Վերնատուն
November 4, 2026
Մերօրեայ աշխարհին մէջ, ուր տեղեկութիւնները կը տարածուին արագօրէն, իսկ երիտասարդները կը փնտռեն հաղորդակցութեան նոր միջոցներ, ծնունդ առած է «Վերնատուն» անունով երիտասարդական նախաձեռնութիւնը, որուն նպատակն է Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր գանձերը մատչելի եւ հետաքրքրական ձեւով ներկայացնել հանրութեան։
«Վերնատուն» անունը ներշնչուած է այն Վերնատունէն, ուր Քրիստոս Իր աշակերտներուն հետ վերջին ընթրիքը կատարեց, եւ ուր քրիստոնէական հաւատքին համար կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան։ Այս անունը խորհրդանշական իմաստ ունի․ ան կը ներկայացնէ հաւաքուելու, սորվելու, հաւատքի մէջ աճելու եւ զիրար հոգեւորապէս հարստացնելու գաղափարը։
Նախաձեռնութիւնը կը կատարուի Ճիւնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ երիտասարդ Սարկաւագներու եւ դպիրներու կողմէ։ Անոնք իրենց ստեղծագործական կարողութիւնները եւ արդի հաղորդակցութեան միջոցները կը ծառայեցնեն հոգեւոր գիտելիքներու տարածման՝ պատրաստելով կարճ տեսանիւթեր, որոնց ընդմէջէն կը ներկայացուին Հայ Եկեղեցւոյ խորհուրդները, Սուրբ Պատարագը, շարականները, տօները եւ հաւատքին առնչուած այլ նիւթեր։
«Վերնատուն»-ի առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ այն է, որ բոլոր տեսանիւթերը կ՚ընկերակցին անգլերէն ենթախորագիրով։ Այս ընտրութիւնը նախաձեռնութեան հաղորդագրութիւնը կը դարձնէ աւելի մատչելի նաեւ անոնց համար, որոնք հայերէն չեն խօսիր կամ կը փափաքին ծանօթանալ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն։ Այսպիսով, «Վերնատուն»ը կը փորձէ հոգեւոր գիտելիքները տարածել լեզուական սահմաններէն անդին եւ Հայ Եկեղեցւոյ հարստութիւնը ներկայացնել աւելի լայն հանրութեան։
Մօտաւորապէս մէկ վայրկեան տեւող տեսանիւթերուն միջոցաւ «Վերնատուն»ը կը փորձէ պարզ հարցումներու պատասխանել, նոր հետաքրքրութիւն արթնցնել եւ հանդիսատեսը մղել աւելի խորունկ կերպով ճանչնալու իր հոգեւոր ժառանգութիւնը։
«Վերնատուն»ը կը յիշեցնէ, թէ հաւատքը միայն անցեալէն ժառանգուած աւանդութիւն մը չէ, այլ՝ կենդանի արժէք մը, որ կարելի է նոր սերունդներուն փոխանցել արդիական միջոցներով՝ առանց կորսնցնելու անոր իսկութիւնն ու խորհրդականութիւնը:
Հաւատք, գիտելիք եւ երիտասարդութիւն․ այս երեք արժէքներուն շուրջ կը զարգանայ «Վերնատուն»ը՝ դառնալով կամուրջ մը եկեղեցւոյ աւանդութեան եւ այսօրուան երիտասարդ սերունդին միջեւ։
Կը հրաւիրենք բոլորը հետեւելու «Վերնատուն»ի էջին՝ Instagram-ի վրայ, դիտելու տեսանիւթերը, տարածելու գիտելիքները եւ միասին բացայայտելու Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հարստութիւնները:
ՀՐԱԿ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ