Նախագահութեամբ Ն․Ա Գ․Տ․ Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը նշեց իր հիմնադրութեան 85-ամեակը, 9 Մայիս 2024-ին, Պուրճ Համուտի Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ։
Այս առիթով, յաւուր պատշաճի խօսք արտասանեց վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ՝ մեծարելով վարժարանի հիմնադիրներուն եւ նախկին պատասխանատուներուն ներդրումը 85-ամեայ վարժարանի կայացման մէջ:
Հանդիսութեան հրապարակուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն․Ա Գ․Տ․ Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ Կաթողիկոս Պատրիարքի Օրհնութեան գիրը, զոր ընթերցեց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սահակ Քէշիշեան։
Մեսրոպեանի 85-ամեակին առիթով, վարժարանի տնօրէնութիւնը պարգեւատրեց 20 եւ աւելի տարիներու ծառայութիւն ունեցած անձնակազմի 19 անդամներ, ինչպէս նաեւ՝ Սուրբ Մեսրոպի Արիներ սկաուտական խումբի նախկին աւագ խմբապետուհի Ժագին Ապունայեանը՝ իր երկարամեայ ծառայութեան համար։
Իր հերթին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ Կաթողիկոս Պատրիարքը “Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ” շքանշանը շնորհեց վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստին։ Ան մեծագոյն գնահատանք եւ երախտագիտութիւն յայտնեց պարոն Գալուստին, Մեսրոպեանի առաքելութիւնը ձեռնհասութեամբ շարունակելուն եւ վարժարանի կրթական յառաջընթացը ղեկավարելուն համար 2001 թուականէն ի վեր։
Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ ու սերտուած յայտագիր մը:
Օրուան բանախօսն էր Մեսրոպեանի շրջանաւարտ, Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գերյարգելի հայր Վարդան Ծ. Վ. Գազանճեան, որ Մեսրոպեանի տնօրէնութեան հրաւէրով յատկապէս այս հանդիսութեան համար Պոլիսէն ժամանած էր Պէյրութ:
Իր շահեկանութեան համար, ստորեւ կու տանք կարեւոր հատուած մը Հայր Գազանճեանի բովանդակալից խօսքէն:
Մեսրոպեան վարժարանը 85 տարեկան է։
Եւ հոս գտնուող մեզմէ շատերուն հետ, 1939-էն ի վեր, տասնեակ հազարաւոր աշակերտներ անցած են այս դպրոցին դռնէն ու ելած են դուրս, մեծաւ մասամբ անվերադարձ, ոմանք սակայն վերադաձած են երախտագիտութեան համար, ծառայութեան համար կամ լոկ շնորհակալութեան համար։
Մեսրոպեանի հիմնարկութեան թուականին մասին եթէ խօսինք, կը տեսնենք որ վարժարանս կը հիմնուի որպէս իմաստուն պատասխան Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին (1914-1918) պատճառած ողբերգութեան եւ յետ Եղեռնեան երկարատեւ գաղութային դժուար վիճակին։ Մեսրոպեանը կրկնօրէն նախախնամական կ՚ըլլայ, որովհետեւ կը հիմնուի Համաշխարհային Բ. Պատերազմի սեմին (1939) ։ Այսօր, այդ օրերուն պատմութեան էջերը մեզի շատ դասեր կրնան տալ եւ շատ արժէքաւոր օրինակներ, որոնք ապագային առնուելիք ճամբան կը լուսաւորէ։
Մեսրոպեան Վարժարանի 85 ամեակը բարի առիթ մըն է կանգնելու եւ այս եւ ասոր նման հաստատութիւններուն անցեալը կարդալու, խորհրդածելու, ուսումնասիրելու եւ առաջարկներ ներկայացնելու ապագայի համար։ Ասոր համար է, որ փափաքեցայ ներկայացնել Մեսրոպեան վարժարանին ինքնութեան եւ յատկութեան մասին խորհրդածութիւններ։
Ինքնութեան առաջին յատկութիւնը․
Մեսրոպեան Վարժարանը 85-ամեայ լիբանանեան դպրոց մըն է։
Հարիւրաւոր դպրոցներուն մէջ եւ անոնց հետ, ան կը հետեւի Լիբանանի պետութեան առաջարկած կազմաւորումի յայտագրին, որպէսզի պատրաստէ լաւ քաղաքացին, որ իր ուսումով եւ կազմաւորումով ինքզինք պիտի իրականացնէ եւ օգտակար պիտի դառնայ երկրին եւ անոր քաղաքացիներուն։ Արդէն այս գլխաւոր յատկութիւնը կ՚առաջնորդէ աշակերտը գերազանցելու իր դպրոցը եւ իր գիտութեամբ օգտակար դառնալու իր շրջանակին եւ ամբողջ մարդկութեան։
Այս առաջին յատկութիւնն է, որ Մեսրոպեան Վարժարանը կը հաստատէ հողի մը վրայ, իր բոլոր մանրամասնութիւններով։
Հողը կարեւոր է եւ անոր հետ անկեղծ յարաբերութիւնը անհրաժեշտ է։
Այս առաջին յատկութեամբ բացուած կազմաւորումի դուռը երախտագիտութեան դուռն է։
Որպէս լիբանանեան դպրոց, երկրին եւ պետականութեան պաշտօնական լեզուն լաւ կ՚իւրացնէ ու լաւ կը սորվի արաբերէնը գրելն ու կարդալը։ Կը սորվի երկրին պատմութիւնը եւ կը սորվի սիրել այս հողը եւ ծառայել անոր։
Ինքնութեան երկրորդ յատկութիւնը
Մեսրոպեան Վարժարանը Հայկական Սփիւռքեան դպրոց մըն է, որ հիմնականօրէն տնօրինուած եւ հովանաւորուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի կողմէ, որ նոյն ինքն սփիւռքեան իրականութեան մաս կը կազմէ։
Այսպէս ուրեմն, Մեսրոպեան Վարժարանը Հայաստանէն դուրս գտնուող հայկական իրականութիւն մըն է, որ մաս կը կազմէ հայկական սփիւռքային իրականութեան։
Աշխարհի մէջ, այսօր (շեշտը այսօրուան վրայ), ունի իրեն նմանները, որոնք հայկական յատկութիւնը ունին եւ որոնք Հայաստանէն դուրս, հայ պետականութեան սահմաններէն դուրս գտնուող հայկական սփիւռքեան դպրոցներ են։
Ընդհանուր առումով այն բոլոր դպրոցները, որոնք հայկական նկարագիր մը ունին եւ Հայաստանէն դուրս կը գտնուին, իրարու կը միանան հայկական մշակոյթով, որուն համար յատուկ ժամեր եւ յայտագիր կ՚որդեգրուի, ըստ երկիրներու պետութիւններու սահմանած, առտօնած կամ զարգացուցած յայտագիրներուն։
Հայկականին վրայ չծանրացած կ՚արժէ սփիւռքեան նկարագրին մասին խօսք մը ըսել։
Սփիւռքը ի՞նչ է։ Պատմականօրէն սփիւռքը զանազան պատճառներով, բայց հիմնականօրէն ժխտական պատճառներու հետեւանքով իր հողէն դուրս տեղափոխուող հասարակութեան մը կամ ժողովուրդի մը ստեղծած նոր դրութիւնն է, որ ժամանակի մէջ կ՚երկարի։
Այսօրուան սփիւռքագիտութեան համաձայն, շատ դժուար է ընդհանրացնել կամ սահմանել մէկ մշակոյթի պատկանող սփիւռքի մը նկարագիրը։ Նոյնպէս կարելի չէ, կամ դիւրին չէ սահմանել հայկական սփիւռքը։ Չկան հայկական սփիւռքեան դպրոցներ, որոնք իրարու նման ըլլան ամէն բանի մէջ։
Աշխարհի վրայ այն դպրոցը, որ ինքզինք հայկական դպրոց կը կոչէ կամ այլ հիմնական նիւթերու կողքին հայերէն ալ կը սորվեցնէ, նովին գործով յատուկ է իր տեսակին մէջ, իր յայտագրով, ծրագիրով եւ ընկերային կեանքով։
Մեսրոպեանը Լիբանանեան պետութեան ներքեւ ապրող դպրոցներու շարքին, նաեւ հայկական սփիւռքի մեծ համածիրին պատկանող դպրոց մըն է, որուն հարցերն ու անոնց լուծումները յատուկ են, ոչ թէ միայն վայր ըլլալով այլ նաեւ որպէս ժամանակ։ Կը հաստատուի նաեւ որ սփիւռքեան իրականութեան մէջ հարցերու մնայուն լուծուներ ալ չկան։ Ինչ որ Մեսրոպեանի պէս յատուկ դպրոցի մը ընթացքը աւելիով դժուար կը դարձնէ։
Մշտատեւ ծրագրի վերատեսութեան եւ նորոգութեան, յարատեւ լուծումներու որոնումի ընթացքի մէջ ըլլալը, հրամայական կը դարձնէ նաեւ մշտական կազմաւորումը, ոչ միայն ուսուցիչներուն համար, այլ դպրոցին բոլոր բաժանմունքներուն համար, ներառեալ տնօրէնութիւնը, ծնողները եւ մանաւանդ նախկին սաները։
Ասիկա յաւելեալ ջանք պահանջող եւ յոգնեցուցիչ ընթացք մըն է, որ միշտ աչքի առջեւ պէտք է ունենանք։ Այսպէս կարելի է հաստատել որ վերջնական ընթացք մը չկայ եւ միշտ հետամուտ պէտք է ըլլալ նորութիւններու եւ ընդունիլ նաեւ բնական մահերը նոյնանման իրականութիւններուն։
Մեսրոպեանը սփիւռքեան նկարագիրով լիբանանեա՛ն դպրոց մը ըլլալու կողքին, հայկական մշակոյթը կը փոխանցէ։ Ապա այս նկարագրին վրայ կ՚աւելնայ կրօնական ընտրութիւնը, որ հիմնադիրները կատարած են, որովհետեւ կրնային աշխարհիկ հայկական դպրոց մը հիմնել սակայն հիմնեցին «կաթողիկէ» վարժարան մը։ Կաթողիկէ դպրոց կը նշանակէ քրիստոնեայ դպրոց, ինչ որ ինքնութեան վրայ աւելի ծանր յատկութիւն մը կ՚աւելցնէ։
Այս այսպէս է, որովհետեւ նախ Լիբանանեան պետական կառոյցը կ՚արտօնէ։ Ապա հիմնադիրները եկեղեցական ըլլալով, իրենց կեանքի ընտրութիւնը դրոշմած են նաեւ դպրոցին ինքնութեան վրայ։
Այսպէս ուրեմն, Մեսրոպեան Վարժարանը 85 տարեկան քրիստոնեայ եւ յատկապէս կաթողիկէ դպրոց մըն է։ Կաթողիկէ յատկութիւնը, այո, ճիշդ է, որ հայկական կրօնական աւանդական ընտրութենէն դուրս ձայն մըն է, սակայն այս յատկութիւնը իր մէջ ունի շատ դրական կէտեր, որոնք կը հարստացնեն եւ չեն տկարացներ։ Ասոր համար է, որ տարիներու հոլովոյթը ստեղծած է «կաթողիկէ դաստիարակութիւն» ըսուած հանրային դրական կարծիքը։
Այսպէս պիտի ուզէի շարունակել ուսումնասիրել Մեսրոպեան վարժարանի 85 տարիներու ընթացքին կազմած եւ ապրած ինքնութիւնը, խորանալ մանրամասնութիւններու մէջ, եւ որոնել պատասխաններ գալիք տարիներու մարտահրաւէրներու համար։
Եթէ համառօտէի եւ առաջարկներ ներկայացնել ուզէի այսօրուան տնօրէնութեան, եւ մանաւանդ դպրոցի սեփականատէր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին, հետեւեալները պիտի ըսէի.
Ա) Գործակցաբար ակադեմական հաստատութեան մը, ծրագրել դպրոցին պատմութեան մասին գիտաժողով մը եւ հրատարակել գիտական մակարդակով դպրոցին պատմութիւնը։
Բ) Վիճակագրական գրասենեակ մը հաստատել սփիւռքի կրթական հաստատութիւններու եւ հայկական դպրոցներու համար, որ տուեալներ հրատարակէ ամէն տարի, եւ դաստիարակչական կրթական ատաղձ հայթայթէ։
Գ) Սփիւռքի հայ դպրոցներու համաշխարհային գրասենեակ մը հիմնուի, որ մնայուն կերպով արձանագրէ եւ տեղեկացնէ անցուդարձերը, որպէսզի ձեւով մը, տեղ մը, սփիւռքի դպրոցները իրարու մասին կարդան եւ իրարու կապուին։
Դ) Անյապաղ առաջին դասարաններէն իսկ, գրաբարի դասաւանդումը դարձեալ սկսի սփիւռքի մէջ, նոյնիսկ եթէ երկչոտ քայլերով։
Ե) Շաբթուան դասապահերուն ընթացքին աշակերտութեան տրամադրելի ըլլայ այդ կարելիութիւնը, մասնակցելու հայկական ծէսով մատուցուած ձայնաւոր սուրբ Պատարագին, որ ինքն իր մէջ երկու ժամուան խտացեալ դաս մըն է հայ մշակոյթին, որ մենք այսօր շուքի տակ թողած ենք։
Երկար է ցանկը փափաքներուն եւ երազներուն, որոնք ուրիշ առիթով յուսամ կարելի ըլլայ հանրութեան ուշադրութեան յանձնել։
Հուսկ բանք.
Կրթական հաստատութեան մը նպատակը ողջ մարդն է։ Կրթական հաստատութեան մը նպատակը գոյատեւելը չէ, այլ պահանջքի մը պատասխանելն է։ Հայ դպրոցը ինքն իր մէջ նպատակ չէ, այլ պատասխան է հայուն ներկայ պահանջքներուն։ Հայ դպրոցին նպատակը՝ ողջ հայն է։
Մեսրոպեան Վարժարանը 85 տարիներէ ի վեր՝ 85 միշտ նոր եւ այժմէական պատասխաններ ներկայացուցած է եւ կը ներկայացնէ ողջ հայ հասարակութեան եւ պատմութեան։
Այդ պատասխանները միատեղուած, այսօր, կը լուսաւորեն իր եւ իր շուրջը գտնուողներուն ապագան։