Գարմէն Լապաքի՝ «թէ ինչպէս հայ դարձայ»

July 30, 2024
Գարմէն Լապաքի
Գարմէն Լապաքի 1

Լիբանանցիներուն համար, Գարմէն Լապաքի(1) լիբանանցի հանրածանօթ բեմադրիչ եւ արտադրիչ է, հանրածանօթ իր մշակութային եւ ընկերաբանական վաւերագրականներով: Լիբանանահայ համայնքին համար հոգեհարազատ է՝ 2004-ի Armenians of Lebanon եւ Armenia, the Sleeping Beautyով եւ 2006-ի My name is Aram-ով:

Ժամադրուեցանք, հանդիպեցանք, ծանօթացանք:

Մէկ ժամ ետք հարազատ բարեկամներու պէս բաժնուեցանք:

Ո՞վ է Գարմէն Լապաքին:

Գարմէն Լապաքի, ծնած է Լիբանան, եւ կը կրէ լիբանանեան եւ պրազիլական հպատակութիւն: Բազմալեզու է՝ կը տիրապետէ արաբերէնի, փորթուկալերէնի, ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի: Կը գրէ ու կը կարդայ հայերէն: Փարիզի Սորպոն համալսարանի մէջ ուսանած է լսատեսողական արուեստ: Լիբանան վերադարձին, Լիբանանեան համալսարանի լրագրութեան մրցանքի (concours) կը դիմէ, կ’ընդունուի եւ միամեայ դասընթացքը կ’աւարտէ յաջողութեամբ:

Գարմէն համեստօրէն այսքանով ուզեց ճանչցուիլ, հակառակ անոր որ իր տուեալներու եւ շնորհներու շարքը շատ երկար է:

Հանդիպումէս առաջ, հարցումներու շարք մը պատրաստած էի: Վերջին հարցումս պիտի ըլլար հայերուն եւ հայութեան հանդէպ իր ունեցած սիրոյն ու յարգանքին մասին: Բայց ծանօթացումի ընթացքին արդէն կանխեց զիս, կարծէք ինձմէ աւելի անհամբեր էր միայն այս նիւթին անդրադառնալու:

Հայ անձի մը հետ իր առաջին շփումը եղած է վեց տարեկանին, երբ մօրաքոյրը կ’ամուսնանայ հայու մը հետ, որ թէեւ հոգիով ու սրտով հայ էր, բայց հայերէն խօսիլ չէր գիտեր: Այնքան սիրահարուած եղած են, որ մօրաքոյրը միայն ու միայն Պուրճ Համուտէն գնում կ’ընէր, Պուրճ համուտի վարսայարդարներուն սալոնները կը յաճախէր:

Գարմէնի ծնողքը՝ տեղեակ ըլլալով լիբանանահայերուն արհեստի եւ արուեստի մէջ հմտութիւններուն, եւ ընդհանրապէս բոլոր մարզերուն մէջ անոնց պարկեշտութեան, աշխատասիրութենէն եւ զարգացումէն, միշտ քաջալերած են զինք դիմել հայուն: «Լիբանանի Պաապտաթ շրջանի [ոչ հայաբնակ շրջան] բնակիչ ըլլալով հանդերձ, հեծանիւիս նորոգութեան համար դիմեցի հայ արհեստաւորի» ըսաւ Գարմէն: Այս բոլորին կողքին, ծնողքը ոչ մէկ ատեն ուշադրութիւն դարձուցած են լիբանանահայուն կտրտուած եւ սխալ արաբերէն խօսելուն, իրողութիւն մը որ միշտ եւ մինչեւ օրս հեգնութեան կ’արժանանայ տեղացի լիբնանցիին կողմէ:

Վերոնշեալ հանգամանքներէն մեկնած, Գարմէն բնականաբար միշտ յարգանքով վերաբերած է հայերուն հետ:

Brazil in Lebanon 2

1997-ին, կ’որոշէ վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստել բոլոր այն լիբանանեան սփիւռքի գաղութներուն մասին: Այն տարիներուն պրազիլաբնակ ըլլալով՝ կը պատրաստէ Brazil in Lebanonը(2), որ կը սփռուի MTV կայանէն:

Այս վաւերագրականի յաջողութենէն ետք, 2002-ին՝ Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք International Day of Francophony-ի առիթով կը պատրաստէ France in Lebanon-ը, որ կը սփռուի LBCI կայանէն: Այս գործը անկիւնադարձային առիթ կը հանդիսանայ Գարմէնին համար,

France in Lebanon 3

երբ լիբանանեան նշանաւոր LBCI կայանը կ’առաջարկէ անոր մնայուն պաշտօն: Այս յաջողութեան շնորհիւ Պրազիլը ձգելով կը հաստատուի Լիբանան: «Այդ տարիներուն LBCI կը համապատասխանէր CNNի» կ’ըսէ Գարմէն՝ կէս  լուրջ կէս կատակ:

LBCI կայանի մէջ ազատ որոշում ունենալով, 2004-ին գործի կ’անցնի պատրաստելու համար Armenians of Lebanon-ը: Գարմէն կը շեշտէ՝ «ոչ Հայաստանի մասին, իբր երկիր, այլ լիբանանահայ ժողովուրդին մասին»: Այս ճշգրտօրէն հանրութեան հրամցնելու համար, պէտք էր հասնէր արմատներուն, այսինքն պէտք էր անցնէր Հայաստանէն, Սուրիայէն, Թուրքիայէն, հանդիպէր հոն գտնուող գնչուներու հետ: «Զիս քաջալերող չկար, ընդհակառակը» ցաւով կը յայտնէ Գարմէն:

Գործը լաւապէս ներկայացնելու եւ հայ ժողովուրդին հոգեբանութիւնը հասկնալու համար, կը սկսի պատմական գիրքեր կարդալ եւ հայերէն լեզուն սորվիլ: Անձնական դասերով, երեք ամսուայ ընթացքին գրել եւ կարդալ կը սորվի, քիչ մըն ալ խօսիլ: «Եղբայրս ալ կ’որոշէ ինծի հետ հայերէն սորվիլ. օր մը ընտանեօք տունը նստած հեռատեսիլ դիտած ատեն, հայերէն խօսելու փորձ կ’ընենք: Եղբայրս արաբերէնով կ’ըսէ որ հեռատեսիլին ձայնը բարձրացնեմ, հայրս կը պատասխանէ՝ “բարձրացո՛ւր կ’ըսեն…”. ի յայտ եկաւ որ հայրս ժամանկին հայ topographe-ի հետ աշխատած է եւ քանի մը բառ սորված» փակագիծ բանալով կը պատմէ Գարմէն: Երկրորդ ուսուցիչի մը հետ ալ աւելի կը զարգացնէ գիտելիքները եւ շուտով գործի կը լծուի:

Արամ Չոլաքեան 4

2004-ին կը պատրաստէ Armenia, the Sleeping Beauty զբօսաշրջական վաւերագրականը,  իսկ 2006-ին, My name is Aram, ցեղասպանութենէն վերապրող Արամ Չոլաքեանի(4) մասին:  Գարմէն Լապաքի ներկայիս կ’աշխատի այս վերջին գործին տարբերակին վրայ. «ինչ որ կ’ուզէի սրբագրել կամ ուրիշ ձեւով ներկայացնել, մէկ խօսքով աւելի փորձառու աչքով դիտուած հրամցնել» կ’ըսէ Գարմէն: Նոյնպէս Armenians of Lebanon-ը պիտի այժմէականացնէ, կոչելով Armenians of the world, տրուած ըլլալով նոյն այդ հայերը այժմ գաղթած են Լիբանանէն եւ կը գտնուին աշխարհի չորս կողմերը:

Հայութեան հետ առնչուած իր աշխատաքներուն բերումով, կը ծանօթանայ լիբանանահայ երիտասարդի մը եւ կը պսակուին: Կ’ունենան երկու զաւակներ, եւ Գարմէնի նախապայմանով՝ կը կրեն հայ անուններ, կը յաճախեն հայկական վարժարան, ունին ընկերային հայ շրջապատ. Գարմէնի բառերով «հայերէն կը մտածեն ինչպէս նաեւ հայերէն կ’երազեն»:

Հայերէն երգ ու երաժշտութիւն մտիկ կ’ընէ նոյն հաճոյքով ինչպէս կը լսէ Ֆէյրուզ: Պէտքը կը զգայ տարին անգամ մը շաբաթով մը Հայաստան երթալու, մէկ կողմ դնելով լեզուի տարբերութիւնը՝ ուտելու համար հայկական ձմերուկը, վիճելու համար հայաստանցի վաճառականին հետ երբ զինք «օտար» սեպելով խաբէ:

«Հաւանաբար նախորդ կեանքիս մէջ հայ եղած եմ», կատակելով ըսաւ Գարմէն:

(Շարունակելի)

3
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x