արդ եւս | in view 2026–2027-ի դիմումնաշրջանը բաց է

November 25, 2026

Զօրացնել մշակոյթը, խթանել նորարարութիւնը եւ առաջնորդել փոխակերպումը

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը հրաւիրէ ստեղծագործ մտածողներ, մշակութային խմբակներ, անկախ արուեստագէտներ ու մշակութային գործիչներ՝ դիմելու արդ եւս|in view-ի 2026–2027 ծրագիրին. արդ եւս​ |​ in view արեւմտահայերէնով ստեղծագործական արտայայտութեան եւ փորձառական նախաձեռնութիւններու միակ նպաստի ծրագիրն է։

​Արուեստի աջակցութեան աւանդական ձեւերէն​ անդին՝ այս դիմումնաշրջանը մշակոյթը կը դիտարկէ իբրեւ ընկերային ​դրական փոխակերպումի գործուն աշխատանոց մը, ուր համարձակ արտայայտութիւնը ուղղակի​ կը հատ​է քաղաքացիական երեւակայութ​իւնը եւ իրական աշխարհի վրայ ունեցած դրական ներգործութ​իւնը։

Այսօրուան բարդ համաշխարհային իրականութիւնը կը պահանջէ համագործակցային մշակոյթի ​մը ստեղծումը, որ կ՚անցնի սոսկ ներկայացուցչական սահմաններէն՝ գործուն ձեւով կերտելու հասարակաց ապագա​յ մը։ Ներշնչուելով ընկերային ներգրաւուածութեան միջազգային փորձառութիւններէն եւ միջգիտակարգային փորձարկումներէն՝ արդ եւս|in view ծրագիրը կ՛ակնկալէ նախագիծեր, որոնք կը խախտեն կրաւորական դիտողի դերը եւ կը հրաւիրեն համաստեղծումի։ Կ՛ուզենք տեսնել նախաձեռնութիւններ, որոնք կը փորձարկեն ստեղծագործական նորագոյն արհեստագիտութիւնները, կը կիրարկեն ապակեդրոնացուած պատումի ձեւեր, կը կառուցեն իրաւահաւասար երկխօսութիւններ ընկերային ճեղքերու միջեւ, եւ խիզախ ու մասնակցային մեթոտներով ձայն կու տան թերներկայացուած տեսա​կէտներու։

Դիմելու չափանիշեր. բաց է անհատ ստեղծագործողներու, խմբակներու եւ ոչ-շահութաբեր մշակութային կազմակերպութիւններու։

Նպաստի ծրագիր. ընտրուած դիմումները (առաւելագոյնը տասը) պիտի ստանան ​իւրաքանչիւրը մինչեւ 10,000 եւրոյի նպաստ։

Վերջնաժամկէտ. դիմումները բաց են մինչեւ 7 մարտ 2027 (Լիզպոնի ժամով 23:59)։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://gulbenkian.pt/armenian-communities/

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x