Կրօնքը կրնա՞յ ԱԻ-ին ճիշդն ու սխալը սորվեցնել
October 28, 2026
Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) այլեւս միայն արհեստագիտական հարց չէ։ Ան հետզհետէ կը մտնէ նաեւ բարոյագիտութեան, փիլիսոփայութեան եւ կրօնքի աշխարհը։ ԱԻ-ի հզօր համակարգեր մշակող ընկերութիւնները այսօր կը դիմեն կրօնական առաջնորդներու եւ մտածողներու՝ փորձելով հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է մեքենաներուն սորվեցնել ճիշդն ու սխալը զանազանել։
Սակայն, կարելի՞ է արդեօք հազարամեակներու ընթացքին ձեւաւորուած կրօնական ուսմունքները վերածել բարոյական կանոններու, զորս ԱԻ-ն պիտի կարենայ կիրարկել։ Եւ ի՞նչ կը պատահի, երբ իրարմէ էապէս տարբեր, երբեմն նոյնիսկ հակասական կրօնական պատկերացումները կը փորձենք համադրել մէկ համակարգի մէջ։
Ստորեւ թարգմանաբար ներկայացուող յօդուածը կը քննէ արհեստագիտական ընկերութիւններուն դէպի կրօնք կատարած այս շրջադարձը, անոր յարուցած հարցումները եւ այն վտանգը, որ կրօնական աւանդութիւններու հարուստ ու բազմաշերտ ժառանգութիւնը կրնայ վերածուիլ ընդհանրական բարոյական սկզբունքներու ամբողջութեան մը՝ կորսնցնելով իր ինքնատպութիւնը։
«Տարբերակ21»
Մինչ արհեստագիտական ընկերութիւնները կը մրցին ամենէն հզօր արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) ստեղծելու, անոնցմէ ոմանք նաեւ կը փորձեն հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է զրուցակից ԱԻ համակարգի մը ճիշդն ու սխալը իրարմէ զանազանել սորվեցնել։ Անոնց գտած պատասխա՞նը՝ կրօնքը։
«Ասոնք հարցումներ են, որոնց գիտաշխատանոց մը չի կրնար պատասխանել», յայտնեց Anthropic ընկերութեան համահիմնադիր Քրիս Օլահ Վատիկանի մէջ, ԱԻ-ի մասին Լեւոն ԺԴ. պապի շրջաբերականին ներկայացման ընթացքին։ «Ասոնք հարցումներ են, զորս ձերինին նման աւանդութիւններ հազարամեակներէ ի վեր իրենց հետ կը կրեն»։
Դէպի կրօնք այս լայնօրէն քննարկուող շրջադարձին զուգահեռ, սակայն, հանրային լուրջ քննութեան գրեթէ չէ ենթարկուած այն հարցը, թէ արհեստագիտական ընկերութիւնները ճիշդ ի՛նչ կը հասկնան կրօնք ըսելով եւ, թերեւս աւելի կարեւորը, ի՛նչ կ’ակնկալեն անկէ ստանալ։
Մինչ ընկերութիւններու ղեկավարները ահազանգ կը հնչեցնեն ԱԻ-ի կործանարար ներուժին մասին եւ կը քննարկեն բարոյական սկզբունքներով առաջնորդուող համակարգեր ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, անոնք հետզհետէ աւելի կը դիմեն փիլիսոփաներու եւ կրօնական առաջնորդներու կարծիքին։
Անոնց մտածողութիւնը մօտաւորապէս հետեւեալն է. կրօնքը կրնայ նպաստել ԱԻ-ի բարոյական վարքագիծին ձեւաւորման՝ այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր անոր նկատմամբ հիմնաւոր եւ անհիմն վախերը արագօրէն կը տարածուին հասարակութեան մէջ։
Քանի որ այս ընկերութիւնները կապուած չեն որոշակի կրօնքի մը, անոնց նպատակը յաճախ շատ ընդհանրական է՝ համադրել բարոյական տարբեր պատկերացումներ, որոնք կրնան ուղղութիւն տալ իրենց համակարգերուն։
«Կը կարծեմ, թէ ChatGPT-ն պէտք է արտացոլացնէ մարդկութեան բարոյական պատկերացումներուն կշռուած միջինը, կամ նման բան մը», ըսաւ OpenAI-ի գործադիր տնօրէն Սեմ Ալթման։
Սակայն մասնագէտներն ու հաւատացեալները կը զգուշացնեն, որ այս մօտեցումը հաշուի չ’առներ այն իրողութիւնը, թէ տարբեր կրօնական աւանդութիւններ եւ աշխարհայեացքներ յաճախ կրնան զիրար հակասել։
Կարճ ըսած՝ անոնց կարծիքով, կրօնքը այդպէս չի գործեր։

Կրօնքը հետեւելիք կանոններու ամբողջութենէ մը աւելին է
Միշիկընի համալսարանի մարդաբան Ուէպ Քինի համաձայն՝ տասնամեակներէ ի վեր գիտնականները կը վիճարկեն կրօնքը իբրեւ կանոններու կամ սկզբունքներու ամբողջութիւն դիտելու տարածուած պատկերացումը։ Այդ մօտեցումը կ’ենթադրէ, թէ կրօնական սկզբունքները կարելի է անջատել այն բարդ, գործնական եւ յաճախ պարագայական ձեւերէն, որոնցմով հաւատացեալները կ’ապրին իրենց կրօնքը։
Այն համոզումը, թէ կրօնքը կարելի է անջատել մշակոյթէն եւ քաղաքականութենէն, տակաւին խորապէս արմատացած է, հակառակ անոր որ կրօնքը բազմաթիւ ձեւերով ներթափանցած է երկուքին մէջ ալ։
Ոմանք մտահոգ են, որ ԱԻ ընկերութիւնները, բարոյագիտական հարցումներ ուղղելով կրօնական տարբեր առաջնորդներու, աւելի եւս պիտի ամրապնդեն կրօնքի մասին այնպիսի պատկերացում մը, որ անտես կ’առնէ վարդապետութեան, ծէսերու եւ մարդկային յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը։
Քինի կարծիքով՝ խնդիրը հետեւեալն է. եթէ ենթադրենք, որ կրօնքէն կարելի է առանձնացնել բարոյական սկզբունքներու յստակ ամբողջութիւն մը, ապա զայն ԱԻ-ի ուսուցման համար օգտագործելը կրնայ որոշ աւանդութիւններու առաջնահերթութիւն տալ եւ ուրիշներուն էութիւնը խեղաթիւրել։ Այս վտանգը յատկապէս կը վերաբերի այն կրօններուն, որոնք իրենք զիրենք հիմնականօրէն բարոյագիտական համակարգեր չեն նկատեր։
«Կրօնքը իբրեւ կանոնագիրք դիտելու շատ սովորական մօտեցում մը կայ», ըսաւ ան։ «Ատիկա անկասկած սերտօրէն կապուած է սրբազան գրութիւններու վրայ հիմնուած կրօններուն, որոնք, ի վերջոյ, գլխաւորաբար աբրահամեան կրօններն են»։
Հաւատացեալները կ’ըսեն, թէ արհեստագիտական ընկերութիւնները լուրջ ջանքեր կը թափեն
Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ կազմակերպուած հանդիպումներուն մասնակիցները բազմաբնոյթ չեն եղած, կամ թէ կրօնական հարցերուն նկատմամբ ընկերութիւններուն մօտեցումը մակերեսային եղած է։ Այս կարծիքը կը բաժնէ նաեւ Նոթրը Տամ համալսարանին մէջ կրօնի փիլիսոփայ Մեկըն Սալըվըն, որ կը ղեկավարէ բարոյագիտութեան եւ ԱԻ-ի նուիրուած նախաձեռնութիւն մը։
Anthropic ընկերութիւնը մայիսին հրապարակուած իր յօդուածներէն մէկուն մէջ ան յայտնեց, թէ հանդիպումներ ունեցած է «աւելի քան 15 կրօնական եւ միջմշակութային խումբերու պատկանող գիտնականներու, հոգեւորականներու, փիլիսոփաներու եւ բարոյագէտներու» հետ։ Ընկերութիւնը չէ թուարկած այդ աւանդութիւնները, սակայն կը յուսայ յառաջիկային ընդլայնել մասնակիցներուն շրջանակը։
Այս տարուան սկիզբը Սալըվըն մասնակցեցաւ Anthropic-ի կազմակերպած հանդիպումներէն մէկուն, որուն ներկայ էին քրիստոնէական տարբեր յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ի տարբերութիւն արհեստագիտական այլ ընկերութիւններու հետ ունեցած իր զրոյցներուն՝ ան տպաւորուած էր Anthropic-ի մէջ կրօնական հարցերու լուրջ եւ խորքային քննարկումով։ Ընկերութիւնը լայնօրէն կը նկատուի ԱԻ-ի բարոյագիտութեան եւ ապահովութեան հարցերուն ամենէն մեծ ուշադրութիւն դարձնողներէն մէկը։
«Ընկերութեան ներքին մշակոյթը կը նմանի լաւ համալսարանական միջավայրի մը, ուր համախմբուած են մտաւորական մեծ հետաքրքրասիրութիւն ունեցող մարդիկ», ըսաւ ան։ «Այս հանդիպումները բաւական մասնագիտական եւ մանրակրկիտ են, բառին լաւ իմաստով»։
Հանդիպումը բաժնուած էր երկու մասի։ Նախ ընկերութիւնը մասնակիցներուն մատչելի լեզուով բացատրեց իր ԱԻ համակարգերուն գործունէութիւնը։ Այնուհետեւ կրօնական ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց դիտարկումները եւ մասնակցեցան քննարկումներուն։
Սալըվընի համաձայն՝ քննարկուած էին այս արհեստագիտութեան յարուցած գրեթէ բոլոր տեսակի բարոյական հարցերը՝ սկսեալ «Մարդիկ հոգի ունի՞ն» հարցումէն մինչեւ «Արդեօք տարրական դպրոցի երրորդ դասարանի աշակերտներուն պէ՞տք է արտօնել զրուցակից ԱԻ համակարգեր օգտագործել՝ կարդալու եւ գրելու ուսուցման նպատակով»։
Meta-ի, Google-ի եւ Amazon-ի ներկայացուցիչներն ալ հանդիպումներ ունեցած են Վատիկանի հետ, մինչ Microsoft-ը նոյնպէս աշխուժօրէն կը զարգացնէ կրօնական շրջանակներու հետ իր կապերը։
Կրօնքը հին է, բայց անոր ուսումնասիրութիւնը՝ ոչ
Ընդհանրապէս կ’ընդունուի, որ կրօնքը հնագոյն եւ համամարդկային երեւոյթ մըն է։ Սակայն հանգուցեալ ազդեցիկ կրօնագէտ Ճոնաթան Զ. Սմիթի նման մասնագէտներու համաձայն՝ թէեւ այս համոզումը որոշ իմաստով ճիշդ է, ան ամբողջական պատկերը չի ներկայացներ։
«Մարդը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին ժամանակ ունեցած է աստուածութիւններ եւ անոնց հետ յարաբերելու ձեւեր պատկերացնելու։ Բայց մարդը, աւելի ճշգրիտ՝ արեւմտեան մարդը, միայն վերջին քանի մը դարերուն սկսած է կրօնքը իբրեւ հասկացութիւն պատկերացնել», գրած էր Սմիթ 1982-ին։
Այսօր կրօնագիտութեան բազմաթիւ մասնագէտներ կը բաժնեն Սմիթի տեսակէտը։ Անոնք հարցականի տակ կը դնեն այն պատկերացումը, թէ կրօնները իրարմէ յստակօրէն սահմանազատուած եւ իրարու հետ համեմատելի համակարգեր են։ Անոնց համաձայն՝ այս ըմբռնումը արդիական գաղափար մըն է, որուն ձեւաւորումը կարելի է կապել նոյնիսկ ԺԹ. դարուն։
Օրինակ՝ պուտտայականութիւնն ու հինտուականութիւնը, մինչեւ եւրոպացի գիտնականներուն ժամանումը, իրենց հետեւորդներուն կողմէ չէին ընկալուեր իբրեւ յստակ սահմաններով առանձնացած կրօնական աւանդութիւններ։
Այսպէս կը բացատրէ կրօնագիտութեան մասնագէտ Թոմոքօ Մասուզաուա, որ հեղինակն է «Համաշխարհային կրօններու գիւտը» գիրքին։
«Այս բոլոր դասակարգումները տեղական ծագում չունէին», կ’ըսէ Մասուզաուա։
Արեւմտեան ակադեմական շրջանակները երկար տարիներ ամրապնդեցին այս դասակարգումները եւ միայն 20- րդ դարու երկրորդ կէսին սկսան զանոնք լրջօրէն վերաքննել։
Կրօնքի մասին այս արմատացած պատկերացումները, ըստ որոնց տարբեր մշակոյթներու կրօնները կարելի է դիւրութեամբ համեմատել, մասամբ կը բացատրեն, թէ ինչո՛ւ Սիլիքոնեան հովիտին մէջ անհրաժեշտ չեն նկատեր նախ յստակօրէն սահմանել, թէ ի՛նչ կը հասկնան կրօնք ըսելով։
Տարբեր տեսակէտներ ներկայացնելու ձգտումով՝ կրօնքը յաճախ կը դառնայ մտածողութեան բազմազանութիւնը ցուցադրելու ակնյայտ միջոց մը։
«Ինչ-որ ձեւով կրօնքը կը վերածուի աշխարհը քարտէսագրելու միջոցի մը», ըսաւ Մասուզաուա։ «Կարծես ամբողջ աշխարհը ընդունած ըլլայ այս մօտեցումը»։
Ոմանք կը մտահոգուին, որ տարբեր աւանդութիւններու իմաստութիւնը կրնայ կորսուիլ «հաւաքական մտածողութեան» մէջ
Որոշ մասնագէտներ կ’ուզեն, որ ընկերութիւնները աւելի յստակ սահմանեն իրենց գործածած հասկացութիւններն ու նպատակները, որպէսզի կարելի ըլլայ հասկնալ, թէ ճիշդ ի՛նչ կը փորձեն քաղել կրօնքէն։
Anthropic-ը իր հրապարակած յօդուածին մէջ կը բացատրէ.
«Այս աշխատանքին նպատակը մեր համակարգերը որեւէ աւանդութեան աշխարհայեացքին համապատասխանեցնելը չէ։ Մենք կ’ուզենք, որ Claude-ը հաւասար խորութեամբ եւ մանրակրկիտութեամբ օգտուի տեսակէտներու ամբողջ շրջանակէ մը՝ կրօնական, աշխարհիկ եւ քաղաքական։ Այս զրոյցներուն միջոցով մեր փնտռածը լաւ նկարագրի իրական ձեւաւորման մասին դարերու ընթացքին կուտակուած, հանգամանօրէն մշակուած մտածողութիւնն է»։
Լեզուական մեծ համակարգերը կը գործեն՝ շարունակաբար կանխատեսելով նախադասութեան յաջորդ բառը։ Անոնք այդ կարողութիւնը ձեռք կը բերեն մարդկային հեղինակութեամբ ստեղծուած հսկայական քանակութեամբ գրութիւններու, ներառեալ կրօնական բնագիրներու, լեզուական օրինաչափութիւնները «սորվելով»։
Meta-ի անկախ Վերահսկիչ խորհուրդի անդամ եւ կաթողիկէ ընկերային մտածողութիւնն ու արհեստագիտութիւնը ուսումնասիրող իրաւագէտ Փաոլօ Քարոցցա մտահոգ է, որ այս բոլոր գաղափարները մէկտեղելու ձգտումին մէջ կրօնական որոշ աւանդութեան մը ինքնութիւնը բնորոշող յատկանիշները կրնան կորսուիլ։
Այլ խօսքով՝ տարբեր աւանդութիւնները կրնան միաձուլուիլ եւ վերածուիլ միջին, ընդհանրական մտածողութեան մը, որ նոյնիսկ կրնայ նախապատուութիւն տալ արեւմտեան կրօններուն։
«Ժամանակի ընթացքին զարգացած որեւէ կենսունակ եւ հարուստ աւանդութիւն կարող է յարաբերիլ իրմէ դուրս գտնուողներուն հետ, նոր գիտելիքներ իւրացնել եւ զարգանալ։ Բայց ատիկա տեղի կ՚ունենայ բնական, ներքին զարգացման ճամբով», ըսաւ ան։
«Իսկ այն, ինչ ԱԻ-ն յաճախ կ’ընէ, կամ կրնայ ընել, այդ բնական ընթացքը չէ։ Ան պարզապէս ամէն ինչ կը հաւաքէ, իրարու կը խառնէ եւ, հետեւաբար, ի վերջոյ ոչ մէկը իսկապէս կը հասկնայ»։
Աղբիւր՝ Associated Press (AP News), Քրիսթա Ֆաուրիա