Թամարա Ստեփանեանի «Արտոյի երկիրը» (Բ. Մաս)
November 24, 2026

Ֆիլմը Սէլինի(1) (Camille Cottin) մասին է, որ 2021-ին կը ժամանէ Հայաստան՝ Գիւմրի, ամուսինին՝ Արտոյի(2) ծննդեան պաշտօնական փաստաթուղթը ձեռք բերելու եւ այդպիսով իրենց երկու զաւակներուն Հայաստանի քաղաքացիութիւն շնորհելու նպատակով։ Այցելութեան ընթացքին, սակայն, ամուսինին անցեալին վերաբերող խանգարիչ ճշմարտութիւններ կը բացայայտէ։ Նախ՝ որ Արտոն փոխած է իր մականունը, եւ ապա՝ որ ան Արցախի պատերազմէն փախած զինուոր մըն է, որուն պատճառով իր վեց հոգինոց ջոկատը նահատակուած է։

Այս տարօրինակ եւ բարդ իրողութիւնները հասկնալու եւ ապացուցելու համար Սէլին իր նախատեսած երկու օրուան այցելութիւնը կ’երկարաձգէ։ Գիւմրիէն կը մեկնի դէպի Սեւան, եւ կը հասնի մինչեւ Արցախ։

Այս ոճով ֆիլմեր շատ կան. երկրէ երկիր ճամբորդել, ընտանեկան գաղտնիքներ բացայայտել։ Ինծի համար այս ոճին լաւագոյն օրինակներէն մէկը Ուաժտի Մուաուատի (Wajdi Mouawad) «Incendies»(3) (2010) ֆիլմն է, որ կը պատմէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սարսափելի հետեւանքներէն մէկուն մասին։ Այլ օրինակ մը՝ իտալացի նշանաւոր դերասան/բեմադրիչ՝ Sergio Castellitto-ի Twice Born(4) (2012), գլխաւոր դերասանութեամբ Penélope Cruz-ի, ուր դէպքը կը պատահի Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի 1992-ի պատերազմի ընթացքին պատահած ընտանեկան դժբախտութեան մասին: Նման ֆիլմերու միջոցով օտար մը, կամ տուեալ երկրին մասին շատ բան չգիտցող հանդիսատես մը, կրնայ դիւրութեամբ ծանօթանալ անոր լեզուին, պատմական, քաղաքական եւ ընկերային կեանքին։

«Արտոյի երկիրը» ֆիլմին մէջ Թամարա շատ պարզ ու բնական ձեւով ներկայացուցած է Հայաստանի ներկայ բնութիւնն ու քաղաքացին, զբօսաշրջային երկիր ըլլալը, տարբեր գիւղերը, սովետական շրջանէն մնացած Գիւմրիի բամպակի հսկայական պատմական գործարանի լքուած կառոյցը, ինչպէս նաեւ նշանաւոր Polytechnique-ը. ամենակարեւորը սակայն շատ բացայայտ ձեւով ներկայացուցած է Գիւմրիի երկրաշարժի մինչեւ օրս, թողած ազդեցութիւնը:
Ունիմ կարգ մը նկատողութիւններ:

Հակառակ անոր որ հայ ամուսին մը ունէր, Սէլին հայերէն մէկ բառ անգամ չէր գիտեր։ Սակայն Հայաստանի մէջ, ուր ալ երթար, միշտ կը հանդիպէր սահուն ֆրանսերէն կամ անգլերէն խօսողներու։ Երեւանի մէջ ասիկա կրնայ ընդունելի եւ հաւանական երեւոյթ մը ըլլալ, բայց գիւղերու պարագային, իմ կարծիքով, իրականութիւն ըլլալէ քիչ մը հեռու կը թուի։
Երբ սահմանապահ հայ երիտասարդ զինուորը հազիւ գիտնայ, որ Սէլին ֆրանսացի է, անմիջապէս եւ հպարտութեամբ Ֆրանսայի քայլերգը բառ առ բառ կ’երգէ։ Գոնէ ինծի համար, ասիկա նուաստացուցիչ տեսարան մըն էր, որ բացարձակապէս չկրցայ ընդունիլ, մանաւանդ եթէ նպատակը թեթեւ կատակերգական պահ մը ստեղծելն էր: Չկրցայ հասկնալ Թամարայի նպատակը այս տեսարանին մէջ։

Նոյն կէտին մէջ ներառեմ նաեւ Արցախի սահմանին վրայ գտնուող հայ եւ ռուս պահակ զինուորները, որոնք շատ խիստ ոճով կը խօսին Սէլինի հետ, իբր միակ օտարահպատակը, երբ Սէլին հանրակառքով կը հասնի սահման, բայց առանց ոչ մէկ աւելորդ ապահովական քայլի անոր կ’արտօնեն Արցախ մտնել:
Իսկ եթէ ֆիլմը դիտենք հայու, մանաւանդ՝ սփիւռքահայու աչքով, կ’ուզեմ կէտ մը առանձնացնել։

Սէլին, երբ Արցախի ազատամարտիկի մը աղջկան(5) կը խոստովանի, թէ իր ֆրանսացի զաւակներուն՝ աղջկան եւ տղուն, Հայաստանի քաղաքացիութիւն շնորհելու իր ցանկութիւնը պարզապէս խորհրդանշական է, անկէ կը ստանայ շատ յստակ պատասխան մը. քաղաքացիութիւնը պարզապէս պատկանելիութեան խորհրդանիշ մը չէ, այլ պարտաւորութիւն մըն է, որ իրեն հետ կը բերէ նաեւ զինուորական ծառայութեան եւ անհրաժեշտութեան պարագային՝ հայրենիքի պաշտպանութեան ու պատերազմի մասնակցելու պատասխանատուութիւնը։
Պէտք է խնդրեմ, որ դիտել փափաքողը առարկայական ձեւով մօտենայ ֆիլմին, առանց ակնկալութեան:
Դէմ եւ թեր կարծիքներ լսելէ ետք որ դիտեցի եւ տեսայ, եւ այս բոլոր մանրամասնութիւնները մէկ կողմ դնելով՝ ընդհանուր առմամբ, ինծի համար «Արտոյի երկիրը» եղաւ «գլուխ լեցնող» ֆիլմ մը, միեւնոյն ժամանակ, հպարտութիւն:
Շատ ուրախ պիտի ըլլայի եթէ ֆիլմը ընդունուէր Օսքարի մրցանակաբաշխութեան ցանկին մէջ. միայն թեկնածութիւնն իսկ յաղթանակ է՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Թամարայի եւ թէ՛ մեր բոլորին համար:
Փաթիլ Գուլաճեան