Վ․ Բալոյեան․ «Արամ Մանուկեան՝ պետութիւն վերակերտողը 543 տարի անց»

January 30, 2023
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի

Վարդուհի Բալոյեանի (Հայաստան) սոյն յօդուածը ներկայացուած է Տարբերակ21 հանդէսին կողմէ կազմակերպուած «Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» խոհագրական մրցոյթին (Յունուար-Մարտ 2022):

Ցոյց տանք աշխարհին, որ Հայը ազատ անկախ ապրելու իրաւունք ունի․․․․․

«Պետական շինարարութիւնը իր կանոններն ունի, որոնք մեր կամքից կախուած չեն։ Մի տուն կառուցանելիս չէ կարելի երկրորդ յարկը շինել դեռ առաջինը չաւարտած, առաջին յարկը շարել դեռ հիմքը չդրած։ Հիմքի ու յարկերի յաջորդականութիւն ու փոխադարձ կախում կայ նաեւ հասարակական եւ քաղաքական գործունէութեան ասպարէզում («Զանգ», 1918, օգոստոսի 10, էջ 1): «Զանգ» թերթին «Կառավարութեան Յայտագրի քննութիւնը Խորհրդարանում» յօդուածին մէջ այսպէս կը ներկայացուի պետականաշինութեան գործընթացը՝ «ֆրակցիաներու» արտայայտած նկատառումներուն կապակցութեամբ։

Հայ ազգի հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին եղած են բազմաթիւ գործիչներ, որոնք նպաստած են երկրին զարգացման, հզօրացման եւ ազգի մշակութային քաղաքակրթական զարթօնքին։ 18֊րդ դարուն, հայ ազատագրական պայքարը Դաւիթ Բեկի շնորհիւ ապրեցաւ նոր զարթօնք մը, որ շարունակուեցաւ Նժդեհի, Անդրանիկի, Դրոյի յաղթարշաւով, սակայն միայն Արամ Մանուկեանը յաջողեցաւ վերակերտել հայոց երազը՝  նոր ժամանակներու Հայոց առաջին անկախ պետութիւնը․․․ Սիւնիքի Դաւիթ Բեկ գիւղին մէջ՝ որպէս Սարգիս Յովհաննիսեան ծնած Արամ Մանուկեանը մանուկ հասակին տեղափոխուած է Շուշի, ուր յաճախած է Ռէալական վարժարանը։ Այնուհետեւ փոխադրուած է Երեւան, յետոյ անցած Վան։

Բնականօրէն, նպատակ չունինք քանի մը պարբերութեամբ ներկայացնել քաջածանօթ պատմական փաստերն ու իրադարձութիւնները, այլ՝ պետական մտածողութեամբ եւ պետականութիւն կերտելու վճռականութեան տէր Արամ Մանուկեան մարդ֊համակարգի գործունէութիւնն ու աւանդը, որուն շնորհիւ մենք ունեցանք Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը եւ հայութիւնը փրկուեցաւ վերջնական բնաջնջումէ։

Բազմաթիւ պատմաբաններ Արամ Մանուկեանի քաղաքական գործունէութիւնը պայմանականօրէն չորս փուլերու կը բաժնեն՝ Վանի ապրիլեան հերոսամարտերէն մինչեւ հայոց առաջին պետականութեան հռչակման շրջան։ Ամբողջ տեւողութեան Արամ Մանուկեան դրսեւորած է պետական առաջնորդի բնորոշ բոլոր որակները։

Ինչպէս կը գրէ պատմաբան Արմէն Ասրեան՝ «Վանի նահանգապետի պաշտօնում  Արամ Մանուկեանը լիովին վեր հանեց իր կազմակերպչական տաղանդը, ազգային պետական մտածելակերպն ու անխտրական ոգին» (Ասրեան, 2014, էջ 52)։ Անոր գործունէութեան այս փուլը, ըստ էութեան, առաջին հերթին կը դիտարկուէր որպէս պետականութեան բաղադրիչներու ձեւաւորման փուլ: Արդէն այս շրջանին, Արամը կը մեկնարկէ պետականաշինութեան գործը՝ դնելով Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ստեղծման հիմքերը։

1915-ի Վանի ապրիլեան ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման շնորհիւ եւ յաղթական հերոսամարտէն ետք, ռուսական հրամանատարութիւնը Արամը կը նշանակէ Վասպուրականի նահանգապետ: Հերոսական պայքարի ու վերակառուցման 72 օրեր․․․ Սակայն, ռուսական զօրքերու անակնկալ նահանջէն յետոյ, կը ստիպուի կազմակերպել Վասպուրականի հայութեան գաղթը Արեւելեան Հայաստան:

Ինչպէս Շահան Նաթալի կը նշէ՝ «Վանը վկայական մըն էր միայն: Եւ Արամ անգամ մըն ալ Երեւանով եկաւ ապացուցանելու, թէ բախտը չէր, որ զինքը օրուան մարդը կը դարձնէր, այլ ինքն էր, որ բախտը կը կառավարէր կռուելու եւ յաղթելու համար»:

Ցեղասպանութենէն եւ Արեւմտեան Հայաստանի կորուստէն յետոյ ժամանակի հայ գործիչները քաջ կը գիտակցէին հայ ժողովուրդի գլխուն կանգնած վերջնական բնաջնջման վտանգը։ Արամը ոչ միայն կը գիտակցէր պահի օրհասականութիւնը, այլեւ գիտէր իր յստակ ընելիքները, խօսքէն գործին անցնելու վճռական քայլերը եւ յաղթելու կամք։

Մեր օրերուն ալ մեզի հարկաւոր են հայրենիքին անմնացորդ նուիրուած, քաղաքական մտածելակերով եւ յաղթանակի վճռականութեամբ օժտուած գործիչներ, ովքեր գիտեն յարգել օրէնքը, ըլլալ անհանդուրժող ներքին թշնամիներու եւ հակապետական գործողութիւններու հանդէպ։

Պետական մտածողութեան, հայրենիքի շահը ամէն ինչէ վեր դասելու Արամի արտայայտութիւններէն է նաեւ այն, որ իրեն համար հայրենիքի փրկութեան ճանբուն վրայ չկար որեւէ, այդ շարքին գաղափարական-քաղաքական խոչընդոտ: Կովկասեան ռազմաճակատին վրայ, 1918 Յունուարի 28-ին յարձակումի անցած թրքական բանակին Արեւմտեան Հայաստանը գրաւելն ու մօտենալը Արեւելեան Հայաստանին, հայութեան առջեւ հրամայական անհրաժեշտութիւն դարձուց Երեւանի նահանգի իշխանութեան ուժեղացումը: 1918 մարտի 24-ին Երեւանի բնակչութիւնը, զօրքը եւ Հայոց Ազգային խորհուրդը Արամը ընտրեցին Երեւանի նահանգի տիքթաթոր՝ զինք օժտելով անսահմանափակ լիազօրութիւններով: Պատմութեան մէջ, թերեւս, բացառիկ պարագաներէն էր, երբ ժողովուրդը կամովին ընտրեց տիքթաթոր, որ իր իշխանութիւնը մինչեւ վերջ օգտագործեց բացառապէս յօգուտ համազգային շահերու, երբեք չփորձեց ինքզինք վեր դասել ազգային-քաղաքական, վարչական ու զինուորական կառոյցներէ:

Արամ քաջ կը գիտակացէր, որ միակ ճանապարհը զինեալ պայքարն է եւ երկրի ենթակառուցուածքները վերակառուցելը։ «Ամէն ոք իր մասին է մտածում: Իր երկրի սահմաններից այն կողմ եթէ նայող կայ, նայում է միայն յանուն իր շահերի: Ոչ ոք ոչ մի մարդ չի ուղարկի տաճկական ճակատ՝ տուն գնացող ռուսներին փոխարինելու: Եթե ընդհանուր ուժերով ճակատ պահելու խօսք էլ է լինում, դա լոկ խօսք է՝ զուրկ իրական հիմքից ու անկեղծութիւնից: Հայերով ո՛չ ոք չի հետաքրքրուում, շօշափելի օգնութիւն հասցնելու մտքով: Դրան հակառակը, կայ դաւադրական վերաբերմունք: Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միա՛յն մեր ուժերուն՝ թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրին մէջ կարգ հաստատելու համար»։

Արամ միաժամանակ կը գիտակցէր, որ հայրենիքին փրկութիւնը կախեալ է ժողովուրդին հաւաքական կամքէն եւ կը կարեւորէր անոր պատրաստակամութիւնը նուիրուելու ընդհանուր գործին, ուստի անընդհատ կը փորձէր բարձրացնել անոր խանդավառութիւնը: Ան կը նշէր. «…դուք պիտի իմանաք, որ ես անոյժ եմ առանց ձեզ: Հերոսը ինքը ժողովուրդն է եւ եթէ ժողովուրդը պատրաստակամութիւն ունի… աշխատել ու փրկել հայութիւնը վերահաս կործանումից, ապա իմ ու ինձ նման շատերի աշխատանքը ապարդիւն չի անցնի»:

Տիքթաթորի պաշտօնը ստանձնելէ յետոյ, 1918 մարտ 28-ին Արամ ժողովուրդին կը դիմէ՝ «Ցոյց տանք աշխարհին, որ Հայը ազատ անկախ ապրելու իրաւունք ունի: Այժմ կամ երբեք»: Արամի ներկայացուցած ծրագիրին յստակութիւնը, անկախութեան գաղափարը գործնականացնելու կոչը, անշուշտ, կը խօսին անոր լայն մտահորիզոնին, պետական մտածողութեան, ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրները ճիշդ ընկալելու եւ ճիշդ աշխատելու կարողութեան մասին։ Վճռականութիւն, մեծագոյն եռանդ ու լաւատեսութիւն ցուցաբերելով՝ Արամ կրցաւ անորոշութեան մատնուած եւ յուսալքուած ժողովուրդին ու զօրքի մէջ ամրապնդել հաւատքը սեփական ուժին նկատմամբ, եւ կազմակերպուեցան Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի յաղթական հերոսամարտերը, որոնք ոչ միայն  հայ ժողովրդը փրկեցին վերջնական բնաջնջումէ, այլեւ ապահովեցին հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումը: Ակամայ կ’անդրադառնանք Լեռնահայաստանի համար պայքարի օրերուն Նժդեհի խօսքերուն, որ «եթէ ժողովուրդը չլինէր իր թիկունքին, չէր լինի եւ իր զօրական յաղթանակը»։

Եւ այսպէս, 1918 մայիսի 28-ին ստեղծուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը, որուն համար մեծապէս պարտական ենք Արամին եւ ամենեւին ալ պատահական չէ, որ ան արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրի կոչումին: Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն յետոյ կը սկսի Արամի պետական գործունէութեան նոր փուլը։ Մեծ թափով կը կազմակերպէ ե՛ւ ներքին կեանքը, ե՛ւ ենթակառոյցներու ստեղծումը, եւ հասարակական քաղաքական կեանքի բոլոր բնագաւառներուն կազմակերպումը։ Մասնագէտներու վկայութեամբ, եթէ չպատահէր անժամանակ մահը, Հայոց պետութեան սահմանները կ’ըլլային աւելի ընդարձակ ու անվտանգ, պետականութիւնը՝ աւելի ամուր եւ կենսունակ։

Մեկ դար ետք նորէն վտանգուած է մեր հայրենիքն ու մեր ազգի գոյութիւնը հայոց բնօրրանին մէջ։ Պարտաւոր ենք առաջնորուիլ մեր զօրավարներու ուխտով եւ Արամ Մանուկեանի պետականամէտ նուիրուածութեամբ․ անոնք վերակերտեցին հայոց պետականութիւնն ու բանակը հարիւրաւոր տարիներու խորքէն, մենք պարտաւոր ենք անոնց թողած ամուր հիմերուն վրայ յարկ առ յարկ վերակառուցել Հայոց հզօր Տունը՝ Հայք պետութիւնը․․․․

Իբրեւ եզրակացութիւն կը մէջբերեմ Նիկոլ Աղբալեանը. «…Երբ գիշերը գայ, մտնէք ձեր հոգու սենեակը, խօսէք ձեր խղճի հետ եւ ասէք, արդեօ՞ք աշխատել էք հայ ժողովրդի համար այնպէս, ինչպէս Արամը, եղե՞լ էք այնքան անձնազոհ, որքան Արամը, տուե՞լ էք ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովրդին, ինչպէս Արամը…»:

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարուժ Թէնպէլեան

Մրցոյթին մասին` https://bit.ly/3cnLwcx

Արդիւնքներուն մասին՝  https://bit.ly/3Th26eF

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x