Լիբանան 2005-2018. խորհրդարանական ընտրութիւնները, հայկական կուսակցութիւններն ու հայ ընտրողները

Լիբանանի մէջ 2005-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն համեմատ 2009-ին եւ ապա 2018-ին կայացած ընտրութիններուն արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Լիբանանի մէջ գործող հայկական կուսակցութիւններուն առաջադրած թեկնածուներուն հայ քուէարկողներուն տուած քուէները շարունակաբար կը նուազին, մինչ անկում կը կրեն նաեւ քուէարկողներուն թիւերը:

2005-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցած էր 13,300 հայ․ Պէյրութի մէջ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկած էր ընտրութիւնները, այդ պատճառով այս հաշուարկէն զանց առնուած են Պէյրութի հայ քուէարկողները։ Վերոյիշեալներէն 12,261-ը իրենց քուէն տուած էին հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու թեկնածուներուն:

2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, Պէքաայի, Պէյրութի եւ Մեթնի մէջ ընտրութեան մասնակցած էին 23300 հայեր (Պէյրութի Բ․ ընտրաշրջանին մէջ քուէարկութիւն տեղի չունեցաւ մրցակից թեկնածուներու չգոյութեան պատճառով), որոնցմէ 19850-ը իրենց քուէն տուած էին հայկական կուսակցութիւններու թեկնածուներուն:

Իսկ ահաւասիկ 2018-ի ընտրութիւններուն (մինչ ինը տարի շարունակ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի չէի ունեցած Լիբանանի մէջ), նոյն Պէքաայի, Պէյրութի եւ Մեթնի մէջ հայ քուէարկողներուն ընդհանուր թիւը կազմեց 24707 մարդ, որոնցմէ հայկական կուսակցութիւններու թեկնածուներուն քուէարկեցին 12934-ը:

Թիւերը յստակօրէն ցոյց կու տան, որ Լիբանանի հայ համայնքին մէջ հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն առաջադրած թեկնածուներուն ստացած ձայներուն տոկոսը 13 տարիներու ընթացքին նուազած է 40%-ով․ 2005-ին, հայկական կուսակցութիւններուն թեկնածուները ստացած էին հայ քուէարկողներու քուէներուն 92 տոկոսը, իսկ 2018-ին՝ 52 տոկոսը: Մեթնի մէջ, օրինակ, նոյն այդ կարգի թեկնածուներուն 2009-ի քուէները 10800-էն նուազած են մինչեւ 4555 քուէի՝ 2018-ին: Այսինքն, 2009-ին, Մեթնի հայ քուէարկողներուն 81.2 տոկոսը քուէարկած էր հայ քաղաքական կուսակցութիւններնու թեկնածուներուն, մինչդեռ 2018-ին, ընդամէնը 43.6 տոկոսը:

2018-ի ընտրութիւններուն, Լիբանանի հասարակական ու քաղաքական բեմին վրայ արդէն բաւական աշխուժացած՝ «քաղաքացիական» անուանուած ուժերուն ի նպաստ ամենաշատը քուէարկեցին հայ ընտրողները՝ այլ համայնքներու ընտրողներուն հետ բաղդատած: Բնականաբար, ատիկա եղաւ հայկական կուսակցութիւններու թեկնածուներուն հաշուին, ինչ որ ցուցանիշ մըն էր վերջիններէն հայ ընտրողներու հեռանալու շարունակութեան՝ բաղդատած 2009-ի արդիւնքներուն հետ, այս անգամ՝ ընտրական գետնի վրայ նոր ուժերու յայտնուելու պայմաններուն մէջ: Այսպէս, երբ օրինակի համար սիւննի համայնքի քուէարկողներուն ընդամէնը 1.5%ը կամ մարոնիներու ընդամէնը 3.3%ը 2018-ին իրենց քուէն տուած էին «քաղաքացիական ուժերու»ն, այդ ուժերը, ըստ համայնքային պատկանելիութեան, քուէներու ամէնէն բարձր տոկոսը՝ 8.9%  ստացան հայ քուէարկողներէն. այս համեմատութիւնը երեւան եկաւ հաշուելով բոլոր հայ քուէարկողներուն քուէները (առաքելական եւ կաթողիկէ), ամբողջ Լիբանանի տարածքին։

 

տարի հայ քուէարկողներ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու թեկնածուներու քուէներ
Մեթն Պէյրութ Պէքաա գումար Մեթն Պէյրութ Պէքաա գումար
2005 10800 1950* 2500 13300 9936 2325 12261
2009 13300 6800 3200 23300 10800 6800 2250 19850
2018 10434 11133 3137 24704 4555 6714 1665 12934

 


* Ընտրական թիւերուն ու տուեալներուն աղբիւրներն են Ներքին Գործոց նախարարութեան համացանցային էջերը (elections.gov.lb; dgcs.gov.lb), տեղական օրաթերթեր (Al-Akhbar, “Ազդակ” օրաթերթ) եւ Information Internationalի կազմած վիճակագրութիւնները։

** Հայ աւետարանական համայնքի քուէարկողներու թիւերը կարելիութեան սահմաններուն մէջ ընդգրկուած են: Յաճախ հայ եւ ոչ հայ աւետարանական ընտրողները միասին ներկայացուած ըլլալուն պատճառով զանոնք առանձնացնելը անհնար է:


Լիբանանի սահմանադրական-քաղաքական դրուածքին բերումով, համայնքային քաղաքական ուժերուն դերն ու նշանակութիւնը անհամեմատ շեշտուած է բոլորը համայնքներուն մէջ, իւրաքանչիւրը՝ իր սեփական համայնքին մէջ: Նաեւ փաստ է, որ ասոր բերումով, երկրին հայ համայնքը վայելած է առաւելութիւններ եւ առիթներ՝ վարելու հաւաքական կազմակերպ կեանք: Հետեւաբար, հայ քաղաքական ուժերու քուէներուն անկումը նաեւ կ՛առնչուի համայնքային զօրութեան ու կազմակերպութեան վիճակին, մանաւանդ եթէ ի մտի ունենանք, որ հայ քաղաքական ուժերէն ընտրական գետնի վրայ հեռացող հայ ընտրողները այլ արդի հայկական  խմբաւորումներու չէ՛ որ կ՛ուղղեն իրենց ձայները: Նման խմբաւորումներ, ընդգծուած նկարագրով, ծրագրերով կամ կազմակերպուածութեամբ, չկան ալ։

Միւս կողմէ, հայ համայնքի զօրութեան, կազմակերպութեան եւ ապագայի խնդիրներուն հետ սերտօրէն կ՛առնչուի նաեւ հայ քուէարկողներու ընդհանուր թիւին անկումը՝ ընտրութենէ ընտրութիւն: Փաստ է, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին եւ անորմէ ետք քրիստոնեայ համայնքներուն պատկանող քաղաքացիներուն ընտրութիւններուն մասնակցութեան թիւերն ու համամետութիւնները արտագաղթի եւ այլ պատճառներով հսկայական անկում արձանագրեցին: 2021-ի տուեալներով, ընտրական ցանկերուն վրայ կան ընդհանուրը 106,476 հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ ընտրող քաղաքացիներ (86,163 առաքելական, 20,313 կաթողիկէ), այսինքն Լիբանանի ընտրողներու ընդհանուր թիւին նուազ քան 3 տոկոսը: Նախապատերազմեան թիւերը այժմ հասանելի չեն, սակայն կարելի է ենթադրել, որ հայերը ընտրողներուն մէջ կը կազմէին աւելի քան ներկայ 2.84 առ հարիւրը: Հիմնուելով ընտրողներու պաշտօնական եւ միաժամանակ վիճելի ընդհանուր թիւերուն վրայ նոյնիսկ (մասնագէտեր կը պնդեն, որ այդ թիւերը խիստ ուռճացուած են), կարելի է արձանագրել, որ հայ ընտրողներուն թիւը մնացած է գրեթէ անփոփոխ անցնող 22 տարիներուն ընթացքին:

1996-ի ընտրական ցանկերուն մէջ հայ առաքելական ընտրողներու թիւը 86,708 էր, իսկ 2021ին՝ 86,163 ընտրող: Մինչ այդ, մարոնի ընտրողներուն թիւը աճած է, 624,532-էն (1996ին) հասնելով 746,560-ի (2021-ին), իսկ յոյն կաթողիկէ համայնքի քուէարկողներու թիւերը՝ 145,802-էն 167,288-ի: Ինչպէս կը տեսնենք, հայ առաքելական քուէարկողներու թիւի անկումը կը շեշտադրուի յատկապէս այլ խումբերու հետ բաղդատականին մէջ: Միւս կողմէ, հայ առաքելական եւ կաթողիկէ համայնքները ընտրութիւններու մասնակցութեան ցուցանիշերով Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներուն համեմատ կը գրաւեն վերջին տեղերը: 2018-ի ընտրութիւններուն քրիստոնեայ համայնքներուն մասնակցութեան համեմատութիւնները այսպիսին էին՝

 

մարոնի 48.6 առ հարիւր
յոյն կաթողիկէ 38.6 առ հարիւր
յոյն օրթոտոքս 37.5 առ հարիւր
հայ առաքելական 24.3 առ հարիւր
հայ կաթողիկէ 25.85 առ հարիւր

 

Մասնագէտերու կարծիքով, ընտրական ցանկերուն թիւերը չեն համապատասխաներ Լիբանանի մէջ գտնուող իսկական ընտրողներու թիւերուն: Շատեր կը հաւատան, որ իսկական՝ ներկայ ընտրողներուն թիւերը շատ աւելի մօտ են մասնակիցներու թիւերուն քան ընտրացուցակներու վրայ գոյութիւն ունեցող ուռճացուած թիւերը: Այսինքն, Լիբանանի մէջ ներկայ մարոնի ընտրողներուն թիւը պէտք է ըլլայ 445,000-էն 510,000ի միջեւ (մասնակցութեան տոկոսը 70-80 առ հարիւրին մօտ համարելով, ինչպէս կը պնդեն կարգ մը մասնագէտներ) եւ ոչ՝ 746,560, ինչպէս արձանագրուած է ընտրացանկերուն մէջ: Նոյնպէս, հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ ներկայ՝ Լիբանանի մէջ ապրող ընտրողներուն ընդհանուր թիւը աւելի հաւանական է որ ըլլայ 32000-էն 37000-ի միջեւ, քան ընտրացանկերուն մէջ նշուած 106,476-ը:

3 Comments

  1. […] the Armenian political parties has slightly improved. In 2018, Armenian political parties brought 12,924 preferable votes out of the 24,707 total Armenian voters. In 2022, Armenian political party candidates brought 13,567 preferable […]

ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ

Your email address will not be published.