Քիչ մը երգիծանք…
August 29, 2024
Պօղոս Գուբելեան «կ’երգիծէ»…
«Հայրենիք», 19/8/2024
***Քամալա Հերիսին ցուցանիշները գլեցին անցան…
–Քամալա Հերիսի ցուցանիշերը գլեցին–անցան:
***Քամալա Հերիսին ցուցանիշները գլեցին անցան, հանրապետական նախագահին աղիւսակը:
—Գլեցին-անցան՝ գծիկով կը միանան: Որմէ ետք ստորակէտը սխալ է:
*** 82 ամեայ մեր սիրելի նախագահը…
— 82-ամեայ…
***Զարմանք պատճառեց բարեկամ ու հակառակորդ շրջանակներու մօտ:
–Հայերէնը զարմանք կը պատճառէ մէկո՛ւն՝ առա՛նց մօտ-ի:
***Ամուր կառչած ըլլալ կը թուար
–Արեւմտահայերէնը կը թուի-կը թուէր:
***«Ութսունէն Վե՛ր Աթոռէն Վար» խորագիրով գրութիւնս…
— «Ութսունէն վե՛ր, աթոռէն վա՛ր»:
Վեր -ին պէս պէտք է շեշտուէր վար-ն ալ:
***Այո նկատի ունիմ 88 ամեայ նորին սրբութիւն Հռոմի պապը…
— Այո՛, նկատի ունիմ 88-ամեայ Նորին սրբութիւն Հռոմի պապը…
Ծանօթ.— Երջանիկ զուգադիպութեամբ մը՝ հեղինակն ու պապը… տարեկից են: Անոնք լոյս աշխարհ եկած են յամի Տեառն 1936-ին:
***Որուն անհուն կերպով կը համակրիմ:
— Որուն անհունօրէն կը համակրիմ:
* * *
Այստեղ հեղինակը պահ մը կանգ կ’առնէ՝ ինքզինք համեստօրէն ներկայաց-նելու անտեղեակ ընթերցողին. յատուկ ուշադրութեան արժանի են լուծած եւ պաշտպանած բառերը՝ ճիշդ ըմբռնելու համար հեղինակին տարողութիւնը:
«Առանց մեծամտանալու յայտնեմ, թէ Պայտընի հրաժարականը հայ մամուլին մէջ յառաջացնող հրապարակագիրն եմ… եւ դեռ… Ափրիկէ 20 տարի կեցութեանս, երկրին հանրածանօթ, հռչակաւոր նախագահներու հետ սեղան նստած, հաց կիսած, քաղաքական հարցեր լուծած ու Հայ Դատ պաշտպանած եմ երկար տարիներ» …
***Հայտէ Քամալա ջան մեզ ամօթով մի հաներ, — պիտի ըսէի…
—Հայտէ՛, Քամալա՛ ջան, մեզ ամօթով մի՛ հաներ,— պիտի ըսէի…
***Մոռցէ՜ք, պիտի չի հրաժարի՜մ…
— Մոռցէ՜ք, պիտի չհրաժարիմ…
***Տղայ ջա՜ն, գնա ուրիշ մէկը գտիր վրան խնթալիք: 80 էն վեր եմ եղեր…
— Տղա՜յ ջան, գնա՛ ուրիշ մէկը գտիր վրան խնդալիք: 80-էն վեր եմ եղեր…
***Մայր տաճարի մուտքին «Հայր Մեր» մը եւ «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքները կատարելէ ետք, պահակի մը հետ լռելայն, Փրանկիսկոս Պապին առանձնարանը այցելել…
— Մայր տաճարի մուտքին «Հայր մեր» մը եւ «Ողջո՜յն քեզ, Մարիամ» աղօթքները կատարելէ ետք պահակի մը հետ լռելեան Փրանկիսկոս Պապին առանձնարանը այցելել…
***Արդէն Հռոմի պապը տեղակ պահուած էր…
— Արդէն Հռոմի պապը տեղեակ պահուած էր…
* * *
Հեղինակը երկրորդ ընդմիջումով մը եւ համեստօրէն կ’իրազեկէ ընթերցողը այն բոլոր հանգամանքներուն, որոնց կրողն է ինք. յատկապէս կաթողիկէ բարձրաստիճան հոգեւորականութեան եւ… Կիլիկիոյ թեմի կաթողիկոսին, որ իր գիրքերուն առաջին ընթերցողը կ’ըլլար…
Այս բոլորը՝ ի պատրաստութիւն այն առաքելական այցելութեան, որ ան կը ծրագրէ տալ ուրիշ «80-է վեր»-ի մը, որ Հռոմի պապն է եւ անոր թեթադրելու, որ… ժամանակն է «աթոռէն վա՛ր» իջնելու:
Այս սրբազան առաքելութեամբ ալ ան կ’ուղղուի Վատիկան, ուրկէ ուր՝ Հայաստանի վարչապետին անձնական սաւառնակով:
«Կաթողիկէ կրթութիւնս ու անձնական ծանօթութիւններս հայ եկեղեցական պետերու, ինչպիսին՝ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի, հայ կաթողիկէ Գասպարեան եւ Մինասեան պատրիարք կաթողիկոսներուն եւ մասնաւորապէս՝ Կիլիկիոյ թեմէն[1]՝ Խորէն կաթողիկոսին, որ առաջինը կ’ըլլար նոր հատորներս ընթերցողը, բոլոր այդ իրողութիւնները, իրենց կարգին, մասամբ մը պիտի թիւրացնէին Ֆրանսիսկոս պապին հետ մեր հանդիպումը»:
Եւ իրօք ալ այդ հանդիպումը տեղի կ’ունենայ… եւ Քահանայապետը, համակերպ ու գոհունակ միաժամանակ՝ խոնարհաբար կ’առաջարկէ հայ պատգա-մաբերին, որ միասնաբար լուծեն հարցը.
«Կ’ընդունիմ, ծանր բեռ է… ատոր համար ալ նախքան հրաժարականս՝ աթոռին յարմար թեկնածու մը փնտռենք…»:
***Եկեղեցիներու միութեան մասին խօսք չի բացինք:
–Եկեղեցիներու միութեան մասին խօսք չբացինք:
***
Արդեօք յարմար թեկնածու մը գտա՞ն Հռոմի աթոռին:
Միւս կողմէ՝ ինչո՞ւ եկեղեցիները միացնելու այսքան լաւ առիթ մը փախցուցած է հեղինակը,— գաղտնիք մըն է գոնէ առ այժմ:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
[1] Այս անունով թեմ գոյութիւն չէ ունեցած Հայոց պատմութեան մէջ: