Օտարաբանութեամբ եւ մասամբ նորին…
July 12, 2024
Ձախորդ շաբաթ մը… «Ազդակ»-ին համար:
Կարծես այն օրը՝ 6 յունիս 2024, հայոց լեզուի բոլոր սխալները մրցումի ելած ըլլային անոր երբեմնի լուսաւոր էջերուն:
- «Քննարկումի նիւթ դարձան Կազայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը, հարաւի կացութիւնն ու Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած իսրայէլեան սպառնալիքները» (էջ 1):
Ճիշդ ի՛նչ տրամաբանութեամբ կրկնուած է շղթայազերծուած դերբայը՝ յայտնի չէ, քանի կարելի էր դիւդաւ խուսափիլ նման անհաճոյ կացութենէ: Այդպիսով պիտի ստացուէր շատ աւելի կուռ ու տպաւորիչ կառոյց մը. փորձեցէ՛ք կարդալ այս մէջբերումը առանց երկրորդ շաղթայազերծուած-ին, եւ պիտի անդրադառնաք իրողութեան:
Միւս կողմէ՝ այս նախադասութիւնը պիտի խուսափէր բառային սխալ կիրարկումէ մըն ալ. քանզի եթէ կարելի է ըսել «շղթայազերծուած պատերազմ», ապա կարելի չէ ըսել «շղթայազերծուած սպառնալիք», հայերէնը նման բառակապակցութիւն կամ նման ոճ չունի. սպառնալիք-ին համար կ’ըսենք ուղղուած, ուրեմն՝ « Լիբանանին ուղղուած իսրայէլեան սպառնալիքները»:
Նկատելի է, որ ջնջեցինք դէմ նախադրութիւնը եւս, որ աւելորդաբանութիւն մըն է՝ գոնէ այս պարագային:
- [Սքայ նիուզ կ’աւելցնէ], որ յստակ չէ, եթէ Էրտողան Ասատը Թուրքիա՞ հրաւիրելու կ’ակնարկէ» (անդ):
Այս սխալը ատենը մէյ մը գլուխ կը ցցէ արեւմտահայ մամուլի եւ ի մասնաւորի ա՛յս էջին մէջ եւ սրբագրուելու ոչ մէկ նպատակ ունի. դուն ուզածիդ չափ խօսի՛ր, իրենք անշեղ գիտեն ընելիքնին:
Հարցը կը վերաբերի եթէ շաղկապի կիրարկութեան՝ թէ շաղկապի փոխարէն:
Եթէ-ի այս կիրարկութիւնը օտարաբանութիւն է, հայերէն չէ. անգլերէնն ու ֆրանսերէնն են, որ այս պարագային կը գործածաեն if եւ si (=եթէ) շաղկապը, որ այդ լեզուներուն մէջ կը ծառայէ անուղղակի հարցում ուղղելու. եւ ճիշդ այս պատճառով ալ այս տողերը գրողը պարոյկով օժտած է Թուրքիա՞ բառը, որովհետեւ յիշեալ լեզուներէն մէկով կը մտածէ ան եւ ըստ այնմ ալ կը կէտադրէ, իսկ հայերէնը բացակայ է, բացակայ է մա՛նաւնդ զայն սորվելու տարրական տրամադրութիւնը, այս պատճառով ալ բազմիցս ակնարկուած այս սխալը առանց վարանումի կը քաշքշուի եւ ի դէպս ու յանդէպս կը հրամցուի հայ ընթերցողին:
Ուրեմն՝ «յստակ չէ, թէ Էրտողան Ասատը Թուրքիա հրաւիրելու կ’ակնարկէ»:
Ինչպէս կը նկատէք՝ ջնջեցինք պարոյկը եւս, քանի հայեցի մտածողութեամբ հարցական նախադասութիւն չկայ այստեղ, այսուհանդերձ կարելի է նաեւ ձգել այդ պարոյկը, քանի օտար լեզուներու ազդեցութեամբ՝ մենք եւս սկսած ենք իբրեւ հարցական ընկալել այս կառոյցը:
* * *
Օտարաբանութեան այլ տեսակ մըն է հետեւեալը, որ իր կարգին կոյր ու չմտածուած թարգմանութիւն է օտար աղբիւրէ. հաւանաբար անգլերէնէ.
Եւ կը յաւակնի հայերէն ըլլալ. «Առկախ հարցերը կը վերաբերին համաձայնութիւնը ինչպէս (=how to) գործադրելու խնդիրին» (անդ):
Հայեցի մտածողութեամբ՝ պիտի գրէինք.
«Առկախ հարցերը կը վերաբերին համաձայնութիւնը գործադրելու ձեւին»:
Նկատելի է միւս կողմէ, որ ջնջեցինք խնդրին աւելորդաբանութիւնը. չես գիտեր ուրկէ՛ բուսաւ այս զազրելի նորարարութիւնը եւ մասնաւորաբար ա՛յս էջին վրայ՝ անխտիր բոլո՛ր հասկացութիւնները հարց կամ խնդիր բառերով բնորոշելու անբացատրելի մոլութիւնը:
- «Պաշտօնական հանդիսութեամբ նշուեցաւ…միութեան 50-ամեակը «դէպի երկրորդ յիսնամեակ» խորագիրով (անդ):
Խորագի՞՞՞ր… ճիշդ կը կարդա՞նք… բայց այո՜՜՜, ճիշդ կը կարդա՛նք:
Իսկ ի՞նչ ըսել է խորագիր: Մեր գրեթէ բոլոր բառարանները զայն կը նկատեն «գիրքի տրուած անուն, վերնագիր, տիտղոս»:
Որ այստեղ տրուած է… «միութեան մը 50-ամեակին»:
Սիրուած միութեան մը վերագրուող յանձնառութիւնը կամ բարեմաղթութիւնը՝ «դէպի երկրորդ յիսնամեակ», ի՞նչ առնչութիւն ունի խորագիր-ի հետ. տեղի ունեցածը կամ թէ որդեգրուածը կարգախօս մըն է, նշանաբան մըն է, թէկուզ… լոզունգ մը, բայց ոչ երբեք «խորագիր»:
Փցուն ու ձախող բառակապակցութիւն մըն է «պաշտօնական հանդիսաւո–րութեամբ»-ը:
Պաշտօնական,— եւ ուրեմն նաեւ անպաշտօն (ական),— հանդիսաւորութիւն բառակապակցութիւնը ոչինչ ըսող ճոռոմաբանութիւն մըն է. կարելի է կիրթ ու կոկիկ հայերէնով ըսել՝ «հանդիսաւորապէս» ու վե՛րջ. այս մէկ հատիկ բառով շեշտած եղանք այն մեծ, թէկուզ արտասովոր կարեւորութիւնը, որ կը փորձուի վերագրել տուեալ հաւաքին կամ հանդէսին:
- «Ալի Խամենեյի ուրբաթ առաւօտեան քուէարկելէ ետք շեշտեց» (անդ):
Ձեր դպրոցական քերականութեան վրայ հիմնուելով կ’անդրադառնաք, որ այստեղ առաւօտեան բառը կիրարկուած է իբրեւ մակբայ. ժամանակական մակբայ եւ կ’եղանակաւորէ քուէարկելէ դերբայը.
***Ե՞րբ քուէարկելէ (ետք), — (ուրբաթ) առաւօտեան:
Արդ, հայերէնը այս կազմով մակբայ չունի. կրնաք բանալ ձեզի ծանօթ բոլոր արեւմտահայ բառարանները եւ պիտի չգտնէք այդպիսին:
Եան-ով ածականներ ըմբռնելի են, ինչպէս՝ արեւելեան, սեւծովեան, աջա-կողմեան, ձախակողեան, միջնադարեան, երեւանեան, ուրեմն… առաւօտեան:
Իսկ ածականով բայ չենք կրնար եղանակաւորել:
Արդի հայերէնի մէջ առաւօտ բառը կա՛մ անփոփոխ՝ առաւօտ (հայցական հոլով) ձեւով կա՛մ տրական՝ առաւօտուն ձեւով կը կիրարկուի իբրեւ բայական լրացում. հետեւաբար բերուած նախադասութիւնը կրնանք գրել՝
*** Ալի Խամենեյի ուրբաթ առաւօտ քուէարկելէ ետք շեշտեց…
*** Ալի Խամենեյի ուրբաթ առաւօտուն քուէարկելէ ետք շեշտեց…
Բայց ո՛չ՝ առաւօտեան…
[email protected] Արմենակ Եղիայեան