7 վայրեր, ուր այլմոլորակայիններ (aliens) թերեւս կ’ապրին

February 24, 2024
Rocket Lab-ի Photon տիեզերանաւը կ'ուղղուի դէպի Արուսեակ մոլորակ (նկարազարդուած պատկեր)

Վերջին տարիներուն զգալի քայլեր առնուած են արեգակնային մեր դրութեան մէջ բացայայտելու այլմոլորակային (aliens) կեանքի գոյութիւնը: Տիեզերական հետախուզութեան արհեստագիտութեան յառաջդիմութեամբ եւ տիեզերքի նկատմամբ անյագ հետաքրքրասիրութեամբ սնուած` տիեզերական գործակալութիւններ եւ անձնական կազմակերպութիւններ նախաձեռնած են շարք մը յաւակնոտ առաքելութիւններու՝ ուսումնասիրելու մեր Արեւուն շուրջ դարձող մոլորակներն ու անոնց լուսինները:

Հրատ մոլորակին վրայ գտնուող Ճեզերո բացուածքը, որ կ’ենթադրուի նախապէս լիճ մը ըլլալ, նկարուած ՆԱԶԱ-յի Perseverance տիեզերագնաց ռոպոթին կողմէ:

Այս առաքելութիւնները կ’ընթանան համակարգուած՝ ճեղքելու մարդկային գիտելիքներու սահմանները եւ լոյս սփռելու դարաւոր այն հարցին վրայ, թէ արդեօ՞ք մենք առանձին ենք տիեզերքի մէջ: Արուսեակ (Venus) մոլորակի կիզիչ մակերեւոյթէն մինչեւ Երեւակի (Saturn) լուսիններուն սառուցեալ խորքերը, գիտնականներ մեծ ճիգ կը թափեն Երկրէն դուրս կեանքի հաւանական բնակավայրեր փնտռելու համար:

Այս հետազօտութեանց ընթացքին ամենէն խոստմնալից թիրախները յայտնուած են բազմաթիւ լուսիններու (արբանեակ) մէջ, որոնք կը դառնան Լուսնթագ (Jupiter) եւ Երեւակ կազային հսկայ մոլորակներուն շուրջը: Այս արբանեակները, իրենց ստորգետնեայ ովկիանոսներով, ջրաջերմական (hydrothermal) գործօնութեամբ եւ Երկիր մոլորակի նման մթնոլորտով, գրաւիչ հեռանկարներ կը բանան մանրէաբանական կեանքի կամ հնագոյն օրկանիզմներու բրածոյած (fossilized) հետքեր յայտնաբերելու առումով:

Լուսնթագ մոլորակի Callisto լուսինը, նկարուած՝ ՆԱԶԱ-յի «Voyager 1»-ին կողմէ

Միաժամանակ, ուշադրութիւն կեդրոնացած է նաեւ մեզի դրացի Հրատ (Mars) մոլորակին վրայ, ուր ջուրի անցեալի հոսքերու եւ բնակելի պայմաններու փաստերը յոյս կը ներշնչեն կեանքի նշաններ գտնելու՝ կա՛մ անհետացած, կա՛մ հաւանօրէն Հրատի մակերեւոյթին տակ տակաւին գոյութիւն ունեցող:

Այս աննախադէպ յայտնաբերումներուն առընթեր, արեգակնային մեր դրութեան մէջ այլմոլորակային կեանքի որոնումը գիտաերեւակայութենէն անցած է շօշափելի իրականութեան: Իւրաքանչիւր նոր առաքելութեան մեկնարկով եւ հաւաքուած իւրաքանչիւր տեղեկութեամբ, մարդկութիւնը աւելի կը մօտենայ մեր տիեզերական ուղեկիցներու գաղտնիքները բանալու եւ Երկրէն դուրս կեանքի առեղծուածները բացայայտելու կալելիութեան:

Երեւակ մոլորակի լուսիններէն` Enceladus-ի հիւսիսային կիսագունդը, նկարուած՝ ՆԱԶԱ-յի «Cassini»-ին տիեզերագնաց ռոպոթին կողմէ

Մեր արեգակնային դրութեան մէջ կան քանի մը վայրեր, ուր գիտնականները հետամուտ են ուսումնասիրելու այլմոլորակայիններու կեանքի գոյութեան նշանները: Ահաւասիկ եօթը հիմնական վայրերը.

1. Արուսեակ. թէեւ Արուսեակ մոլորակի մակերեսը անհիւրընկալ կը թուի, սակայն անոր վերին մթնոլորտը ցոյց կու տայ պայմաններ, որոնք կրնան կեանքի յարմարութիւն ստեղծել: ՆԱԶԱ-ն եւ այլ կազմակերպութիւննէր կը ծրագրեն առաքելութիւններ՝ հետագային ուսումնասիրելու այս հնարաւորութիւնը:
2. Io. հակառակ իր հրաբխային բուռն աշխուժութեան, Io-ն` Լուսնթագի (Jupiter) մէկ լուսինը, կը շարժէ գիտնականներու հետաքրքրութիւնը՝ իր աւելի նուազ հրաբխային շրջաններուն մէջ կեանքի գոյութեան մեծ հաւանականութիւններ ունենալուն պատճառով:
3. Callisto. Լուսնթագի մէկ այլ լուսինը կը յատկանշուի ստորգետնեայ ովկիանոսով եւ մթնոլորտով, որ կը նմանի մեր Երկրին: Թէեւ անոր մակերեսը սառուցեալ է, բայց եւ այնպէս կեանք պահելու հնարաւորութիւնները բարձր են:
4. Enceladus. Երեւակի լուսիններէն մէկը, որ ունի ստորգետնեայ ովկիանոս մը եւ ջրաջերմային շարժումի տուեալներ, ինչ որ զայն կը դարձնէ կեանքի որոնման հիմնական թիրախ մը:
5. Titan. Երեւակի մեծագոյն լուսինը, որ ունի Երկիր մոլորակին նման յատկանիշներ, ինչպէս՝ գետեր ու լիճերը, թէեւ լեցուած են ճահճակազով (methane): ՆԱԶԱ-ի Dragonfly առաքելութիւնը յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ պիտի կատարէ այս ուղղութեամբ:
6. Europa. իր ստորգետնեայ ովկիանոսով եւ բնակելի պայմաններու ներուժով Լուսնթագի այս լուսինը՝ Europa-ն հիմնական թիրախ մը կը նկատուի ՆԱԶԱ-յի Europa Clipper առաքելութեան՝ յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ կատարելու անցեալ կամ ներկայ կեանքի գոյութեան մասին:
7. Հրատ. ան առանցքային թիրախ կը նկատուի անցեալ կամ ներկայ արտերկրային կեանքի գոյութեան փնտռտուքին մէջ: ՆԱԶԱ-յի Perseverance յատուկ հրատագնացը ներկայիս նմուշներ կը հաւաքէ՝ զանոնք Երկիր բերելու եւ վերլուծելու նպատակով:

Այս բոլոր առաքելութիւնները կը ներկայացնեն տիեզերքը ուսումնասիրելու եւ Երկրէն դուրս կեանքի առկայութեան առեղծուածները բացայայտելու մարդ արարածին շարունակական ջանքերը:

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x