Newmag Երեւանի մէջ կը ներկայացնէ թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամը եւ անոր նոր գիրքը՝ «Ցեղասպան պետութեան ակունքները»

April 23, 2025

Newmag հայերէնով հրատարակած է Թաներ Աքչամի «Ցեղասպան պետութեան ակունքները» գիրքը, որ կը բացայայտէ Թուրքիոյ պետականութեան մութ հիմքերը։ Շնորհահանդէսի եւ «Ցեղասպանագիտութեան շաբթուան» ծիրէն ներս թուրք պատմաբանը կը գտնուի Հայաստան։

Թաներ Աքչամ իր իւրայատուկ տեղը ունի ժամանակակից պատմագրութեան մէջ։ Նախկին քաղաքական բանտարկեալ մը, որ փախած է Թուրքիայէն եւ քաղաքական ապաստան ստացած Գերմանիոյ մէջ, իր գիտական ասպարէզը նուիրած է պատմական ճշմարտութեան բացայայտման։ Իր դոկտորական աւարտաճառը` «Թրքական ազգայնականութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» նիւթին շուրջ պաշտպանելէ ետք, Աքչամ դարձած է Քլարք համալսարանի Հայագիտութեան կեդրոնի ղեկավարը եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած հեղինակութիւն մը։

«Ցեղասպան պետութեան ակունքները» գիրքին մասին արտայայտուած են նոյնիսկ թուրք մտաւորականները։ Թուրք լրագրող Աթիլլա Այթեմուր աշխատութեան մասին գրած է.

«Ակնյայտ է, որ Աքչամի գիրքին մէջ արտայայտուած գաղափարները կը հակասեն այն տեսակէտներըը, որոնց վարժուած ենք: Նոյնքան ակնյայտ է, որ Թուրքիա 100 տարի է, որ չի կրնար լուծել կարեւորագոյն խնդիրները, որոնք կը ստուերեն նաեւ մեր ներկան: Բոլորը գիտեն, որ կրօնական եւ ցեղային խտրականութիւնը այս երկրի չսպիացած վէրքերն են, որոնք Թուրքիոյ մէջ գաղտնիք կը համարուին»:

Աշխատութիւնը մանրակրկիտ կը վերլուծէ Օսմանեան կայսրութեան փլուզման եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ծագման ժամանակաշրջանը (1918-1923)՝ ցոյց տալով, թէ ինչպէս էր երկրի ձեւաւորումը հիմնուած ցեղային զտումներու, ցեղապաշտական գաղափարախօսութեան – եւ apartheid-ի վրայ։

Հիմնուելով արխիւային փաստաթուղթերու եւ բացառիկ աղբիւրներու վրայ՝ Աքչամ մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս են իշխանութեան գաղափարախօսութիւնն ու կառոյցները աստիճանաբար վերածուած քաղաքականութեան՝ յանգեցնելով ցեղային զտումներու եւ, ի վերջոյ, ցեղասպանութեան։

Գիրքը հարցականի տակ կը դնէ Թուրքիոյ հիմնադրման պաշտօնական պատմութիւնը, ցոյց տալով, որ երկիրը կառուցուած է ոչ թէ հաւասարութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու, այլ խտրականութեան, բռնութեան եւ ճնշումներու հիմքի վրայ։

Յատկապէս արժէքաւոր է Աքչամի վերլուծութիւնը, թէ ինչպէս է պետական կառուցուածքը ինքնին դարձած «ափարթէյտի» համակարգ՝ ճնշելով ոչ միայն հայերը, այլեւ քիւրտերը, ալեւիները եւ այլ կրօնական ու ցեղային փոքրամասնութիւնները ամբողջ հանրապետութեան գոյութեան ընթացքին։

«Ցեղասպան պետութեան ակունքները» գիրքը ոչ միայն կը բացայայտէ անցեալի մութ էջերը, այլեւ կ’ առաջարկէ թրքական պատմութիւնը վերաշարադրել նոր տեսանկիւնէ՝ ազատելով պետական քարոզչութենէն։ Աքչամ համոզուած է, որ միայն անցեալի սխալները ընդունելէ ետք, Թուրքիա կրնայ կառուցել իսկապէս ազատ եւ արդար հասարակութիւն մը։

«ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ»

«Ցեղասպան պետութեան ակունքները» գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Newmag հրատարակչութեան ու Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան` Հայոց ցեղասպանութեան 110-երորդ տարելիցին ու ցեղասպանագիտութեանը նուիրուած «Ցեղասպանագիտութեան շաբաթուան» ընթացքին: Թուրք պատմաբանին այցը կազմակերպած է Ex Oriente Հայաստանի արեւելագէտներու միութիւնը:

Թաներ Աքչամ նախ կը խօսի իր նախորդ երկու գիրքերուն մասին, որոնք նոյնպէս հայերէն հրատարակած է Newmag հրատարակչութիւնը: Պատմաբանը կը յիշեցնէ, որ «Խայտառակ արարքը» իր դոկտորական թեզի թեման էր: Թաներ Աքչամի համաձայն, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կարելի է ամբողջացած համարել, քանի որ զայն ընդունած են միջազգային ու գիտական շրջանակներն ու Միացեալ նահագները.

«Գիրքը կը ներկայացնէ հարիւրամեայ թրքական պետութեան ստեղծման պատմութիւնն ու ափըրթայտի ռեժիմը: Ես կ’ըսեմ ու գիրքիս մէջ ալ ցոյց կու տամ, որ 1918 թուականէն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ apartheid-ի ռեժիմ հաստատուած է: 74 թուականին ընդունուել է Apartheid-ի մասին համաձայնագիրը, որ նման է ցեղասպանութեան մասին համաձայնագրին:  Այդ համաձայնագրով, եթէ որեւէ պետութիւն իր քաղաքացիները նկատէ երկրորդ դասակարգի, դուրս կը ձգէ տարբեր գործընթացներէ, կը կոչուի apartheid-ի ռեժիմ: գիրքիս մէջ այդ մէկը ցոյց տուած եմ տարբեր որոշումներով ու օրէնքներով, որոնք որդեգրուած են Թուրքիոյ կողմէ»:

Ըստ պատմաբանին, 2023-ին Թուրքիոյ հանրապետութեան 100-ամեակն էր: Այս հարիւր տարուան ընթացքին պետական որեւէ հաստատութեան մէջ հայ, յոյն կամ այլ ազգի ներկայացուցչի չէք հանդիպիր. «հայերը, յոյները, ասորիները պիտակաւորուած են իրենց տոմարներուն մէջ՝ ամէն մէկը իր կոտով: Պետական արխիւներուն մէջ կան այն հայերու գրանցումները, որոնք իսլամացուած են Ցեղասպանութեան ընթացքին: Քանի որ այդ գրանցումները պետութեան ձեռքն է, որեւէ հայ կամ այլ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ չի կրնար պետական պաշտօնեայ դառնալ»:

Թաներ Աքչամ կը յայտնէ, որ իր գլխաւոր ընթերցողները թուրքերն են: Գիրքը 4 անգամ վերահրատարակուած է. «հայ ժողովուրդը պէտք է գիտակցի, որ Հրանտ Տինքի սպանութիւնը, կարծես, Սուրբ ծնունդի պէս բան մը ըլլար, բեկումնային էր: Ի հարկէ, Թուրքիա կը շարունակէ ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն նախքան զինուորական յեղաշրջումը, քառասունէ աւելի վայրերու մէջ կը յարգէին զոհերու յիշատակը: Թուրքիա մենատիրական ռեժիմ է, բայց երբ ան վերանայ, Հայոց ցեղասպանութեան հարցը ազդուօրէն կը քննարկուի»:

Թաներ Աքչամ վստահ է, որ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսիլը ոչ թէ 110 տարի առաջ տեղի ունեցած դէպքերու մասին է, այլ Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր փոքրամասնութիւններու հաւասարութեան հարցն է:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x