Օլեկ Քոնոնենքո` ամենէն երկար անջրպետի մէջ մնացող աստղանաւորդը

February 5, 2024
Օլեկ Քոնոնենքոն անցեալ տարուան Սեպտեմբերին Ղազախստանի Պայքոնուր կայանին մէջ: Լուսանկարը՝ Մաքսիմ Շեմեթովի/EPA

Ռուս Օլեկ Քոնոնենքո, Կիրակի, 4 Փետրուարին, ամենէն երկար անջրպետ մնացող աստղանաւորդի նոր մրցանիշ մը հաստատեց՝ աւելի քան 878 օր կամ գրեթէ երկուքուկէս տարի պարբերաբար հոն անցնելէ ետք:

Կրինիչի ժամանակացոյցով (GMT), 0830-ին, Օլեկ Քոնոնենքո յաջողած է կտրել իր ազգակիցին՝ Կենատի Փատալքայի հաստատած մրցանիշը, կը յայտնէ ռուսական «Ռոսքոզմոս» անջրպետային ընկերութիւնը: Տիեզերական հինգ թռիչքներու ընթացքին, Փատալքա արձանագրած էր 878 օր, 11 ժամ, 29 վայրկեան եւ 48 երկվայրկեան, նախքան 2017-ին հանգստեան կոչուիլը:

59-ամեայ Քոնոնենքոն մրցանիշ մը հաստատած է 423 քմ հեռաւորութեան վրայ երկրին շուրջ դառնալով՝ իր հինգերորդ անձրպետային թռիչքին ընթացքին: «Ես դէպի անջրպետ կը թռչիմ սիրած գործս ընելու, եւ ոչ թէ մրցանիշներ հաստատելու», – կ’ըսէ ան պետական Թասս լրատու գործակալութեան` միջազգային տիեզերակայանէն (international space station – ISS) տրուած հարցազրոյցի մը մէջ:

Օլեկ Քոնոնենքո անջրպետային շրջագայութեան մէկ պահու միջազգային տիեզերակայանէն դուրս, Դեկտեմբեր 2018-ին: Լուսանկարը՝ Ռոյթըրզի:

«Ես հպարտ եմ բոլոր ձեռքբերումներովս, բայց ամենէն աւելի հպարտ եմ, որ անջրպետի մէջ մարդկային կեցութեան ընդհանուր տեւողութեան մրցանիշը տակաւին կը պատկանի ռուս աստղանաւորդի մը», – կ’ըսէ Քոնոնենքո, որ ««Ռոսքոզմոս»ի հրամանատարն է:

Անոր անջրպետային այժմու թռիչքին աւարտը նախատեսուած է Սեպտեմբերի վերջը, մինչ այդ ան տիեզերքի մէջ անցուցած կ’ըլլայ 1110 օր:

Ըստ Եւրոպական անջրպետային գործակալութեան, Քոնոնենքո իր անջրպետային ասպարէզը սկսած է որպէս երկրաչափ, եւ իբրեւ աստղանաւորդ սկսած է մարզուիլ 34 տարեկանին, միջազգային տիեզերակայանի ծրագրին համար ընտրուած խումբին միանալէ ետք: Անոր անջրպետային առաջին թռիչքը տեղի ունենած է 2008-ի Ապրիլին եւ տեւած՝ 200 օր:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x