Ա. Մկրտումեան. Րաֆֆի՝ հայ քաղաքական մտքի զարգացման յառաջամարտիկ

January 20, 2023
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի

Արայիկ Մկրտումեանի (Հայաստան) սոյն յօդուածը ներկայացուած է Տարբերակ21 հանդէսին կողմէ կազմակերպուած «Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» խոհագրական մրցոյթին (Յունուար-Մարտ 2022):

Յակոբ Մելիք Յակոբեանը` Րաֆֆին,  հայ ազգային-ազատագրական պայքարի հիմնադիրներէն եւ քաղաքական մտքի զարգացման յառաջամարտիկներէն է:

Ծնած է 1935-ին, Սալմաստ գաւառի Փայաջուկ գիւղը (Պարսկաստան)` ազնուական ընտանիքի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղի ծխական դպրոցին մէջ, ապա՝ 1847-ին, մեկնած է Թիֆլիս:  Աշխատած է ուսուցչութեան, լրագրութեան եւ գրականութեան ասպարէզներուն մէջ: 1879-ին բնակութիւն հաստատած է Թիֆլիսի մէջ եւ գերազանցապէս զբաղած է գրական գործով. աշխատած է «Մշակ» թերթին մէջ: Մահացած է 25 Ապրիլ 1888-ին: Աճիւնները ամփոփուած են Թիֆլիսի Խոջիվանք հայկական գերեզմանատան մէջ:

Րաֆֆիի գրական գործունէութիւնը բազմաժանր է եւ լայնաշերտ: Ի տարբերութիւն իր ժամանակակիցներու մեծ մասին, որոնք սովորաբար կ’ընտրէին որեւէ նեղ ուղղութիւն, ան աւելի լայն շերտով դիտարկած է իր ժամանակաշրջանն ու տարածութիւնը եւ խորամուխ եղած եւ՛ հասարակական-ընկերային, եւ՛ մանկավարժական-կրթական,  եւ՛ ազգային ազատագրական ու քաղաքական հարցերուն մէջ:

Գործունէութիւնը կը բաժնուի  երեք շրջանի, 1860-ականներ` ընկերային-հասարակական ուղղուածութիւն, կենսական հարցադրումներ, վերլուծութիւններ, 1870-ականներ`  լուսաւորական ռոմաթիզմէն դրական ընկերաբանութիւն, եւ 1877-78 մինչեւ իր կեանքին վերջը, երբ  Րաֆֆի կը համախմբէ նախորդ տարիներու իր ունեցած փորձը եւ կը համադրէ զայն ազգային-ազատագրական-քաղաքական ուղղուածութեան հետ: Հէնց վերջին հանգրուանին ալ, Րաֆֆի հանդէս կու գայ որպէս պատմաբան, մշակութային-մարդաբան, լրագրող-ընկերաբան եւ քաղաքագէտ-տեսաբան:

Ճամբորդութիւններ կատարելով դէպի թրքահայ ու պարսկահայ գրեթէ բոլոր գաւառները, շփուելով իր ժամանակին զարգացած մարդոց հետ եւ կրելով մէկ կողմէ` եւրոպական լուսաւորչական գաղափարները, միւս կողմէ հայ ժողովուրդի ծանր ճակատագիրն ու անոր առնչուող ազգային-ազատագրական տրամադրութիւնները, Րաֆֆի եղաւ առաջին գրողը, որ  կատարեց հասարակական-ազգային-քաղաքական կեանքի ուսումնասիրութիւնը` փորձելով հասկանալ, թէ ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի հայ հասարակութիւնը, եւ միաժամանակ մշակեց հայութեան գլխաւոր հարցերուն ուղղուած պատասխաններու յստակ ծրագրուած տեսակէտներ::

Ըլլալով զարգացած եւ յառաջադէմ մտաւորական մը, Րաֆֆի մերժեց «ճակատագրապաշտութիւնը» (fatalism) եւ անոր հակադրեց սեփական ուժերով ճակատագրին ընթացք տալու միտքը: Ան չվախցաւ բաց բառերով ուղղակիօրէն ցոյց տալու ժամանակին գլխաւոր ախտերը եւ նշել հայ հասարակութեան մէջ տեղ գտած այլասերութիւնները: Րաֆֆի այն եզակի մտաւորականներէն էր, որ համարձակութիւնը ունեցաւ խօսելու թապու` անձեռնմխելի նկատուող թեմաներու մասին` ընտանիք, եկեղեցի, պատմութիւն եւ  ցոյց տալ այդ երեւոյթներու վարակուածութեան եւ փտածութեան, յետամնացութեան աստիճանը: Մերժելով ճակատագրի ստրկութիւնը, Րաֆֆի կը գտնէր, որ ամէն անհատ եւ հասարակութիւն ոչ թէ ախտով, հիւանդութեամբ կամ ուժով կը ծնի, այլ կրնայ հասնիլ անոր իր ուժերով կամ կորսնցնել ամէն ինչ: Իր տեսակէտները զարգացնող յօդուածներուն մէջ, ան բազմիցս անդրադարձած է հայ հասարակութեան հիմնախնդիրներուն` համոզուած ըլլալով, որ անոնք հրատապ թարմացում եւ վերարժեւորում կը պահանջեն` հակառակ պարագային հասարակական այլասերումը կրնայ հասնիլ անկանխատեսելի չափերու եւ վերջնականօրէն մթագնել առանց անոր ալ խաւարի մէջ գտնուող ինքնագիտակցութիւնը: Րաֆֆի կը հասկնար, որ հասարակական հարցերու լուծումը մէկ-երկու քայլով կամ կոչերով լուծելի չէ, եւ անոր համար երկար ու համակարգուած աշխատանք պէտք է, որուն պէտք է լծուի հայ մտաւորականութիւնը, եւ որուն պէտք է օգնէ հայ պուրժուազիան: Այդ գաղափարները յստակօրէն կ’երեւին Րաֆֆիի քննադատական յօդուածներուն, ակնարկներուն եւ գեղարուեստական գործերուն մէջ, ուր Րաֆֆի կը խօսի հասարակական հիմնական խնդիրներու եւ անոնց դրսեւորման մակարդակին մասին: Արտագաղթ, վաճառականութիւն, ընտանեկան կառոյց, կրթական միջավայր, ընկերային-տնտեսական-կենցաղային մակարդակ: Այդ թեմաներուն ուսումնասիրութեամբ, Գարեգին Սրուանձտեանին զուգահեռ, Րաֆֆի ցանեց հայ ազգագրութեան ու ընկերաբանութեան առաջին սերմերը, որուն հիմամբ հետագային հայ ազգագրագէտները պիտի կարողանային սկզբունքային կէտերէ ուսումնասիրել հայ հասարակութիւնը: «Անմեղ վաճառք», «Ոսկի աքաղաղ», «Խաչագողի յիշատակարանը» գործերուն եւ բազմաթիւ այլ յօդուածներու մէջ, Րաֆֆի կը ներկայացնէ հայ հասարակութեան, արտագաղթի, մշակութային ճնշումներու, հայ պուրժուազիային իրական դրութիւնը, կը խօսի անոնց արատաւոր կողմերուն մասին, եւ այդ ուսումնասիրութիւններու փայլուն սրութիւնը եւ խնդիրներու առկայութիւնը բնորոշ է նաեւ այսօր:

Րաֆֆին հարիւր տարի առաջ ներկայացուց մեր դիմագրաւած հարցերուն իրական ծաւալն ու անոնց լուծումները:

Րաֆֆի Իր գաղափարները կ’արտայայտէր ինչպէս քննադատական յօդուածներով, այնպէս ալ իր գրական-գեղարուեստական գործերով, որոնք աչքի կը զարնէին եզակի թարմութեամբ եւ հարստութեամբ: Ան նոր որակի հասցուց հայ արձակը, հայ գրականութիւնը մօտեցուց համաշխարհային գրականութեան չափանիշներուն ու էապէս բարձրացուց հայ լրագրութեան մակարդակը:

Րաֆֆիի կողմէ մշակուած ազգային թեմայով գործերը ոչ թէ պարզապէս հայրենասիրական մղումներ էին, այլեւ այդ բոլորը հիմնաւորուած ներկայացող անհրաժեշտութիւն եւ կարիք: Ան հայ ընթերցողներուն ներկայացուց «Սամուէլ», «խենթը», «Ջալալեդդին», «Դաւիթ բեկ» գործերը, որոնք իրենց ձեւով եւ կառուցուածքով հայ-ազգային ազատագրական թեմային նոր փայլք ու շունչ կը հաղորդէին: Իսկ «Կայծերը»  հայ ազգային-ազատագրական ու քաղաքական գաղափարախօսութեան հիմքն ու էութիւնն է: «Կայծեր»ուն մէջ Րաֆֆի ոչ թէ կը ներկայացնէ  առանձին հերոսի մը, որ հայդուկային պայքարի ելած է, բայց չունի ծրագիր եւ զբաղած է տեղական մարտերով, այլ առաջ կը քշէ յստակ գաղափարական-քաղաքական ծրագիր ունեցող խումբ մը, որ հետեւողականօրէն կ’իրագործէ իր ծրագիրը: Այդ բոլորը յետոյ պիտի փորձէին իրականացնել հայկական կուսակցութիւնները եւ Հրայր Դժոխքը:

Րաֆֆի թարմացուց եւ վերարժեւորեց հայդուկային-ֆետայական պայքարը: Հայոց իրականութեան մէջ եղաւ առաջինը, որ մշակեց  Հայաստանի ազգային-ազատագրական գաղափարախօսութիւնը` հայկական կուսակցութիւններու ստեղծումէն առաջ (Սամուէլը` 1881, Կայծերը` 1883-87, իսկ հայկական կուսակցութիւնները հիմնուեցան 1885-էն սկսեալ. Արմէնականները՝ 1885, Հնչակեանները` 1887, եւ 1890-ին ՀՅԴ-ն): Ի դէպ, ՍԴՀԿ-ն ստեղծուեցաւ հէնց Րաֆֆիի գործերուն հիման վրայ:

Րաֆֆի մերժեց եւրոպական գրաւիչ խոստումներուն հաւատալու եւ ճակատագրի նուէրին սպասելու ընթացքները: Ան կը զգուշացնէր, որ հայ ժողովուրդը միայն իր վրայ յոյս պիտի դնէ եւ միայն ինքն է, որ իր ազատութիւնը կրնայ ձեռք բերել: Միաժամանակ Րաֆֆի կամուրջ կը հանդիսանար հայ յեղափոխական թեւին (Միքայէլ Նալբանդեան) եւ ազգային գործիչներուն միջեւ, ոչ միայն իբրեւ բանիմաց տեսաբան, այլեւ գործնական գիտնական:

Րաֆֆի հայ ազգային-ազատագրական գործին մէջ կատարեց այն, ինչ որ հայոց լեզուի համար՝ Խաչատուր Աբովեանը, հայոց երգարուեստին` Կոմիտասը: Ան կարողացաւ ժամանակին նեխած ու փտած իրականութեան մէջ մաքրել ու դուրս քաշել հայոց ազատագրութեան գաղափարին փայլքն ու երանգները: Ցոյց տուաւ հայութեան ուժեղ եւ թոյլ կողմերը, ախտորոշեց ու առաջ քշեց մեծագոյն խնդիրները, որոնք մինչեւ այսօր լուծում չեն գտած: Րաֆֆի առաջիններէն էր, որ յստակօրէն մերժեց աշխարհաքաղաքացիութիւնը եւ անոր հակադրեց հայրենասիրութիւնը: Հայրենիքը  գաղափար է, որուն համար պէտք է զոհել բացարձակապէս ամէն ինչ: Րաֆֆիի  միտքերը հալածուեցան ոչ միայն իր ժամանակակիցներուն, այլեւ խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք առաջին հերթին արգիլեցին Րաֆֆիի եւ Ռափայել Պատկանեանի գործերը` զանոնք որակելով ազգայնական:

Րաֆֆի հեղինակ է պատմագիտական ակնարկի մի՝ գրուած  արհեստավարժ պատմաբանի մը նախանձախնդրութեամբ՝ այնքան կարեւոր «Խամսայի Մելիքութիւնները», որ այսօր  պատմագրութիւնը նոյնիքն Րաֆֆիի աշխատութեան վրայ կը յենի այդ շրջաններու պատմութիւնը ամբողջացնելու համար:

Րաֆֆի կը հալածուի խաւարամիտներուն կողմէ: Քանի մը անգամ կը փորձեն սպանել զինք Թաւրիզի մէջ, իսկ Թիֆլիսի մէջ կեանքը եղած է հետապնդումներով, հալածանքներով, չարքաշ աշխատանքով եւ նիւթական սուր տագնապով: Ինչպէս ինք կը գրէ իր նամակներէն մէկուն մէջ. «նիւթական միջոցներս սարսափելի պակաս են եւ առողջութիւնս լիովին քայքայուած է»:

Րաֆֆի հայ ազգային-ազատագրական գաղափարի մեծագոյն գործիչն է, ծրագրի հիմանդիրը եւ հայոց քաղաքական միտքի  սիւներէն մէկը: Րաֆֆիէն յետոյ առ այսօր մենք չունինք նման վիթխարի մեծութիւն, որ առանձինն կատարէր ահռելի աշխատանք մը՝ իր ակադեմական ծանրութեամբ:

Րաֆֆիի թողած ժառանգութիւնն ու ազդեցութիւնը ցրուած վիճակէն ի մի բերաւ հայոց պատմական խնդիրներն ու անոնց լուծման ճանապարհները, որուն շնորհիւ հայ հասարակութիւնը աւելի մեծ չափով ու գիտակցութեամբ զբաղեցաւ իր ապագայով: Րաֆֆիի միտքերն ու ծրագիրները կը սպասեն իրագործման մինչեւ այսօր: Այսօրուան մեր բոլոր հարցերուն լուծման համար անխուսափելիօրէն պիտի վերադառնանք զանոնք վերլուծողին ու ծրագիր առաջարկողին` Րաֆֆիի:

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարուժ Թէնպէլեան

Մրցոյթին մասին` https://bit.ly/3cnLwcx

Արդիւնքներուն մասին՝  https://bit.ly/3Th26eF

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x