Օսքարական հոսանքներ՝ ցեղային խտրականութենէն մինչեւ կենսոլորտային հարցեր

March 12, 2024

Որեւէ ձեռնարկի ընթացքին պատահած վրէպներ միշտ կը յիշուին. ալ ուր մնացին համաշխարհային, կարեւոր ձեռնարկներու ընթացքին պատահած արտասովոր եղելութիւնները:

Համացանցի տարածումէն առաջ, Օսքարներու մրցանակաբաշխումի երեկոն միայն հեռատեսիլէն կամ ձայնասփիւռէն ուղիղ եթեր կը սփռուէր եւ յաջորդ օրը արդիւնքները կը յայտարարուէին թերթերով: Այդ օրերուն, վրիպումները այնքան արձագանգ չէին ձգեր, որքան այսօր:

Որովհետեւ տակաւին Օսքարի եղանակին մէջ կը գտնուինք, եկէք յիշենք ամենէն յատկանշական, տարբեր բնոյթի դէպքերը որոնք պատահած են տարիներու ընթացքին, եւ դարձած են հոսանք:

Lupita Nyong’o

Մանկութենէս հետեւած եմ Օսքարներու մրցանակաբաշխումին: Սովորական ոճը եղած է՝ հինգ թեկնածու, մէկ շահող, շնորհակալական խօսք մը եւ վերջ:

Վերջերս էր որ սկսայ մրցանակաբաշխումին առիթով կամ նոյնիսկ ընթացքին պատահած տարբեր աղմուկներուն անդրադառնալ: 2014ի ֆիլմերու թեկնածուներու ցանկի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, #OscarsSoWhite վանդականիշը տարածուելով, առաջ քշուեցաւ իրողութիւն մը, որ դերասանական չորս բաժիններուն քսան թեկնածուները եւ բեմադրիչներուն հինգը ճերմակամորթներ են: Բայց չէ՞ որ նախորդող տարին լաւագոյն ֆիլմի արժանացողը 12 Years of Slave ֆիլմն էր եւ երեք  դերասան թեկնածուները սեւամորթ էին (այժմ եզրոյթն ալ փոխուած է՝ ափրիկեցի-ամերիկացի) իսկ Lupita Nyongo շահեցաւ երկրորդական դերի լաւագոյն դերասանուհի մրցանակը:

Hattie-McDaniel

Եւ այսպէս սկսայ անդրադառնալ, որ ԱՌԱՋԻՆ Օսքար շահած սեւամորթ դերասանուհին (երկրորդական դերի լաւագոյն դերասանուհի) Hattie McDanielը եղած է 1940ին Gone With the Wind ֆիլմի մէջ: Sidney Poitier ԱՌԱՋԻՆ սեւամորթ դերասանը եղած է որ 1964ին Lilies of the Field ֆիլմի մէջ շահած է լաւագոյն դերասանի տիտղոսը: 2001ին Halle Nerry ԱՌԱՋԻՆ սեւամորթ դերասանուհին եղած է որ շահած է լաւագոյն դերասանուհիի Օսքարը Monsters Ball ֆիլմի մէջ: Եւ ցանկը կը շարունակուի:

Kathryn Bigelow

Երկրորդ հոսանքը կը վերաբերի սեռին՝ երբ բեմադրութեան բաժինի թեկնածուները միայն տղամարդիկ ըլլան: Եթէ քանի մը տարի ետեւ երթանք, աղմուկը սկսաւ 2010ին երբ Kathryn Bigelow շահեցաւ լաւագոյն բեմադրիչի Օսքարը The Hurt Locker ֆիլմով: Կարծէք հոն անդրադարձած ըլլային որ կին բեմադրիչները թիւով աւելի քիչ են: Եւ այսպէս սկսանք լսել առաջին կին բեմադրիչ թեկնածու, առաջին շահող… մինչեւ այս տարի երբ կարգը եկաւ Barbie ֆիլմին. ոչ դերասանուհիի (Margot Robbie) եւ ոչ ալ բեմադրիչի (Greta Gerwig), այս պարագային կին բեմադրիչի, թեկնածութեան արժանացաւ, հակառակ որ Օսքարին նախորդող այլ մրցանակներու թեկնածութիւն ստացած է վերը նշած երկու բաժիններուս մէջ: Այս բոլորը մտածել կու տան, թէ արդե՞օք Hollywoodեան քաղաքականութիւն է այս կամ իսկապէս եթէ արժանի ըլլային, արդէն դատական կազմը նկատի կ’առնէր զանոնք:

Կարեւոր հոսանք մըն է նաեւ մրցանակաբաշխումի երեկոն ուղղակի օգտագործելը՝ դատ մը առաջ քշելու համար: Առաջին դէպքը՝ 1973ին, Marlon Brandoն The Godfather ֆիլմին մէջ Օսքար շահեցաւ իբր լաւագոյն դերասան բայց իր տեղ բեմ բարձրացաւ բնիկ ամերիկացի դերասանուհի` Sacheen Littlefeather` յայտնելով, որ Marlon Brando կը մերժէ մրցանակը՝ բողոքելով Hollywoodի ֆիլմերու մէջ բնիկ ամերիկացիներու վատ ոճով ներկայացուած ըլլալուն դէմ: 2015ին, Patricia Arquette շահեցաւ լաւագոյն երկրորդական դերասանուհիի Օսքար Boyhood ֆիլմին մէջ. ան խօսք մը ուղղեց հաւասար վարձատրութեան մասին: 2016ին, Leonardo DiCaprio շահեցաւ լաւագոյն դերասանի Օսքար, The Revenant ֆիլմին մէջ. խօսքը ուղղեց կլիմայի փոփոխութեան վտանգին մասին: Արդե՞օք Օսքարի բեմը պարզապէս լուսաւոր առիթ է ֆիլմաշխարհի ներքին խոհանոցի հարցերը բացայայտելու, կամ իսկապէս՝ լուծում գտնելու հարթակ:

Everything Everywhere All at Once

Այլ տեսակի հոսանք մըն է ցեղային տարբերութիւնը: Երբ ամէնէն կարեւոր 5 բաժիններէն

Moonlight

(լաւագոյն ֆիլմ, լաւագոյն բեմադրիչ, դերասան, դերասանուհի, original screenplay, adapted screenplay) առնուազն մէկուն մրցանակը հիմնուած ըլլայ խաւ մը «գոհացնելու» քաղաքականութեան վրայ: Վերջին տարիներուն մասին օրինակներ տանք. 2021ի լաւագոյն ֆիլմի մրցանակը շահեցաւ Everything Everywhere All at Once, արդե՞օք իսկապէս արժանին էր, երբ կողքին կային ֆիլմեր Tàrի, The Banshees of Inisherinի եւ Women Talkingի նման. թէ պարզապէս ասիական ցեղը գոհացնելու համար էր: Նշենք, որ Everything Everywhere All at Onceը նաեւ շահեցաւ լաւագոյն բեմադրիչի, դերասանուհիի եւ original screenplayի մրցանակները: Աւելի յատկանշականը եղաւ 2016ի Օսքարի երեկոյեան, Moonlight ֆիլմով (խօսքս լաւագոյն ֆիլմի յայտարարութեան սխալին մասին չէ, երբ Warren Beatty պահարանը բանալով La La Land յայտարարեց), արդե՞օք սեւամորթի եւ միասեռականի միատեղումը դատական կազմի աշխատանքը «դիւրացուցած» էր:

Cillian Murphy – Oppenheimer

Իսկ վերջապէս այս տարուան մրցանակաբաշխումի ընթացքին, եղանակին ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Oppenheimer եւ Barbie ֆիլմերուն վրայ, անշուշտ առեւտրական նպատակով, կարծէք միակ մրցակիցները ըլլային: Oppenheimer ստացաւ 13 թեկնածութիւններէն 7 մրցանակ, ներառեալ 3 կարեւոր բաժինները, իսկ Barbie 8 թեկնածութիւններէն մէկը միայն: Արդե՞օք Cillian Murphy արժանի էր լաւագոյն դերասան մրցանակին, երբ անդին կար Bradley Cooper մը, որ Maestro ֆիլմին մէջ խաղցաւ ամերիկացի ՀՐԵԱՅ երաժիշտ/խմբավար Leonard Bersteinի դերը:

Da’Vine Joy Randolph

Հետաքրքրական են այս տարուան երեւոյթները՝ սեւամորթն ալ շահեցաւ, Da’Vine Joy Randolph The Holdovers ֆիլմին մէջ իբր լաւագոյն երկրորդական դերասանուհի, Ուքրանիա/Ռուսիա պատերազմի մասին ֆիլմն (20 Days in Mariupol) ալ շահեցաւ լաւագոյն վաւերագրական մրցանակը:
Բայց միւս կողմէ The Zone of Interest շահեցաւ լաւագոյն համաշխարհային ֆիլմի մրցանակը (ոչ Hollywoodի արտադրութիւն) որուն նիւթը կը դառնայ Nazi զինուորականի մը ընտանիքին շուրջ, որոնք կը փափաքին հրեական բանտին մօտ իրենց երազային կեանքը ապրելու:

Եւ այսպէս՝ Օսքարի պատմութեան մէջ կը մտնեն այս արդիւնքները, եւ կը յիշուին առանց մնացեալ մանրամասնութիւններուն:

Յուսալով որ այս մրցանակը մնայ առարկայական իր դատողութեիւններուն եւ արդիւնքներուն մէջ:

Շնորհաւոր բոլոր շահողներուն:

Փաթիլ Գուլաճեան

 

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x