«Microsoft» եւ «OpenAI» $100 միլիառ կը յատկացնեն գերհամակարգչային կեդրոնի մը ստեղծումին

April 2, 2024

Microsoft տրամադիր է ֆինանսաւորելու աշխարհի ամենէն ծախսալից «տուեալներու կեդրոն»ի մը (data center) ստեղծման ծրագիրը: Ընկերութիւնը կը ծրագրէ, գործակցութեամբ OpenAI-ի, գերհամակարգիչ մը կառուցել, որ պիտի արժէ աւելի քան 100 միլիառ տոլար: Այս ծրագրին իրագործումը կը կարօտի վեց տարուան, որմէ ետք պատրաստ կ’ըլլայ արուեստական բանականութեամբ  (AI) գործող գերհամակարգչը՝ Stargate անունով, որ, ըստ նախատեսութեան, գործածելի կ’ըլլայ 2028-էն սկսեալ: Ընդհանուր ծրագիրը կը բաղկանայ հինգ փուլերէ, իսկ Stargate-ը այս հինգ փուլային ծրագրին միակ կարեւոր հանգրուանը չէ:

Երբ աւարտի այս ծրագրին իրագործումը, Microsoft եւ OpenAI կ’ունենան բոլոր սարքաւորումները` մարզելու աշխարհի ամենէն հզօր AI մոտելները, ներառեալ ChatGPT-ի ապագայ տարբերակները:

Microsoft արդէն միլիառաւոր տոլարներ ներդրած է OpenAI-ի մէջ եւ գործնապէս կ’աջակցի անոր AI գործառնութիւններուն 2019-էն ի վեր: ChatGPT-ի անհրաժեշտ հաշուողական ուժը եւ ամպային սերվըրներուն (cloud servers) մեծ մասը, կը տրամադրէ Microsoft-ը:

Տուեալներու կեդրոնի նախատեսուած ծրագիրը նոյնպէս անոնց շարունակուող գործընկերութեան մէկ դրեսեւորումն է: Երկու ընկերութիւնները ներկայիս տեղ կը փնտռեն Միացեալ Նահանգներու մէջ, տարածք մը՝ ուր կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել տուեալներու կեդրոնը: Մինչ Stargate-ը կ’ենթադրէ տուեալներու կեդրոնի ծրագրին հինգերորդ հանգրուանը, երկու ընկերութիւնները ներկայիս կը գտնուին իրենց գործակցութեան երրորդ փուլին մէջ, երբ բազմաթիւ գերհամակարգիչներ կը կառուցուին՝ ChatGPT-ի աշխատանքը բարելաւելու նպատակով:

Չորրորդ փուլին, Microsoft կը ծրագէ մշակել եւ գործի լծել Stargate-էն փոքր, բայց գոյութիւն ունեցող համակարգիչերէն շատ աւելի հզօր գերհամակարգիչ մը: Անոնք կը յուսան այս ծրագիրը իրագործել մինչեւ 2026, երբ յիշեալ գերհամակարգիչը կարելի պիտի ըլլայ օգտագործել աշխատցնելու OpenAI-ի ձայնի ճանաչման կամ շարադրութենէ վիտէո կազմող AI գործիքները: Մասնագէտներու գնահատումով, այս բոլոր փուլերը կրնան ընդհանուր առմամբ Microsoft-ի արժել շուրջ115 միլիառ տոլար, որուն մեծ մասը, այսինքն` մօտ 100 միլիառը, պիտի ծախսուի չորրորդ եւ հինգերորդ փուլերուն:

Տուեալներու սովորական կեդրոնները հարիւրաւոր միլիառ տոլարներ չեն արժեր: Աշխարհի տարածքին նոյնիսկ մեծագոյն կեդրոնները կը գնահատուին 250 միլիոնէն մինչեւ քանի մը միլիառ տոլար: Հետեւաբար, ինչու՞ Microsoft-ի առաջադրած տուեալներու կեդրոնը կ’արժէ 100 միլիառ տոլար:

Այս մեծ ծախսը կապուած է արուեստական բանականութեան զարգացումին: Բաղդատած տուեալներու աւանդական կեդրոնի մը` AI տուեալներու կեդրոն մը կը պահանջէ աւելի հզօր ելեկտրական հոսանք, պաղեցնող գերարդիական համակարգեր, աւելի մեծ թիւով չիփեր (հաւանաբար միլիոններ) եւ աւելի մեծ ամպային պահեստ եւ տուեալներու մշակման ուժականութիւն:

Հետեւաբար, շատ պէտք չէ զարմանալ, թէ ինչու գալիք կեդրոնները կրնան աւելի քան 100 միլիառ տոլար արժել:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x