Յօդուածը համադրուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի կայքին մէջ «արդ եւս» ծրագիրին մասին հրապարակուած նիւթերուն հիման վրայ:
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը 2021-ի Հոկտեմբերին մեկնարկեց նպաստի նոր ծրագիր մը՝ արդ եւս։ Ինչպէս կը նշուի այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, այս նոր նախաձեռնութեան միջոցով բաժանմունքը պիտի սատարէ արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութեան` ամրապնդելով լեզուի եւ մշակոյթի միջեւ եղած ներքին ու հարազատ կապը։
«Մեծ ուրախութեամբ է որ կը ներկայացնենք այս նոր ու իւրօրինակ ծրագիրը, որ առիթը պիտի ընծայէ արեւմտահայերէնը գործածելու որպէս ստեղծագործութեան եւ մշակութային արտադրութեան ժամանակակից լեզու», կ՚ըսէ բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան. «հոս է որ լեզուն եւ մշակոյթը պիտի շաղկապուին աշխարհին հետ եւ մնան կենսունակ ու ժամանակակից»։
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ արդ եւս ծրագիրին նպատակն է խթանել ստեղծագործ մտքերը՝ ուղղուած մշակութային արդիականութեան գոյացման եւ արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններու մշակման: Հիմնարկութիւնը ամեն տարի պիտի հովանաւորէ մօտ տասը ծրագիր՝ իւրաքանչիւրին համար առաւելագոյնը 10,000 եւրօ նպաստով։
ՆՊԱՏԱԿՆԵՐ
արդ եւս ծրագիրը անհատներու եւ խմբակներու առիթ պիտի տայ արեւմտահայերէնով ստեղծելու մշակութային զանազան արտադրութիւններ։ Ծրագիրին հեղինակները մշակութային արտադրութիւն հասկացութեան մէջ կ՛առաջադրեն հասկնալ որեւէ կիրարկութիւն, արտայայտութիւն, ներկայացում, գիտելիք, ձիրք, ինչպէս նաեւ որեւէ գործիք, միջոց, եւ «տարածութիւն», ուր լեզուն կարեւորագոյն գործօնն է: Այս պարունակին մէջ, մշակոյթ եզրը գործածուած է իր լայն իմաստով եւ կը ներգրաւէ արուեստի բոլոր բնագաւառները եւ դրսեւորումները` յատկապէս կեդրոնանալով ստեղծագործութեան եւ ժամանակակցութեան գործօններուն վրայ:
արդ եւս ծրագիրին առաջնահերթութիւններէն են արժեւորել արեւմտահայերէնով ստեղծագործելը եւ շեշտել մշակոյթի յարակցական ուժն ու կարողութիւնը։ Անիկա կը միտի քաջալերել ժամանակի ընթացքին զարգացող եւ երկարաժամկէտ այնպիսի կիրարկութիւններ, որոնք կրնան նպաստել արեւմտահայ մշակոյթի կենսունակութեան։ Նպատակադրուած է ստեղծել նորարար մշակութային կիրարկութիւններու ցանց մը՝ ապահովելու անոնց տեսանելիութիւնը հայկական աշխարհին մէջ եւ ստեղծել բաց միջավայր մը, ուր բոլորը կրնան մշակոյթ ստեղծելու եւ պահպանելու գործընթացին մասնակցիլ եւ անոր պատասխանատուութիւնը կրել:
Ծրագիրը քաջալեր պիտի հանդիսանայ, որ ստեղծագործողներ անդրադառնան համամարդկային հիմնահարցերու եւ կապեր հաստատեն այլ մշակոյթներու հետ արեւմտահայերէնի միջոցով։ Այլ հարթութեան մը վրայ, ծրագիրին պատասխանատուները կարեւոր կը համարեն ապահովել տարբեր սեռերու մասնակցութեան հաւասարութիւնը, ինչպէս նաեւ երիտասարդներու մասնակցութիւնը հայ հասարակաց մշակութային շրջարկին եւ ինքնութեան ձեւաւորման մէջ։ Անոնք կը յուսան, որ այսպիսով կրնան նպաստել նաեւ հայկական տարբեր համայնքներու կենսունակութեան։
ԴԻՄԵԼՈՒ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐ
արդ եւս-ի դիմումնագիրները բաց են բոլոր անոնց որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով մշակութային նիւթեր արտադրել Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն։ Դիմումները կրնան կատարուիլ անհատական կամ խմբային, ինչպէս նաեւ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններու կողմէ։
Ծրագիրները կրնան ըլլալ բազմա/միջգիտակարգային: Այդպէս, անոնք կրնան ներկայացնել արուեստի տարբեր բնագաւառներ, ժառանգութիւն (որպէս ներշնչումի աղբիւր) եւ մարդաբանական գիտութիւններ, գաղափարներ, փորձառութիւններ, եւ տարբեր զգացումներ արտայայտելու ստեղծագործական դրսեւորումներ: Այս բոլորը կրնան ներառել զանազան ձեւաչափեր, ինչպիսիք են տեսողական արուեստները, գրականութիւնը, գրաքննադատութիւնը, վերլուծական յօդուածները եւ թարգմանութիւնները՝ գիրքի, ձայնագիրքի, թերթի, ամսագիրի, կայքէջի, առցանց միջավայրերու կամ շարանկարի ձեւին մէջ: Ստեղծագործողներ կրնան ծրագիրներ ներկայացնել արդի հաղորդակցութեան ձեւերու յառաջացումով գոյութիւն առած բազմա/միջգիտակարգային բնագաւառներու, երաժշտութեան, թատրոնի եւ կատարողական այլ արուեստներու մէջ։ Արտայայտութեան ձեւեր կրնան հանդիսանալ տեսերիզները եւ այլ արտայայտչամիջոցներ, ինչպէս installation-ներ, animation-ներ, blog-ներ, YouTube-ի կայաններ, podcast-ներ, ձայնասփիւռի յայտագիրներ, բջջիջային յաւելուածներ (application-ներ), խաղեր եւ այլն։
ԳՆԱՀԱՏՈՒՄԻ ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳ, ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ ԵՒ ՊԻՒՏՃԷ
Ծրագիրներու գնահատումը պիտի կատարուի ԳԿՀ-ի կողմէ, մասնագէտներու խորհրդակցութեամբ։ Դմումները բաց պիտի ըլլան տարին մէկ անգամ՝ հոկտեմբեր 22-էն սկսեալ, իսկ ներկայացման պայմանաժամն է անոր յաջորդող տարուան 31 Յունուարը։ Արդիւնքները պիտի յայտարարուին նոյն տարուան Մարտին։
արդ եւս ծրագիրը նպատակադրած է տարեկան մինչեւ տասը ծրագիր հովանաւորել, իւրաքանչիւրը մինչեւ 10,000 եւրոյի չափով:
Ստեղծագործողները՝ կայացած արուեստագէտներ թէ նոր քայլ կատարողներ հրաւիրուած են աշխուժօրէն արձագանգելու այս այս ծրագրին: Ստեղծագործ մտքերու առկայութիւնը, մշակութային բազմազանութիւնը, ժամանակակից աշխարհին հետ առնչուածութիւնը, լեզուական նորարարութիւնը, աշխատանքի եւ պարունակութեան որակը, յառաջադէմ մօտեցումները, արտայայտչամիջոցներու բազմազանութիւնը եւ նոր գիտելիքներ եւ կիրարկութիւններ պարունակող աւանդութիւնները պիտի ըլլան գլխաւոր այն չափանիշները, որոնց համաձայն ծրագիրները պիտի գնահատուին: Եւ այդ բոլորին մէջ առանցքայինը՝ արեւմտահայերէնի գործածութիւնն է որպէս արտայայտութեան հիմնական միջոց:
արդ եւս ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ յստակացումներու համար գրել՝ [email protected]