Վրացահայ(ութիւն) բառ չկայ. կայ վիր-ա-հայութիւն

July 29, 2021

1.«Ազդակ»-ը եւ իր քաղաքական էջը (13 յուլիս 2021)

***Անգարա այս առաջարկը տրամադրած  էր ՕԹԱՆ-ին (էջ  1):

Առաջարկ հասկացութիւնը  իր գոյութեան բոլոր հազարամեակներուն որեւէ ատեն  տրամադրուած չէ եղած:  Հայեցի մտածողութեամբ՝ առաջարկը կը ներկայացուի, կը բերուի, ռամիկ ոճով՝  կ’ընենք զայն (առաջարկ մը ընել), սակայն երբեք ու երբեք չի տրամադրուիր:

«Առաջարկ տրամադրել»-ը հայերէն չէ:

***Ցուցարարները վարկաբեկիչ բացագանչութիւններ կատարեցին…(անդ):

Այս ալ ուրիշ այլանդակութիւն մըն է. բացագանչութիւնը կ’արձակենք, կ’ըսենք նաեւ՝ բացագանչութիւնը թռաւ, բացագանչութիւն լսուեցաւ: Ու տակաւին բացագանչութեամբ կը դիմենք… սակայն, Աստուծոյ սիրոյն, բացագանչութիւն չե՛նք կատարեր. այս երկուքը անյարիր են իրարու, անհամատեղելի.  «կոճատ զոյգը»,−  պիտի ըսէր լուսահոգի Խտըշեան:

***«Երկրին մէջ յուսալքումը կը շարունակուի խորանալ, իսկ տագնապալի իրավիճակը հետզհետէ աւելի կը ծանրանայ, իսկ կառավարութեան կազմութեան օրակարգը կը մնայ անորոշութեան ենթակայ»  (անդ):

—Կրնա՞նք ըսել, թէ հայերէն է այս հատուածը:

Ո՛չ, չե՛նք կրնար ըսել:

Բառերը հայերէն են, ձեւաբանութիւնը հայերէն է, քերականութիւնն ալ հայերէն է, սակայն…  լեզուամտածողութիւնը հայերէն չէ: Առողջ  միտք ունեցող հայը այսպէս  չի կրնար մտածել. երկու անգամ  իսկ չի կիրարկեր  ան: Կարդացէք ձեզի ծանօթ բոլոր հեղինակները, ոչ մէկուն քով նման կառոյց պիտի գտնէք: Նման բացառութիւններու օրրանը «Ազդակ»-ի քաղաքական էջն է:

Բաց աստի՝ պէտք չէ ըսել «կը շարունակուի խորանալ», այլ «կը շարունակէ խորանալ»:

Այս հատուածը կը փրկուի հետեւեալ  երկու  միջոցներով.

ա) Երկրին մէջ յուսալքումը կը շարունակէ խորանալ, իսկ տագնապալի իրավիճակը հետզհետէ աւելի կը ծանրանայ, եւ կառավարութեան կազմութեան օրակարգը կը մնայ անորոշութեան ենթակայ:

բ) Երկրին մէջ յուսալքումը կը շարունակէ խորանալ, իսկ տագնապալի իրավիճակը հետզհետէ աւելի կը ծանրանայ, մինչ կառավարութեան կազմութեան օրակարգը կը մնայ անորոշութեան ենթակայ:

***«Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Քուպայի ամբողջ տարածքին խօսքի եւ հաւաքի ազատութեան, եւ բուռն կերպով պիտի դատապարտէ իրենց իրաւունքները գործադրող խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ որեւէ բռնարարք կամ թիրախաւորում»,− նշեց Սոլիվըն (էջ 8):

—Առհաւական անէծք մը ահա տասնամեակներէ ի վեր յամառօրէն  կը սաւառնի «Ազդակ»-ի քաղաքական էջերուն  վերեւ եւ… թոյլ չի տար որ ճիշդ եւ  միօրինակ  կիրարկուի «Միացեալ Նահանգներ» կոչուած պետութեան քերականական թիւը. ան մերթ յոգնակի է,  մերչ եզակի է,  յաճախ ալ… խառն, ինչպէս է այստեղ՝ թէ՛ եզակի, թէ՛ յոգնակի:

կը զօրակցին՝ յոգնակի,

պիտի դատապարտէ՝ եզակի:

***«Կը բարձրացուին վրացահայութեան վերաբերող խնդիրներ» (անդ):

—Մեր լեզուին մէջ վրացահայ(ութիւն) բառ չկայ:

Վրաստան ապրող հայերը կը կոչուին վիրահայ, հաւաքական անուանոմով՝ վիրահայութիւն: Այսպէս է հազարաւոր տարիներէ ի վեր:

Ասոնք կը ծագին Վրաստանի  Վիր(ք)  պատմական անունէն:

Ուրեմն՝ վիր-ա-հայ   եւ վիր-ա-հայութիւն:

Ծանօթ.−  Պատմականօրէն ունեցած ենք՝

Վիրք,  որ է  Վրաստան,

                        –Պարսք, որ է Պարսկաստան,

Հայք, որ է Հայաստան:

Կար երկու Հայք՝

–Մեծ Հայք` Armenia maior,

–Փոքր Հայք` Armenia minor:

Մեծ Հայքի հիմնադիրը Արտաշէս Առաջինն է,  189-ին    Քա., Արտաշատ մայրաքաղաքով:

Փոքր Հայքին հիմնադիրը Զարեհն էր՝ նոյն թուականին:

Այս վերջինը կը գտնուէր Մեծ Հայքի արեւմուտքը, կը կոչուէր նաեւ Ծոփք:

  1. Փորձենք զանազանել եւ իւրացնել՝

ա)—Խումբ մը բարեկամներ մօտեցան

—Բարեկամներու խումբ մը մօտեցաւ

բ) —ը > ն

—վեց    >  վեց-եակ

—եօթը  >  եօթն -եակ

—ութ      >  ութ-եակ

—ինը      >  ինն-եակ

—տասը  >  տասն-եակ

Սխալ եւ անընդունելի կառոյցներ են՝  վեցնեակ  եւ   ութնեակ: Երկուքն ալ կը վխտան արեւելահայ  բարքերու մէջ եւ հիմա կը խուժեն արեւմտահայերէնի անդաստանները:

  1.  Արժէք, արժեգին,  արժէգին

Նաեւ՝ արժեզրկել, արժեզուրկ, արժեթուղթ, արժեչափ, արժետոմս, արժեցուցակ,    արժեւորել եւ այլն: Ոմանք այս բառերը բնազդաբար կը գրեն  է-ով՝ արժէգին եւ այլն[1], այն «տրամաբանութեամբ», որ ասոնց առաջին բաղադրիչը արժէք է, որուն ք բաղաձայնը սղած է: Արդ,  էք ածանցը (արժէք)  մասնատելի չէ, ան կա՛մ այս էք ձեւով երեւան կու գայ, կա՛մ ալ լրիւ կ’անհետանայ, ուրեմն չի կրնար ըլլալ, որ էք կրող բառերը կորսնցնեն միայն ք բաղաձայնը՝ պահելով  է ձայնաւորը, եւ կարելի ըլլայ  նոր բառեր կազմել արժէ հիմքով. նման հիմք չունի այս բառը: Բերուած բարդ բառերուն  առաջին արմատը արժ է պարզապէս, որուն յաջորդող ե տառը յօդակապ է, ճիշդ ինչպէս ան յօդակապ է այց-ե-տոմս, խաբ-ե-պատիր, ծաղկ-ե-պսակ բառերուն մէջ:

Ուրեմն՝ արժ-ե-գին , արժ-ե-թուղթ, արժ-ե-չափ  եւ այլն:

Ուրիշ է արժէքաւոր ածականը, որուն հիմքը արժէք ածանցաւոր գոյականն  է` արժ > արժ-էք > արժ-էք-աւոր:

[1] Ստ. Մալխասեան ունի արժէգին եւ արժէթուղթ: Աճառեան՝ արժէթուղթ, արժեգին, արժետոմս (Արմ. բառ):  Ջահուկեան՝ արժեգին, արժեթուղթ, արժետոմս («Ստուգաբանական բառարան»):  Երեք մեծագոյնները՝ խայտաբղէտ ու տարակարծիք:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x