Կարելի՞ է օտար լեզու սորվիլ ԱԻ համակարգի մը հետ խօսելով

November 3, 2026

Օտար լեզու մը սորվելու համար ժամանակին անհրաժեշտ էր ուսուցիչ մը, դասագիրք մը եւ, մանաւանդ, այդ լեզուն խօսող մարդոց հետ շփուելու հնարաւորութիւն։ Այսօր պատկերը փոխուած է։ Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) շնորհիւ կարելի է օրուան որեւէ ժամուն օտար լեզուով զրուցել, սխալները սրբագրել, անծանօթ բառերու իմաստը հասկնալ եւ նոյնիսկ աշխատանքի հարցազրոյցի մը փորձը կատարել՝ առանց իրական զրուցակիցի մը ներկայութեան։

Սակայն լեզու մը սորվիլը միայն բառեր գիտնալու եւ քերականական կանոններ ճիշդ գործածելու հարց չէ։ Լեզուն նաեւ մշակոյթ է, մարդկային յարաբերութիւն, զգացում եւ հաղորդակցութիւն։ Կարելի՞ է այս բոլորը սորվիլ մեքենայի մը հետ խօսելով։ Եւ եթէ ԱԻ-ն կրնայ մեր սխալները սրբագրել, կրնա՞յ նաեւ փոխարինել ուսուցիչը կամ իրական զրուցակիցը։

The Conversation-ի մէջ հրապարակուած իր յօդուածով լեզուներու ուսուցման մասնագէտ Անթոնիօ Փերէզ-Նունիէզ կը ներկայացնէ այս հարցերուն վերաբերող գիտական հետազօտութիւններուն արդիւնքները՝ բացատրելով, թէ ԱԻ-ի զրուցավար համակարգերը ինչպէ՛ս կրնան նպաստել լեզուական հմտութիւններու զարգացման, ո՛ւր կը գտնուին անոնց սահմանափակումները, եւ ինչո՛ւ մարդկային շփումը կը շարունակէ անփոխարինելի դեր ունենալ լեզուի ուսուցման մէջ։

«Տարբերակ21»

2025-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ օտար լեզու սորվող չափահասներուն շուրջ 30 տոկոսը յայտնած է, որ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) կը գործածէ իբրեւ ուսուցման միջոց։

Մարդիկ կրնան ԱԻ-ով աշխատող զրուցավար համակարգերը, ինչպէս ChatGPT-ն եւ Gemini-ն, գործածել օտար լեզուներով խօսակցութիւններ փորձելու, անծանօթ արտայայտութիւններու իմաստը հասկնալու կամ իրենց գրածներուն մասին կարծիք ու առաջարկներ ստանալու համար։ Այս յաւելուածներն ու կայքէջերը ունին նաեւ ձայնային կարելիութիւններ, որոնց միջոցով կարելի է օտար լեզուով խօսիլ եւ լսել։

Սակայն կարելի՞ է լեզու մը սորվիլ՝ բացառապէս զրուցավար համակարգի մը օգնութեամբ։

Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ այս գործիքները կրնան օգնել լեզու սորվողներուն՝ զարգացնելու իրենց լեզուական հմտութիւնները։ Սակայն տակաւին չկան փաստեր, որոնք կը հաստատեն, թէ միայն այս յաւելուածները գործածելով կարելի է օտար լեզուի մը սահուն տիրապետել։

Այսուհանդերձ, անոնք կրնան օգտակար օժանդակ միջոցներ ըլլալ։ Օտար լեզու մը սորվիլը կը պահանջէ հասկնալ լսածն ու կարդացածը, ինչպէս նաեւ արտայայտուիլ կարենալ բանաւոր եւ գրաւոր ձեւերով։

Ես կ՚ուսումնասիրեմ զրուցավար համակարգերը՝ տեսնելու, թէ անոնք ինչպէ՛ս կրնան օգնել մարդոց՝ տարբեր եղանակներով զարգացնելու լեզուական այս չորս հմտութիւնները՝ լսելը, խօսիլը, կարդալը եւ գրելը։ Թէ լեզու սորվողները ի՛նչ կրնան շահիլ այս համակարգերէն, կախեալ է անկէ, թէ ինչպէ՛ս կը գործածեն զանոնք։

Զրուցավար համակարգերը կրնան զարգացնել լեզուական հմտութիւնները

Նախ, մարդիկ կրնան ChatGPT-ի եւ Gemini-ի նման համակարգերու ձայնային կարելիութիւնները գործածել՝ տարբեր իրավիճակներու մէջ խօսակցութիւններ փորձելու եւ զանազան նիւթերու շուրջ խօսելու համար։ Օրինակ՝ աշխատանքի հարցազրոյցի մը պատրաստուող անձ մը կրնայ պատասխանել իր աշխատանքային փորձառութեան վերաբերող հարցումներու, խնդրել, որ համակարգը գնահատէ իր պատասխանները, եւ փորձել անծանօթ արտայայտութիւն մը տարբեր ձեւերով ձեւակերպել։

Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ զրուցավար համակարգերու հետ բանաւոր վարժութիւնները կրնան օգնել լեզու սորվողներուն՝ աւելի սահուն եւ ճշգրիտ խօսելու։ Անոնք կրնան նոյն խօսակցութիւնը քանի մը անգամ կրկնել եւ համակարգին դիտողութիւնները ստանալէ ետք կրկին փորձել։ Այս հնարաւորութիւնը անոնց ժամանակ եւ թերեւս նաեւ ինքնավստահութիւն կու տայ՝ անծանօթ արտայայտութիւններու եւ կրկնուող սխալներու վրայ աշխատելու համար։

Օտար լեզուով խօսիլը կրնայ լարուածութիւն յառաջացնել, մանաւանդ երբ մարդիկ կը մտահոգուին ուրիշներու ներկայութեան սխալներ գործելու հաւանականութեամբ։ Լեզու սորվողներէն ոմանք կը յայտնեն, որ զրուցավար համակարգերու հետ խօսիլը նուազ վախազդու է, քան իրական մարդոց հետ հաղորդակցիլը։ Անոնք կը զգան, որ կրնան ազատօրէն փորձեր կատարել՝ առանց ուրիշներու դատողութենէն վախնալու։ Իրենց սխալներուն պատճառով անհանգիստ չզգալը կրնայ զիրենք քաջալերել աւելի շատ խօսելու եւ սխալելէ ետք շարունակելու վարժութիւնները։ Զրուցավար համակարգերը կրնան նաեւ օգնել մարդոց՝ օտար լեզուով նախադասութիւն կամ պարբերութիւն մը գրելու ընթացքին, ապա առաջարկել սրբագրութիւններ եւ բարելաւումներ։

Հետազօտութիւններու համաձայն՝ այս գործիքները կրնան օգնել քերականական սխալները յայտնաբերելու եւ նախադասութիւններուն կառուցուածքն ու յստակութիւնը բարելաւելու։ Անմիջական արձագանգը կրնայ նաեւ քաջալերել սորվողները՝ աւելի յաճախ վերանայելու իրենց գրածները։

Սակայն զրուցավար համակարգերու տրամադրած դիտողութիւններուն որակը միատեսակ չէ։ Օտար լեզուով գրելու ընթացքին ԱԻ-ի տրամադրած արձագանգին վերաբերող 51 ուսումնասիրութիւններու վերլուծութիւն մը պարզած է, որ այդ դիտողութիւնները երբեմն կրնան սխալներ պարունակել կամ սխալ հասկնալ գրողին ուզած իմաստը։ Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ նաեւ արձանագրած են, որ սորվողները չափազանց կը վստահին ԱԻ-ին եւ աստիճանաբար նուազ մասնակցութիւն կ՚ունենան իրենց իսկ գրածներուն վերաբերող որոշումներուն մէջ։

Հետեւաբար, զրուցավար համակարգերը առաւել օգտակար են այն պարագային, երբ սորվողները կը քննեն իւրաքանչիւր առաջարկ եւ կը փորձեն հասկնալ, թէ ինչո՛ւ պէտք է ընդունին կամ մերժեն զայն։ Օրինակ՝ անոնք կրնան ստուգել, թէ առաջարկուած փոփոխութիւնը կը պահպանէ՞ իրենց ուզած իմաստը, կամ համակարգէն խնդրել բացատրել, թէ ինչո՛ւ այդ փոփոխութիւնը առաջարկած է։ Ապա կրնան ստացած բացատրութիւնը գործածել նոր նախադասութիւն մը կազմելու համար։ Մարդիկ կրնան նաեւ ձայնային կարելիութեամբ օժտուած զրուցավար համակարգէ մը խնդրել կարճ պատմութիւն մը պատմել կամ հարցումներ ուղղել, ապա կրկնել կամ այլ ձեւով բացատրել այն բաժինները, որոնք չեն հասկցած։

Չինաստանի համալսարանական ուսանողներուն մասնակցութեամբ կատարուած ուսումնասիրութեան մը ընթացքին լեզու սորվողները ChatGPT-ի օգնութեամբ լսողական վարժութիւններ կատարած են եւ իրենց պատասխաններուն մասին արձագանգ ստացած՝ անգլերէնի սովորական դասապահերէն դուրս։ Անոնց անգլերէնի լսողական ըմբռնումի քննութեան արդիւնքները աւելի մեծ բարելաւում արձանագրած են, քան այն ուսանողներուն արդիւնքները, որոնք յաւելեալ վարժութիւններու համար գործածած էին ուսուցիչներուն տրամադրած նիւթերը։

Վերջապէս, զրուցավար համակարգերը կրնան օգնել օտար լեզուով դժուար բնագիրներ կարդալու։ Հետազօտութիւնները կը վկայեն, որ բնագիրի մը պարզեցուած տարբերակը նախ կարդալը կրնայ օգնել սորվողներուն՝ հասկնալու հիմնական գաղափարը եւ կռահելու անծանօթ բառերուն իմաստը։

Զրուցավար համակարգերուն սահմանափակումները

Զրուցավար համակարգերը կրնան օգնել լեզուական որոշ հմտութիւններու զարգացման, սակայն տակաւին զուրկ են մշակութային այն ըմբռնումէ, կենսափորձէ եւ զգացական աջակցութիւն տրամադրելու կարողութենէ, որոնք իրական մարդիկ կը բերեն խօսակցութեան մը։ Նախ եւ առաջ, այս համակարգերը կրնան մշակութային կողմնակալութիւններ դրսեւորել։

Տասը լեզուական մոտելներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը համեմատած է աշխատանքի եւ կրօնքի կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ այլ արժէքներու վերաբերող անոնց պատասխանները մարդոց մասնակցութեամբ կատարուած հարցախոյզներու արդիւնքներուն հետ։ Պարզուած է, որ զրուցավար համակարգերուն պատասխանները ընդհանրապէս աւելի մօտ էին Նետերլանտներու, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ճափոնի բնակիչներուն տեսակէտներուն, նոյնիսկ երբ համակարգերէն խնդրուած էր պատասխանել Հնդկաստանի կամ Չինաստանի բնակիչի մը դիրքերէն։

Կարգ մը պատասխաններ նաեւ հիմնուած էին կարծրատիպերու վրայ։ Օրինակ՝ երբ Gemini-էն խնդրուած էր պատկերացնել նետերլանտացիի մը համար իտէալական աշխատանք մը, ան առաջարկած էր հեծանիւով զբօսաշրջային շրջապտոյտներ առաջնորդել՝ պանիրի գործարաններու, հողմաղացներու եւ կակաչներու դաշտերու մօտէն։ Լեզու սորվողներուն համար ասիկա մտահոգիչ է, որովհետեւ զրուցավար համակարգը կրնայ մշակութային տեղեկութիւններ փոխանցել, որոնք սխալ, կողմնակալ կամ չափազանց պարզեցուած են։

Անձնական տուեալներու գաղտնիութեան հարցը նոյնպէս կարեւոր է։

Զրուցավար համակարգեր տրամադրող ընկերութիւնները կրնան արձանագրել եւ պահել սորվողներուն գրաւոր ու ձայնային տուեալները։ Օրինակ՝ աշխատանքի հարցազրոյցի մը փորձը կատարած ատեն գործատուի մը մասին իրական մանրամասնութիւններ ներկայացնելը կրնայ նշանակել գաղտնի տեղեկութիւններ փոխանցել զրուցավար համակարգին։

2025-ին հրապարակուած հարցախոյզ մը ցոյց տուած է, որ զրուցավար համակարգերու հետ աւելի դրական փորձառութիւն ունեցած ուսանողները միաժամանակ աւելի շատ կը մտահոգուէին ուրիշ մարդոցմէ մեկուսացած զգալու եւ զգացական աջակցութեան պակաս ունենալու հաւանականութեամբ։

Լեզուներու ուսուցման ոլորտին մէջ 2026-ին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը քննած է Թուրքիոյ համալսարաններէն մէկուն մէջ տասը անգլերէնի ուսուցիչներու եւ տասը ուսանողներու փորձառութիւնները՝ դասարանին մէջ ԱԻ-ի գործածութեան առնչութեամբ։ Մասնակիցներէն ոմանք ԱԻ-ն օգտակար գտած են դասաւանդութեան եւ ուսուցման համար, սակայն անոնց վկայութիւնները նաեւ շեշտած են մարդոց հետ հաղորդակցութեան կարեւորութիւնը։

Լեզուներու ուսուցման մէջ զրուցավար համակարգերու գործածութեան վերաբերող ներկայ հետազօտութիւններն ալ որոշ սահմանափակումներ ունին։ Ուսումնասիրութիւններու մէկ համադրութեան մէջ ընդգրկուած փորձերը տեւած են մէկ ուսումնական հանդիպումէն մինչեւ շուրջ չորս ամիս։ Ուսումնասիրութիւններուն մեծամասնութիւնը կատարուած է չափահասներու մասնակցութեամբ, իսկ անգլերէնը ամենէն շատ ուսումնասիրուած լեզուն է։

Տարբեր տարիքի սորվողներու եւ բազմազան լեզուներու մասնակցութեամբ աւելի երկարատեւ ուսումնասիրութիւններ անհրաժեշտ են՝ պարզելու համար, թէ արձանագրուած օգուտները որքանո՛վ մնայուն են եւ որքանո՛վ կարելի է զանոնք ընդհանրացնել։

Ուսուցիչներուն դերը

Քանի զրուցավար համակարգերու գործածութիւնը աւելի կը տարածուի, ուսուցիչները կրնան օգնել աշակերտներուն եւ ուսանողներուն՝ գնահատելու այդ համակարգերուն պատասխանները եւ ինքնուրոյն որոշելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է գործածեն զանոնք։ Օրինակ՝ ուսուցիչ մը կրնայ աշակերտներէն խնդրել նախ բնագիր մը գրել, ապա զրուցավար համակարգի մը դիտողութիւնները ստանալ եւ բացատրել, թէ ինչո՛ւ ընդունած, փոփոխած կամ մերժած են առաջարկուած սրբագրութիւնները։

Ուսուցիչները նաեւ իրենց աշակերտներուն հետ վստահութեան եւ անոնց կարիքներուն ըմբռնումին վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ կը կառուցեն։ Անոնք կրնան դժուար առաջադրանքի մը դիմաց յուսահատած աշակերտի մը հետ քննարկել խնդիրը եւ քաջալերել զինք՝ շարունակելու իր աշխատանքը։

Սակայն ուսուցիչներն ալ վերապատրաստութեան կարիք ունին՝ զրուցավար համակարգերը արդիւնաւէտ կերպով գործածելու համար։ Այս վերապատրաստութիւնը պէտք է ընդգրկէ համակարգերուն աշխատանքի եղանակին ըմբռնումը, անոնց սահմանափակումներուն ճանաչումը, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն ուսումնական կարիքներուն համապատասխանող վարժութիւններ մշակելու եւ ընտրելու կարողութիւնը։

Զրուցավար համակարգերը նոր հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռեն օտար լեզուներով վարժութիւններ կատարելու եւ լեզուական հմտութիւններ զարգացնելու համար։ Սակայն ներկայ գիտական փաստերը տակաւին չեն հաստատեր, թէ անոնք առանձինն բաւարար են լեզու մը լիարժէք սորվելու համար։

Առայժմ անոնց ամենէն յստակ արժէքը թերեւս այն է, որ ուսուցիչներուն եւ լեզուն խօսող այլ մարդոց կողքին ուսուցման նոր կարելիութիւններ կը ստեղծեն։

Հեղինակ՝ Antonio Perez-Nunez (Անթոնիօ Փերէզ-Նունիէզ), սպաներէնի դասախօս, Չարլսթըն գոլէճ

Աղբիւր՝ The Conversation

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x