«Il Cello» երրեակը, Լեւոն Խոզեանի մասնակցութեամբ, դարձաւ The Voice-Ի 14-րդ եղանակի յաղթականը

May 5, 2025

Շաբաթ, 3 Մայիսին, «Il Cello» երրեակը դարձաւ The Voice-ի 14-րդ եղանակի յաղթականը։ Պատկերասփիւռի այս մրցոյթի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ մրցանակը կը շահի խումբ մը։

«Il Cello»-ն կը բաղկանայ Լեւոն Խոզեանէ, Սալվաթորէ Լիվոլսիէ եւ Սեպասթիէն Լոնկիէ։ Երրեակը կազմած էր Ֆլորան Փանյի, խումբերու փորձերու ընթացքին։ Անոնց յաղթանակը եղաւ ջախջախիչ՝ հանրութեան քուէներու 49%-ով։

Ֆլորան Փանյի, մեծապէս հրճուած անոնց յաջողութեամբ, յայտարարեց թէ կը մտադրէ համագործակցիլ երրեակի անդամներուն հետ եւ թերեւս տանիլ զանոնք համերգներու շրջապտոյտի։ Այս յաղթանակին շնորհիւ, «Il Cello» ձեռք կը ձգէ պայմանագիր Universal France-ի հետ։

Գեղեցիկ ու անգին վարձատրութիւն մը այս երրեակին համար, որ կրցաւ գրաւել հեռատեսիլի ակնդիրներու սրտերը։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x