Քաղցկեղային բջիջները ապաննող նոր դե՞ղ

February 19, 2024

Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլի Ewha կանանց համալսարանի գիտնականները ստեղծած են քիմիական հզօր բաղադրութիւն մը, որ կրնայ չէզոքացնել քաղցկեղային բջիջները:

Գիտնականները ստեղծած են քաղցկեղի դէմ պայքարող խոստմնալից նոր դեղ մը՝ կառավարելով քալսիումի (կրածին) մակարդակը բջիջներուն մէջ, որ շատ հաւանաբար կրնայ «հակաուռուցքային» բաղադրութեան բանալին ըլլալ, այն իմաստով որ առաջադրուած դեղը քալսիումի կուտակում կը յառաջացնէ եւ այդ ձեւով մինչեւ մահ կը խեղդէ ուռը: Այս տեղեկութիւնները հրապարակուած են Angewandte Chemie ամսաթերթին մէջ:

Սովորաբար, քալսիումի ion-ներու (ելեկտրականցած հիւլէ կամ մասնիկ) չափազանց առկայութիւնը վնասակար է եւ պատճառ կը դառնայ բջիջային առողջ բաղադրիչներու խեղդուելուն: Սակայն այժմ հետազօտողները գտած են այս վնասակար աւելցուկային հոսքը օգտագործելու միջոց մը՝ օրկանիզմին մէջ քաղցկեղի բջիջներուն առաջքը առնելու եւ ոչնչացնելու համար զանոնք, միջոցառում մը, զոր կը կոչեն «քալսիումի փոթորիկ»:

Հետազօտական խումբը, ղեկավարութեամբ՝ Ճայանկ Եունի, Ewha կանանց համալսարանէն, մասնակցութեամբ չինացի գիտնականներու, ստեղծած է հակաուռուցքային ուժեղ դեղ մը: Այս դեղը կը ներգործէ քալսիումի անցքերու բացման բնական գործընթացին զուգահեռ՝ քաղցկեղային բջիջներուն մէջ յառաջացնելով քալսիումի մահացու փոթորիկ մը:

Դեղը կը բաղկանայ սիլիքայի գերփոքր մասնիկներէ (nano cilicas), որոնք կը պարունակեն ինտոսիանին կանաչ ներկ մը (indocyanine green – ICG):

Ուռերը կը ճանչնան քալսիումը, եւ նանոմասնիկները կը տեղափոխուին թիրախաւորուած բջիջներուն մէջ, եւ հոն հասնելէ ետք, ներկը կ’աշխուժանայ մերձ այսրկարմիր լոյսի միջոցով: Կը պատահի երկկողմանի յարձակում մը. կ’արտադրուին մասնիկներ (molecules), որոնք կը կոչուին հակազդու թթուածնի տեսակներ (reactive oxygen species-ROS), որոնք քալսիումի անցքեր կը բանան բջիջի արտաքին թաղանթին մէջ: Միաժամանակ կը բարձրանայ անոր ջերմաստիճանը, որուն հետեւանքով բջիջին մէջ քալսիում պահող օրկանելը (organelle) կը բացուի:

Ներարկային այս բաղադրութիւնը փաստած է իր արդիւնաւէտութիւնը տարրալուծարանի մէջ մարդու քաղցկեղային բջիջներու վրայ կատարուած գործնական փորձերու ընթացքին: Ապա, քաղցկեղային ուռ ստացած մուկերու վրայ փորձարկումները ցոյց տուած են, որ այս նոր դեղը կուտակուած է ուռերուն մէջ յատուկ ձեւափոխուած սիլիքա (cilica) ուլունքներու միջոցով, որոնք ոչ մէկ վնաս պատճառած են բջիջներուն մինչեւ որ ենթարկուին այսրկարմիր լոյսի ազդեցութեան, որմէ ետք դեղը սկսած է գործել: Իսկ մուկերը քանի մը օր ետք ձերբազատած են քաղցկեղային ուռերէն:

Հետազօտող գիտնականները ​​լաւատես են, որ այս բաղադրութիւնը կարելի պիտի օգտագործոել կենսաբժշկական հետագայ հետազօտութիւններու համար:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x