Հեղինակ՝ Պետրոս Մանուկեան
Մեր նախորդ յօդուածին աւարտին տեսանք թէ ինչպէս, թէեւ քաղաքական կեանքի մէջ մխրճուած, սակայն լիբանանցին աւելի «ղեկավարին» անձը կը դարձնէ առաջնահերթ, իսկ քաղաքական ու գաղափարական առաջադրանքները կը մատնուին մոռացութեան: Պատեհապաշտութիւնը կը կազմէ հէնքը լիբանանի քաղաքական կեանքին:
Լիբանանի մէջ քաղաքական կեանքը կ’ընթանայ հետեւեալ առաջնահերթութիւններով. առաջնորդ, կրօնական-համայնքային պատկանելիութիւն, կուսակցութիւն, հայրենիք եւ վերջինը՝ պետութիւն:
Լիբանանի հասարակութիւնը աշխուժ է եւ կեանքով լեցուն, իսկ քաղաքական քարնաւալներն ու տօնակատարութիւնները դրական երեւոյթներ են: Քաղաքական ուրախ կամ զգացական հաւաքներու մասնակցութիւնը առողջ նշան է, եւ լաւ կ’ըլլայ որ շատեր մասնակցին նման ձեռնարկներու՝ քաղաքականացման իբրեւ արտայայտութիւն, բայց երբ քաղաքական առաջնորդները հետամուտ կ’ըլլան համակիր զանգուածներու հաւատարմութիւնը եւ քաղաքական կեանքին մասնակցութիւնը պահելու լոկ քարնաւալային շրջագիծին մէջ` հեռու քաղաքական որոշումներու մասնակցութենէն, այն ատեն աղէտը կը սկսի, մասնաւորաբար երբ քաղաքական նման խմբակցութեան մը կարգ մը անդամները դուրս ելլելով քարնաւալային մթնոլորտէն՝ կը սկսին փոփոխութեան եւ նորարութեան մասին խօսելու. անոնք կը մերժուին եւ կը մեկուսացուին:
Չմոռնանք որ քարնաւալային հաւաքներուն մասնակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Լիբանանի մէջ, որովհետեւ որքան աւելի թիւ հաւաքես՝ այնքան կրնաս բարձրացնել համայնքային պահանջներուդ նշաձողը:
Ահա՛ այս է Լիբանանի քաղաքական իրականութիւնը, ուր մեր գլխաւոր նիւթը՝ քաղաքական իրազեկութիւնը (awareness իմաստով) տեղ չունի զանգուածներուն մէջ:
Հայաստան
Մինչ եսը, ունայնութիւնը եւ սնապարծութիւնը կը հանդիսանան հիմնական միջոցները, զորս կը կիրարկեն լիբանանցի քաղաքական գործիչները ամբոխային տրամադրութիւններ ստեղծելու եւ զանգուածները անգիտակից վիճակի մէջ պահելու համար, ունինք այն կարծիքը, որ Հայաստանի մէջ նոյն արդիւնքի հասնելու համար, քաղաքական գործիչները կը կիրարկեն ճիշդ հակառակ ռազմավարութիւնը:
Հարկ է առաջին հերթին նշել, որ մինչ լիբանանցիներուն մեծ մասը խորապէս ներգրաւուած է քաղաքականութեամբ եւ անոնց շատ փոքր տոկոսը միայն հեռու կը մնայ քաղաքական կուսակցութիւններէ, Հայաստանի պարագային, մեծամասնութիւնը ընդհանրապէս հետաքրքրուուած չէ քաղաքականութեամբ եւ միայն շատ փոքր տոկոս մը անդամ է քաղաքական կուսակցութեան մը:
Հայաստանի մէջ գերիշխող գլխաւոր գործօնը, դժբախտաբար, քաղաքացիներու վիրաւորուած եսն ու միաժամանակ ինքնավստահութիւնն է: Անոնք յաճախ կ’արտայայտեն իրենց հաւատքին կորուստը որեւէ գաղափարի, կուսակցութեան կամ գաղափարախօսութեան ու քաղաքական առաջնորդի նկատմամբ եւ, մեր կարծիքով՝ կը գտնուին դառն յուսահատութեան ու յուսախաբութէան մէջ:
Հայաստանցիք զարգացուցած են «պէտք չի» մօտեցումը: Անոնք կ’ապրին այն պատրանքը, թէ իրենք շատ «փրակմաթիք» նկատառումներով չեն չզբաղիր քաղաքականութեամբ, ինչ որ մեծ սխալ է, որովհետեւ քաղաքական դրութիւնը կը կազմակերպէ մեր կեանքը բոլոր մակարդակներու վրայ՝ ընկերատնտեսական, ելեւմտական եւ գործնական բոլոր մարզերուն մէջ:
Հայաստանցիներու մեծամասնութիւնը ունի գլխաւոր մէկ մտահոգութիւն. աշխատանք՝ թէկուզ նուազագոյն վարձատրութեամբ, նոյնիսկ երկար ժամերով, շաբաթը թերեւս 7 օր: Աշխատանք գտնելը միակ գործօնը չէ, այլ զայն կորսնցնելու վախը աւելի գերիշխող է: Իսկ այս վախը յաճախ կը շահագործուի՝ աշխատաւորներուն ընտրական որոշ ուղղութիւն պարտադրելու համար:
Մինչ Լիբանանի մէջ եթէ գործատէրը քեզի հարց տայ, թէ որո՞ւ պիտի քուէարկես, մենք` լիբանանցիներս առանց վարանելու համակրութիւն կը յայտնենք անոր թեկնածուին նկատմամբ, նոյնիսկ եթէ այդպէս չէ իրողութիւնը: Լիբանանի մէջ ականատես չենք եղած դէպքերու, երբ աշխատաւորներ իրենց պաշտօնը կորսնցնեն ընտրական պատճառներով: Հայաստանի մէջ յաճախ կը լսենք պատմութիւններ, երբ գործատէրեր կը թելադրեն իրենց աշխատաւորներու՝ գրանցուելու ինչ-որ կուսակցութեան մը: Թէեւ պարտաւոր չեն, սակայն վախնալով աշխատանքին կորուստէն՝ անոնք ակամայ կ’ենթարկուին:
Հայաստանի հայերուն մեծամասնութիւնը խելացի է, բարեսիրտ, ազնիւ ու անկեղծ, բայց քաղաքական հարցերու պարագային, թող ներող ըլլան իմ հարենակիցները՝ քիչ մը պարզամիտ, որ մեր կարծիքով հետեւանք է խորհրդային օրերու ազդեցութեան կամ քաղաքական փորձի եւ մշակոյթի բազակայութեան:
Տակաւին, անհանդուրժողականութեան առկայութիւնը, հաղորդակցելու եւ զիրար լսելու սովորութեան չգոյութիւնը, ընդհանրապէս երկխօսութեան բացակայութիւնը թէ՛ ղեկավարութեան եւ թէ՛ հասարակ քաղաքացիներու մակարդակներուն վրայ, շատ աւելի գերիշխող է Հայաստանի քան Լիբանանի մէջ: Լիբանանի մէջ երկու հոգի կրնան վիճիլ, բայց դեռ բարեկամներ կը մնան: Կը կասկածիմ. այդպէս չէ պարագան Հայաստանի մէջ:
Մինչ Լիբանանի մէջ այլ կարծիք չլսելու միտումն ու սովորութիւնը կը յառաջանան «ես»է, Հայաստանի մէջ, մեր կարծիքով, այդ մէկը պայմանաւորուած է մարդոց այնքա՛ն պարզամիտ յամառութեամբ, որ արդիւնաւէտ կերպով կը շահագործուի լրատուամիջոցներու կողմէ. մարդիկ կ’ընդունին այն ինչ որ լրատուամիջոցները կը տարածեն: Պատկերացուցէք որ «թաւշեայ յեղափոխութեան» իշխանութեան կողմնակիցները մինչեւ այսօր կը պնդեն, որ ներկայ իշխանութիւնը քննադատողները ուղղակի հին օրերու ջատագովներն են, որոնք այլեւս չկարենալով օգտուիլ «թալանէն»՝ հին օրերը կ’երազեն: Փաստօրէն, Հայաստանի մէջ, զանգուածային լրատուամիջոցներուն մեծ մասը դարձած է միայն երկու ուժերու` ներկայ իշխանութեան եւ հին վարչակարգի մենաշնորհը: Այդ պատճառով, Հայաստանի ամբողջ քաղաքական կեանքը ընդհանուր առմամբ կը ներկայացուի իբրեւ պայքար նոր իշխանութեան եւ հին ռեժիմին միջեւ: