Տիեզերք ղրկուած է Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» գիրքը

January 23, 2025

Եղիշէ Չարենցի տունթանգարանի հիմնադրութեան 60 եւ բացման 50-ամեակի յոբելեանները կը նշուին նաեւ տիեզերքի մէջ։

Թանգարանէն կը տեղեկացնեն, թէ Ս. Փեթերսպուրկ բնակող բարերար Հրաչեայ Պօղոսեանի միջնորդութեամբ, Ղազախստանի Պայքոնուր քաղաքի տիեզերակայանէն անջրպետ ուղարկուած է աշխարհի 35 լեզուներով թարգմանուած եւ Չարենց ընտանիքին կողմէ հրատարակուած «Ես իմ անուշ Հայաստանի» գիրքը։

«Խորհրդանշական է, որ թանգարանի յոբելեանը «կը տիեզերականացուի» Չարենցեան բառի եւ սարեանական գոյներու միասնութեամբ»,– կը նշէ թանգարանին Facebook-ի էջը։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x