւ ծառացած իրողութիւնները կը պատկերեն անորոշ ապագայ մը, որովհետեւ յամեցող հակամարտութիւնները կրնան շարունակուիլ երկար տարիներ: Ինչպէս այս գլուխին ենթավերնագիրը կը նշէ, վտանգուած է եւ թերեւս ապագային կորսուելու է անցեալին մէջ արմատացած Միջին Արեւելքի ամէնէն հարուստ կրօնական եւ մշակութային ժառանգութիւններէն մէկը»:

(Աշխատութեան անգլերէն բնագիրը այս յղումով)

 

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x