Անմոռանալի Քարէն Եփփէն՝ «Հայերու մայրը»

Հեղինակ՝ Քարէն Բարսեղեան

Մամուլի եւ ընկերային ցանցերու մէջ յաճախ կը հանդիպինք լուրերու Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանին եւ անոր շրջանաւարտներուն մասին: Անունս ալ Քարէն՝ այդ լուրերը շարժեցին հետաքրքրութիւնս իմանալու, թէ՛ ինչո՞ւ այդ ճեմարանը կը կրէ այդ անունը, թէ՛ ո՞վ է Քարէն Եփփէն:

Անշուշտ եթէ մեր դպրոցներուն մէջ դասաւանդուէր հայոց ցեղասպանութեան, վերապրածներու եւ վերապրածներ խնամողներու պատմութեան մասին, այս հարցումները պիտի չտայի, այլ պարզապէս երախտագիտութեան, հիացմունքի եւ յարգանքի խօսքեր պիտի արձանագրէի այս մեծ նուիրեալին հասցէին:

Ծնողքիս հարցնելէ ետք իմացայ, թէ ես ծոռն եմ Քարէն Եփփէի կողմէ փրկուած ու իր որբանոցին մէջ խնամուած որբուկներէն՝ Արշալոյսին։ Յանկարծ ինծի համար մեծ հրճուանք դարձաւ օտար, սակայն հայանուէր այս դանիացի օրիորդին անունը կրելը։

Ուստի պարտականութիւն սեպեցի գրել հայափրկութեան գործին նուիրուած եւ վերանորոգ կեանքի հունտեր սերմանած հայ ժողովուրդի պահապան հրեշտակներէն՝ Քարէն Եփփէի մասին, ու անոր խիզախ առաքելութեան օրինակը վառ պահել հայ նոր սերունդին մէջ։

Քարէն Եփփէ ծնած է 1 Յուլիս 1876-ին, Դանիոյ Կիլլինկ քաղաքին մէջ։ Թէեւ ան բժշկութեան ճիւղի ուսանողուհի էր, սակայն անոր կոչումն ու առաքելութիւնը կը սկսի 27 տարեկան հասակին, երբ իր համալսարանի տնօրէնը կը կարդայ Գերմանացի միսիոնարի մը յօդուածը 1895-ին Ուրֆայի հայերու դէմ Համիտեան ջարդերուն մասին։ Շատ չանցած, ան կ’իմանայ թէ Ուրֆայի մէջ գերմանացի միսիոնար Լէբսիուսի կողմէ հիմնուած որբանոցին մէջ կարիքը կայ ուսուցչուհիի մը։ Ոգեւորուած, ան կը զգայ, թէ իր առաքելութեան կանչն է այս մէկը եւ հրաժարելով բժշկական ուսումէն` անմիջապէս կը ներկայանայ ու կ’ընդունուի այս պաշտօնին հակառակ իր ընտանիքի կամքին: Ան ի վերջոյ կը յաջողի համոզել զանոնք եւ 1903-ին կը մեկնի Ուրֆա, ուր իր հոգատարութեան կը յանձնուին 300 հայ որբեր։ Իր յուշերուն մէջ, Քարէն Եփփէ կը գրէ. “Իմ ժամանումովս կը սպասէի խնամել քանի մի որբուկներ, սակայն ողջ ազգ մը գտայ դիմացս”։ Առաջին հերթին Եփփէ կը սորվի հայերէն, թրքերէն և արաբերէն լեզուները։

1909-ի Ատանայի կոտորածէն ետք կ’աւելնայ Քարէն Եփփէի աշխատանքն ու օժանդակութեան ծաւալը։ Ան զօրավիգ կը կանգնի հայութեան այս սոսկալի ողբերգական օրերուն` փորձելով ձեւով մը ամոքել ու գուցէ ցաւազրկել անոնց խորունկ վէրքերը եւ ապահովել անոնց անմիջական պէտքերը։ Ան հողատարածք մը գնելով գիւղի մը մէջ, այգիներ կը տնկէ ու կը տրամադրէ հայերուն որ մշակեն զանոնք։

Իսկ 1915-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, Քարէն Եփփէ կը գտնուէր Ուրֆայի մէջ. ան հայ տարագրեալները առանձին չձգեց ու չհեռացաւ դէպի իր ծննդավայրը, այլ լծուեցաւ հայափրկութեան սրբազան գործին։  Ան ստրկութենէ եւ սովէ ազատեց բազմաթիւ տարաբախտ հայեր` հայթայթելով անոնց գոյատեւման տարրական պէտքերը։ Իսկ Ուրֆայէն դէպի Տէր Զօրի բռնագաղթի ճամբուն վրայ` յաջողեցաւ փրկել եւ հաւաքել մօտաւորապէս 2000 հայեր` զանոնք ծպտելով արաբական հագուստներով, որոնցմէ շուրջ 1500-ը հետագային ան կրցաւ վերամիացնել իրենց ընտանեկան պարագաներուն։ Մինչեւ իսկ իր տան նկուղը եւ պարտէզը դարձան թաքստոց։  Եփփէ նիւթական պատուեգին ալ խոստացաւ բոլոր անոնց, որոնք իր մօտ կը բերեն հայ մը, այսպիսով Տէր Զօրի մէջ շատ հռչակաւոր դարձաւ “մէկ հայ, մէկ ոսկի” նշանաբանը։

1917-ին, ծանր հիւանդութենէ տառապելով  ստիպուած կ’ըլլայ հեռանալու դէպի Դանիա, իսկ ապաքինումէն անմիջապէս ետք, 1920-ին կը վերադառնայ Հալէպ ու կը վերսկսի իր փրկարարական արշաւին, ուր արդէն գաղթականներու նոր հոսք մը անցնելով Կիլիկիոյ սահմանը` թշուառ եւ անօգնական կը թափառէր Սուրիոյ հիւսիսը։

Ազնիւ օրիորդը կը դիմէ «Հայերու Դանիացի Բարեկամներ» միութեան` նիւթապէս նեցուկ կանգնելու իր մարդկային առաքելութեան, եւ կը յաջողի ձեռք ձգել բաւարար գումար մը, որուն շնորհիւ ան կը յաջողի Սուրիոյ մէջ հաստատել որբանոցներ եւ արհեստանոցներ` նիւթապէս անկախացնելու հայ որբերն ու այրիները, որոնք մասնաւորապէս կը զբաղէին ասեղնագործութեամբ, եւ անոնց արտադրութեան համար շուկաներ կ’ապահովէ Եւրոպայի մէջ։

Քարէն Եփփէի անսակարկ աշխատանքը կը գնահատուի միջագայնօրէն ու կը նշանակուի «Ազգերու Լիկայի» լիազօր ներկայացուցիչը եւ իրեն կը տրամադրուի պիւտճէ մը, որպէսզի տարագիր հայերը մնայուն կերպով հաստատուին իրենց գտնուած անմիջական ու ապահով վայրերուն մէջ։

Իսկոյն գթասիրտ դանիացի օրիորդը Սուրիոյ հիւսիսը կը գնէ հողատարածքներ ու կը հաստատէ գաղթակայաններ ու հայկական 6 գիւղատնտեսական գաղութներ, որոնք մինչեւ օրս կը կրեն հայկական անուններ ինչպէս` Թել ԱրմԷն։ Իսկ Հալէպը կը դառնայ փրկութեան տուն։ Հալէպի Մէյտան կոչուող շրջանին մէջ Եփփէ կը գնէ 10.000 քառակուսի մեթր տարածութիւն մը, հայերու մնայուն ապաստանարան ստեղծելու նպատակով, ուր կը ֆինանսաւորէ բնակարաններու, Սահակեան վարժարանի և Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիի շինութիւնը. հետագային այդ շրջանը կը կոչուի Նոր Գիւղ։ Ի միջի այլոց, ան կը կարողանայ սերտ կապեր հաստատել տեղացի արաբներուն եւ հայերուն միջեւ։

1933-ին, Դանիա իր վերջին այցելութեան, Եփփէ իր ընտանիքին կը բացայայտէ իր կտակը, թէ երբ մահանայ` կը փափաքի թաղման ծեսը կատարել Հայ  Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ ու թաղուիլ Հալէպի Հայոց ազգային գերեզմանատունը։ Սուրիա վերադարձին, Եփփէ կը տառապի մալարիայէ ու Հալէպի մէջ կը մահանայ 7 Յուլիս 1935-ին։

Ինչպէս Մայր Թերեզան կը յիշուի շնորհիւ Հնդկաստանի մէջ իր անձնուէր մարդասիրական առաքելութեամբ,  նոյնպէս Քարէն Եփփէ իր անսակարկ անձնուիրութեամբ կ’արժանայ «հայերու մայր» տիտղոսին եւ իր ժամանակին կը ճանչցուի որպէս “միս Եփփէ մայրիկ” անունով։ Ան ինքզինքը բոլորովին կը նուիրէ հայութեան, չ’ամուսնանար, սակայն կ’որդեգրէ Միսաք Մելքոնեան անունով մանչ մը, որ մեծապէս օգտակար կը դառնայ իր հայանուէր ծառայասիրական աշխատանքներուն: Նաեւ կ’որդեգրէ Լուսիա Նաթանեան անունով աղջնակ մը։

Ան կը կազմակերպէ միջհայկական հաւաքական հարսանիքներ` անաղարտ պահելու հայ սերունդը եւ պահելու անոնց հաւատքն ու աւանդութիւնները։

Եփփէի մահուընէ մօտաւորապէս տասնամեակ մը ետք, 1947-ին, Հալէպի մէջ կը հիմնուի Քարէն Եփփէի անուան նուիրուած հայակական վարժարան մը, որ մինչեւ օրս կը գոյատեւէ` յաւերժացնելով անունը դանիացի հայասէր այս վեհանձն նուիրեալին, հայ որբուկներու մօր եւ տարաբախտ հայ կանանց փրկարար պահապանին։

Քարէն Եփփէի անթառամ յիշատակին Հայաստանի պետական համալսարանի մուտքին զետեղուած է անոր կիսանդրին, իսկ Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առիթով, Հայաստանի մէջ շրջանառութեան մէջ կը դրուին անոր պատկերով դրոշմաթուղթեր:

Հայութիւնը միշտ երախտապարտ կը մնայ Քարէն Եփփէի՝ դանիացի այս մեծ նուիրեալին: Յարգա՛նք անոր յիշատակին:

 

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x