Ի՞նչ է անհամասեռութիւնը (10)
September 21, 2025
- Շարահիւսական անհամասեռութիւն (գ)
Շարահիւսական անհամասեռութեան ծիրէն ներս ուշագրաւ է համադասական բարդ նախադասութեան պարագան, ուր իբրեւ անհամասեռ, անհամատեղելի, անկապակից հանդէս կու գան ոչ թէ պարզ բառեր կամ բառակապակցութիւններ, այլ համադասութիւնը կազմող ամբողջական նախադասութիւններ:
Նման անհամասեռութիւնը ըմբռնելու համար՝ սերտենք նախ իսկական համադասութիւն մը՝ պատահաբար առնուած օրուան մէկ թերթէն.
Օրինակ՝
***(1)Թուրքիա օրըստօրէ կը հեռանայ օրինական երկրի ձեւաչափէն եւ (2) կը դառնայ բռնատիրական պետութիւն («Ակօս», 25/7/2025):
Այս համադասական երկանդամ բարդ նախդասութեան առաջին բաղադրիչը (1) կը կատարէ հաստատում մը, որ է Թուրքիոյ հեռացումը օրինականութենէ, իսկ երկրորդը (2) կը բացատրէ ընթերցողին թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ կամ կրնայ ըլլալ այդ հեռացումին բնական հետեւանքը, որ է… բռնատիրութիւնը:
Սա բարդ համադասական նախադասութեան տիպարն է, ուր անոր բաղադրիչները ներդաշնակօրէն կը մասնակցին նոյն մտքի զարգացումին, ձեւաւորումին, ներդաշնակութեամբ մը, որ բոլորովին հաշտ է մարդկային բանականութեան հետ եւ կը գոհացնէ ամէն ընկալող:
Հիմա փորձենք խաթարել այդ ներդաշնակութիւնը. օրինակ՝
***(1) Թուրքիա օրըստօրէ կը հեռանայ օրինական երկրի ձեւաչափէն, եւ (2) վերջին երկրաշարժին գործած աղէտները տակաւին կը գոյատեւեն:
Ուշադիր ընթերցողը պիտի շփոթած հարց տայ, թէ աղէտին գոյատեւումը (2) ի՞նչ կապ ունի երկրին՝ օրինականութենէ հեռացումին հետ (1): Որովհետեւ ասոնք իրարու անյարիր ու անհամատեղելի իրողութիւններ են, որոնք մտածական ոչ մէկ կապ ունին իրար հետ, այդ պատճառով ալ անոնք չեն կրնար միաժամանակ յառաջանալ տրամաբանական ճիշդ մտածողութիւն ունեցող բանական էակին մէջ:
Այսուհանդերձ այսպիսիներէն զերծ չէ արեւմտահայուն միտքը:
Ստորեւ պիտի գտնենք ուսանելի օրինակներ, որոնց իւրացումը կրնայ մեծապէս նպաստել ճիշդ մտածողութեան:
Այստեղ հաւաքած ենք մասնաւորաբար համադասական եւ շաղկապով հանդէս եկող համադասութիւններ, որոնց ընկալումը յարաբերաբար աւելի հեշտ է:
* * *
***(1) Կը շարունակեմ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին թեկնա-ծու մնալ եւ (2) դրական կ’ընկալեմ ներկայ փուլին պատշաճ եղող որեւէ անուն («Ազդակ», 20/12/2024, էջ 8):
Այս բարդ կառոյցը կազմող բաղադիր նախադասութիւնները իրարու հետ որեւէ առնչութիւն չունին:
Առաջինով՝ խօսողը իր թեկնածութիւնը կ’առաջարկէ նախագահական պաշտօնին՝ ատով մասնաւորաբար ի՛ր անձը արժանի գտնելով այդ պաշտօնին:
Մինչ երկրորդով՝ բոլորովին ուրիշ բան կ’ըսէ. այստեղ անտարբեր աչքերով կը դիտէ ան ընտրութիւնը որեւէ մէկուն, որ «պատշաճ» կը նկատուի:
Այսպիսի իրարու հակադրուող միտքեր չեն կրնար համատեղուիլ եւ համասեռութիւն, այլ խօսքով՝ տրամաբանական համադասութիւն ստեղծել:
Նման համադասութեան մը փրկութիւնը կը պահանջէ հետեւեալ շաղկապներէն մէկնումէկը՝ այսուհանդերձ, թէեւ, թէպէտ, չնայած որ, թէկուզ:
Օրինակ՝
—(1)Կը շարունակեմ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին թեկնածու մնալ, (2)այսուհանդերձ դրական կ’ընկալեմ ներկայ փուլին պատշաճ եղող որեւէ անուն:
Այս նոր կառոյցը կը դադրի համադասական ըլլալէ եւ կը դառնայ ստորադասական բարդ նախադասութիւն մը, որուն առաջին բաղադրիչը գլխաւորն է, իսկ երկրորդը ստորադասն է եւ կը կոչուի «զիջման կամ հակասման պարագայ գլխաւորին»:
Ինչո՞ւ այս անուանումը,- որովհետեւ խօսողը երկրորդով զիջում մը, հակասում մը կը կատարէ առաջինով արտայատուած մտքին հանդէպ. արդարեւ, մէկ կողմէ ան կը յաւակնի ինքը թեկնածու դառնալ, միւս կողմէ, սակայն, կ’ընդունի, կը թոյլատրէ, որ ուրիշ արժանիներ ալ դնեն իրենց թեկնածութիւնը:
Ստորեւ տեսնենք անհամասեռութեան քանի մը ուրիշ՝ շատ ուսանելի օրինակներ:
* * *
***(1) Պատժամիջոցներու ջնջումը պիտի նպաստէ Սուրիոյ վերաշինութեան, եւ (2) Իսրայէլի սուրիական հողերու բռնագրաւումը անընդունելի է («Ազդակ», 21/12/2024, էջ 8):
Նոյնպիսի անհամատեղելիութիւն կը գտնենք այս ենթադրեալ համադասական բարդ նախադասութեան երկու բաղադրիչներուն միջեւ, որոնց առաջինը կը վերաբերի վերաշինութեան, երկրորդը հողային բռնագրաւումի:
***(1) Ուաշինկթընի մէջ մեծ փոփոխութիւններ պիտի կատարեմ, եւ (2)Քոնկրեսին մէջ հանրապետական մեծամասնութիւնը կը զօրակզի պաշտօններու համար իմ առաջադրած թեկնածուներուս («Ազդակ», 24/12/2024, էջ 8):
***(1) Անհրաժեշտ է շարունակել Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ նշուած բարեկարգումները, եւ (2)վարչական ընդլայնուած ապակեդրոնացեալ դրութեան գործադրութեան ուշացումը յանգեցուց ոմանց դէպի համադաշնակցային դրութիւն շեղման(«Ազդակ», 13/2/2025, էջ 8):
***(1) Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի հետ հաղորդակցութիւնները կը շարունակենք իսրայէլեան հեռացումը ամբողջացնելու եւ (2)շիի համայնքի պաշարում չկայ (Ազդակ», 19/2/2025):
***(1) Պըրրի սէյիտ Նասրալլայի յուղարկաւորութեան ներկայ պիտի ըլլայ, եւ (2)մեր մօտ կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու ուղղուածութիւն գոյութիւն ունի («Ազդակ», 22/2/2025):
Մէկ կողմէ ինչ-որ մասնակցութիւն յուղարկաւորութեան մը, միւս կողմէ…
վստահութեան քուէի շնորհում: Կապը ո՞ւր է …այս երկուքիւն միջեւ:
***(1)Յուսանք չենք ստիպուիր ցամաքային ուժերով մուտք գործել հարաւային Սուրիա, եւ (2) այդ մէկը չենք բացառեր («Ազդակ», 17/7/2025, էջ 1):
Շատ յատկանշական է. մէկ կողմէ կը յուսայ, կը մաղթէ, գրեթէ կը խոստանայ մուտք չգործել հարաւային Սուրիա, չգրաւել զայն, միւս կողմէ… չի բացառեր, որ այդ մուտքը, այդ գրաւումը կրնայ տեղի ունենալ:
Լեզուն ինչպէ՞ս գլուխ ելլէ այսպէս «մտածող» ուղեղներու հետ:
Պարզ է. որ այս պարագային եւս եւ շաղկապին փոխարէն պարտինք ստորադասական այսուհանդերձ շաղկապը կիրարկել:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան