Գիտէի՞ր, թէ…

May 1, 2024

Արուեստական բանականութիւնը (AI) ճշգրտօրէն կը յայտնաբերէ անձի մը քաղաքական կողմնորոշումը

Արուեստական բանականութիւնը (AI) օրէ օր աւելի ինքզինք կը պարտադրէ այսօրուան թուայնացած աշխարհին մէջ՝ հարցեր յառաջացնելով անոր հետեւանքներուն մասին: Սթենֆորտ համալսարանին մէջ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը կը քննէ, թէ արդեօք AI-ը կրնա՞յ ճշգրտօրէն գիտնալ անձի մը քաղաքական համոզումները՝ մեկնելով անոր դէմքին յատկութիւններէն:

Հետազօտողները յայտնաբերած են, որ թէ՛ մարդիկ, եւ թէ՛ արուեստական բանականութեան ալկորիթմները կրնան նախատեսել անձի մը քաղաքական կողմնորոշումը անոր դէմքի նկարներէն՝ նոյնիսկ երբ նկատի կ’առնեն այնպիսի գործօններ, ինչպէս տարիքը, սեռը եւ էթնիք պատկանելութիւնը: Անոնք վերլուծած են 591 մասնակիցներու եւ 3401 քաղաքական գործիչներու պատասխանները` կապ մը գտնելով դէմքի յատկութիւններու եւ քաղաքական գաղափարախօսութեան միջեւ:

Թէ՛ արուեստական բանականութիւնը, եւ թէ՛ մարդիկ ցոյց տուած են նախատեսելու համանման ճշգրտութիւն մը` մարդոց համար 0,21 եւ ալկորիթմին համար 0,22 յարաբերակցութեան կէտերով (coefficients): Այս ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ քաղաքական կողմնորոշում նախատեսելու ծառայող դէմքի վերլուծութեան արհետագիտութեան կարողութիւնը համեմատելի է նախատեսութեան արդէն իսկ ընդունուած մեթոտներուն հետ:

Ալկորիթմի ճշգրտութիւնը բարելաւուած է հասնելով 0,31 յարաբերակցութեան կէտի, երբ նկատի առնուած են ժողովրդագրական փոփոխականները (variables): Ալկորիթմը բացայայտած է դէմքի առանձնայատկութիւններու տարբերութիւնները ազատականներու եւ պահպանողականներու միջեւ` ցոյց տալով կապը քաղաքական համոզումներուն եւ դէմքի բնորոշ յատկութիւններուն:

Այս բացայայտումները լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն թուայնացումի այս դարաշրջանին գաղտնիութեան եւ քաղաքական անկախութեան պահպանման մասին` ընդգծելով դէմքի վերուծութեան արհեստագիտութիւնը կանոնագրելու անհրաժեշտութիւնը, մանաւանդ անձնական գաղտնիութիւնը պաշտպանելու համար:

Այս ուսումնասիրութեան մասին տեղեկութիւններ հրապարակուած են «American Psychologist» ամսաթերթին մէջ:

Մորթի քաղցկեղի դէմ աշխարհի առաջին պատուաստը՝ վերջնական փորձարկումի փուլի մէջ

Մորթի քաղցկեղի դէմ աշխարհի առաջին պատուաստը այժմ կը գտնուի իր վերջնական փորձարկման փուլին մէջ: Բժիշկները զայն կը փորձարկեն աշխարհի տարածքին հարիւրաւոր հիւանդներու վրայ՝ կեդրոնանալով մելանոմային վրայ. տարեկան աւելի քան 100.000 նոր անձեր կ’ախտաճանաչուին մորթի այս քաղցկեղով: Լոնտոնի Հիւանդանոցներու Համալսարանական Քոլեճին (UCLH) ղեկավարութեամբ նաեւ փորձարկումներ տեղի կ’ունենան գնահատելու պատուաստին արդիւնաւէտութիւնը քաղցկեղի այլ տեսակներու բուժման համար, ինչպէս՝ թոքի, միզապարկի եւ երիկամի:

Այս պատուաստը, որ կը կոռուի «mRNA-4157 (V940) », իրագործուած է RNA (Moderna Laboratories) արհեստագիտութեան կիրարկումով, որուն արդիւնաւէտութիւնը փաստուեցաւ քորոնա ժահրի ժամանակ: Անոր օգտագործումը հակաքաղցկեղային Keytruda դեղին առընթեր (Merck Research Laboratories), երեք տարուան ընթացքին 50% տոկոսով պակսեցուցած է քաղցկեղի մահացութեան պարագաները:

Moderna եւ Merck Research տարրալուծարաններու համագործակցութիւնը նշանակալից անկիւնադարձ մը կը նկատուի քաղցկեղի բուժման հետազօտութեանց մէջ:

Առանց ծայրայեղ ճնշումի ադամանդներ կը մշակուին տարրալուծարանի մէջ

Խումբ մը հետազօտողներ Հարաւային Քորէայի Տարրական գիտութիւններու հիմնարկէն (IBS), գտած են առանց ծայրայեղ ճնշման անհրաժեշտութեան տարրալուծարանային պայմաններու մէջ մշակուած ադամանդներ մշակելու նոր միջոց մը: Այս նորարութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ արտադրել աւելի մեծ չափի ադամանդներ եւ թաղանթներ, որոնք կը գործածուին տեսագիտութեան (optics) եւ ելեկտրոնիք արհեստագիտութեան ու ճարտարարուետին մէջ:

Նախապէս տարրալուծարանի մէջ մշակուած ադամանդները կը պատրաստուէին այնպիսի մեթոդներով, ինչպէս՝ բարձր ճնշումը եւ բարձր ջերմաստիճանը (HPHT), որոնք կը նմանին երկրի այն պայմաններուն, ուր միլիոնաւոր տարիներու ընթացքին կը ձեւաւորուին բնական ադամանդները:

Նոր մեթոտը, զոր մշակած են IBS-ի հետազօտողները, գործընթացը սկսելու համար կարիքը չունի բարձր ճնշումի կամ ադամանդի սերմերու: Փոխարէնը անոնք կ’օգտագործեն հեղուկ կալիումը (gallium)՝ խառնուած այլ մետաղներու եւ զայն կ’ենթարկեն բնածխային կազերու ազդեցութեան: Այս խառնուրդը, տաքցնելով եւ ենթարկելով յատուկ այլ կազերու, կը մշակեն ադամանդի նման կառոյցներ:

Կատարելագործելով իրենց մեթոդը, հետազօտողները նուազեցուցած են ադամանդներու մշակման ժամանակը՝ զայն ժամերէ իջեցնելով վայրկեաններու եւ աւելի փոքր սենեակի մէջ: Այս նորարարութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ապագային պատրաստել ադամանդէ բարակ թաղանթներ, որոնք կ’օգտագործուին quantum համակարգիչներու, զգայակներու (sensors), ելեկտրական սարքերու, յայտնակներու (detectors) եւ լեյզըրներու մէջ:

Այս հետազօտութիւնը հրապարակուած է Nature ամսաթերթին մէջ:

Տեղի կ’ունենայ արուեստական բանակութեամբ ստեղծուած գեղեցկուհիի մրցում

«Miss AI». յայտարարուած է արդէն աշխարհի «Արուեստական բանակութեան գեղեցկուհիի» ընտրութեան առաջին մրցումը: Առաջին հանդիսացող «գեղեցկուհին» կը ստանայ 5.000 տոլար նուէր: Ընդհանուր նուէրները կը գնահատուին 20.000 տոլարով: Այս եզակի մրցոյթը կը ներկայացնէ արուեստական բանականութեան օգտագործումով ստեղծուած մոտելներ՝ ընդգծելով AI արհեստագիտութեան ընդգրկումը նորաձեւութեան մարզին մէջ:

Էմիլի Բելեկրինի՝ արուեստական բանականութեամբ ստեղծուած մոտել մը, որ Instagram հարթակին վրայ ունի 135,000 հետեւորդ

Այս մրցումը կազմակերպուած է World AI Creator Awards-ի (WAICA) կողմէ, գործակցութեամբ՝ Fanvue-ի (ընկերային հարթակ մը): Արուեստական բանականութեամբ մոտելներ ստեղծող անձեր այս մրցոյթին կրնան մասնակցիլ՝ պայմանով, որ անոնք ամողջացուցած ըլլան 18 տարիքը:

Դատական կազմը կ’ընդգրկէ ոչ-իրական համակարգչային AI տիպարներ (influencer-ներ՝ ազդեցութիւն ունեցողներ, որոնց թիւը երթալով կը բազմանայ իրական աշխարհի մէջ) եւ մարդ- դատաւորներ: Շահողներուն անունները կը յայտարարուին 10 մայիսին:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x