Այսպիսի յիմարութիւն չես կրնար յօրինել, բացի երբ կրնա՛ս

Վահէ Պէրպէրեան

Երբեմն-երբեմն կը հանդիպիմ լուրի մը, որ զիս կը ստիպէ կանգ առնելու եւ մտածելու՝ արդեօք մէկը վրաս խա՞ղ կը խաղայ(կոր)։ Խնդիրը այն է, որ վերջին շրջանին իրականութիւնը այնքան անհեթեթ դարձած է, որ հետզհետէ աւելի դժուար է զանազանել իսկական լուրը ընկերային ցանցերու վրայ ձանձրացած մէկու մը հնարած պատմութենէն։

Ուստի հաւաքեցի հինգ պատմութիւն, որոնք վերջերս ուշադրութիւնս գրաւեցին։ Ոմանք ճիշդ են։ Ոմանք՝ կատարեալ անհեթեթութիւն։ Եւ թերեւս ամենէն մտահոգիչը այն է, որ նախքան ստուգելը՝ ես ալ ամբողջովին վստահ չէի, թէ ո՛րն էր ճիշդը եւ ո՛րը՝ սուտը։

Տղամարդիկ ոչխարի կերպարանք կ’առնեն՝ Սպանիա մտնելու համար

Անշուշտ լսած էք ոչխարի մորթ հագած գայլին մասին, բայց կը կասկածիմ, որ երբեւէ լսած ըլլաք ոչխարի մորթ հագած մարդու մասին։

Ընկերային ցանցերու վրայ շրջան ընող պատմութեան մը համաձայն, երեք տղամարդ ձերբակալուած են Ալճերիոյ մէջ, երբ կը փորձէին Սպանիա անցնիլ՝ ոչխարի կերպարանքով։ Անոնք իբրեւ թէ ոչխարի մորթերով ու լիցքերով ծածկած էին իրենց մարմինները եւ պահուըտած՝ Սպանիա փոխադրուող ոչխարներու հօտին մէջ, մինչեւ որ իշխանութիւնները կասկածեցան երեք ոչխարներէ, որոնց վարքագիծը, ըստ երեւոյթին, բաւարար չափով ոչխարավայել չէր։

Աւելի մօտէն քննելէ ետք՝ իշխանութիւնները յայտնաբերած էին, որ այդ ոչխարները իրականութեան մէջ մարդիկ էին։

Ես շատ կ’ուզէի, որ այս պատմութիւնը ճիշդ ըլլար։ Դժբախտաբար՝ ոչ։ Լուսանկարները կեղծ են, ձերբակալութիւնները տեղի չեն ունեցած, եւ ոչ ոք փորձած է անասունի կերպարանքով Սպանիա գաղթել։

Ըստ երեւոյթին, հասած ենք այնպիսի կէտի մը, ուր իրականութիւնն ինքնին այլեւս բաւարար չափով անհեթեթ չէ, հետեւաբար լրացուցիչ անհեթեթութիւններ կը հնարենք՝ մենք մեզ զուարճացնելու համար։

Այդուհանդերձ, պարտաւոր ենք գնահատելու պատմութեան հեղինակը։ Աշխարհի մէկ անկիւնը երեք բոլորովին անմեղ ոչխարներ մեղադրուած են մարդ ձեւանալու յանցանքով։

Հոնկքոնկցի կին մը տասը տարի կը կորսնցնէ իր յիշողութենէն

Ըստ երեւոյթին, ծանր փորկապութիւնը կրնայ ձեզի կորսնցնել տալ ոչ միայն մէկ-երկու քիլօ։ Կրնաք նաեւ տասնամեակ մը կորսնցնել։

2019-ին շրջան ըրած եւ վերջերս դարձեալ երեւան եկած պատմութեան մը համաձայն, Հոնկ Քոնկի մէջ կին մը աւելի քան երկու շաբաթ պնդութենէ տառապած էր։ Երբ վերջապէս արտաքնոց գացած էր եւ այնքան ուժեղ ճիգ գործադրած, անկէ ետք չէր կրցած որեւէ բան յիշել իր կեանքի վերջին տասը տարիներէն։

Ընտանիքը անմիջապէս զինք հիւանդանոց տարած էր, իսկ շուրջ ութ ժամ ետք յիշողութիւնը վերադարձած էր։ Ան կը յիշէր նախորդ տասը տարիները, բայց, տարօրինակօրէն, չէր յիշեր այն ութ ժամերը, որոնց ընթացքին մոռցած էր այդ տասը տարիները։

Հիմա, նախքան այս պատմութիւնը անհեթեթութիւն նկատելը — եւ շատ հաւանական է, որ իսկապէս անհեթեթութիւն ըլլայ — պէտք է ըսել, որ բժշկութեան մէջ իսկապէս գոյութիւն ունի «անցողիկ համընդհանուր յիշողութեան կորուստ» կոչուող վիճակ մը, եւ ուժեղ ճիգը կրնայ անոր դրդապատճառներէն մէկը ըլլալ։

Ուրեմն պատմութեան մէջ որոշ ճշմարտութիւն կրնայ ըլլալ։ Դժբախտաբար, բժիշկները ոչ մէկ երաշխիք կու տան, որ առանձնապէս ուժգին կղկղելը կարելիութիւն պիտի տայ ընտրովի կերպով ջնջելու ձեր կեանքին կարգ մը տարիները։

Ափսոս։

Ես արդէն քանի մը տարի ընտրած էի։

Առեւանգումի մասնագէտը կ’առեւանգուի

Այս մէկը նոր չէ, բայց վերջերս դարձեալ սկսած է շրջան ընել ընկերային ցանցերով, հաւանաբար որովհետեւ համացանցը երբեմն հին պատմութիւն մը կը յայտնաբերէ եւ կորոշէ, որ ան երէկ պատահած է։

2008-ին Ֆելիքս Պաթիսթա՝ ամերիկեան բանակի նախկին հազարապետ եւ Լատի Ամերիկայի առեւանգումի ու փրկագինի հարցերով առաջատար խորհրդատուներէն մէկը, մեկնած էր հիւսիսային Մեքսիքա՝ գործարարներուն խորհուրդներ տալու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է խուսափիլ առեւանգումէ։

Ըստ հաղորդումներու, ան օգնած էր լուծելու առեւանգումի գրեթէ հարիւր դէպք։ Ուրեմն, եթէ աշխարհի վրայ մէկը գիտէր, թէ ինչպէ՛ս չառեւանգուիլ, այդ մարդը Ֆելիքս Պաթիսթան էր։

10 Դեկտեմբերին, Պաթիսթա Սալթիյոյի ճաշարաններէն մէկուն մէջ կը գտնուէր, երբ հեռաձայն մը կը ստանյ, դուրս կ’ելլէ…

եւ կ’առեւանգուի։

Այլեւս երբեք զինք չեն տեսներ։

Երբեմն ճակատագրի հեգնանքը մեր օգնութեան պէտք չունի։

Կին մը ծինաբան մը կ’առեւանգէ՝ իր կատուն անմահ դարձնելու համար

Ընկերային ցանցերու մէջ շրջան ընող պատմութեան մը համաձայն, Ֆլորիտայի մէջ կին մը առեւանգած է ծինաբան մը, որովհետեւ համոզուած էր, որ ան կը տիրապետէ կառավարական գաղտնի արհեստագիտութեան մը, որ կրնար իր կատուն՝ պարոն Միթընզը, յաւերժ ապրեցնել։

Ըստ երեւոյթին, կինը չէր կրնար երեւակայել կեանքը առանց պարոն Միթընզի։ Ուստի, փոխանակ ընդունելու այն դժբախտ իրողութիւնը, որ կատուները յաւերժ չեն ապրիր, ան ըրած էր այն, ինչ պիտի ընէր որեւէ ողջամիտ ընտանի կենդանիի տէր՝ առեւանգած էր ծինաբան մը։

Ոստիկանութիւնը իբրեւ թէ անվնաս ազատած էր գիտնականը եւ ձերբակալած՝ կինը։

Միայն մէկ փոքրիկ խնդիր կայ։

Այս բոլորէն ոչ մէկը պատահած է։

Պատմութիւնը, ըստ երեւոյթին, ծնունդ առած է գեղարուեստական պատմուածքէ մը՝ այո՛, Ֆլորիտայի մէջ ապրող կնոջ մը մասին, որ կը փորձէ իր կատուն՝ պարոն Միթընզը, յաւերժ ապրեցնել։ Ճամբան՝ գեղարուեստական պատմութենէն մինչեւ ընկերային ցանցեր, «հնարովի» բառը տեղ մը կորսուած է, եւ մենք ստացած ենք… լուր։

Ինչ որ կարեւոր հարցում մը կը յառաջացնէ. եթէ այսուհետեւ մենք պիտի հնարենք Ֆլորիտայի պատմութիւնները, հապա Ֆլորիտան ի՞նչ պիտի ընէ։

Մարդ մը մահուան հրեշտակի կերպարանքով կը կանգնի հիւանդանոցի տանիքը

Այս մէկը իմ նախասիրածս է։ Եւ աւելի լաւը՝ ըստ երեւոյթին, ճիշդ է։

Յունիսին 26-ամեայ Լէոն Կիլեսփին բարձրացած է Հիւսիսային Ուէյլզի հիւանդանոցներէն մէկուն տանիքը՝ ոտքէն մինչեւ գլուխ սեւ հագած եւ ձեռքին՝ գերանդիի նմանող առարկայ մը։

Ապա գրեթէ մէկ ժամ վերէն նայած է հիւանդներուն, այցելուներուն եւ հիւանդանոցի աշխատակազմին։

Երեւակայեցէք՝ հիւանդանոցի մահճակալին մէջ պառկած էք եւ ձեր քննութիւններուն արդիւնքներուն կը սպասէք։ Պատուհանէն դուրս կը նայիք եւ կը տեսնէք, որ Մահուան Հրեշտակը արդէն հոն է՝ ձեզի կը սպասէ։

Ոստիկաններն ու հրշէջները ի վերջոյ յաջողած են Կիլեսփին վար իջեցնել։ Հետագային ան ընդունած է, որ անհանգստութիւն պատճառած է NHS-ի տարածքին մէջ, եւ տուգանուած է 200 սթերլինով։

Բայց ահաւասիկ իմ ամենէն սիրած բաժինս։

Կիլեսփի պնդած է, որ ինք Մահուան Հրեշտակի կերպարանքով չէր։

Ագռաւի կերպարանքով էր։

Ի՜նչ թեթեւացում։

Պահ մը կարծեցի, թէ մարդը խենթ էր։

Վահէ Պէրպէրեան

Անգլերէնէ թարգմանութիւն՝ «Տարբերակ21»

 

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x